× Լեզու Եվրոպա Ռուսական Բելառուս Ուկրաիներեն Լեհերեն Սերբերեն Բուլղարերեն Սլովակիայում Չեխերեն Ռումիներեն Մոլդովական Ադրբեջան հայերեն Վրացական Ալբաներեն Ավար Բաշկիրերեն Թաթարերեն Չեչեն Սլովեներեն Խորվաթերեն Էստոնիան Լատվիերեն Լիտվերեն Հունգարերեն Ֆիններեն Նորվեգերեն Շվեդերեն Իսլանդերեն Հունարեն Մակեդոներեն Գերմաներեն Բավարիա Հոլանդերեն Դանիերեն Ուելսերեն Գելական Իռլանդական Ֆրանսերեն Բասկերեն Կատալաներեն Իտալերեն Գալացեան Ռոմանին Bosnian Հյուսիսային Ամերիկա Անգլերեն Հարավային Ամերիկա Իսպաներեն Պորտուգալերեն Գուարանի Կուչուան Այմարա Կենտրոնական Ամերիկա Ջամայկա Նահուատլ Կիչե Քեքչի Հաիթի Արևելյան Ասիա Չինարեն Ճապոներեն Կորեերեն Մոնղոլական Ույղուր Հմոնգ Հարավարեւելյան Ասիա Մալայզիա Բիրմայերեն Հակա Չին Նեպալերեն Սեբուանո Տագալոգ Կամբոջայում Թայերեն Ինդոնեզերեն Վիետնամերեն Ճավայերեն Լաոս Իբան Իու Միեն Կաչին Լահու Aceh Balinese Bugis Pampanga Sasak Shan Waray Հարավային Ասիա Հինդի Օդիա Ավադհի Միզո Կաննադա Մալայալամ Մարաթհի Գուջարացի Թամիլ Տելուգու փենջաբերեն Կուրուխ Ասամերեն Մաիթիլի Բենգալերեն Ուրդու Սինհալերեն Դոգրի Հարյանվի Մեյտեի Կոնկանի Սանտալի սինդի Կոյա Թադո Սանսկրիտ Դեվանագարի Adilabad Gondi Ahirani Բալոչի Bundeli Chhattisgarhi Garhwali Kangri Kumaoni Mewari Munda Sadri Seraiki Shekhawati Sylheti Կենտրոնական Ասիա Ղրղզերեն Ուզբեկ Տաջիկ Թուրքմեն Ղազախստան Կարակալպակ Մերձավոր Արևելք Թուրքերեն Եբրայերեն Արաբերեն Պարսկերեն Քրդերեն Փուշթու Կոպտիկ Աֆրիկա Աֆրիկանս Խոսա Զուլու Նդեբելե Սոթո Ամհարերեն Wolaytta Նիգերիա Մոսսի Իկա Դինկա Կաբիլեն Ewe Սուահիլի Մարոկկո Սոմալյան Շոնա Մադագասկար Իգբո Լինգալա Բաուլ Սիսվատի Ցոնգա Ցվանա Գամբիա Յորուբա Կամբա Քինյարվանդա Հաուսա Չեվա Լուո Մակուա Դյուլա Ֆուլֆուլդե Կալենջին Կիկույու Կիկվանգո Կիրունդի Կրիո Նիգերիական Պիդգին Օրոմո Ցիլյուբա Ցիվենդա Թվի Ումբունդու Լուգբարա Լուգուրու Բազմազան Գուսսի Մաասայ Թուրքանա Մոբա Նյուեր Շիլլուկ Թամաշեք Մակոնդե Bemba Fon Hadiyya Ibibio Kimbundu Kimiiru Lango Liberian Kreyol Lomwe Mende Morisyen Ndau Nyankole Sena Sidamo Soga Songe Sukuma Tarifit Teso Tiv Zande Ավստրալիայի մայրցամաք Նոր Զելանդիա Պապուա Նոր Գվինեա Հին լեզուներ Արամերեն Լատիներեն Էսպերանտո 1 1 1 1853 BSL 201920182017Արևմուտք1994Արևելք1994Ararat 1896NEA18531 1 1 Լեւիտիկոս ԾննդոցԵլիցԼեւիտիկոսԹվերըՕրենքՀեսուԴատավորներՌութը1 Սամուել2 Սամուել1 Թագավորներ2 Թագավորներ1 քրոնիկները2 քրոնիկներըԵզրասՆեեմիաԷսթերԱշխատանքՍաղմոսներԱռակներԺողովողներՍողոմոնի երգըԵսայիաԵրեմիաԼոուրենսներԵզեկիելԴանիելՀոսեաՋոելԱմոսՕբադիՀովնանՄիքիաՆահումԽաբակուքՍոփոնիաԱնգայԶաքարիաՄալաչի--- --- ---ՄատթեոսնշագծելՂուկասըՋոնԳործերհռոմեական1 Կորնթացիներ2 ԿորնթացիներԳաղատացիներԵփեսացիներՓիլիպեցիներըԿողոսացիներ1 Թեսաղոնիկեցիներ2 Թեսաղոնիկեցիներ1 Տիմոթ2 ՏիմոթՏիտոսՓիլիմոնԵբրայեցիներՋեյմս1 Պետրոս2 Պետրոս1 Հովհաննես2 Հովհաննես3 ՀովհաննեսՀուդաՀայտնություն1 1 1 25 1234567891011121314151617181920212223242526271 1 1 : 1 123456789101112131415161718192021222324252627282930313233343536373839404142434445464748495051525354551 1 1 Armenian Western Bible 1853 Լեւիտիկոս 25 Պահել գրառումները 1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինա լեռը՝ ըսելով.2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, որ ես ձեզի պիտի տամ, թող այն երկիրը հանգստութեան շաբաթ մը պահէ Տէրոջը։3Վեց տարի քու արտդ ցանէ՛ եւ քու այգիդ վեց տարի յօտէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛.4Բայց եօթներորդ տարին երկրին համար հանգստութեան շաբաթ, այսինքն Տէրոջը համար շաբաթ պէտք է ըլլայ։ Քու արտդ պիտի չցանես եւ քու այգիդ պիտի չյօտես5Քու արտիդ մէջ ինքնիրմէ բուսածը պէտք չէ հնձես եւ քու չյօտած այգիիդ խաղողները պէտք չէ հաւաքես. հանգստութեան տարի պէտք է ըլլայ անիկա երկրին։6Եւ երկրին շաբաթը թող կերակուր հայթայթէ քեզի եւ քու ծառայիդ եւ քու աղախինիդ ու քու վարձկանիդ եւ քու քովդ պանդխտացած օտարականին7Եւ քու անասուններուդ ու քու երկրիդ մէջ եղած կենդանիներուն կերակուր թող ըլլայ անոր բոլոր արդիւնքը։8Դուն տարիներու եօթը շաբաթ համրէ, այսինքն եօթը անգամ եօթը տարի, այնպէս որ տարիներուն եօթը շաբաթներուն ժամանակը քառասունըինը տարի թող ըլլայ։9Ապա եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնես, քաւութեան օրը ձեր բոլոր երկրին մէջ պէտք է հնչեցնէք փողը։10Եւ յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք ու երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան տարի պէտք է ըլլայ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ազգատոհմին թող դառնայ։11Այս յիսուներորդ տարին Յոբելեան տարի թող ըլլայ ձեզի։ Ո՛չ պիտի ցանէք ո՛չ ալ ինքնիրմէ բուսածը պիտի հնձէք եւ ձեր չյօտած այգիէն պիտի չհաւաքէք.12Վասն զի Յոբելեան տարի է։ Այն սուրբ պիտի ըլլայ։ Արտէն՝ անոր արդիւնքը կրնաք ուտել։13Այս Յոբելեան տարին իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ։14Եւ եթէ քու դրացիիդ բան մը ծախելու ըլլաս, կամ քու դրացիիդ ձեռքէն ծախու առնելու ըլլաս, անիրաւութիւն մի՛ ընէք։15Յոբելեան տարիէն ետքը եղած տարիներուն հաշիւովը ծախու առնես քու դրացիէդ, անիկա ալ հունձքին տարիներուն հաշիւովը պէտք է ծախէ քեզի։16Տարիներուն շատութեանը նայելով պէտք է աւելցնես անոր գինը եւ տարիներուն նուազութեանը նայելով պէտք է պակսեցնես անոր գինը. վասն զի անիկա հունձքին հաշիւովը կը ծախէ քեզի։17Իրարու անիրաւութիւն մի՛ ընէք, այլ Աստուծմէ վախցէք. քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։18Ուստի իմ կանոններս պէտք է կատարէք եւ կարգադրութիւններս պահէք՝ ու գործադրէք զանոնք. այն ատեն այն երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։19Երկիրը իր պտուղը պիտի տայ ու մինչեւ յագենաք պիտի ուտէք եւ անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։20Եւ եթէ ըսէք՝ ‘Եօթներորդ տարին ի՞նչ պիտի ուտենք եթէ չցանենք ու մեր հունձքը չհաւաքենք’։21Վեցերորդ տարին ձեր վրայ պիտի ղրկեմ իմ օրհնութիւնս, այնպէս որ երեք տարուան արդիւնք պիտի տայ։22Եւ մինչեւ որ ութերորդ տարին ցանէք, հին հունձքէն պիտի ուտէք մինչեւ իններորդ տարին։ Մինչեւ նոր հունձքին հասնիլը հինէն պիտի ուտէք։23Երկիրը պէտք չէ մշտնջենապէս ծախուի, վասն զի երկիրը իմս է ու դուք իմ քովս պանդուխտներ եւ հիւրեր էք։24Եւ ձեզի պատկանած բոլոր երկրին մէջ փրկագին պիտի տաք երկրին համար։25Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ եւ իր ստացուածքին մէկ մասը ծախէ ու յետոյ եթէ անոր մէկ ազգականը ուզէ, կրնայ եղբօրդ ծախածը փրկել։26Եթէ մէկը փրկող մը չունենայ, բայց ինք անձամբ կարողանայ փրկել27Այն ատեն ծախուած օրէն թող հաշուէ տարիները եւ աւելցածը ետ տայ այն մարդուն, որուն ծախած էր եւ իր ստացուածքը առնէ։28Բայց եթէ անոր ետ տալու կարող չէ, այն ատեն իր ծախած բանը ծախու առնողին ձեռքը պէտք է մնայ մինչեւ Յոբելեան տարին։ Յոբելեան տարին գնողը պիտի ելլէ ու ծախողը իր ստացուածքին պէտք է տիրանայ։29Եթէ մէկը պարսպապատ քաղաքի մը մէջ բնակարան մը ծախէ, ծախելէն վերջ տարուան մը ընթացքին գինը վճարելով կրնայ ետ առնել։30Եթէ մէկ տարուան ընթացքին չկարենայ վճարելով ետ առնել, այն ատեն պարսպապատ քաղաքին մէջ եղած բնակարանը ծախու առնողին եւ իր սերունդին պիտի մնայ։ Յոբելեան տարին այդ տունը ետ պիտի չտրուի։31Բայց պարսպապատ չեղող գիւղաքաղաքներուն տուները երկրին արտերուն պէս պիտի սեպուին։ Անոնք կրնան փրկուիլ եւ Յոբելեան տարին պէտք է վերադարձուին։32Սակայն Ղեւտացիներու քաղաքներուն մէջ իրենց սեփական քաղաքներուն մէջի տուները Ղեւտացին կրնայ ոեւէ ատեն գինը վճարելով ետ առնել՝ ՝։33Եթէ Ղեւտացի մը այդ գործառնութիւնը չկատարէ, այն ատեն Յոբելեան տարին իրենց սեփական քաղաքին մէջ ծախուած տունը պէտք է վերադարձուի,34Քանզի Ղեւտացիներու քաղաքին մէջ գտնուած տունը իրենց սեփականութիւն ընդունուած է։35Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ ու չկարենայ ինքզինքը հոգալ քու քովդ, անոր պէտք է օգնես օտարականի ու պանդուխտի պէս, որպէս զի քու քովդ ապրի։36Անկէ վաշխ ու տոկոս մի՛ առներ, հապա քու Աստուծմէդ վախցիր, որպէս զի եղբայրդ քու քովդ ապրի։37Քու ստակդ վաշխով մի՛ տար անոր եւ քու կերակուրդ շահու համար մի՛ տար։38Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ Քանանի երկիրը ձեզի տալու համար եւ ձեզի Աստուած ըլլալու համար։39Եթէ եղբայրդ աղքատանայ ու ինքզինք քեզի ծախէ, զանիկա ծառայի մը պէս մի՛ գործածեր.40Անիկա քու քովդ վարձկանի կամ պանդուխտի պէս թող ըլլայ ու ծառայէ քեզի մինչեւ Յոբելեան տարին։41Եւ այն ատեն քու քովէդ պէտք է ելլէ ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ եւ իր ընտանիքին թող երթայ ու իր հայրերուն կալուածը դառնայ։42Քանզի անոնք իմ ծառաներս են, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Անոնք ծառայի պէս թող չծախուին։43Խստութեամբ մի՛ իշխեր անոր վրայ, հապա քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։44Քու ծառադ ու աղախինդ ձեր բոլորտիքը եղած ազգերէն պէտք է ըլլան։ Ծառայ ու աղախին անոնցմէ կրնաք ծախու առնել։45Նաեւ ձեր քով բնակող օտարականներուն զաւակներէն կամ անոնցմէ եւ կամ ձեր քով եղող անոնց ընտանիքներէն որոնք ձեր երկիրը ծնած են՝ կրնաք ծախու առնել, որպէս զի ձեր ստացուածքը ըլլան։46Ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն կտակեցէք զանոնք իբր ժառանգութեան ստացուածք, որպէս զի միշտ ձեր ծառաները ըլլան. բայց ձեր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, համար՝ իրարու վրայ խստութեամբ մի՛ իշխէք։47Եթէ քու քովդ եղած օտարականը կամ պանդուխտը հարստանայ ու անոր քով բնակող քու եղբայրդ աղքատանայ, ինքզինք ծախէ քու քովդ պանդխտացած օտարականին, կամ այն օտարականին ընտանիքին մէկ ազգականին, եթէ48Ինքզինք ծախելէն ետքը ուզէ փրկուիլ. իր եղբայրներէն մէկը կրնայ զինք ծախու առնողէն փրկել զանիկա.49Անոր հօրեղբայրը կամ հօրեղբօրորդին կրնայ փրկել զանիկա, կամ իր ազգատոհմէն, կամ իր ազգականներէն մէկը կրնայ փրկել զանիկա. կամ եթէ կարողանայ ինք, ինքզինք կրնայ փրկել։50Անիկա, ծախու առնողին հետ, ինքզինք անոր ծախած տարիէն մինչեւ Յոբելեան տարին հաշիւ թող ընէ եւ իր փրկուելուն ստակը տարիներուն հաշիւովը թող վճարէ։ Անոր ժամանակը վարձկանի ժամանակին պէս պէտք է հաշուըուի։51Եթէ տակաւին շատ տարի կայ, տարիներու թիւին նայելով՝ իր ծախուած գինէն պէտք է վերադարձնէ փրկագինը52Եւ եթէ Յոբելեան տարիին քիչ տարի մնացեր է, անոր հետ հաշիւ թող ընէ ու իր տարիներուն թիւին համեմատ իր փրկագինը պէտք է անոր տայ։53Ինք անոր քով տակաւին վարձկանի պէս պիտի սեպուի ու գնողն ալ խստութեամբ պէտք չէ իշխէ անոր վրայ։54Եւ եթէ այս կերպերով չփրկուի, Յոբելեան տարին ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ պէտք է ազատուին։55Վասն զի Իսրայէլի որդիները իմ ծառաներս են. Եգիպտոսի երկրէն իմ հանած ծառաներս են անոնք. ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981 Armenian Western Bible 1853 Լեւիտիկոս 25 00:00:00 00:00:00 0.5x 2.0x https://beblia.bible:81/BibleAudio/armenian1853/leviticus/025.mp3 27 25