× Լեզու Եվրոպա Ռուսական Բելառուս Ուկրաիներեն Լեհերեն Սերբերեն Բուլղարերեն Սլովակիայում Չեխերեն Ռումիներեն Մոլդովական Ադրբեջան հայերեն Վրացական Ալբաներեն Ավար Բաշկիրերեն Թաթարերեն Չեչեն Սլովեներեն Խորվաթերեն Էստոնիան Լատվիերեն Լիտվերեն Հունգարերեն Ֆիններեն Նորվեգերեն Շվեդերեն Իսլանդերեն Հունարեն Մակեդոներեն Գերմաներեն Բավարիա Հոլանդերեն Դանիերեն Ուելսերեն Գելական Իռլանդական Ֆրանսերեն Բասկերեն Կատալաներեն Իտալերեն Գալացեան Ռոմանին Bosnian Հյուսիսային Ամերիկա Անգլերեն Հարավային Ամերիկա Իսպաներեն Պորտուգալերեն Գուարանի Կուչուան Այմարա Կենտրոնական Ամերիկա Ջամայկա Նահուատլ Կիչե Քեքչի Հաիթի Արևելյան Ասիա Չինարեն Ճապոներեն Կորեերեն Մոնղոլական Ույղուր Հմոնգ Հարավարեւելյան Ասիա Մալայզիա Բիրմայերեն Հակա Չին Նեպալերեն Սեբուանո Տագալոգ Կամբոջայում Թայերեն Ինդոնեզերեն Վիետնամերեն Ճավայերեն Լաոս Իբան Իու Միեն Կաչին Լահու Aceh Balinese Bugis Pampanga Sasak Shan Waray Հարավային Ասիա Հինդի Օդիա Ավադհի Միզո Կաննադա Մալայալամ Մարաթհի Գուջարացի Թամիլ Տելուգու փենջաբերեն Կուրուխ Ասամերեն Մաիթիլի Բենգալերեն Ուրդու Սինհալերեն Դոգրի Հարյանվի Մեյտեի Կոնկանի Սանտալի սինդի Կոյա Թադո Սանսկրիտ Դեվանագարի Adilabad Gondi Ahirani Բալոչի Bundeli Chhattisgarhi Garhwali Kangri Kumaoni Mewari Munda Sadri Seraiki Shekhawati Sylheti Կենտրոնական Ասիա Ղրղզերեն Ուզբեկ Տաջիկ Թուրքմեն Ղազախստան Կարակալպակ Մերձավոր Արևելք Թուրքերեն Եբրայերեն Արաբերեն Պարսկերեն Քրդերեն Փուշթու Կոպտիկ Աֆրիկա Աֆրիկանս Խոսա Զուլու Նդեբելե Սոթո Ամհարերեն Wolaytta Նիգերիա Մոսսի Իկա Դինկա Կաբիլեն Ewe Սուահիլի Մարոկկո Սոմալյան Շոնա Մադագասկար Իգբո Լինգալա Բաուլ Սիսվատի Ցոնգա Ցվանա Գամբիա Յորուբա Կամբա Քինյարվանդա Հաուսա Չեվա Լուո Մակուա Դյուլա Ֆուլֆուլդե Կալենջին Կիկույու Կիկվանգո Կիրունդի Կրիո Նիգերիական Պիդգին Օրոմո Ցիլյուբա Ցիվենդա Թվի Ումբունդու Լուգբարա Լուգուրու Բազմազան Գուսսի Մաասայ Թուրքանա Մոբա Նյուեր Շիլլուկ Թամաշեք Մակոնդե Bemba Fon Hadiyya Ibibio Kimbundu Kimiiru Lango Liberian Kreyol Lomwe Mende Morisyen Ndau Nyankole Sena Sidamo Soga Songe Sukuma Tarifit Teso Tiv Zande Ավստրալիայի մայրցամաք Նոր Զելանդիա Պապուա Նոր Գվինեա Հին լեզուներ Արամերեն Լատիներեն Էսպերանտո 1 1 1 1853 BSL 201920182017Արևմուտք1994Արևելք1994Ararat 1896NEA18531 1 1 1 Թագավորներ ԾննդոցԵլիցԼեւիտիկոսԹվերըՕրենքՀեսուԴատավորներՌութը1 Սամուել2 Սամուել1 Թագավորներ2 Թագավորներ1 քրոնիկները2 քրոնիկներըԵզրասՆեեմիաԷսթերԱշխատանքՍաղմոսներԱռակներԺողովողներՍողոմոնի երգըԵսայիաԵրեմիաԼոուրենսներԵզեկիելԴանիելՀոսեաՋոելԱմոսՕբադիՀովնանՄիքիաՆահումԽաբակուքՍոփոնիաԱնգայԶաքարիաՄալաչի--- --- ---ՄատթեոսնշագծելՂուկասըՋոնԳործերհռոմեական1 Կորնթացիներ2 ԿորնթացիներԳաղատացիներԵփեսացիներՓիլիպեցիներըԿողոսացիներ1 Թեսաղոնիկեցիներ2 Թեսաղոնիկեցիներ1 Տիմոթ2 ՏիմոթՏիտոսՓիլիմոնԵբրայեցիներՋեյմս1 Պետրոս2 Պետրոս1 Հովհաննես2 Հովհաննես3 ՀովհաննեսՀուդաՀայտնություն1 1 1 8 123456789101112131415161718192021221 1 1 : 1 1234567891011121314151617181920212223242526272829303132333435363738394041424344454647484950515253545556575859606162636465661 1 1 Armenian Western Bible 1853 1 Թագավորներ 8 Պահել գրառումները 1Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները իր քով Երուսաղէմ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն, այսինքն Սիօնէն հանեն։2Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան, Անթանի ամսուան մէջ, տօնին ատենը Սողոմոն թագաւորին քով հաւաքուեցան։3Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու քահանաները տապանակը վերցուցին։4Տէրոջը տապանակը ու վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին. զանոնք քահանաներն ու Ղեւտացիները հանեցին։5Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անոր հետ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ ու արջառներ զոհեցին։ Այնչափ շատ որ անթիւ ու անհամար էին։6Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանցը ու քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին.7Քանզի քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին ու քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։8Ձողերը երկնցուցին, այնպէս որ ձողերոն ծայրերը սրբութենէն կ’երեւնային դաբիրին առջեւ, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն են։9Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու քարէ տախտակները՝ որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը, ուխտ ըրաւ։10Երբ քահանաները սրբութենէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջը տունը11Եւ ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որ իրենց պաշտօնը կատարեն, վասն զի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։12Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։13Ահա քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար քեզի տեղ շինեցի»։14Եւ թագաւորը երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կայներ էին։15Անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խօսք տուաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ.16‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի անունս հոն ըլլայ, բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։17Իմ հայրս՝ Դաւիթ՝ միտք ունէր, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ,18Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ ուն միտքդ դրիր, որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր,19Սակայն տունը դուն պիտի չշինես, հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ՝ անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։20Հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը այս տունը շինեցի21Եւ հոն տեղ մը պատրաստեցի տապանակին համար, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ մեր հայրերուն հետ ըրաւ, երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց։22Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջեւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնելով՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց23Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, վերը երկինքը ու վարը երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես։24Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։25Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումդ, զոր քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլին աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։26Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըսած խօսքդ հաստատուի։27«Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։28Սակայն, ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛,29Որպէս զի այս տանը վրայ գիշեր ու ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ, որուն համար ըսիր թէ ‘Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ’, որպէս զի այստեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես։30Ուրեմն քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին այստեղ ըրած աղօթքները լսէ՛. այո՛ քու բնակութեանդ տեղէն, երկնքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։31«Եթէ մէկը ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար՝ անոր երդում առաջարկէ ու երդումի համար այս տունը՝ քու սեղանիդ առջեւ՝ գայ,32Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։33«Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլ՝ քեզի դէմ մեղանչելուն համար իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու անուանդ փառք տան ու այս տան մէջ քեզի աղօթք ու աղաչանք ընեն,34Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ ու անոնց հայրերուն տուած երկիրդ դարձուր զանոնք։35«Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելնուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այստեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան,36Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ եւ անոնց սորվեցուր այն շիտակ ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն եւ անձրեւ տուր այն երկրին, որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։37«Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտիքներու դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որեւէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ,38Քու բոլոր ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընէ եւ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ,39Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս.40Որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ ապրին։41«Քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ42(Վասն զի քու մեծ անունդ պիտի լսեն ու երկնցած բազուկդ պիտի տեսնեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ,43Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարէ՛, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։44«Երբ քու ժողովուրդդ թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ Տէրոջը աղօթք ընեն,45Երկնքէն անոնց աղօթքն ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։46«Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու անոնց գերեվարները թշնամիին հեռու կամ մօտ երկիրը գերի տանին զանոնք,47Բայց եթէ այն գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’48Եւ եթէ զանոնք գերի տանող թշնամիներուն երկրին մէջ իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ քեզի աղօթք ընեն,49Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛50Եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ու բոլոր յանցանքը ներէ՛ ու այնպէս ըրէ՛, որ անոնց գերեվարները անոնց ողորմութիւն ընեն.51Քանզի անոնք քու ժողովուրդդ ու քու ժառանգութիւնդ են, որոնք Եգիպտոսէն երկաթի հնոցին մէջէն հանեցիր։52Քու ծառայիդ խնդրուածքին ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի խնդրուածքին վրայ քու աչքդ ու ականջդ թող բաց ըլլան, որպէս զի անոնց քեզի ըրած աղաղակը լսես։53Քանզի երկրի ժողովուրդներէն դուն զանոնք զատեցիր, որպէս զի քու ժառանգորդներդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով յայտնեցիր, երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցիր, ո՛վ Տէր Եհովա»։54Երբ Սողոմոն այս աղօթքն ու խնդրուածքը Տէրոջը ըրաւ լմնցուց, Տէրոջը սեղանին առջեւէն ելաւ, ուր ձեռքերը դէպի երկինք տարածուած ծունր կրկներ էր,55Ու ոտքի վրայ կայնելով Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը բարձր ձայնով օրհնեց ու ըսաւ.56«Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ ու իր ծառային Մովսէսին միջոցով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ։57Մեր Տէր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր ու մեզ չթողու ու մեզ երեսէ չձգէ58Եւ մեր սիրտը իրեն դարձնէ, որպէս զի իր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալենք ու պահենք իր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք մեր հայրերուն պատուիրեց։59Տէրոջը առջեւ մատուցուած այս պաղատանքի խօսքերս ցորեկ ու գիշեր մեր Տէր Աստուծոյ մօտենան, որպէս զի օրէ օր պատահած գործերուն մէջ իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին իրաւունք ընէ.60Որպէս զի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա ի՛նքն է Աստուած եւ ուրիշ մը չկայ։61Ու ձեր սիրտը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ ըլլայ, որպէս զի այս օրուան պէս անոր կանոններուն մէջ քալէք ու անոր պատուիրանքները պահէք»։62Թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլ անոր հետ Տէրոջը առջեւ զոհեր մատուցանեցին։63Սողոմոն Տէրոջը մատուցուած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ եւ թագաւորն ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջը տանը նաւակատիքը ըրին։64Այն օրը թագաւորը Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի իր ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց, վասն զի Տէրոջը առջեւի պղնձէ սեղանը պզտիկ կու գար այս ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը ընդունելու։65Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ու եօթը օր եւս, այսինքն տասնըչորս օր, տօն ըրին։66Եւ Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու Իսրայէլ ժողովրդին ըրաւ։Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981 Armenian Western Bible 1853 1 Թագավորներ 8 00:00:00 00:00:00 0.5x 2.0x https://beblia.bible:81/BibleAudio/armenian1853/1kings/008.mp3 22 8