Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 12Ծննդոց 23:1-201. Սառա հարիւր քսանըեօթը տարի ապրեցաւ. այսքան եղան Սառային կեանքին տարիները։2. Սառա մեռաւ Կարիաթ Արբայի մէջ, որ է Քեբրոն, Քանանի երկրին մէջ։ Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ։3. Աբրահամ իր մեռելին քովէն ելաւ ու Քետի որդիներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.4. «Ես ձեր մէջ օտարական ու պանդուխտ եմ. ձեր մէջ ինծի գերեզմանի համար կալուած մը տուէք, որպէս զի իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ»։5. Եւ Քետի որդիները պատասխան տուին Աբրահամին ու անոր ըսին.6. «Տէ՛ր իմ, մտիկ ըրէ մեզի, դուն մեր մէջ Աստուծոյ իշխանն ես։ Մեր ամենէն ընտիր գերեզմանին մէջ թաղէ քու մեռելդ։ Քու մեռելդ թաղելու համար՝ մեզմէ մէ՛կը չի խնայեր իր գերեզմանը քեզի»։7. Աբրահամ ելաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ այն երկրին ժողովուրդին, Քետի որդիներուն8. Եւ անոնց ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, որ ես իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ, ինծի մտիկ ըրէք եւ ինծի համար Սահառի որդիին Եփրոնին հետ խօսեցէք,9. Որ իր արտին ծայրը եղած Մաքփելայի այրը ինծի տայ։ Անիկա ձեր մէջ ինծի գերեզմանի կալուած ըլլալու համար թող լման գնով տայ»։10. Եփրոն՝ Քետի որդիներուն մէջ կը նստէր։ Քետացի Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին, երբ իր քաղաքին դուռը մտնող բոլոր Քետի որդիները կը լսէին ու ըսաւ.11. «Ո՛չ, տէր իմ, ինծի մտիկ ըրէ։ Արտը քեզի կու տամ եւ հոն եղած այրն ալ քեզի կու տամ։ Իմ ժողովուրդիս որդիներուն առջեւ զայն քեզի տուի, թաղէ՛ քու մեռելդ»։12. Աբրահամ այն երկրին ժողովուրդին առջեւ խոնարհութիւն ըրաւ13. Ու Եփրոնին խօսեցաւ, երբ այն երկրին ժողովուրդը կը լսէին ու ըսաւ. «Բայց եթէ զայն ինծի պիտի տաս, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի մտիկ ըրէ. ես արտին ստակը տամ. առ ինծմէ որ ես իմ մեռելս հոն թաղեմ»։14. Եւ Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին ու ըսաւ.15. «Տէ՛ր իմ, լսէ՛ ինծի. գետինը չորս հարիւր սիկղ արծաթ կ’արժէ. իմ ու քու մէջտեղ այն ի՞նչ արժէք ունի. ուրեմն թաղէ՛ քու մեռելդ»։16. Աբրահամ Եփրոնին մտիկ ըրաւ ու կշռեց արծաթը ու տուաւ Եփրոնին, ինչպէս անիկա Քետի որդիներուն առջեւ խօսեր էր, այսինքն չորս հարիւր սիկղ արծաթ՝ վաճառականներուն մէջ անցած գնով ։17. Եփրոնին արտը, որ Մաքփելայի մէջ Մամբրէի առջեւ է ու հոն եղած այրը ու անոր բոլորտիքի սահմաններուն մէջ եղած արտին մէջի բոլոր ծառերը18. Իբր Աբրահամին կալուած հաստատուեցան՝ քաղաքին դռնէն մտնող բոլոր Քետի որդիներուն առջեւ։19. Անկէ ետքը Աբրահամ իր կինը Սառան թաղեց Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ է Քեբրոն՝ Քանանի երկրին մէջ։20. Արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն Աբրահամին իբր գերեզմանի կալուած հաստատուեցան։Ծննդոց 24:1-671. Աբրահամ օրերն անցուցած ու ծերացած էր։ Տէրը ամէն բանի մէջ օրհնեց Աբրահամը։2. Աբրահամ ըսաւ իր տանը երէց ծառային, որ իր բոլոր ունեցածին վերակացուն էր. «Կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր3. Եւ քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ.4. Հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։5. Ծառան ըսաւ անոր. «Գուցէ կինը իմ ետեւէս այս երկիրը գալ չուզէ, կ’ուզե՞ս որ քու որդիդ այն երկիրը դարձնեմ ուրկէ դուն ելար»։6. Աբրահամ ըսաւ անոր. «Զգուշացի՛ր, իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ։7. Երկնքի Տէր Աստուածը, որ զիս իմ հօրս տունէն ու իմ ծննդեան երկրէս հանեց եւ որ խօսեցաւ ինծի ու երդում ըրաւ ինծի՝ ըսելով՝ ‘Այս երկիրը քու սերունդիդ պիտի տամ’, անիկա իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ ու դուն անկէ իմ որդիիս կին պիտի առնես։8. Եթէ կինը քու ետեւէդ գալ չուզէ, այս իմ երդումէս դուն անպարտ կ’ըլլաս. միայն թէ իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ»։9. Եւ ծառան իր տիրոջը Աբրահամին երանքին տակ դրաւ իր ձեռքը ու այս բանին համար երդում ըրաւ անոր։10. Ծառան իր տիրոջը ուղտերէն տասը ուղտ առաւ, քանզի իր տիրոջ բոլոր բարիքները իր ձեռքն էին եւ ելաւ ու դէպի Միջագետք Նաքովրի քաղաքը գնաց։11. Ուղտերը քաղաքէն դուրս ջրհորի մը քով նստեցուց իրիկուան դէմ՝ կիներուն ջուր քաշելու եկած ատենը12. Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։13. Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։14. Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։15. Տակաւին իր խօսքը չլմնցուցած, ահա Աբրահամին եղբօրը Նաքովրին կնոջ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափոր մը ունենալով։16. Աղջիկը խիստ գեղեցիկ տեսքով կոյս մըն էր ու այր մարդ մը զանիկա գիտցած չէր։ Անիկա իջաւ աղբիւրը ու իր սափորը լեցուց ու կը դառնար։17. Եւ ծառան զանիկա դիմաւորելու վազեց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։18. Անիկա ըսաւ. «Խմէ՛, տէ՛ր իմ» ու շուտով սափորը իր ուսէն իջեցուց եւ տուաւ որ խմէ։19. Երբ ան խմեց, աղջիկը ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն»։20. Շուտով սափորը աւազանին մէջ պարպեց ու նորէն հորը վազեց ջուր քաշելու եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։21. Եւ մարդը զարմանալով անոր վրայ՝ լուռ կը մնար, մտածելով թէ արդեօք Տէրը իր ճամբան յաջողցո՞ւց թէ ոչ։22. Ու երբ բոլոր ուղտերը խմեցին, մարդը կէս սիկղ ոսկիէ օղակ մը եւ անոր ձեռքերուն համար տասը սիկղ ոսկիէ երկու ապարանջան հանեց ու անոր տուաւ23. Ու ըսաւ. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։24. Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Մեղքայի որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ, որ Մեղքա Նաքովրին ծնաւ»։25. Նաեւ ըսաւ անոր. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ »։26. Ու մարդը խոնարհեցաւ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ27. Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն ու իր ճշմարտութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։28. Աղջիկը վազեց ու այս բաները իր մօրը տունը պատմեց։29. Ռեբեկա եղբայր մը ունէր՝ Լաբան անունով։ Լաբան վազեց դէպի աղբիւրը մարդուն քով,30. Վասն զի տեսնելով օղակը եւ իր քրոջը ձեռքերուն վրայի ապարանջանները ու լսելով իր քրոջը Ռեբեկային խօսքերը, որ կ’ըսէր թէ ‘Այն մարդը այսպէս խօսեցաւ ինծի’, մարդուն եկաւ եւ ահա անիկա ուղտերուն քով աղբիւրին մօտ կայներ էր։31. Լաբան ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր, ո՛վ Տէրոջը օրհնեալը, ինչո՞ւ դուրսը կայներ ես. քանզի տունը պատրաստեցի եւ ուղտերուն համար տեղ մը»։32. Լաբան մարդը տունը տարաւ եւ ուղտերը քակեց եւ անոնց յարդ ու ճարակ եւ անոր ոտքերն ու անոր հետ մարդոց ոտքերը լուալու ջուր տուաւ։33. Անոր առջեւ կերակուր դրուեցաւ. բայց անիկա ըսաւ. «Մինչեւ իմ խօսքերս չըսեմ, չեմ ուտեր»։34. Լաբան ըսաւ. «Խօսէ՛»։ Ու անիկա ըսաւ.35. «Ես Աբրահամին ծառան եմ։ Տէրը մեծապէս օրհնեց իմ տէրս ու մեծ մարդ մը եղաւ։ Անոր հօտեր ու արջառներ եւ արծաթ ու ոսկի եւ ծառաներ ու աղախիններ եւ ուղտեր ու էշեր տուաւ։36. Եւ իմ տիրոջս կինը՝ Սառա՝ իր պառաւութեան ատենը որդի մը ծնաւ իմ տիրոջս, որուն տուաւ իր բոլոր ունեցածը։37. Եւ իմ տէրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Չըլլայ որ իմ որդիիս կին առնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց երկիրը ես կը բնակիմ.38. Հապա իմ հօրս տունը ու իմ ազգատոհմիս երթաս ու իմ որդիիս կին բերես’։39. Ես իմ տիրոջս ըսի. ‘Գուցէ կինը իմ ետեւէս չգայ’։40. Եւ անիկա ինծի ըսաւ. ‘Տէրը, որուն առջեւ ես կը քալեմ, իր հրեշտակը քեզի հետ պիտի ղրկէ ու քու ճամբադ պիտի յաջողցնէ եւ իմ որդիիս իմ ազգատոհմէս ու իմ հօրս տունէն կին պիտի առնես։41. Իսկ դուն այն ատեն իմ երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս, եթէ իմ ազգատոհմիս երթաս, բայց քեզի մէ՛կը չտան’։42. Ես աղբիւրն եկայ այսօր ու ըսի. ‘Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, իմ ճամբաս եթէ դուն ընտրած ես,43. Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ երբ աղջիկ մը ջուր քաշելու գայ եւ ես անոր ըսեմ թէ՝ ‘Շնորհք ըրէ, ինծի քու սափորէդ քիչ մը ջուր խմցուր’44. Եւ անիկա ինծի՝ ‘Դուն ալ խմէ եւ ուղտերուդ համար ալ ջուր քաշեմ’ ըսէ, թող անիկա ըլլայ Տէրոջը սահմանած կինը իմ տիրոջս որդիին համար։45. Դեռ իմ սրտիս մէջ խօսքս չլմնցուցած՝ ահա Ռեբեկան եկաւ սափորը իր ուսին վրայ եւ աղբիւրը իջաւ ու ջուր քաշեց, երբ ըսի անոր. ‘Շնորհք ըրէ, ինծի ջուր խմցուր’։46. Եւ անիկա շուտով սափորը իր ուսէն վար առաւ ու ըսաւ. ‘Խմէ եւ ուղտերուդ ալ խմցնեմ’. ուստի ես խմեցի եւ ուղտերուն ալ խմցուց։47. Այն ատեն հարցուցի անոր. ‘Դուն որո՞ւն աղջիկն ես’ եւ անիկա ըսաւ. ‘Մեղքայի Նաքովրին ծնած որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ’, ես ալ օղակը անոր քիթը ու ապարանջանները անոր ձեռքերուն վրայ դրի։48. Եւ խոնարհեցայ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրի եւ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը օրհնեցի, որ իմ տիրոջս եղբօրը աղջիկը իր որդիին առնելու համար զիս ուղիղ ճամբան առաջնորդեց։49. Եւ հիմա եթէ իմ տիրոջս շնորհք ու ճշմարտութիւն պիտի ընէք, ըսէք ինծի եւ եթէ ոչ՝ նորէն ինծի ըսէք, որ ես աջ կողմը կամ ձախ կողմը դառնամ»։50. Լաբան ու Բաթուէլ պատասխան տուին ու ըսին. «Այս բանը Տէրոջմէն է. մենք քեզի գէշ կամ աղէկ չենք կրնար ըսել։51. Ահա Ռեբեկան քու առջեւդ է, ա՛ռ ու գնա՛ եւ Տէրոջը կարգադրածին պէս թող քու տիրոջդ որդիին կին ըլլայ»։52. Երբ Աբրահամին ծառան անոնց խօսքերը լսեց, մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագութիւն ըրաւ Տէրոջը։53. Ապա ծառան արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր եւ հանդերձներ հանեց ու Ռեբեկային տուաւ եւ անոր եղբօրը ու մօրը պատուական ընծաներ տուաւ։54. Եւ կերան ու խմեցին ինք ու իրեն հետ եղող մարդիկը ու գիշերը հոն մնացին եւ առտուն ելան ու ինք ըսաւ. «Զիս իմ տիրոջս ղրկեցէք»։55. Աղջկան եղբայրն ու մայրը ըսին. «Թող աղջիկը քանի մը օր՝ գոնէ տասը օր ՝ մեր քով կենայ ու ետքը գացէք»։56. Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Զիս մի՛ արգիլէք, քանի որ Տէրը իմ ճամբաս յաջողցուց, թո՛ղ տուէք զիս որ տիրոջս երթամ»։57. Անոնք ըսին. «Աղջիկը կանչենք ու անոր բերանը փնտռենք»։58. Եւ կանչեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Այս մարդուն հետ կ’երթա՞ս»։ Անիկա «Կ’երթամ», ըսաւ։59. Ու իրենց քոյրը Ռեբեկան ու անոր դայեակը եւ Աբրահամին ծառան ու անոր մարդիկը ղրկեցին։60. Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մայր ըլլաս եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները ժառանգէ»։61. Ռեբեկա ու իր աղախինները ելան եւ ուղտերը հեծան ու այն մարդուն ետեւէն գացին։ Ծառան առաւ Ռեբեկան ու գնաց։62. Եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորէն դարձած կու գար. վասն զի անիկա հարաւային երկիրը կը բնակէր։63. Եւ Իսահակ իրիկուան դէմ դաշտը ելեր էր մտածելու համար։ Երբ իր աչքերը վերցուց՝ տեսաւ որ ահա ուղտերը կու գային։64. Նոյն ատեն Ռեբեկան իր աչքերը վերցուց ու երբ Իսահակը տեսաւ, ուղտէն վար իջաւ65. Եւ ըսաւ ծառային. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Ծառան ըսաւ. «Իմ տէրս է»։ Ինք քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ։66. Եւ ծառան իր բոլոր ըրած բաները պատմեց Իսահակին։67. Իսահակ զանիկա իր մօրը Սառային վրանը տարաւ ու առաւ Ռեբեկան, որ իր կինը եղաւ եւ ինք սիրեց զանիկա։ Ու Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօրը վրայով։Սաղմոսներ 7:1-51. Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ, Փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս.2. Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ Ու պատառէ եւ ազատող մը չըլլայ։3. Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի, Կամ եթէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ,4. Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի Ու կողոպտեցի զանիկա ՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր,5. Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս, Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։)Առակներ 3:7-87. Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։8. Ասիկա քու ջիղերուդ առողջութիւն Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ։Մատթեոս 9:1-171. Նաւը մտնելով անդիի կողմը անցաւ ու գնաց իր քաղաքը։2. Իրեն անդամալոյծ մը բերին, որ մահիճի մէջ պառկած էր։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։3. Դպիրներէն ոմանք իրենց մտքին մէջ ըսին. «Ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէ»։4. Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ սրտներուդ մէջ չար բաներ կը խորհիք։5. Ո՞րը աւելի դիւրին է. ‘Քու մեղքերդ ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ ելիր ու քալէ՝ ըսելը’։6. Բայց որպէսզի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու (այն ատեն անդամալոյծին ըսաւ), «Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։7. Անիկա ելաւ իր տունը գնաց։8. Ներկաները երբ տեսան, զարմացան ու փառաւորեցին Աստուած, որ մարդոց այնպիսի իշխանութիւն տուեր է։9. Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ մարդ մը տեսաւ Մատթէոս անունով, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։10. Տունը սեղան նստած ատենը՝ ահա ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։11. Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։12. Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։13. Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։14. Այն ատեն Յովհաննէսին աշակերտները անոր եկան ու ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու փարիսեցիները շատ անգամ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»։15. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսնիքին տղաքը սուգ պահեն, քանի որ փեսան իրենց հետ է. բայց օրեր պիտի գան երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։16. Մէկը չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, քանզի այն որ անոր լրութեանը համար դրուած է, կ’առնէ հանդերձէն ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ.17. Ո՛չ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնեն. քանի որ տիկերը կը պատռին ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն ու երկուքն ալ կը պահուին»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981