1. Յովսէփ չկրցաւ զսպել ինքզինք բոլոր իր քով կայնողներուն առջեւ ու պոռաց. «Քովէս դո՛ւրս հանեցէք բոլոր մարդիկը»։ Երբ Յովսէփ ինքզինք իր եղբայրներուն ճանչցուց, քովը մարդ մը չկեցաւ։
2. Ձայնը բարձրացնելով լացաւ։ Եգիպտացիք լսեցին ու Փարաւոնին տունն ալ լսեց։
3. Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ես Յովսէփն եմ. իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ Եղբայրները չէին կրնար պատասխան տալ անոր, վասն զի անոր առջեւ ապշած մնացին։
4. Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ինծի մօտ եկէք»։ Անոնք ալ մօտ եկան եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը Յովսէփն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։
5. Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար։
6. Քանզի երկրիս վրայ սովին երկրորդ տարին է այս եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան, ո՛չ ալ հունձք պիտի ըլլայ։
7. Աստուած զիս ձեր առջեւէն ղրկեց՝ որպէս զի երկրի վրայ ձեզի սերունդ պահէ եւ մեծ ազատութիւնով ձեզ ապրեցնէ։
8. Արդ՝ զիս հոս ղրկողը դուք չէք, հապա Աստուած է ու զիս Փարաւոնին հայր եւ իր բոլոր տանը տէր ու Եգիպտոսին իշխան դրաւ։
9. Շուտով իմ հօրս ելէք ու ըսէք անոր՝ այսպէս կ’ըսէ քու Յովսէփ որդիդ. ‘Աստուած բոլոր Եգիպտոսի տէր ըրաւ զիս. մի՛ ուշանար, ինծի իջիր
10. Եւ Գեսեմի երկրին մէջ բնակէ, որպէս զի իմ մօտ ըլլաս, դուն ու քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ որդիները եւ հօտերդ ու արջառներդ եւ քու բոլոր ունեցածդ։
11. Հոն քեզ պիտի սնուցանեմ. վասն զի տակաւին հինգ տարի սով կայ. չըլլայ որ դուն ու քու տունդ եւ քու բոլոր ունեցածդ չքաւորութիւն քաշէք’։
12. Ահա ձեր աչքերը ու իմ եղբօրս Բենիամինին աչքերը կը տեսնեն, որ ձեզի խօսողը իմ բերանս է։
13. Եգիպտոսի մէջ իմ ունեցած բոլոր փառքս ու ձեր բոլոր տեսածը պատմեցէք իմ հօրս եւ շուտով իմ հայրս հոս իջեցուցէք»։
14. Եւ իր եղբօրը Բենիամինին պարանոցին վրայ ինկաւ ու լացաւ։ Բենիամինն ալ անոր պարանոցին վրայ լացաւ։
15. Իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ եւ անկէ ետքը միայն իր եղբայրները իրեն խօսեցան։
16. Այս լուրը Փարաւոնին տանը մէջ լսուեցաւ թէ Յովսէփին եղբայրները եկեր են։ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն հաճելի եղաւ։
17. Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներուդ ըսէ՝ ‘Ձեր անասունները բեռցուցէք ու Քանանի երկիրը գացէք
18. Եւ ձեր հայրն ու ձեր ընտանիքները առէք ու ինծի եկէք եւ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ տեղը ձեզի պիտի տամ ու երկրին պարարտութենէն պիտի ուտէք։
19. Եւ քեզի հրաման եղաւ, որ ձեր տղաքներուն համար ու ձեր կիներուն համար Եգիպտոսի երկրէն կառքեր առնէք ձեզի եւ ձեր հայրը բերէք։
20. Ձարե կարասիներուն մի՛ նայիք՝ ՝. վասն զի բոլոր Եգիպտոսի բարիքը ձերն է’»։
21. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Յովսէփ անոնց կառքեր տուաւ Փարաւնին խօսքին պէս ու ճամբու համար պաշար տուաւ անոնց։
22. Անոնց ամէն մէկուն զատ զատ փոխելու հանդերձներ տուաւ, բայց Բենիամինին երեք հարիւր կտոր արծաթ ու հինգ ձեռք փոխելու հանդերձ տուաւ
23. Եւ իր հօրը հետեւեալ բաները ղրկեց՝ տասը էշ Եգիպտոսի բարիքներով բեռցուած եւ տասը էգ էշ ցորենով ու հացով եւ ուտելիքներով բեռցուած, իր հօրը ճամբորդութեանը համար։
24. Այսպէս իր եղբայրները ղրկեց ու գացին եւ ըսաւ անոնց. «Ճամբուն մէջ չխռովիք»։
25. Անոնք Եգիպտոսէն ելան ու դէպի Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ գացին
26. Եւ անոր պատմեցին՝ ըսելով. «Յովսէփ տակաւին ողջ է ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին իշխանը անիկա է»։ Յակոբին սիրտը մարեցաւ, քանզի անոնց չհաւատաց։
27. Անոր պատմեցին Յովսէփին բոլոր խօսքերը, որոնք իրենց ըսեր էր։ Երբ տեսաւ Յովսէփին ղրկած կառքերը զինք տանելու համար, անոնց հօրը Յակոբին հոգին ողջնցաւ։
28. Եւ Իսրայէլ ըսաւ. «Բաւական է. իմ որդիս Յովսէփ տակաւին ողջ է. երթամ ու մեռնելէս առաջ տեսնեմ զանիկա»։
1. Իսրայէլ իր բոլոր ունեցածով ճամբայ ելաւ ու Բերսաբէէ եկաւ եւ իր հօրը Իսահակին Աստուծոյն զոհեր մատուցանեց։
2. Աստուած գիշերը տեսիլքի մէջ երեւցաւ Իսրայէլին ու ըսաւ. «Յակո՛բ, Յակո՛բ»։
3. Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես եմ Աստուած, քու հօրդ Աստուածը. Եգիպտոս իջնելու մի՛ վախնար, վասն զի հոն մեծ ազգ մը պիտի ընեմ քեզ.
4. Ես քեզի հետ Եգիպտոս պիտի իջնեմ, նաեւ քեզ անշուշտ պիտի հանեմ ու Յովսէփ պիտի դնէ իր ձեռքը քու աչքերուդ վրայ»։
5. Յակոբ ելաւ Բերսաբէէէն ու Իսրայէլի որդիները տարին իրենց հայրը Յակոբը ու իրենց տղաքները եւ իրենց կիները այն կառքերով, որոնք Փարաւոն ղրկեց զանիկա տանելու համար։
6. Առին իրենց ստացուածքը, որոնք Քանանի երկրին մէջ ստացեր էին։ Եգիպտոս եկան Յակոբ ու իր բոլոր սերունդը իրեն հետ.
7. Իր որդիները ու իր որդիներուն որդիները իրեն հետ, իր աղջիկները ու իր որդիներուն աղջիկները եւ իր բոլոր սերունդը իրեն հետ Եգիպտոս բերաւ։
8. Ասոնք են Իսրայէլին որդիներուն անունները, որոնք Եգիպտոս եկան։ Յակոբ ու իր որդիները. Յակոբին անդրանիկը՝ Ռուբէն.
9. Եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք ու Փաղղուս եւ Եսրոն ու Քարմի։
10. Եւ Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ ու Յամին եւ Ոհադ ու Յաքին եւ Սահառ ու Քանանացի կնոջ որդին՝ Սաւուղ։
11. Եւ Ղեւիին որդիները՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։
12. Եւ Յուդային որդիները՝ Էր ու Օնան եւ Սելօմ ու Փարէս եւ Զարա. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ Եւ Փարէսին որդիները՝ Եսրոն ու Համուլ։
13. Եւ Իսաքարին որդիները՝ Թովղա ու Փուա եւ Յոբ ու Սամրօն։
14. Եւ Զաբուղոնի որդիները՝ Սարեդ ու Ելօն եւ Յաղէլ։
15. Ասոնք են Լիայի որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնաւ Յակոբին ու անոր Դինա աղջիկը։ Անոր բոլոր որդիները ու աղջիկները երեսունըերեք հոգի էին։
16. Եւ Գադին որդիները՝ Սափոն ու Անգի, Սունի եւ Եսբօն, Էրի ու Արօդի եւ Արելի։
17. Եւ Ասերին որդիները՝ Յեմնա ու Յեսուա եւ Յեսուի ու Բարիա եւ անոնց քոյրը՝ Սարա եւ Բարիայի որդիները՝ Քաբեր ու Մեղքիէլ։
18. Ասոնք են Զեղբայի որդիները՝ որ Լաբան իր Լիա աղջկան տուաւ եւ անիկա ծնաւ ասոնք Յակոբին՝ տասնըվեց հոգի։
19. Յակոբին կնոջ Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ եւ Բենիամին։
20. Եւ Յովսէփին Եգիպտոսի երկրին մէջ Մանասէն ու Եփրեմը ծնան, որոնք Արեգ քաղաքի քուրմին, Պետափրայի աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։
21. Եւ Բենիամինին որդիները՝ Բաղա ու Բոքոր եւ Ասբէլ, Գերա ու Նէեման, Էհի ու Ռովս, Մուփիմ եւ Ոփիմ ու Արեդ։
22. Ասոնք են Ռաքէլին որդիները՝ որոնք ծնան Յակոբին, ամէնքը տասնըչորս հոգի։
23. Եւ Դանին որդին՝ Հուսիմ։
24. Եւ Նեփթաղիմին որդիները՝ Յասիէլ ու Գունի եւ Յասեր ու Սիլլեմ։
25. Ասոնք են Բաղղային որդիները՝ որ Լաբան իր Ռաքէլ աղջկան տուաւ ու անիկա Յակոբին ասոնք ծնաւ։ Ամէնքը եօթը հոգի էին։
26. Եւ Յակոբին հետ Եգիպտոս եկող բոլոր հոգիները, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբին որդիներուն կիներէն զատ՝ ամէնքը վաթսունըվեց հոգի էին։
27. Եւ Յովսէփին որդիները՝ որ Եգիպտոսի մէջ անոր ծնան, երկու հոգի էին. Եգիպտոս գացող Յակոբին բոլոր տունը եօթանասուն հոգի էին։
28. Անիկա Յուդան իր առջեւէն ղրկեց Յովսէփին որ Գեսեմը ցուցնէ իրեն եւ անոնք Գեսեմի երկիրը եկան։
29. Եւ Յովսէփ իր կառքը պատրաստեց ու իր հայրը Իսրայէլը դիմաւորելու համար Գեսեմ ելաւ եւ երբ անոր դէմը ելաւ, անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու երկար ատեն անոր պարանոցին վրայ լացաւ։
30. Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Հիմա քու երեսդ տեսնելէս ետքը թող մեռնիմ, վասն զի տակաւին ողջ ես»։
31. Յովսէփ իր եղբայրներուն ու իր հօրը տանը ըսաւ. «Ելլեմ եւ Փարաւոնին պատմեմ ու ըսեմ անոր. ‘Իմ եղբայրներս ու իմ հօրս ընտանիքը՝ որ Քանանի երկրին մէջ էին, ինծի եկան.
32. Անոնք հովիւներ են, որով խաշինքի տէր են եւ իրենց հօտերը ու իրենց արջառները եւ իրենց բոլոր ունեցածը բերին’։
33. Երբ Փարաւոն ձեզ կանչէ ու ըսէ՝ ‘Ի՞նչ է արհեստնիդ’,
34. Ըսէք. ‘Քու ծառաներդ մեր մանկութենէն մինչեւ հիմա՝ մենք ալ, մեր հայրերն ալ, խաշինքի տէր ենք’. որպէս զի Գեսեմի երկրին մէջ բնակիք. վասն զի ամէն հովիւ Եգիպտացիներուն առջեւ գարշելի է»։
16. Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։
17. Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն։
1. Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրները, փարիսեցիները, որոնք Երուսաղէմէն էին ու ըսին.
2. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն»։
3. Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։
4. Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ.
5. Եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։
6. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ մայրը չպատուէ, ազատ է’։ Այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։
7. Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ.
8. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ.
9. Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։
10. Ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ու միտք առէք.
11. Ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։
12. Այն ատեն իր աշակերտները եկան՝ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։
13. Ան ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։
14. Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։
15. Պետրոս պատասխան տալով՝ անոր ըսաւ. «Մեկնէ մեզի այս առակը»։
16. Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք.
17. Ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։
18. Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։
19. Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպաննութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։
20. Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981