Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 10Երեմիա 5:1-311. Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ պտըտեցէ՛ք, Նայեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք Անոր հրապարակներուն մէջ փնտռեցէ՛ք. Եթէ մարդ մը կրցա՞ք գտնել, Եթէ իրաւունք ընող, ճշմարտութիւն փնտռող մը կա՞յ, Ես այն քաղաքին թողութիւն ընեմ։2. Թէեւ «Տէրը կենդանի է», կ’ըսեն, Բայց ստութեամբ երդում կ՛ընեն։3. Ո՛վ Տէր, միթէ քու աչքերդ ճշմարտութեան չե՞ն նայիր։ Զանոնք ծեծեցիր, բայց ցաւ մը չզգացին, Զանոնք հատցուցիր, բայց խրատ մը ընդունիլ չուզեցին, Իրենց երեսը ապառաժէն աւելի կարծրացուցին Եւ դառնալ չուզեցին։4. Ու ես ըսի. «Իրաւցընէ անոնք աղքատ են, Անոնք անմիտ են, քանզի Տէրոջը ճամբան, Իրենց Աստուծոյն օրէնքը չեն գիտեր։5. Ես մեծերուն պիտի երթամ Եւ անոնց հետ պիտի խօսիմ, Վասն զի անոնք Տէրոջը ճամբան Եւ իրենց Աստուծոյն օրէնքը գիտեն»։ Բայց ահա անոնք ալ լուծը կոտրեցին, Կապերը փրցուցին։6. Անոր համար անտառին առիւծը պիտի մեռցնէ զանոնք, Անապատներուն գայլը՝ ՝ պիտի սատկեցնէ զանոնք, Անոնց քաղաքներուն վրայ ինձը պիտի հսկէ, Անոնցմէ դուրս ելլողը պիտի գիշատուի. Վասն զի անոնց յանցանքները շատցան Ու անոնց ապստամբութիւնները բազմացան։7. «Ասոր համար ի՞նչպէս կրնամ քեզի ներել». Քու որդիներդ զիս լքեցին Եւ չաստուածներով երդում ըրին։ Երբ զանոնք կշտացուցի, անոնք շնութիւն ըրին Եւ բազմութեամբ պոռնկանոց գացին։8. Առտուն գիրցած ձիերու պէս են, Ամէն մարդ իր դրացիին կնոջ կը վրնջէ։9. «Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։10. «Անոր պարիսպներուն վրայ ելէ՛ք ու կործանեցէ՛ք, Բայց ո՛չ բոլորովին։ Անոր մարտկոցները վերցուցէ՛ք, Վասն զի անոնք Տէրոջը չեն։11. Քանզի Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը Ինծի խիստ անհաւատարիմ եղան», կ’ըսէ Տէրը։12. «Անոնք Տէրը ուրացան ու ըսին. ‘Անիկա չէ Ու մեր վրայ չարիք պիտի չգայ, Սուր ու սով պիտի չտեսնենք։13. Մարգարէները հովի պէս են Ու անոնց բերանը Տէրոջը խօսքը չկայ. Անոնց այնպէս պիտի ըլլայ’»։14. Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուք այսպէս խօսեցաք, Ահա ես իմ խօսքերս քու բերնիդ մէջ՝ կրակ Եւ այս ժողովուրդը փայտ պիտի ընեմ, Որ զանոնք սպառէ»։15. «Ահա ես ձեր վրայ հեռուէն ազգ մը կը բերեմ, Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը. Անիկա զօրաւոր ազգ է, Անիկա հին ազգ է, Այնպիսի ազգ մըն է, որուն լեզուն չես գիտեր Ու խօսածը չես հասկնար։16. Անոնց կապարճները բաց գերեզմանի պէս են, Բոլորն ալ զօրաւոր մարդիկ են։17. Անիկա պիտի ուտէ քու հունձքդ Ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ ուտելու հացը։ Քու հօտերդ եւ արջառներդ պիտի ուտէ, Քու այգիներդ ու թզենիներդ պիտի ուտէ, Քու պարսպապատ քաղաքներդ, որոնց ապաւինած ես, Սուրով պիտի աւերէ»։18. «Բայց այն օրերն ալ, կ’ըսէ Տէրը, Ձեզ պիտի չհատցնեմ։19. Եւ եթէ ըսէք՝ ‘Ի՞նչ պատճառով մեր Տէր Աստուածը այս բոլոր բաները ըրաւ մեզի’, Դուն անոնց ըսէ. ‘Ինչպէս դուք զիս թողուցիք Ու ձեր երկրին մէջ օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրիք, Այնպէս ալ դուք ձերը չեղած երկրին մէջ Օտարներու ծառայութիւն պիտի ընէք’»։20. Ասիկա Յակոբին տանը մէջ պատմեցէք Ու Յուդային մէջ հրատարակելով՝ ըսէք.21. «Հիմա մտիկ ըրէ՛ք ասիկա, Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Որ աչքեր ունիք, բայց չէք տեսներ. Ականջներ ունիք, բայց չէք լսեր։22. ‘Ինծմէ պիտի չվախնա՞ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Իմ երեսէս պիտի չդողա՞ք, Որ յաւիտենական հրամանով մը աւազը ծովուն սահման դրի Եւ անկէ չանցնիր. Թէեւ անոր ալիքները կը յարձակին, բայց չեն կրնար յաղթել, Թէեւ անոնք կը գոռան, բայց անկէ չեն կրնար անցնիլ։23. Սակայն այս ժողովուրդը անհնազանդ ու ապստամբ սիրտ մը ունի, Անոնք երթալով իրենց ճամբան ծռեցին24. Եւ իրենց սրտին մէջ չըսին՝ ‘Մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, Որ անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը իր ատենին կու տայ Եւ հունձքի համար որոշուած շաբաթները մեզի կը պահէ’»։25. Ձեր անօրէնութիւնները հեռացուցին այս բաները, Ձեր մեղքերը դադրեցուցին բարիքը։26. Վասն զի իմ ժողովուրդիս մէջ ամբարիշտներ գտնուեցան. Անոնք որսորդներու կծկտուելուն պէս դարանամուտ կ’ըլլան, Որոգայթ կը լարեն, մարդիկ կը բռնեն։27. Ինչպէս վանդակը թռչուններով լեցուն է, Այնպէս անոնց տուները նենգութեամբ լեցուն են. Անոր համար անոնք մեծցան ու հարստացան,28. Գիրցան, պարարտացան Եւ չարերուն գործերն ալ գերազանցեցին։ Անոնք արդար դատաստան չեն ըներ, Որբին իրաւունքը չեն պաշտպաներ (Բայց եւ այնպէս յաջողութիւն կը գտնեն) Եւ աղքատին դատը չեն տեսներ։29. «Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։30. Երկրին վրայ զարմանալի ու սոսկալի գործ կ’ըլլայ։31. Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն, Քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։ Իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի, Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի ։Երեմիա 6:1-301. Ո՛վ Բենիամինի որդիներ, Երուսաղէմի մէջէն քաշուեցէ՛ք Ու Թեկուէի մէջ փող հնչեցուեցէ՛ք, Բեթաքարմայի վրայ նշա՛ն վերցուցէ՛ք, Վասն զի հիւսիսէն չարիք ու մեծ կոտորած կ’երեւնայ։2. Սիօնին աղջիկը գեղեցիկ ու փափուկ կնոջ մը նմանցուցի։3. Հովիւները եւ անոնց հօտերը անոր պիտի երթան, Անոր շուրջը վրաններ պիտի կանգնեցնեն։ Ամէն մէկը իր սահմանին մէջ պիտի հովուէ։4. «Անոր վրայ պատերազմ պատրաստեցէք. Ելէ՛ք ու կէսօրին ելենք. Վա՜յ մեզի, վասն զի օրը կ՛անցնի Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկննան»։5. «Ելէ՛ք ու գիշերով ելլենք Եւ անոր բերդերը կործանենք»։6. Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ծառեր կտրեցէ՛ք ու Երուսաղէմի դէմ պատնէշ կանցնեցուցէ՛ք։ Ասիկա պատժուելու արժանի քաղաք մըն է, Բոլորովին հարստահարութեամբ լեցուած է։7. Ինչպէս ջրհորը իր ջուրերը կը բղխեցնէ, Անիկա ալ իր չարութիւնը այնպէս կը բղխեցնէ։ Անոր մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը տեսնուի, Իմ առջեւս միշտ ցաւեր ու հարուածներ կան։8. Ո՛վ Երուսաղէմ, խրատուէ՛, Չըլլա՛յ թէ իմ հոգիս քեզմէ զատուի. Չըլլա՛յ թէ քեզ աւերակ եւ անբնակ երկիր մը դարձնեմ»։9. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի մնացորդները այգիի պէս Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն. Քու ձեռքդ՝ կթողի պէս կողովներուն դարձուր»։10. Որո՞ւ խօսիմ ու վկայութիւն ընեմ, որ լսեն։ Ահա անոնց ականջները անթլփատ են Եւ չեն կրնար մտիկ ընել։ Ահա Տէրոջը խօսքը անոնց առջեւ անարգուեցաւ, Անկէ չեն ախորժիր։11. Սակայն Ես Տէրոջը բարկութիւնովը լեցուած եմ, Ինքզինքս զսպելէն յոգնեցայ։ « Զանիկա դուրսը պիտի թափեմ տղաքներուն վրայ Ու նաեւ երիտասարդներուն ժողովին վրայ. Քանզի այր ու կին մարդը, Ծերն ու տարիքը առածը պիտի բռնուին։12. Եւ անոնց տուները, ագարակներն ու կիները մէկտեղ Օտարներուն ձեռքը պիտի անցնին։ Վասն զի երկրին բնակիչներուն վրայ Իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։13. «Վասն զի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը Ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան Ու մարգարէէն մինչեւ քահանան Ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։14. Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ։15. Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ՛ամչնա՞ն։ Բնաւ չեն ամչնար Ու պատկառիլ չեն գիտեր։ Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան, Անոնց այցելութիւն ըրած ատենս պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։16. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ճամբաներու վրայ կայնեցէ՛ք ու նայեցէ՛ք Եւ հին շաւիղներուն համար հարցուցէք, Թէ ո՞րն է բարի ճամբան Ու անոր մէջէն քալեցէք, Որպէս զի ձեր հոգիներուն հանգիստը գտնէք. Բայց անոնք ըսին. ‘ Անոր մէջէն պիտի չքալենք’։17. Ձեր վրայ դէտեր դրի, ըսելով. ‘Փողին ձայնին մտիկ ըրէք’. Բայց անոնք ըսին. ‘Մտիկ պիտի չընենք’։18. Ուրեմն, ո՜վ ազգեր, լսեցէ՛ք. Ո՛վ ժողովուրդ, անոնց մէջ եղած բանը գիտցի՛ր։19. Լսէ՛, ո՛վ երկիր, Ահա ես այս ժողովուրդին վրայ՝ չարիք պիտի բերեմ Իբր անոնց խորհուրդներուն պտուղը, Վասն զի իմ խօսքերուս մտիկ չըրին Եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին։20. Ինչո՞ւ ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ Ու հեռաւոր երկրէ՝ անուշահոտ խունկեղէգն։ Ձեր ողջակէզները ընդունելի չեն Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն։21. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս ժողովուրդին առջեւ խոչեր պիտի դնեմ Ու հայրերը որդիներուն հետ մէկտեղ անոնց զարնուելով պիտի գլորին. Դրացին ու բարեկամը պիտի կորսուին’»։22. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա հիւսիսի երկրէն ժողովուրդ մը կու գայ Ու երկրի ծայրերէն մեծ ազգ մը կ’ելլէ։23. Անոնք աղեղ եւ նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ, Անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմիկի պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ դուստր Սիօնի»։24. Անոր լուրը լսեցինք, Ձեռքերնիս թուլցան Եւ ցաւերը մեզ պաշարեցին՝ Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։25. Արտերը մի՛ ելլէք ու ճամբաները մի՛ պտըտիք. Վասն զի չորս կողմը թշնամիի սուրն ու վախը կայ։26. Ով իմ ժողովուրդիս աղջիկը, քո՛ւրձ հագիր Եւ մոխիրի մէջ թաւալէ Ու խիստ դառն ողբով լաց, Ինչպէս մէկ հատիկ տղու վրայ կու լան, Վասն զի կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի գայ։27. «Քեզ իմ ժողովուրդիս վրայ փորձիչ կարգեցի իբր բերդ, Որպես զի անոնց ճամբան գիտնաս եւ փորձես։28. Ամէնքը կամակոր ապստամբներ են, Բանսարկութեան կը պտըտին, պղինձ ու երկաթ են. Ամէնքը ապականած են։29. Փքոցը այրեցաւ, Կապարը կրակէն հատաւ. Արծաթագործը պարապ տեղ կ’աշխատի, Վասն զի չարերը չվտարուեցան։30. Անոնք Անպիտան արծաթ պիտի կոչուին, Վասն զի Տէրը զանոնք մերժեց»։Սաղմոսներ 117:1-21. Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր, Գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ.2. Վասն զի անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է Ու Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեան է։ Ալէլուիա՜։Առակներ 27:3-43. Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։4. Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։Կողոսացիներ 1:1-291. Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը Աստուծոյ կամքով եւ Տիմոթէոս եղբայրը,2. Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոսով սուրբ ու հաւատացեալ եղբայրներուն.3. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն։4. Լսելով ձեր հաւատքը որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ եւ այն սէրը, որ բոլոր սուրբերուն վրայ ունիք.5. Այն յոյսին համար, որ երկինքը կը պահուի ձեզի, որուն վրայով նախապէս լսեցիք աւետարանին ճշմարտութեան խօսքովը,6. Որ ձեզի հասաւ՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ ու պտղաբեր ըլլալով [կ’աճի], ինչպէս ձեր մէջ ալ, այն օրուընէ, որ դուք լսեցիք ու ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութիւնով.7. Ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակցէն՝ Եպափրասէն, որ ձեզի համար հաւատարիմ պաշտօնեայ մըն է Քրիստոսին8. Որ ինք ալ մեզի պատմեց ձեր սէրը Հոգիով։9. Անոր համար մենք ալ, այն օրէն երբ լսեցինք, չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։10. Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը.11. Իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած։12. Գոհանալով Հօր Աստուծմէ, որ մեզ լոյսի մէջ բնակող սուրբերուն վիճակին մասնակից ըլլալու արժանացուց։13. Որ մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։14. Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն,15. Որ աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։16. Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։17. Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ.18. Եւ անիկա է մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը. որ սկիզբն է, մեռելներէն անդրանիկը, որպէս զի ինք ըլլայ ամէն բանի մէջ նախապատիւ.19. Վասն զի հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր մէջ բնակի20. Եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները։21. Եւ ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը,22. Հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ, որպէս զի ձեզ անոր առջեւ սուրբ ու անբիծ եւ անարատ կայնեցնէ.23. Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ, որուն ես՝ Պօղոսս՝ սպասաւոր եղայ։24. Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս համար ու Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասութիւնը իմ մարմնիս մէջ կը լեցնեմ անոր մարմնին համար, որ եկեղեցին է.25. Որուն ես սպասաւոր եղայ Աստուծոյ տնտեսութիւնովը՝ որ ինծի տրուեցաւ ձեզի համար՝ Աստուծոյ խօսքը լման քարոզելու,26. Այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու ազգերէն, հիմա իր սուրբերուն յայտնուեցաւ.27. Որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել իր խորհուրդին փառաւոր ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, որ է Քրիստոս ձեր մէջ՝ փառաց յոյսը.28. Որ մենք կը քարոզենք ու ամէն մարդու կը յորդորենք եւ կը սորվեցնենք բոլոր իմաստութիւնով, որպէս զի ամէն մարդ կատարեալ ընենք Քրիստոս Յիսուսով.29. Որուն համար ես ալ կ’աշխատիմ, ջանք ընելով իր ներգործութեանը համեմատ, որ զօրութիւնով իմ մէջս կը գործէ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981