Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հոկտեմբեր 13

1. Ահա խօսքը, որ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
2. «Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք եւ Յուդայի մարդոցը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն ալ յայտնեցէ՛ք։ Եւ դուն անոնց ըսէ՛.
3. Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մտիկ չ’ըներ այն ուխտին խօսքերուն,
4. Որոնք ես ձեր հայրերուն պատուիրեցի Եգիպտոսի երկրէն, այն երկաթի հնոցէն զանոնք հանած օրս ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք ու ձեզի հրամայածս գործադրեցէ՛ք, որպէս զի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք ու ես ձեր Աստուածը ըլլամ.
5. Որպէս զի հաստատեմ այն երդումը, որ ձեր հայրերուն ըրի, այնպիսի երկիր մը տալու անոնց, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ’։ Եւ ես պատասխան տուի ու ըսի. ‘Ամէն, ո՛վ Տէր’»։
6. Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս բոլոր խօսքերը Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կանչելով՝ ըսէ՛. ‘Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէք’,
7. Վասն զի ձեր հայրերը խստութեամբ խրատեցի, զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս մինչեւ այսօր, կանուխ ելլելով ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք’։
8. Բայց անոնք մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չխոնարհեցուցին, հապա ամէն մարդ իր չար սրտին կամակորութեանը համեմատ քալեց, ուստի ես ալ անոնց վրայ պիտի բերեմ այն ուխտին բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոնց պատուիրեցի որ ընեն, բայց անոնք չըրին’։
9. Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Յուդայի մարդոցը մէջ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն մէջ դաւաճանութիւն գտնուեցաւ։
10. Անոնք իմ խօսքերուս մտիկ չընելով՝ իրենց նախահայրերուն անօրէնութիւններուն դարձան եւ օտար աստուածներու ետեւէ գացին, որպէս զի անոնց ծառայութիւն ընեն։ Իսրայէլի տունը ու Յուդայի տունը իրենց հայրերուն հետ ըրած ուխտս աւրեցին’։
11. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այնպիսի չարիք պիտի բերեմ անոնց վրայ, Որմէ կարող պիտի չըլլան ազատիլ։ Ինծի պիտի աղաղակեն, բայց անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։
12. Յուդայի քաղաքներն ու Երուսաղէմի բնակիչները պիտի երթան, Պիտի աղաղակեն այն աստուածներուն, որոնց խունկ ծխեր էին. Բայց անոնց ձախորդութեան ժամանակը Բնաւ պիտի չազատեն զանոնք։
13. Քանզի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան, Երուսաղէմի փողոցներուն թիւին չափ։ Ամօթալից կռապաշտութեան համար սեղաններ, Բահաղին խունկ ծխելու համար սեղաններ կանգնեցուցիք։
14. «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ Ու անոնց համար խնդրուածքով ու պաղատանքով մի՛ աղաչեր. Քանզի երբ իրենց վրայ հասած չարիքին համար ինծի աղաղակեն, Անոնց մտիկ պիտի չընեմ։
15. Իմ սիրելիս ի՞նչ բաժին ունի իմ տանս մէջ, Քանի որ շատերուն հետ անօրէնութիւն՝ ՝ գործեր է. Սուրբ զոհն ալ քեզմէ վերցուեցաւ։ Քանզի դուն քու չարութիւնովդ կ’ուրախանաս։
16. Տէրը քու անունդ Կանանչ, գեղեցիկ ու բարեպտուղ ձիթենի դրաւ, Բայց անոր վրայ մեծ աղմուկի ձայնով կրակ բռնկցուց Եւ անոր ոստերը սպառեցան։
17. Քեզ տնկող զօրքերու Տէրը Քեզի չարիք կամեցաւ։ Իսրայէլի տանը ու Յուդայի տանը չարութեանը համար, Որ անոնք գործեցին Եւ Բահաղի խունկ ծխելով՝ զիս բարկացուցին»։
18. Տէրը ինծի գիտցուց ու զանիկա գիտցայ. Այն ատեն ինծի անոնց չար գործերը ցուցուց։
19. Բայց ես մորթուելու տարուող ընտանեցած գառի մը պէս էի Ու չէի գիտեր թէ անոնք ինծի համար նենգութիւններ կը հնարէին՝ ըսելով. «Ծառը իր պտուղովը կործանենք Եւ զանիկա կենդանիներուն երկրէն բնաջինջ ընենք, Որ անոր անունը անգամ մըն ալ չյիշուի»։
20. Սակայն, ո՛վ Տէր զօրութիւններու, արդա՛ր Դատաւոր, Որ սիրտն ու միտքը կը քննես, Անոնցմէ առնելիք վրէժդ ինծի ցուցուր, Քանզի իմ դատս քեզի յանձնեցի։
21. Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ Անաթովթի մարդոցը համար, Որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն ու կ’ըսեն. «Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն մի՛ ըներ, Որպէս զի մեր ձեռքերովը չմեռնիս»։
22. Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես զանոնք պիտի պատժեմ, Կտրիճները սուրով պիտի մեռնին, Անոնց տղաքներն ու աղջիկները սովամահ պիտի ըլլան,
23. Անոնցմէ մէկը պիտի չմնայ. Վասն զի ես Անաթովթի մարդոցը վրայ՝ Անոնց պատուհասի տարին՝ չարիք պիտի բերեմ»։
1. Ո՛վ Տէր, երբ քեզի դէմ գանգատիմ, դուն արդար պիտի գտնուիս. Սակայն իրաւունքի վրայով պիտի խօսիմ քեզի. Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան կը յաջողի Ու բոլոր նենգութիւն ընողները հանգստութիւն կը վայելեն։
2. Դուն զանոնք տնկեցիր եւ անոնք արմատացան։ Անոնք կ’աճին ու պտուղ կու տան։ Դուն անոնց բերնին մօտ ես, Բայց անոնց սրտէն հեռու ես։
3. Դուն, ո՛վ Տէր, զիս ճանչցար, Զիս տեսար ու իմ միտքս քու առջեւդ քննեցիր։ Զատէ զանոնք մորթուելու ոչխարներու պէս, Սպանդի օրուան համար պատրաստէ։
4. Մինչեւ ե՞րբ երկիրը սուգ պիտի բռնէ Իր բնակիչներուն չարութեանը համար Ու բոլոր դաշտին խոտը պիտի չորնայ։ Անասուններն ու թռչունները հեռացան, Վասն զի ըսին. «Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ»։
5. «Եթէ դուն հետեւակներուն հետ վազեցիր ու քեզ յոգնեցուցին, Հապա ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս պիտի մրցիս։ Դուն որ խաղաղութեան երկրին մէջ ապահով ես, Ի՞նչ պիտի ընես՝ երբ Յորդանան գետը յորդի։
6. Քանզի քու եղբայրներդ ու քու հօրդ տունն ալ, Անոնք անգամ քեզի դէմ նենգութիւն ըրին Եւ քու ետեւէդ բարձրաձայն աղաղակեցին։ Թէեւ անոնք քեզի աղէկ բաներ ալ խօսին, Դուն անոնց մի՛ հաւատար»։
7. «Իմ տունս թողուցի, իմ ժառանգութիւնս ձգեցի, Հոգիիս սիրածը իր թշնամիներուն ձեռքը տուի։
8. Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի, Անիկա բարձր ձայնով իմ վրաս պոռաց։ Այդ պատճառով զանիկա ատեցի։
9. Իմ ժառանգութիւնս գոյնզգոյն թռչունի մը պէս եղաւ ինծի, Թռչունները անոր չորս կողմն են։ Եկէ՛ք, անապատին բոլոր գազանները հաւաքեցէ՛ք, Բերէ՛ք, որ ուտեն։
10. Շատ հովիւներ իմ այգիս աւերեցին, Իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին Եւ իմ ցանկալի վիճակս ամայի անապատի դարձուցին։
11. Զանիկա ամայութեան դարձուցին, Որը ամայի ըլլալով իմ առջեւս սուգ բռնեց։ Բոլոր երկիրը ամայացաւ, Քանզի մարդ մը չկայ, որ այս բաներուն մասին մտածէ։
12. Անապատին բոլոր բլուրներուն վրայ աւարառուներ եկան. Վասն զի Տէրոջը սուրը կ’ուտէ Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։ Ոեւէ մարմնի խաղաղութիւն չկայ։
13. Ցորեն ցանեցին, բայց փուշ պիտի հնձեն. Աշխատանք թափեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն. Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը պատճառով Ձեր արդիւնքներէն պիտի ամչնաք։
14. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իմ չար դրացիներուս համար, Որոնք իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին տուած ժառանգութեան կը դպչին. «Ահա ես զանոնք իրենց երկրին երեսէն պիտի խլեմ, Յուդային տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ։
15. Զանոնք խլելէս ետքը Պիտի դառնամ անոնց ողորմիմ Եւ ամէն մէկը՝ իր ժառանգութեանը Ու ամէն մէկը իր երկիրը պիտի դարձնեմ։
16. Եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս ճամբաները սորվին Ու իմ անունովս երդում ընեն՝ ըսելով ‘Կենդանի է Տէրը’ (Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս՝ Բահաղի անունովը երդում ընել սորվեցուցին), Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի հաստատուին։
17. Բայց եթէ մտիկ չընեն, Այն ատեն այն ազգը արմատէն պիտի խլեմ Ու պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
10. Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին. Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
11. Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին, Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
12. Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին, Փուշերու կրակի պէս վառեցան։ Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
13. Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ. Բայց Տէրը օգնեց ինծի։
14. Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։
8. Իր տեղէն թափառական եղող մարդը, Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։
1. Տէ՛րեր, ձեր ծառաներուն հետ իրաւունքով ու արդարութեամբ վարուեցէք, գիտնալով թէ դուք ալ Տէր ունիք երկինքը։
2. Շարունակ աղօթքի ետեւէ եղէք, անոր մէջ արթուն մնալով գոհութեամբ։
3. Աղօթք ըրէք նաեւ մեզի համար, որպէս զի Աստուած խօսքին դուռը բանայ մեզի Քրիստոսին խորհուրդը յայտնելու, որուն համար կապուած ալ եմ,
4. Որպէս զի յայտնեմ զանիկա, ինչպէս ինծի կը վայլէ խօսիլ։
5. Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։
6. Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։
7. Իսկ իմ վրայովս բոլորը պիտի իմացնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը եւ հաւատարիմ պաշտօնեան ու ծառայակիցը Տէրոջմով.
8. Որ այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի գիտնայ ձեր վրայով ու ձեր՝ ՝ սրտերը մխիթարէ,
9. Ոնեսիմոս հաւատարիմ ու սիրելի եղբօր հետ մէկտեղ, որ ձեզմէ մէկն է. իրենք ամէն բան ձեզի պիտի իմացնեն՝ ինչ որ հոս կայ։
10. Բարեւ կ’ընէ ձեզի Արիստարքոսը, իմ գերութեան ընկերս եւ Մարկոս՝ Բառնաբասի եղբօրորդին, (որուն համար պատուէր առիք. եթէ ձեզի գալու ըլլայ, ընդունեցէ՛ք զանիկա,)
11. Եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կ’անուանուի, որոնք թլփատութենէն են. ասոնք միայն՝ ինծի գործակից եղան Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ եւ ինծի մխիթարութիւն։
12. Բարեւ կ’ընէ ձեզի Եպափրաս, Քրիստոսին ծառան, որ ձեզմէ մէկն է, ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար ջանալով, որպէս զի դուք կատարեալ ու լման կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ։
13. Քանզի անոր համար ես կը վկայեմ, թէ շատ նախանձախնդրութիւն ունի ձեզի համար ու Լաւոդիկէի եւ Յերապոլիսի մէջ եղողներուն համար։
14. Բարեւ կ’ընեն ձեզի սիրելի Ղուկաս բժիշկը ու Դեմաս։
15. Բարեւ ըրէք եղբայրներուն, որոնք Լաւոդիկիա են եւ Նիմփասի ու անոր տանը մէջի եկեղեցիին։
16. Երբ այս թուղթը ձեր մէջ կարդացուի, Լաւոդիկեցիներու եկեղեցիին մէջ ալ կարդալ տուէք եւ դուք ալ Լաւոդիկիայէ եկած թուղթը կարդացէք։
17. Ու ըսէք Արքիպպոսի. «Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր, որպէս զի զանիկա կատարես»։
18. Այս բարեւը իմ ձեռքիս՝ Պօղոսինն է. իմ կապերս մտքերնիդ թող ըլլան։ Շնորհքը ձեզի հետ։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981