Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հոկտեմբեր 5

1. Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, Վասն զի Տէրը զիս օծեց Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն՝ ազատութիւն Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։
2. Տէրոջը՝ ընդունելի տարին Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, Բոլոր սգաւորները մխիթարելու,
3. Սիօնի սգաւորները որոշելու Ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք, Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ, Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։ Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ, Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։
4. Հին աւերակները պիտի շինեն, Առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն, Աւերուած քաղաքները Ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն։
5. Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։ Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։
6. Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ, Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք։ Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք Ու անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք։
7. Ձեր ամօթին տեղ՝ կրկին ուրախութիւն Եւ անարգանքին տեղ ձեր ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծաք, Ուստի ձեր երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնէք։ Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենաք։
8. Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ. Իրաւցընէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամ Ու անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ։
9. Անոնց սերունդը ազգերուն մէջ, Անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի ճանչցուին, Զանոնք բոլոր տեսնողները պիտի գիտնան, Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են։
10. Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ Ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ. Քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց, Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեց Փեսայի պէս, որ իրեն փառաւոր խոյրը կը դնէ Ու հարսի պէս, որ իր զարդերովը կը զարդարուի։
11. Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ Ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ, Այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ Արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ։
1. Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ. Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը՝ լոյսի պէս Եւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս ճառագայթէ։
2. Ազգերը՝ քու արդարութիւնդ Ու բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն։ Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս, Որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ։
3. Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ Ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։
4. Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիս Ու քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի, Հապա դուն Իմ հաւնածս՝ ՝ Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի, Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։
5. Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ, Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։ Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ, Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։
6. Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի. Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։ Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք
7. Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք, Մինչեւ անիկա հաստատէ, Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։
8. Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ. «Քու ցորենդ անգամ մըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամ Եւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ, Որուն համար դուն աշխատեցար.
9. Հապա հնձողները պիտի ուտեն զանիկա Ու Տէրոջը փառք պիտի տան Եւ զանիկա հաւաքողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն»։
10. Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն, Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք. Շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները, Քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք. Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք։
11. Ահա Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը յայտարարեց, որ Սիօնի աղջկանը ըսեն. «Ահա քու Փրկիչդ կու գայ, Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է»։
12. Անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի կոչուին Ու դուն Փնտռուած ու Չլքուած քաղաք պիտի կոչուիս։
9. Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա՝ ՝. Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
10. Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
11. Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
12. Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ, Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ, Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ.
13. Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ, Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։
24. Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։
25. Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար, Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։
26. Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։
1. Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։
2. Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,)
3. Որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ։
4. Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։
5. Ծառանե՛ր, հնազանդ եղէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ահով ու դողով՝ ձեր սրտին միամտութիւնովը, որպէս թէ Քրիստոսին։
6. Ո՛չ թէ մարդահաճոյի պէս աչքի առջեւ ծառայելով, հապա Քրիստոսի ծառաներու պէս՝ սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով.
7. Յօժարութեամբ ծառայելով որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց.
8. Գիտնալով որ ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի, թէ՛ ծառայ ըլլայ եւ թէ՛ ազատ։
9. Դուք ալ, տէրե՛ր, նոյնը ըրէք անոնց ու սպառնալիքը մոռցէ՛ք, գիտնալով թէ անոնց ալ, ձեր ալ Տէրը երկինքն է ու անոր քով աչառութիւն չկայ։
10. Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։
11. Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։
12. Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին՝ ՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։
13. Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել
14. Ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով
15. Ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը
16. Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել
17. Եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։
18. Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար,
19. Ինծի համար ալ, որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու.
20. Որուն համար ես դեսպանութիւն կ’ընեմ կապանքովս, որպէս զի անով համարձակութիւն ունենամ խօսելու՝ ինչպէս պէտք է։
21. Բայց որպէս զի դուք ալ գիտնաք իմ վրայովս՝ թէ ի՞նչ կ’ընեմ ես, ամէն բան պիտի ցուցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը ու հաւատարիմ պաշտօնեան՝ Տէրոջմով.
22. Որ յատկապէս այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի լուր ունենաք մեր մասին ու ինք ձեր սրտերը մխիթարէ։
23. Խաղաղութիւն եղբայրներուն եւ սէր հաւատքով մէկտեղ Հօր Աստուծմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
24. Շնորհք այն ամենուն հետ՝ որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անկեղծութեամբ կը սիրեն։ Ամէն։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981