Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 8Երեմիա 1:1-191. Բենիամինի երկիրը, Անաթովթին մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիային որդիին Երեմիային խօսքերը,2. Որուն Տէրոջը խօսքը եղաւ, Յուդայի թագաւորին Ամոնին որդիին Յովսիային օրերը, անոր թագաւորութեան տասներեքերորդ տարին։3. Նաեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը, մինչեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարիին վերջը, մինչեւ Երուսաղէմի գերութիւնը, որ հինգերորդ ամսուան մէջ եղաւ։4. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.5. «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։6. Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, Վասն զի ես մանուկ եմ»։7. Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’, Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։8. Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, Քանզի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։9. Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։10. Նայէ՛, ես այսօր քեզ ազգերու վրայ Եւ թագաւորութիւններու վրայ կայնեցուցի, Որպէս զի խլես ու փլցնես եւ կորսնցնես ու աւերես, Նաեւ շինես ու տնկես»։11. Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ»։12. Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Աղէ՛կ տեսար, Վասն զի ես իմ խօսքս կատարելու պիտի արտորամ՝ ՝։13. Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ, Որուն երեսը դէպի հիւսիս է»։14. Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Չարիքը հիւսիսէն պիտի բորբոքի Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ։15. Քանզի ահա ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն Բոլոր ազգատոհմերը պիտի կանչեմ։ Անոնք պիտի գան եւ ամէն մէկը իր աթոռը Երուսաղէմի դռներուն առջեւ Եւ անոր շրջակայ պարիսպներուն վրայ Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն վրայ պիտի դնեն։16. Եւ պիտի յայտնեմ անոնց իմ դատաստաններս Անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. Վասն զի անոնք զիս թողուցին, Ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին։17. Ուրեմն դուն քու մէջքդ պնդէ՛ ու ելի՛ր, Քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ՛, Անոնց երեսէն մի՛ վախնար։ Չըլլայ որ քեզ անոնց առջեւ ամչցնեմ։18. Այսօր քեզ բոլոր երկրին դէմ, Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխաններուն, Անոր քահանաներուն եւ երկրին ժողովուրդին դէմ Ամուր քաղաքի պէս ու երկաթէ սիւնի պէս Ու պղնձէ պարիսպներու պէս ըրի։19. Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։Երեմիա 2:1-371. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Գնա՛ ու Երուսաղէմի ականջներուն կանչէ ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անապատին մէջ՝ այն չցանուած երկրին մէջ՝ Իմ ետեւէս եկած ատենդ, Քու մանկութեանդ քաղցրութիւնը, Քու հարսնութեանդ սէրը յիշեցի։3. Իսրայէլ Տէրոջը համար սուրբ էր, Անոր արմտիքներուն երախայրին էր։ Ամէն անոնք, որ զանիկա կ’ուտէին, յանցաւոր կ’ըլլային. Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր’։4. Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր ազգատոհմներ,5. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, Որ ինծմէ հեռացան Եւ ունայնութեան ետեւէ երթալով ունայն եղան6. Ու չըսին թէ ‘Ո՞ւր է Տէրը, Որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, Որ մեզ անապատին մէջ պտըտցուց, Անցուց ամայութեան եւ փոսերու երկրէն, Չորութեան եւ մահուան ստուերի երկրէն, Այնպիսի երկրէ մը, ուրկէ մարդ չէր անցներ Ու հոն մարդ չէր բնակեր»։7. Ես ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի, Որպէս զի անոր պտուղն ու բարիքը ուտէք։ Դուք մտաք ու իմ երկիրս անմաքրեցիք, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցիք,8. Քահանաները չըսին թէ ‘Տէրը ո՞ւր է’ Ու օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան Եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։ Մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին Եւ անօգուտ բաներու ետեւէ գացին»։9. «Ասոր համար ձեզի հետ տակաւին պիտի վիճիմ, կ’ըսէ Տէրը Ու ձեր որդիներուն որդիներուն հետ պիտի վիճիմ։10. Արդ՝ Կիտացիներու կղզիները անցէ՛ք ու նայեցէ՛ք Եւ Կեդար մարդ ղրկեցէք ու աղէկ հասկցէ՛ք Եւ տեսէք թէ՝ այսպիսի բան մը եղե՞ր է.11. Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ց, Թէեւ անոնք Աստուած չէին, Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը Անօգուտ բանի հետ փոխեց»։12. «Ով երկինք, ասոր վրայ զարմացէ՛ք. Ապշեցէ՛ք ու խիստ սոսկացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,13. Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց, Զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին Եւ իրենց գուբեր փորեցին, Ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել։14. Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է, Կամ ծառայի զաւա՞կ է։ Անիկա ինչո՞ւ համար յափշտակութեան մատնուեցաւ.15. Անոր վրայ առիւծի կորիւնները մռնչեցին Ու ձայներնին հանեցին, Անոր երկիրը աւերակ ըրին, Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան»։16. «Մեմփացիներուն ու Տափնացիներուն տղաքներն անգամ Քու գլխուդ գագաթը կոտրեցին։17. Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր Քու Տէր Աստուածդ ձգելով, Երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր։18. Հիմա դուն Եգիպտացիներուն ճամբան ի՞նչ գործ ունիս, Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ’երթաս. Կամ Ասորեստանի ճամբան ի՞նչ գործ ունիս, Որ գետերուն ջուրը խմելու կ’երթաս ։19. Քու չարութիւնդ քեզ պիտի խրատէ Ու քու անհաւատարմութիւնդ քեզ պիտի յանդիմանէ։ Արդ՝ գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ գէշ ու դառն բան մըն է, Որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս Եւ քու վրադ իմ վախս չկայ», Կ’ըսէ զօրքերու Եհովա Տէրը։20. «Վասն զի քու լուծդ շատոնցմէ կոտրեցի, Քու կապանքներդ փրցուցի Ու դուն ըսիր. ‘Օրինազանց պիտի չըլլամ’. Սակայն ամէն բան բարձր բլուրի վրայ Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Ծռեցար՝ պոռնկութիւն ըրիր։21. Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ Ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի Եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար։22. Եթէ բորակով լուացուիս Ու շատ օճառ ալ գործածես, Քու անօրէնութիւնդ առջեւս բիծի պէս կը մնայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։23. «Ի՞նչպէս կրնար ըսել. ‘Ես չպղծուեցայ, Բահաղին ետեւէն չգացի’։ Հովիտին մէջի քու ճամբուդ նայէ Եւ ըրածդ գիտցիր, Ո՛վ խոտորնակ ճամբաներ պտըտող յամառ տաճիկ ուղտ։24. Անապատի վարժուած վայրենի էշը, Որ իր ցանկութիւնովը հովը կը հոտոտէ, Իր ցանկութենէն ո՞վ կրնայ ետ դարձնել. Բոլոր զանիկա փնտռողները չեն յոգնիր, Իր ամսուան մէջ կը գտնեն զինք։25. Զգուշացի՛ր, որ ոտքդ չմերկանայ եւ կոկորդդ չչորնայ, Բայց դուն ըսիր՝ ‘Յոյս չկայ, Վասն զի օտարները սիրեր եմ Ու անոնց ետեւէն պիտի երթամ’»։26. Ինչպէս գողը բռնուած ատեն կ’ամչնայ, Այսպէս պիտի ամչնան Իսրայէլի տունը, Իրենք, իրենց թագաւորներն ու իշխանները Եւ քահանաներն ու մարգարէները,27. Որոնք փայտին կ’ըսեն. ‘Դուն իմ հայրս ես’ Ու քարին՝ ‘Դուն զիս ծնար’, Քանզի ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես. Բայց իրենց ձախորդութեան ժամանակը կ’ըսեն. ‘Ելի՛ր ու մեզ ազատէ՛’։28. Բայց ո՞ւր են քու աստուածներդ, որոնք քեզի շինեցիր։ Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն։ Վասն զի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան»։29. «Ի՞նչու համար ինծի հետ կը վիճիք. Դուք ամէնքդ ինծմէ ապստամբեցաք», կ’ըսէ Տէրը։30. «Պարապ տեղ ձեր տղաքը ծեծեցի։ Անոնք չխրատուեցան։ Ձեր սուրը գիշատիչ առիւծի պէս Ձեր մարգարէները կերաւ։31. Ո՛վ ազգ, Տէրոջը խօսքին նայէ. Միթէ ես անապա՞տ եղայ Իսրայէլի, Կամ մութ երկի՞ր մը։ Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կըսէ. ‘Մենք ինքնագլուխ կը պտըտինք, Անգամ մըն ալ քեզի պիտի չգանք’»։32. Միթէ կոյսը իր զարդերը, Կամ հարսը իր գօտին կը մոռնա՞յ. Բայց իմ ժողովուրդս երկար օրեր զիս մոռցաւ։33. Սէր փնտռելու համար՝ ինչո՞ւ քու ճամբադ աղէկ կը շտկես, Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր։34. Նաեւ քու քղանցքներուդ վրայ Անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան։ Զանոնք գաղտուկ տեղեր չգտայ, Հապա բոլոր բաներուն վրայ։35. Բայց դուն կ’ըսես. ‘Անմեղ ըլլալուս համար Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինծմէ պիտի դառնայ’։ Ահա ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ ‘Ես մեղք չգործեցի’ ըսելուդ համար։36. Ինչո՞ւ ճամբադ փոխելով այսչափ կը թափառիս. Դուն Եգիպտոսէն ալ պիտի ամչնաս, Ինչպէս Ասորեստանէն ամչցար։37. Դուն ասկէ՛ ալ պիտի ելլես Ձեռքերդ գլխուդ վրայ դրած, Քանզի Տէրը քու յոյսերդ մերժեց Ու անոնցմով յաջողութիւն պիտի չունենաս»։Սաղմոսներ 116:5-145. Ողորմած ու արդար է Տէրը Եւ մեր Աստուածը գթած է։6. Տէրը միամիտները կը պահէ։ Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։7. Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ, Քանզի Տէրը քեզի բարիք ըրաւ։8. Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր, Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։9. Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։10. Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։ «Ես խիստ թշուառացայ»։11. Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի. «Ամէն մարդ սուտ է»։12. Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։13. Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։14. Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւԱռակներ 27:1-11. Վաղուան համար մի՛ պարծենար, Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։Փիլիպեցիները 3:1-211. Ասկէ ետքը, եղբա՛յրներս, ուրախ եղէք Տէրոջմով։ Նոյն բաները ձեզի գրել ինծի ձանձրութիւն չէ, բայց ձեզի ապահովութիւն է։2. Զգուշացէ՛ք շուներէն, զգուշացէ՛ք չար մշակներէն, զգուշացէք թլփատութենէն,3. Վասն զի թլփատութիւնը մենք ենք, որ հոգիով Աստուած կը պաշտենք ու կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսով եւ մարմնի վրայ չէ վստահութիւննիս։4. Թէպէտ ես ալ նոյն վստահութիւնը ունիմ մարմնի վրայ։ Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմնի վրայ, ա՛լ աւելի ես.5. Ութը օրուան թլփատուած, Իսրայէլի ազգէն, Բենիամինի ցեղէն, Եբրայեցի՝ Եբրայեցիներէն, օրէնքին նայելով՝ փարիսեցի.6. Նախանձախնդիր ըլլալու կողմանէ՝ եկեղեցին կը հալածէի. օրէնքին արդարութեանը կողմանէ՝ անարատ էի։7. Բայց ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի։8. Եւ իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ9. Ու իր մէջ գտնուիմ, ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս ունենամ՝ որ օրէնքէն է, հապա Քրիստոսին հաւատքովը եղած արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէն է հաւատքով։10. Որպէս զի ճանչնամ զանիկա եւ անոր յարութեանը զօրութիւնը ու անոր չարչարանքներուն հաղորդ ըլլամ, անոր մահուան կերպարանքը առնելով.11. Որպէս զի մեռելներուն յարութեանը հասնիմ։12. Ոչ թէ ես արդէն առեր եմ, կամ արդէն կատարեալ եղեր եմ, հապա ետեւէն ինկած եմ որ բռնեմ մրցանակը, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէն։13. Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ.14. Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ։15. Ուստի մենք ամէնքս՝ որ կատարեալ ենք՝ ասիկա խորհինք եւ եթէ բան մը ուրիշ կերպով խորհելու ըլլաք, զայն ալ Աստուած ձեզի պիտի յայտնէ։16. Միայն թէ ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք։17. Ինծի նմանող եղէ՛ք, եղբա՛յրներ ու նայեցէք անոնց որ այնպէս կը քալեն, ինչպէս որ մեզ ձեզի օրինակ ունիք։18. Վասն զի շատեր կը քալեն, որոնց համար շատ անգամ ձեզի կ’ըսէի եւ հիմա լալով ալ կը խօսիմ, այսինքն Քրիստոսին խաչին թշնամիներուն համար.19. Որոնց վերջը կորուստ է, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է ու անոնց փառքը իրենց ամօթն է, որոնք միայն երկրաւոր բաներուն վրայ կը մտածեն։20. Բայց մեր քաղաքականութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկչին, Տէր Յիսուս Քրիստոսին,21. Որ պիտի նորոգէ մեր խոնարհ մարմինը՝ իր փառաւոր մարմնին կերպարանակից ըլլալու, այն զօրութիւնովը որ կարող է ամէնքը իրեն հնազանդեցնել։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981