Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 10Եզեկիել 11:1-251. Հոգին զիս վերցուց ու Տէրոջը տանը դէպի արեւելք նայող արեւելեան դուռը տարաւ։ Դրանը մուտքը քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնց մէջ՝ ժողովուրդին իշխանները, Ազուրի որդին Յեզոնիան ու Բանեայի որդին Փաղատիան ալ տեսայ։2. Անիկա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ասոնք են այն մարդիկը, որ անօրէնութիւն կը մտածեն Ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին3. Ու կ’ըսեն. ‘Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք’. Այս քաղաքը կաթսայ է ու մենք միս ենք»։4. Ուստի մարգարէացի՛ր անոնց վրայ։ Մարգարէացի՛ր, որդի՛ մարդոյ։5. Այն ատեն Տէրոջը Հոգին իմ վրաս եկաւ Ու ինծի ըսաւ. «Ըսէ թէ Տէրը ասյպէս կ’ըսէ. ‘Դուք այդպէս ըսիք’, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Բայց ես ձեր մտքէն անցածը գիտեմ։6. Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր սպաննուածները շատցուցիք Ու անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք»։7. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր սպաննուածները, որոնք անոր մէջ դրիք, Անոնք միսն են ու անիկա կաթսան է. Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ։8. Դուք սուրէն վախցաք Ու ես սուրը ձեր վրայ պիտի բերեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։9. Ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ, Ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ Ու ձեր մէջ դատաստաններ պիտի գործադրեմ։10. Դուք սուրով պիտի իյնաք։ Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։11. Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ, Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք։ Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ։12. Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը. Քանի որ իմ օրէնքներովս չքալեցիք Ու իմ հրամաններս չգործադրեցիք, Հապա ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն սովորութիւններուն համեմատ վարուեցաք’»։13. Իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիան մեռաւ։ Այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ, բարձր ձայնով աղաղակեցի ու ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը բոլորովին պիտի սպառե՞ս»։14. Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.15. «Որդի՛ մարդոյ, քու եղբայրներդ, քու ազգականներդ ու բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնքը այն մարդիկն են, որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին. ‘Տէրոջը քովէն հեռացէ՛ք. այս երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուած է’։16. Անոր համար ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Թէեւ զանոնք ազգերու մէջ տարի Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցրուեցի, Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջ Քիչ մը ատեն անոնց սրբարան պիտի ըլլամ’։17. Անոր համար ըսէ. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հաւաքեմ Եւ ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ Ուր դուք ցրուըուած էք։ Ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի երկիրը։18. Հոն պիտի մտնեն, Անոր բոլոր գարշութիւնները, Բոլոր պղծութիւնները անկէ պիտի վերցնեն։19. Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ, Անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ. Անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու Անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ.20. Որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն, Իմ պատուէրներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։ Անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, Ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ։21. Բայց անոնց ՝ որոնց սիրտը իրենց կամքին գարշութիւններուն Ու պղծութիւններուն ետեւէն կ’երթայ, Անոնց գործերը իրենց գլուխը պիտի բերեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։22. Քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին ու անիւները անոնց հետ էին եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը վերէն անոնց վրայ էր։23. Եւ Տէրոջը քաղաքին մէջտեղէն ելաւ եւ քաղաքին արեւելեան կողմը եղող լերանը վրայ կայնեցաւ։24. Ու Հոգին զիս վերցուց եւ Քաղդէացիներու երկիրը եղող գերիներուն քով տարաւ։ Ասիկա տեսիլքի մէջ եղաւ Աստուծոյ Հոգիովը։ Այն տեսած տեսիլքս իմ վրայէս հեռացաւ։25. Ու ես գերիներուն իմացուցի Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որոնք ինծի յայտներ էր։Եզեկիել 12:1-281. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.2. «Որդի՛ մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ եւ լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր. վասն զի, անոնք ապստամբներու տուն են։3. Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ՛ ու անոնց աչքերուն առջեւ ցորեկով չուէ՛ եւ անոնց աչքերուն առջեւ եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը գնա՛, թերեւս ուշադրութիւն ընեն, թէեւ անոնք՝ ՝ ապստամբներու տուն են։4. Անոնց աչքերուն առջեւ քու կարասիներդ ցորեկով հանէ՛, չուելու կարասիներու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկունը ելի՛ր, գերութեան գացողներու պէս։5. Անոնց աչքերուն առջեւ պատը ծակէ ու անկէ հանէ.6. Անոնց աչքերուն առջեւ զանոնք ուսիդ վրայ վերցուր ու մթնցած ատեն հանէ. երեսդ ծածկէ, որպէս զի երկիրը չտեսնես. վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի»։7. Այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Իմ կարասիներս չուելու կարասիներու պէս ցորեկով հանեցի ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։8. Առտուն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.9. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընես’։10. Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։11. Ըսէ՛՝ Ես ձեզի համար նշան եմ։ Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։12. Անոնց մէջ եղող իշխանը Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ։ Պատը պիտի ծակեն, որպէս զի անկէ հանեն։ Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ, Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։13. Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ Ու անիկա իմ որոգայթիս մեջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն, Քաղդէացիներու երկիրը, պիտի տանիմ։ Անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ, Թէեւ հոն պիտի մեռնի։14. Անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները Ու անոր բոլոր գունդերը Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ, Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։15. Երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ, Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։16. Անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատուած Քիչ մարդ պիտի թողում, Որպէս զի իրենց բոլոր պիղծ գործերը պատմեն Այն ազգերուն մէջ, որոնց մէջ պիտի մտնեն Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։17. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.18. «Որդի՛ մարդոյ, քու հացդ դողալով կե՛ր Ու ջուրդ տագնապով եւ անձկութեամբ խմէ՛19. Ու երկրի ժողովուրդին ըսէ՛. Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն, Որպէս զի իրենց երկիրը բոլորովին ամայի մնայ Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառով։20. Մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին, Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։21. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.22. «Որդի՛ մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը, Որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք Ու կ’ըսէք. ‘Օրերը կ’երկննան Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ’։23. Անոր համար անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս առակը պիտի խափանեմ Եւ այս առակը անգամ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չգործածուի’։ Բայց անոնց ըսէ. ‘Օրերը մօտեցան, Ամէն պատգամ պիտի կատարուի։24. Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։25. Քանզի ես Տէրս կը խօսիմ՝ ՝ Ու խօսքիս գործադրութիւնը Ա՛լ պիտի չուշանայ, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ապստամբներու տուն, Բան մը պիտի ըսեմ ու պիտի կատարեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։26. Նորէն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.27. «Որդի՛ մարդոյ, ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսեն թէ ‘Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ’։28. Ուստի անոնց ըսէ. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. ‘Այսուհետեւ ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ, Հապա իմ խօսքս պիտի կատարուի’։Սաղմոսներ 122:1-51. Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. «Տէրոջը տունը երթանք»։2. Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, Ո՛վ Երուսաղէմ։3. Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է, Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։4. Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելնեն Իսրայէլի պատուիրածին պէս. Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։5. Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները, Դաւիթի տանը աթոռները։Առակներ 28:17-1817. Արիւնապարտ մարդը մինչեւ գուբը կը փախչի։ Թող մէ՛կը չպաշտպանէ զանիկա։18. Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ, Բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ’իյնայ։Եբրայեցիներ 6:1-201. Ուստի Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու,2. Մկրտութիւններուն վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւիտենական դատաստանին։3. Ասոնք պիտի ընենք՝ եթէ Աստուած հրաման տայ4. Վասն զի անհնար է մէկ անգամ լուսաւորուածներուն՝ որոնք երկնաւոր պարգեւին համը առին, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից եղան,5. Աստուծոյ բարի խօսքին ու գալու աշխարհին զօրութիւններուն համը առին6. Որ եթէ իյնան՝ նորէն ապաշխարութիւնով նորոգուին. որովհետեւ կրկին Աստուծոյ Որդին խաչը կը հանեն իրենց անձին ու կը խայտառակեն։7. Վասն զի այն երկիրը, որ իր վրայ շատ անգամ եկած անձրեւը կը խմէ եւ արդիւնք կը բերէ պիտանի անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, Աստուծմէ օրհնութիւն կ’ընդունի.8. Բայց այն որ փուշեր ու տատասկներ կ’աճեցնէ՝ անպիտան է ու անէծքի արժանի եւ պիտի այրուի։9. Իսկ մենք, սի՛րելիներ, ձեր վրայով լաւագոյն եւ փրկութեան վերաբերեալ յոյսեր ունինք, թէեւ այսպէս կը խօսինք։10. Քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։11. Բայց մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։12. Որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին։13. Վասն զի երբ Աստուած Աբրահամին խոստում ըրաւ, որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր,14. Իր անձին վրայ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Այո՛, օրհնելով պիտի օրհնեմ քեզ ու շատցնելով պիտի շատցնեմ քեզ»։15. Եւ Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ։16. Քանզի մարդիկ իրենցմէ մեծին վրայ երդում կ’ընեն ու անոնց բոլոր հակառակութեանը հաստատ վճիռ տուողը երդումն է։17. Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ.18. Որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու,19. Որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ.20. Ուր Յիսուս իբրեւ առաջնորդ մտաւ մեզի համար՝ յաւիտենական Քահանայապետ ըլլալով Մելքիսեդեկին կարգին պէս։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981