Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 14Եզեկիել 19:1-141. Եւ դո՛ւն, Իսրայէլի իշխաններուն վրայ ողբա՛2. Ու ըսէ՛. «Քու մայրդ մատակ առիւծ մըն է, Որ առիւծներու մէջ կը պառկի Ու իր կորիւնները առոյգ առիւծներու մէջ կը մեծցնէ։3. Անիկա իր կորիւններէն մէկը մեծցուց, Որը առոյգ առիւծ եղաւ Եւ յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։4. Անոր դէմ ազգերը ահազանգ հնչեցուցին։ Անիկա անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։ Զանիկա կարթերով Եգիպտոս տարին։5. Երբ մայրը տեսաւ թէ պարապ տեղ սպասեր է եւ ի զուր յուսացած է, Իր կորիւններէն ուրիշ մը առաւ Ու զանիկա առոյգ առիւծ մը ըրաւ։6. Անիկա առիւծներու մէջ պտըտող առոյգ առիւծ մը եղաւ, Յափշտակել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։7. Անոնց ամրոցները աւերեց, Անոնց քաղաքները կործանեց։ Անոր մռնչիւնէն Երկիրը ամբողջութեամբ սարսափեցաւ։8. Շրջակայ գաւառներէն անոր վրայ ազգեր ելան, Անոր դէմ իրենց ցանցը լարեցին։ Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։9. Զանիկա կարթերով վանդակի մէջ դրին, Զանիկա Բաբելոնի թագաւորին տարին, Զանիկա բերդը դրին, Որպէս զի անոր ձայնը անգամ մըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի։10. Քու մայրդ քու նմանութիւնովդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթատունկի պէս է, Որ շատ ջուրերու պատճառով՝ պտղատու ոստերով լեցուեցաւ։11. Անիկա զօրաւոր ճիւղեր ունեցաւ իշխաններու գաւազաններու համար։ Իր հասակը խիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ, Իր բարձրութիւնովն ու բարունակներուն շատութիւնովը երեւցաւ։12. Բայց անիկա բարկութեամբ խլուեցաւ ու գետինը ձգուեցաւ Եւ արեւելեան հովը անոր պտուղը չորցուց։ Անոր զօրաւոր ճիւղերը կոտրեցան ու չորցան Եւ զանոնք կրակը կերաւ։13. Հիմա անապատի մէջ Չոր ու անջուր տեղ մը տնկուեցաւ։14. Անոր ոստերուն մէկ կօթունէն կրակ ելաւ, Անոր պտուղը կերաւ։ Անոր վրայ իշխանի գաւազանի համար զօրաւոր ճիւղ չմնաց։ Ասիկա ողբալի պիտի ըլլայ»։Եզեկիել 20:1-491. Եօթներորդ տարուան, հինգերորդ ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը հարցնելու համար Իսրայէլի ծերերէն մարդիկ եկան եւ իմ առջեւս նստան։2. Ու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.3. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ դուք ինծի հարցնելո՞ւ եկաք։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’։4. Միթէ անոնց դատաստան պիտի ընե՞ս, որդի՛ մարդոյ։ Այն ատեն անոնց հայրերուն պղծութիւնները անոնց գիտցուր5. Ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը որ Իսրայէլը ընտրեցի եւ Յակոբին տանը սերունդին իմ ձեռքս վերցուցի՝ ՝ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց յայտնուեցայ, իմ ձեռքս անոնց վերցնելով՝ ըսի թէ «Ձեր Տէր Աստուածը ես եմ».6. Այն օրը իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք Եգիպտոսէն, այն կաթ ու մեղր բղխող ու ամէն երկիրներու պարծանքը եղող երկիրը հանեմ, որ անոնց համար պատրաստեր էի՝ ՝7. Ու անոնց ըսի. «Ամէն մարդ իր աչքերուն գարշութիւնները թող մէկդի ձգէ ու Եգիպտոսի կուռքերովը չպղծուի. ես եմ ձեր Տէր Աստուածը»’»։8. «Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան եւ չուզեցին ինծի մտիկ ընել, մէկդի չձգեցին իրենց աչքերուն գարշութիւնները ու Եգիպտոսի կուռքերը չթողուցին։ Այն ատեն ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց պիտի բարկանամ։9. Բայց ես իմ անուանս համար ըրի, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ՝ որոնց մէջ անոնք կը գտնուէին եւ որոնց առջեւ ես անոնց յայտնուեցայ, երբ զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի։10. Զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի անապատը տարի11. Եւ իմ օրէնքներս անոնց տուի ու իմ դատաստաններս անոնց գիտցուցի, որոնցմով մարդ կ’ապրի, եթէ զանոնք կատարէ։12. Իմ շաբաթներս ալ անոնց տուի, որպէս զի իմ ու անոնց մէջտեղ նշան ըլլան, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ զիրենք կը սրբեմ։13. «Բայց Իսրայէլի տունը անապատին մէջ ինծի դէմ ապստամբեցաւ։ Իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ դատաստաններս մերժեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի եթէ զանոնք կատարէ։ Իմ շաբաթներս պղծեցին. անոր համար ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ անապատին մէջ ու զանոնք պիտի սպառեմ։14. Ասիկա ես ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն մէջ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։15. Անապատին մէջ որոշեցի զանոնք չտանիլ այն երկիրը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի եւ ամէն երկիրներուն պարծանքը եղող երկիրը, որ անոնց տուեր էի։16. Քանզի իմ դատաստաններս մերժեցին, իմ օրէնքներովս չքալեցին, իմ շաբաթներս պղծեցին. վասն զի անոնց սիրտը իրենց կուռքերուն ետեւէն կ’երթար։17. Բայց իմ աչքս անոնց խնայեց, որ զանոնք չկորսնցնեմ. ուստի անապատին մէջ զանոնք չսպառեցի։18. «Անապատին մէջ անոնց որդիներուն ըսի. ‘Ձեր հայրերուն կանոններովը մի՛ քալէք ու անոնց սովորութիւնները մի՛ պահէք եւ անոնց կուռքերովը մի՛ պղծուիք։19. Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Իմ օրէնքներովս քալեցէ՛ք,20. Իմ շաբաթներս սուրբ պահեցէ՛ք։ Անոնք իմ ու ձեր մէջտեղ նշան ըլլան. որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։21. «Բայց անոնց որդիներն ալ ինծի դէմ ապստամբեցան. իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ կանոններս պահել չմտածեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք կատարէ, իմ շաբաթներս պղծեցին։ Ուստի ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ, անապատին մէջ իմ բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի բորբոքի։22. Սակայն իմ ձեռքս ետ քաշեցի ու ասիկա ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։23. «Անապատին մէջ իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան ընեմ։24. Վասն զի իմ դատաստաններս չգործադրեցին ու իմ օրէնքներս մերժեցին եւ իմ շաբաթներս պղծեցին ու իրենց աչքերը իրենց հայրերուն կուռքերուն ետեւէն եղան։25. Ուստի ես ալ այնպիսի օրէնքներ տուի անոնց՝ որ օգտակար չէին ու այնպիսի կարգադրութիւններ՝ որոնցմով չէին կրնար ապրիլ։26. Զանոնք իրենց ընծաներովը պղծեցի, զանոնք թող տալով որ ամէն արգանդ բացողը կրակէ անցընեն, որպէս զի զանոնք կորսնցնեմ, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։27. «Անոր համար, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը խօսէ՛ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր հայրերը ասով ալ ինծի դէմ յանցանք ընելով՝ զիս նախատեցին։28. Վասն զի երբ զանոնք տարի այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքս վերցուցեր էի, ամէն բարձր բլուր ու ամէն տերեւախիտ ծառ տեսնելով՝ իրենց զոհերը հոն մատուցանեցին, իրենց գրգռիչ ընծաները հոն ներկայացուցին, իրենց անուշահոտ խունկերը հոն ծխեցին եւ իրենց ըմպելի նուէրները հոն մատուցանեցին»։29. (Անոնց ըսի. ‘Ի՞նչ է այդ բարձր տեղը, ուր դուք կ’երթաք, որուն անունը մինչեւ այսօր Բարձր տեղ կը կոչուի’)։30. «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ձեր հայրերուն հետեւելով պոռնկութիւն կ’ընէք31. Եւ ձեր ընծաները մատուցանելով ու ձեր տղաքը կրակէ անցընելով, ձեր բոլոր կուռքերով կը պղծուիք. միթէ ես ձեզի պատասխան պիտի տա՞մ, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’»։32. «Ձեր սրտին խորհուրդը ամենեւին պիտի չկատարուի, որ կ’ըսէք թէ ‘Մենք փայտ ու քար պաշտելով, հեթանոսներուն պէս, երկիրներուն ազգատոհմերուն պէս պիտի ըլլանք’»։33. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անշուշտ ձեր վրայ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով ու թափուած բարկութիւնով թագաւորութիւն պիտի ընեմ։34. Զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ թափուած բարկութիւնով ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հանեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր դուք ցրուեցաք։35. Ձեզ ազգերուն անապատը պիտի տանիմ ու հոն ձեզի հետ երես երեսի դատ պիտի վարեմ։36. Ինչպէս Եգիպտոսի երկրին անապատին մէջ ձեր հայրերուն հետ դատ վարեցի, այնպէս ալ ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ,37. Ձեզ գաւազանի տակէն պիտի անցընեմ ու ձեզ ուխտին կապին տակ պիտի մտցնեմ։38. Ապստամբներն ու ինծի դէմ յանցաւոր եղողները ձեզմէ պիտի զատեմ. զանոնք իրենց պանդխտութեան երկրէն պիտի հանեմ։ Անոնք Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնէն։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։39. «Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Գացէ՛ք, այսուհետեւ ամէն մէկդ ձեր կուռքերուն ծառայութիւն ըրէք, քանի որ դուք ինծի մտիկ չէք ըներ. բայց իմ սուրբ անունս ձեր ընծաներովն ու ձեր կուռքերովը մի՛ պղծէք։40. Վասն զի իմ սուրբ լերանս վրայ, Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ, բոլոր Իսրայէլի տունը՝ ամէնքը իրենց երկրին մէջ ըլլալով՝ հոն ինծի ծառայութիւն պիտի ընեն։ Հոն անոնց պիտի հաճիմ եւ ձեր պատարագներն ու ձեր ընծաներուն երախայրիները ձեր բոլոր սուրբ բաներովը՝ հոն պիտի փնտռեմ։41. Երբ ձեզ ազգերէն հանեմ ու ձեզ հաւաքեմ այն երկիրներէն, ուր դուք ցրուած էք, անուշահոտ խունկով ձեզի պիտի հաճիմ եւ ձեր մէջ ազգերուն աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի ըլլամ։42. Երբ ձեզ Իսրայէլի երկիրը տանիմ, այսինքն այն երկիրը որ ձեր հայրերուն խոստացայ, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։43. Հոն պիտի յիշէք ձեր ճամբաները ու ձեր բոլոր գործերը՝ որոնցմով պղծուեցաք եւ ձեր ըրած բոլոր չարութիւններուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։44. Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, երբ ձեզի այսպէս ընեմ իմ անուանս համար եւ ո՛չ թէ ձեր ճամբաներուն ու ձեր ապականուած վարմունքին համեմատ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէր Եհովան’»։45. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.46. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի հարաւ դարձուր ու դէպի հարաւ խօսէ ու հարաւային դաշտին անտառին վրայ մարգարէութիւն ըրէ47. Եւ հարաւային անտառին ըսէ՛, Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու մէջդ կրակ պիտի վառեմ, որը քու մէջդ եղած ամէն կանանչ ծառ ու ամէն չոր ծառ պիտի ուտէ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի ու անով հարաւէն մինչեւ հիւսիս բոլոր կողմերը պիտի այրին։48. Եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ թէ ես՝ Տէրս՝ զանիկա վառեցի։ Անիկա պիտի չմարի’»։49. Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէր Եհովա, անոնք ինծի համար կ’ըսեն. ‘Չէ՞ որ ասիկա այլաբանութիւններով կը խօսի’»։Սաղմոսներ 125:1-51. Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են, Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։2. Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։3. Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։4. Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն։5. Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։Առակներ 28:22-2222. Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, Ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ։Եբրայեցիներ 10:1-181. Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան։2. Ապա թէ ոչ՝ պիտի չդադարէի՞ն մատուցուելէն, պաշտամունք մատուցանողներուն մէկ անգամ մաքրուելէն յետոյ ա՛լ մեղքի համար խղճի յանդիմանութիւն չէին ունենար։3. Բայց անոնցմով ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ.4. Վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել։5. Անոր համար երբ աշխարհ եկաւ, ըսաւ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։6. Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար»։7. Այն ատեն ըսի. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։8. Վերը ըսիր. «Զոհ ու ընծայ եւ ողջակէզներ ու մեղքի պատարագներ չուզեցիր ու անոնց չհաւնեցար, (որոնք օրէնքին համեմատ կը պատրաստուէին)»։9. Ետքը կ’ըսէ. «Ահա կու գամ ես քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ Առաջինը կը հերքէ, որպէս զի երկրորդը հաստատէ։10. Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը։11. Ամէն քահանայ ամէն օր իր պաշտօնին մէջ կը կենայ եւ նոյն զոհերը շատ անգամ կը մատուցանէ, որոնք երբեք չեն կրնար մեղքերը ջնջել.12. Բայց ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ13. Եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին։14. Վասն զի մէկ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբուածները։15. Սուրբ Հոգին ալ մեզի վկայութիւն կու տայ, քանզի առաջ ըսուածէն յետոյ.16. «Այս է այն ուխտը՝ որ ես անոնց հետ պիտի ընեմ որ այն օրերէն յետոյ, (կ’ըսէ Տէրը,) իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ ու անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք»։17. Ետքը կ’ըսէ. «Անոնց մեղքերը եւ անոնց անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։18. Ուստի երբ անոնց թողութիւն տրուեցաւ, ա՛լ մեղքի համար պատարագ պէտք չէ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981