Աստվածաշունչը մեկ տարում Նոյեմբեր 2Երեմիա 51:1-641. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Բաբելոնի վրայ Ու իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայ Ապականիչ հով մը պիտի հանեմ։2. Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմ Ու զանիկա պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն։ Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան։3. Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմ Ու իր զրահը՝ հպարտացողին դէմ։ Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք, Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛ք։4. Քաղդէացիներուն երկրին մէջ սպաննուածներ Եւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան։5. Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝ Զօրքերու Տէրոջմէն՝ չմերժուեցան, Թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ Յանցանքով լեցուեցաւ։6. «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։ Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ, Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք. Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է, Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։7. Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ Բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ. Անոր գինիէն ազգերը խմեցին, Ատոր համար ազգերը յիմարացան։8. Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ, Անոր վրայ ողբացէ՛ք. Անոր վէրքին համար բալասան առէ՛ք, Թերեւս բժշկութիւն գտնէ։9. Բաբելոնին դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ. Զանիկա թողուցէ՛ք ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ. Վասն զի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ Ու մինչեւ ամպերը ելաւ։10. Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց։ Եկէ՛ք ու Սիօնի մէջ Մեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք։11. Նետերը փայլեցուցէ՛ք, վահանները առէ՛ք. Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց, Քանզի Տէրը խորհեցաւ, որ Բաբելոնը բնաջնջէ։ Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը, Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է։12. Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշակ վերցուցէ՛ք, Պահապան զօրքը ուժովցուցէ՛ք, Դէտեր կարգեցէ՛ք, դարաններ պատրաստեցէ՛ք, Քանզի Տէրը որոշեց Եւ Բաբելոնի բնակիչներուն համար որոշածը գործադրեց։13. Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող, Քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ»։14. Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով. ‘Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ, Որոնք քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան’։15. Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց։ Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։16. Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։ Երկրի ծայրերէն շոգի կը հանէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։17. Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած ՝ անասուն դարձաւ, Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ, Վասն զի իր ձուլած կուռքը ստութիւն է։ Անոնք հոգի չունին,18. Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են. Իրենց պատուհասի ատեն անոնք պիտի կորսուին։19. Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի ամենուն Ստեղծողն է անոր բաժինը Ու Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն է Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։20. «Դուն՝ իմ կռանս, պատերազմական գործիքս ես։ Քեզմով ազգեր պիտի կոտորեմ։ Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւերեմ։21. Ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտորեմ, Կառքն ու կառավարը քեզմով պիտի կոտրտեմ,22. Քեզմով մարդն ու կինը պիտի կոտորեմ, Քեզմով ծերն ու երիտասարդը պիտի կոտորեմ։ Կտրիճը եւ կոյսը քեզմով պիտի կոտորեմ։23. Հովիւը եւ անոր հօտը քեզմով պիտի կոտորեմ, Երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտորեմ, Կուսակալներն ու նախարարները քեզմով պիտի կոտորեմ։24. «Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացիներու երկրին բոլոր բնակիչներուն Պիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը, Ինչպէս ձեր աչքերուն առջեւ Սիօնին ըրին, կ’ըսէ Տէրը։25. «Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ, Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ, Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։ Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ26. Ու քեզմէ անկեան քար եւ հիմի քար պիտի չառնեն, Քանզի յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլաս», կ’ըսէ Տէրը։27. Երկրին մէջ դրօշակ բարձրացուցէ՛ք, Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք, Անոր վրայ Արարատի, Միննիի Ու Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէ՛ք, Անոր վրայ զօրապետներ դրէ՛ք, Մազոտ մարախներու պէս ձիեր հանեցէ՛ք.28. Անոր վրայ ազգեր, Մարերու թագաւորները, Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարները Եւ անոնց հպատակ երկիրը պատրաստեցէ՛ք։29. Երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն պիտի կրէ, Վասն զի Բաբելոնի համար Տէրոջը խորհուրդները պիտի հաստատուին, Բաբելոնի երկիրը անբնակ ու ամայի ընելու համար։30. Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան Եւ բերդերու մէջ բնակեցան. Ուժերնին հատաւ, կիներու պէս եղան։ Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։31. Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելու Ու լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ, Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համար Թէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ,32. Թէ անցքերը բռնուեցան, Եղէգները կրակով այրուեցան, Պատերազմիկները զարհուրեցան։33. Ահա զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է. Անոր ծեծուելու ատենն է. Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ»։34. «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Զիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ, Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ, Վիշապի պէս զիս կլլեց, Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց, Զիս դուրս նետեց»։35. Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ. «Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ»։ Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ. «Իմ արիւնս Քաղդէացիներուն երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։36. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ, Քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ, Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ, Անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։37. Բաբելոն աւերակի դէզեր, Չագալներու բնակարան, Զարմանքի եւ սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ։ Հոն մարդ պիտի չբնակի։38. «Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչեն Եւ կորիւններու պէս պիտի մրմռան։39. Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմ Ու զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանան Եւ յաւիտենական քունով քնանան Ու չարթննան», կ’ըսէ Տէրը։40. «Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէս Կամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։41. «Ի՜նչպէս առնուեցաւ Սիսակը Ու բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ. Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ42. Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ, Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ ան։43. Անոր քաղաքները աւերակ, Անջրդի երկիր ու անապատ եղան։ Այնպիսի երկիր մը եղան, ուր մարդ չի բնակիր Ու անկէ մարդու զաւակ չ’անցնիր։44. Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի պատժեմ Ու անոր բերնէն՝ իր կլլածը պիտի հանեմ Ու անգամ մըն ալ ազգեր անոր պիտի չդիմեն։ Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի։45. «Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն։46. Չըլլայ թէ երկրին մէջ տարածուած լուրէն Ձեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք, Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը, Հետեւեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ, Երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ, Իշխան իշխանի դէմ ելլէ ։47. «Անոր համար ահա օրեր կու գան, Երբ Բաբելոնի կուռքերը պիտի պատժեմ. Անոր բոլոր երկիրը պիտի ամչնայ, Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։48. Այն ատեն երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածը Բաբելոնի վրայ պիտի խնդան, Վասն զի աւերողները հիւսիսէն պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը։49. Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպաննուածները վար ձգեց, Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան»։50. «Ո՛վ սուրէ ազատուածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք, Հեռուէն Տէրը յիշեցէ՛ք Ու Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ։51. «Նախատինքներուն համար ամչցանք. Ամօթը մեր երեսը ծածկեց, Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան։52. Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմ Եւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն։53. Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէ Ու իր զօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ՝ ՝, Իմ կողմէ աւերողներ պիտի գան անոր», կ’ըսէ Տէրը։54. Բաբելոնէն աղաղակի ձայն Ու Քաղդէացիներու երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ ։55. Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ’աւերէ Ու անոր մեծ ձայնը կը խափանէ. Որովհետեւ անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոռան Եւ անոնց ձայնը աղմուկի փոխուած է։56. Քանզի Բաբելոնի վրայ աւերող մը եկաւ Ու անոր զօրաւորները առնուեցան, Անոնց աղեղները կոտրուեցան, Քանզի Տէրը հատուցանող Աստուած ըլլալուն՝ Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ։57. «Անոր իշխաններն ու իմաստունները, Կուսակալներն ու նախարարները Եւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմ Ու անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան Ու պիտի չարթննան», կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրքերու Տէր է։58. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլին, Անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին։ Ժողովուրդները պարապ տեղը Ու ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին»։59. Այս խօսքն է որ Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդիին Ներիայի որդիին Սարայիային, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց ու Սարայիան գլխաւոր սենեկապետն էր։60. Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գրքի մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, որ Բաբելոնի դէմ ըսուած են։61. Երեմիա Սարայիային ըսաւ. «Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ՛ ու կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը62. Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ’»։63. Երբ այս գիրքը կարդաս լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապէ ու զանիկա Եփրատի մէջ նետէ64. Ու ըսէ՛. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով եւ անոնք պիտի յոգնին»։ Երեմիային խօսքերը մինչեւ հոս են։Երեմիա 52:1-341. Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր ու Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։2. Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ.3. Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ բորբոքեցաւ եւ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Անոր համար Սեդեկիան Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ։4. Անոր թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջը պատնէշներ շինեցին5. Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։6. Չորրորդ ամսուն, ամսուան իննին, քաղաքին մէջ սաստիկ սով եղաւ ու ժողովուրդը հաց չունէր7. Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները փախան եւ գիշերով թագաւորին պարտէզին մօտակայ երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայով քաղաքէն ելան։ Քաղդէացիները քաղաքին շուրջը կեցեր էին։ Փախստականները դաշտի ճամբայէն գացին։8. Քաղդէացիներու զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան։ Անոր բոլոր զօրքը իր քովէն ցրուեցան։9. Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին Ռեբղա տարին Եմաթի երկրին մէջ եւ անոր դատաստանը տեսաւ։10. Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիային տղաքները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց եւ Յուդայի բոլոր իշխաններն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց11. Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զանիկա Բաբելոն տարաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բանտի մէջ պահեց։12. Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին Բաբելոնի թագաւորին առջեւ կայնող Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ մտաւ13. Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։14. Դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ բոլոր պարիսպները փլցուցին։15. Ժողովուրդին աղքատներէն մաս մը, քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը ու Բաբելոնի թագաւորին բռնած փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։16. Բայց Նաբուզարդան դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց իբր այգեգործներ ու երկրագործներ։17. Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու մեքենովթները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց բոլոր պղինձը Բաբելոն տարին։18. Եւ թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու կոնքերը եւ խնկամաններն ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։19. Գաւաթներն ու բուրվառները եւ կոնքերն ու թաղարները եւ աշտանակներն ու խնկամանները եւ բաժակները առաւ դահճապետը՝ ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբրեւ ոսկի ու ինչ որ արծաթէ էր՝ իբրեւ արծաթ։20. Նաեւ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղնձէ եզները՝ ՝, բոլոր այս գործիքներուն պղինձին կշիռքը անհաշիւ էր։21. Սիւներէն մէկուն բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր ու անոր շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր ու մէջը պարապ էր։22. Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր եւ խոյակին շուրջը ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային։ Բոլորն ալ պղնձէ էին։ Միւս սիւնն ալ նուռերով այնպէս էր։23. Նուռերը ամէն կողմէն իննիսունըվեց հատ էին ու ցանցակերպ զարդին շուրջի բոլոր նուռերը հարիւր հատ էին։24. Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու դրան երեք պահապանները առաւ25. Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու քաղաքին մէջ գտնուած՝ թագաւորին առջեւ կեցողներէն՝ ՝ եօթը մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ ։26. Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։27. Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ մեռցուց Եմաթի երկրին Ռեբղայի մէջ։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։28. Նաբուգոդոնոսորի գերի քշած ժողովուրդը ասիկա է։ Եօթներորդ տարին երեք հազար քսանըերեք Հրեայ.29. Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսունըերկու հոգի.30. Նաբուգոդոնոսորի քսանըերեքերորդ տարին Նաբուզարդան դահճապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունըհինգ հոգի գերի քշեց. ամէնքը չորս հազար վեց հարիւր հոգի եղան։31. Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։32. Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ.33. Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր հետ հաց կ’ուտէր։34. Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ մինչեւ անոր մահուան օրը Բաբելոնի թագաւորին կողմէ ամէն օր անոր կը տրուէր։Սաղմոսներ 119:129-136129. Քու վկայութիւններդ զարմանալի են, Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։130. Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։131. Իմ բերանս բացի ու հեւացի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։132. Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի, Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։133. Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։134. Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։135. Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։136. Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս, Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։Առակներ 28:7-87. Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է, Բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ’ամչցնէ։8. Իր ստացուածքը տոկոսով եւ վաշխով աւելցնողը, Զանիկա աղքատին ողորմութիւն ընողին համար կը հաւաքէ։Տիտոս 2:1-151. Սորվեցուր ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեան։2. Ծերերուն՝ զգաստ ըլլայ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով։3. Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլալ, ո՛չ գինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող.4. Որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն,5. Խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։6. Նոյնպէս ալ երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ։7. Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն. պարկեշտութիւն,8. Ողջամիտ ու անմեղադրելի խօսք, որպէս զի հակառակ կեցողը ամչնայ ու մեր վրայով գէշ բան մը չկրնայ ըսել։9. Ծառաներուն սորվեցուր իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլալ եւ ամէն բանի մէջ հաճելի՝ ո՛չ հակառակախօսներ,10. Ո՛չ խորողներ, հապա կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցնեն, որպէս զի մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն։11. Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երեւցաւ։12. Ան մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։13. Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։14. Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր։15. Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով։ Չըլլայ թէ մէկը քեզ անարգէ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981