Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 10Հոսեա 11:1-111. «Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի Ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։2. Որչափ զանոնք կանչեցի, այնչափ անոնք իմ երեսէս հեռացան։ Բահաղիմներուն զոհ մատուցանեցին Ու կուռքերուն խունկ ծխեցին։3. Ես Եփրեմին քալել սորվեցուցի. Զանոնք իրենց թեւերէն՝ ՝ կը վերցնէի, Սակայն չգիտցան թէ ես զիրենք բժշկեցի։4. Զանոնք կարեկցութեան չուաններով, սիրոյ կապերով առաջնորդեցի Ու անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց Եւ զանոնք քաղցրութեամբ կերակրեցի։5. Անոնք Եգիպտոս պիտի չդառնան, Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոնց թագաւորը, Քանզի ինծի դառնալ մերժեցին։6. Անոնց քաղաքներուն դէմ պատերազմ պիտի մղուի, Անոնց դռներուն նիգերը պիտի կոտրին Եւ զիրենք պիտի բնաջնջէ Իրենց խորհուրդներուն համար։7. Իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապստամբելու հակամէտ է։ Թէեւ անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին, Սակայն ոեւէ մէկը զանիկա չի բարձրացներ։8. Քեզ ի՞նչպէս տամ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ. Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ։ Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ։ Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի, Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։9. Իմ սաստիկ բարկութիւնս պիտի չգործադրեմ։ Եփրեմը կրկին պիտի չաւերեմ, Քանզի ես Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ, Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմ Ու բարկութեամբ պիտի չգամ՝ ՝։10. Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան, Անիկա առիւծի պէս պիտի մռնչէ, Երբ անիկա մռնչէ, Արեւմուտքի կողմէն տղաքները արտորալով պիտի գան։11. Անոնք Եգիպտոսէն՝ թռչունի պէս Ու Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորալով պիտի գան։ Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։Հոսեա 12:1-141. Եփրեմ զիս կը պաշարէ ստութեամբ Ու Իսրայէլի տունը՝ նենգութեամբ. Բայց Յուդան տակաւին Աստուծմէ կը ճանչցուի Ու սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։2. Եփրեմ հով կը ճարակէ ու արեւելեան հովին ետեւէն կը վազէ. Ամէն օր ստութիւնն ու յափշտակութիւնը կը շատցնէ. Դաշնակցութիւն կ’ընէ Ասորեստանի հետ Ու իւղը կը տանի Եգիպտոս։3. Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի Ու Յակոբը՝ անոր ճամբաներուն համեմատ՝ պիտի պատժէ Ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր։4. Անիկա արգանդին մէջ իր եղբօրը գարշապարէն բռնեց Եւ իր ուժովը Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։5. Հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ ու յաղթեց, Լացաւ եւ անկէ շնորհք խնդրեց։ Բեթէլի մէջ Աստուծոյ հանդիպեցաւ, Աստուած հոն անոր խօսեցաւ,6. Այսինքն զօրքերու Տէր Աստուածը, Որուն անունը Եհովա է։7. «Ուրեմն դուն քու Աստուծոյդ օգնութեամբ դարձիր, Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ Ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա»։8. Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, Անիկա հարստահարելը կը սիրէ։9. Ու Եփրեմ ըսաւ. «Իրաւցընէ հարստացայ, Ինծի ստացուածք գտայ, Իմ վաստակներուս համար Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս, որ մեղք ըլլայ.։10. Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն քու Տէր Աստուածդ եմ» Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերու պէս։11. Եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ, Տեսիլքները շատցուցի, Մարգարէներուն միջոցով առակներ գործածեցի։12. Արդարեւ եթէ Գաղաադ անօրէն է, անպայման պիտի ոչնչանայ. Եթէ Գաղգաղայի մէջ արջառներ զոհեցին, Անոնց սեղաններն անգամ արտի ակօսներուն քով եղող քարակոյտերու պէս պիտի ըլլան։13. Եւ Յակոբ Ասորիներու երկրէն փախաւ Ու Իսրայէլ կնոջ համար ծառայութիւն ըրաւ Ու կնոջ համար հովիւ եղաւ։14. Տէրը մէկ մարգարէով Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը Ու անիկա մէկ մարգարէով պահպանուեցաւ։Սաղմոսներ 139:17-2417. Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։18. Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։ Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։19. Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած. Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինծմէ։20. Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին Եւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն՝ ՝։21. Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր Ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։22. Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ Եւ ինծի թշնամի կը համարեմ։23. Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս24. Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։Առակներ 29:22-2222. Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ ։Հուդա 1:1-251. Յուդա՝ Յիսուս Քրիստոսին ծառայ ու Յակոբոսին եղբայրը՝ ձեզի, որ Հայր Աստուծմէն սրբուած էք եւ Յիսուս Քրիստոսէն պահուած ու կանչուած.2. Ողորմութիւն ու խաղաղութիւն եւ սէր ձեր վրայ շատնան։3. Սի՛րելիներ, բոլոր ջանքը վրաս առնելով ձեզի կը գրեմ հասարակաց փրկութեան համար, իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ4. Քանզի մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան։5. Արդ՝ կ’ուզեմ ձեզի յիշեցնել, թէեւ գիտէք ասիկա, թէ Տէրը, որ ժողովուրդը Եգիպտոսի երկրէն ազատեց, ետքը չհաւատացողները կորսնցուց։6. Եւ այն հրեշտակները, որոնք իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին, մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար։7. Ինչպէս Սոդոմ ու Գոմոր եւ անոնց բոլորտիքը եղած քաղաքները, որոնք ասոնց նման պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով, մեր առջեւ օրինակ կեցեր են՝ յաւիտենական կրակին դատապարտութիւնը ընդունելով։8. Նմանապէս այս ցնորածներն ալ մարմինը կը պղծեն, տէրութիւնը կ’անարգեն, մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն։9. Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր, չհամարձակեցաւ հայհոյութեան դատապարտութիւն բերել անոր վրայ, հապա ըսաւ. «Տէրը յանդիմանէ քեզ»։10. Իսկ ասոնք այն բաներուն որոնք չեն հասկնար, հայհոյութիւն կ’ընեն եւ այն բաներուն որոնք բնականաբար, անբան անասուններու պէս գիտեն, անոնց մէջ պիտի ապականին։11. Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնին ճամբովը գացին ու Բաղաամի մոլորութեանը պէս ցանկութեամբ վարձքի ետեւէ գացին ու Կորխին հակառակութեանը պէս կորսուեցան։12. Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ են, երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին, աներկիւղ իրենց անձը կը կերակրեն։ Անջուր ամպեր են հովերէն քշուած, պտուղնին կորսնցուցած ծառեր, բերք չունեցող, երկու անգամ մեռած, արմատէն խլուած։13. Ծովու կատղած ալիքներ, որոնք իրենց անձերուն ամօթը կը փրփրցնեն. մոլորուած աստղեր, որոնց համար խաւարին մէգը պահուած է յաւիտեան։14. Անոնց համար մարգարէացաւ Ենովքն ալ, որ եօթներորդն էր Ադամէն ու ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ,15. Ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։16. Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ կ’երթան եւ իրենց բերանները ամբարտաւան խօսքեր կը խօսին եւ շահու համար երեսպաշտութիւն կ’ընեն։17. Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, յիշեցէք այն խօսքերը, որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առաքեալներէն նախապէս խօսուեցան,18. Որոնք ձեզի կ’ըսէին թէ՝ «Վերջին ժամանակը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համեմատ պիտի երթան»։19. Ասոնք ինքզինքնին զատող շնչաւորներ են, որոնք Հոգին չունին։20. Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք,21. Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար։22. Եւ երկմիտներուն ողորմեցէ՛ք։23. Եւ ոմանք վախով ազատեցէք՝ կրակէն յափշտակելով զանոնք, ատելով մարմնէն աղտոտուած հանդերձն ալ։24. Եւ անոր՝ որ կարող է ձեզ անբիծ պահել եւ իր փառքին առջեւ անարատ կայնեցնել ցնծութիւնով,25. Մեր Փրկչին, միմիայն Աստուծոյ, [մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով] փառք ու մեծութիւն, զօրութիւն ու իշխանութիւն [բոլոր դարերէն առաջ,] եւ հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ։ Ամէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981