Աստվածաշունչը մեկ տարում Դեկտեմբեր 12Ջոել 1:1-201. Տէրոջը խօսքը Փաթուէլի որդիին Յովէլին։2. «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր Ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, Միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։3. Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք Ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն Ու անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն ։4. Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ, Ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ, Ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ»։5. «Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք Եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ. Սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար, Քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ։6. Վասն զի իմ երկրիս վրայ Զօրաւոր անթիւ ազգ մը ելաւ։ Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են Ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։7. Անիկա իմ որթատունկս աւերեց Եւ իմ թզենիս կոտրտեց։ Զանոնք բոլորովին կեղուեց ու վար ձգեց, Անոնց ճիւղերը ճերմկցուեցան։8. Ողբ ըրէ՛ կոյսի մը պէս՝ Որ իր երիտասարդութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ ։9. Հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Տէրոջը տունէն կտրուեցան։ Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները սուգ կը բռնեն։10. Արտերը ամայացան, երկիրը սուգ կը բռնէ, Քանզի ցորենը աւերուեցաւ, Նոր գինին չորցաւ, իւղը պակսեցաւ։11. Ամչցէ՛ք, ո՛վ երկրագործներ, Ողբացէ՛ք, ո՛վ այգեգործներ, Թէ՛ ցորենին համար եւ թէ՛ գարիին համար, Քանզի արտերուն բերքը փճացաւ։12. Որթատունկը չորցաւ ու թզենին թօշնեցաւ, Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին եւ Արտին բոլոր ծառերը չորցան. Այսպէս մարդոց որդիներէն ուրախութիւնը վերցուեցաւ։13. Քուրձ հագէ՛ք ու ողբացէ՛ք, ո՛վ քահանաներ. Հառաչեցէ՛ք, ո՛վ խորանին պաշտօնեաներ. Եկէ՛ք, ո՛վ իմ Աստուծոյս ծառաները, Գիշերը քուրձերու մէջ անցուցէ՛ք, Քանզի հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Ձեր Աստուծոյն տունէն վերցուեցան։14. Ծոմապահութեան օր որոշեցէք, Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք. Ծերերն ու երկրին բնակիչները Ձեր Տէր Աստուծոյն տունը հաւաքեցէք Ու Տէրոջը աղաղակեցէ՛ք։15. Աւա՜ղ այն օրուան համար։ Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ։16. Ահա մեր աչքին առջեւէն կերակուրը, Մեր Աստուծոյն տունէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը դադրեցան։17. Հողին չոր կոշտերուն տակ սերմերը փտտեցան, Շտեմարանները պարապ մնացին, ամբարները քանդուեցան, Քանզի ցորենը խորշակահար եղաւ։18. Ի՜նչպէս կը հեծեծեն անասունները. Արջառներուն նախիրները աստանդական կը պտըտին, Քանզի անոնց համար արօտ չկայ։ Ոչխարներուն հօտերն ալ կորսուեցան։19. Քեզի՛ պիտի աղաղակեմ, ո՛վ Տէր, Քանզի կրակը կերաւ արօտները Ու բոցը այրեց դաշտին բոլոր մասերը։20. Դաշտին անասուններն անգամ քեզի կը նային, Քանզի ջուրերուն վտակները ցամքեր են Ու կրակը կերեր է արօտները։Ջոել 2:1-321. Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Ահազանգ թող լսուի սուրբ լերանս վրայ։ Երկրին բոլոր բնակիչները թող դողան, Քանզի Տէրոջը օրը կու գայ,2. Խաւարի ու մէգի օրը, Ամպի ու մառախուղի օրը։ Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի, Այնպէս շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը պիտի գայ, Որուն նմանը երբեք չէ եկած Ու ասկէ ետքը ապագային ալ Պիտի չգայ՝ դարէ դար։3. Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ Ու ետեւէն բոցը պիտի այրէ. Երկիրը անոր առջեւ Եդեմի դրախտին պէս էր, Բայց անոր ետեւը ամայի անապատ պիտի ըլլայ։ Անկէ բան մըն ալ պիտի չազատի։4. Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է, Անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։5. Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնի պէս, Յարդը ուտող կրակի բոցի ձայնին պէս, Պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցատկեն։6. Անոնց առջեւ ժողովուրդները պիտի տագնապին, Բոլոր երեսները գոյներնին պիտի նետեն։7. Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն, Պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն, Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ, Իրենց շաւիղներէն պիտի չխոտորին։8. Մէկզմէկ պիտի չհրեն, Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ։ Եթէ սուրի վրայ ալ իյնան՝ պիտի չվիրաւորուին։9. Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին Ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։ Տուներուն վրայ պիտի ելլեն, Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն։10. Անոնց առջեւ երկիրը պիտի դողայ, Երկինք պիտի սարսի, Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։11. Տէրը իր զօրքերուն առջեւ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, Քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է, Քանզի անոր հրամանը գործադրողը զօրաւոր է. Քանզի Տէրոջը օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է, Ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ։12. Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։13. Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. Քանզի անիկա ողորմած ու գթած, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է Ու չարիքի համար կը զղջայ։14. Ո՞վ գիտէ, թերեւս անիկա դառնայ ու զղջայ Ու իր ետեւէն օրհնութիւն թողու, Որպէս զի կարող ըլլաք ձեր Տէր Աստուծոյն Հացի ընայ ու ըմպելի նուէր մատուցանել ։15. Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Ծոմապահութեան օր որոշեցէ՛ք, Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք.16. Ժողովուրդը հաւաքեցէ՛ք, ժողովը սրբեցէ՛ք, ծերերը հաւաքեցէ՛ք. Տղաքներն ու կաթնկեր մանուկները հաւաքեցէ՛ք. Փեսան իր սենեակէն թող ելլէ Ու հարսը՝ իր առագաստէն։17. Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները Սրահին ու սեղանին մէջտեղ թող լան Ու ըսեն. «Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ խնայէ՛ Եւ քու ժառանգութիւնդ մի՛ նախատեր, Որ ազգերը անոնց վրայ տիրեն։ Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներուն մէջ ըսեն թէ ‘Ո՞ւր է անոնց Աստուածը’»։18. Այն ատեն Տէրը իր երկրին համար նախանձախնդիր պիտի ըլլայ Ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի։19. Եւ Տէրը պատասխան պիտի տայ ու իր ժողովուրդին ըսէ. «Ահա ես ձեզի ցորեն, գինի ու իւղ պիտի պարգեւեմ, Որ անոնցմով կշտանաք։ Ձեզ անգամ մըն ալ ազգերուն մէջ նախատինքի առարկայ պիտի չընեմ։20. Հիւսիսային զօրքը ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ. Անոր երեսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կռնակը դէպի արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ Զանիկա չոր ու ամայի երկիր մը պիտի քշեմ. Անոր գէշ հոտը պիտի ելլէ, Անոր գարշահոտութիւնը պիտի աւելնայ, Քանզի մեծ բաներ ըրաւ։21. Մի՛ վախնար, ո՛վ երկիր, ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, Քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ։22. Ո՛վ դաշտի անասուններ, մի՛ վախնաք, Քանզի անապատին արօտները պիտի կանանչանան, Քանզի ծառը իր պտուղը պիտի տայ, Թզենին ու որթատունկը իրենց արդիւնքը պիտի տան։23. Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիօնի որդիներ, Ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք, Քանզի անիկա պէտք եղած չափով առաջին անձրեւը ձեզի պիտի տայ, Ձեզի անձրեւ պիտի տեղացնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը առաջուան պէս։24. Կալերը ցորենով պիտի լեցուին, Հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին։25. Կրկին ձեզի պիտի տամ այն տարիներուն պտուղները, Որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը, Ձեր մէջ ղրկած իմ մեծ բանակս, կերան։26. Առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք Ու ձեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի օրհնէք, Որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ։ Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։27. Պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ, Թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ եւ ուրիշ մը չկայ։ Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։28. «Ասկէ յետոյ Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ Ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։ Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։29. Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ Այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։30. Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, Արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։31. Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։32. Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի. Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝ Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, Այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։Ջոել 3:1-211. «Ահա այն օրերը ու այն ժամանակը, Երբ ես Յուդան ու Երուսաղէմը գերութենէ պիտի դարձնեմ,2. Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ Ու զանոնք Յովսափատի հովիտը պիտի իջեցնեմ։ Հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ Իմ ժողովուրդիս ու իմ ժառանգորդիս՝ Իսրայէլին համար, Որ ազգերու մէջ ցրուեցին, Իմ երկիրս բաժնեցին,3. Իմ ժողովուրդիս համար վիճակ ձգեցին, Տղան պոռնիկի վարձքի տեղ տուին, Աղջիկը գինիի համար ծախեցին, որպէս զի խմեն։4. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, Ո՛վ Տիւրոս ու Սիդոն եւ Փղշտացիներու բոլոր սահմաններ։ Միթէ դուք ինծի հատուցո՞ւմ պիտի ընէք։ Եթէ դուք ինծի հատուցում ընէք, Շուտով ձեր հատուցումը պիտի դարձնեմ ձեր գլխուն։5. Քանզի իմ արծաթս ու իմ ոսկիս առիք, Իմ աղէկ ու ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք,6. Յուդայի որդիները ու Երուսաղէմի որդիները Յոյներու որդիներուն ծախեցիք, Որպէս զի զանոնք իրենց սահմանէն հեռացնէք։7. Ահա ես զանոնք պիտի վերադարձնեմ այն տեղէն՝ ուր դուք զանոնք ծախեցիք, Ձեր ըրածը պիտի փոխադարձնեմ։8. Ձեր տղաքներն ու աղջիկները Յուդայի որդիներուն պիտի ծախեմ Եւ անոնք ալ հեռաբնակ ազգի մը, Սաբայեցիներուն, պիտի ծախեն զանոնք», Քանզի Տէրը խօսեցաւ։9. Ասիկա ազգերու մէջ հրատարակեցէ՛ք, Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք, Զօրաւորները արթնցուցէ՛ք, Բոլոր պատերազմիկները թող մօտենան ու ելլեն։10. Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք Ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ։ Տկար եղողը՝ ‘Ես զօրաւոր եմ’, թող ըսէ։11. Շուտով եկէ՛ք, ո՛վ բոլոր շրջակայ ազգեր ու հաւաքուեցէ՛ք։ Քու մարտիկներդ, ո՛վ Տէր, հոն իջեցուր։12. Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան, Քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն պիտի նստիմ։13. Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։ Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ, Աւազանները կը յորդին. Քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է։14. Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։ Տէրոջը օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։15. Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։16. Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, Երկինք ու երկիր պիտի սարսին, Բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն Ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ17. Եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, Որ իմ սուրբ լերանս վրայ՝ Սիօնի մէջ՝ կը բնակիմ։ Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ, Անգամ մըն ալ օտարներ պիտի չանցնին անկէ։18. Այն օրերը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Բլուրները կաթ պիտի վազցնեն, Յուդայի բոլոր ձորերը ջուրեր պիտի հոսեցնեն. Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի բղխի Եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ։19. Յուդայի որդիներուն եղած անիրաւութեանը համար Եգիպտոս պիտի ամայանայ, Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ, Քանզի անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափուեցաւ։20. Բայց Յուդա յաւիտեան մարդաբնակ պիտի ըլլայ Եւ Երուսաղէմ՝ դարէ դար։21. Անոնց արեան վրէժը պիտի առնեմ եւ չարութիւնը պիտի չմաքրեմ Եւ Տէրը Սիօնի մէջ պիտի բնակի»։Սաղմոսներ 140:6-136. Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։7. Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը, Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։8. Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ, Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ, Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։)9. Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։10. Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ. Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։11. Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի. Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը, Որպէս զի զանիկա կործանէ։12. Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։13. Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն. Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։Առակներ 29:24-2424. Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ, Անիկա կ’երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ։Հայտնություն 2:1-291. Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի.2. Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։3. Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար՝ ՝ ու չթուլցար։4. Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր։5. Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես։6. Բայց ասիկա ունիս որ Նիկողայոսեաններուն գործերը կ’ատես, որոնք ես ալ կ’ատեմ։7. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ‘Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է’»։8. Եւ Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու կենդանացաւ.9. Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես,) ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ։10. Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ։11. ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’։ ‘Ան որ կը յաղթէ, երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի’»։12. Պերգամոնի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ սրած երկբերան սուրը ունի.13. Գիտեմ քու գործերդ եւ թէ ո՞ւր կը բնակիս, այսինքն Սատանային աթոռին եղած տեղը ու իմ անունս կը պահես եւ իմ հաւատքս չուրացար այն օրերն անգամ՝ երբ Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ սպաննուեցաւ ձեր մէջ, ուր Սատանան կը բնակի։14. Բայց քեզի դէմ քիչ մը բան ունիմ, որ հոդ Բաղաամին վարդապետութեանը հետեւողներ կան, որ Բաղակին սորվեցուց Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գայթակղութիւն դնել, որպէս զի անոնք կուռքերու զոհուածներ ուտեն ու պոռնկութիւն ընեն։15. Ասկէ զատ դուն Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ ունիս, որը ես կ’ատեմ։16. [Ուստի] ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ։17. ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’. ‘Ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի’»։18. Եւ Թիւատիրի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի ու իր ոտքերը ոսկեպղնձի նման են.19. Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են։20. Բայց քեզի դէմ բան մը՝ ՝ ունիմ, որ կը թուլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել։21. Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։22. Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն։23. Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ։24. Ձեզի՛ կ’ըսեմ՝ միւսներուդ՝ որ Թիւատիրի մէջ էք բայց այս վարդապետութիւնը չունիք, որ չճանչցաք Սատանային ծածուկ բաները, (ինչպէս կ’ըսեն,) Ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր.25. Հապա զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ։26. Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ,27. (Եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին.)28. Ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի ու անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը։29. ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981