1. Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։
2. Ու ըսաւ. «Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէ Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։ Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւ Կարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։
3. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դամասկոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին։
4. Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Բենադադի պալատները պիտի ուտէ։
5. Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրտեմ Ու Աւենի դաշտէն՝ բնակիչը։ Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ Եւ Ասորիներու ժողովուրդը դէպի Կիր գերի պիտի քշուի»։
6. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գազայի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի բոլոր ժողովուրդը աքսորեցին, Որպէս զի Եդովմին ձեռքը մատնեն։
7. Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։
8. Ազովտոսէն՝ բնակիչը, Ասկաղոնէն՝ գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ, Իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմ Ու Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի»։
9. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Տիւրոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմին ձեռքը մատնեցին, Եղբայրական ուխտը չյիշեցին։
10. Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ»։
11. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եդովմի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի իր եղբայրը սուրով հալածեց, Իր ողորմութիւնը դադրեցուց, Իր բարկութիւնը միշտ բորբոքեցուց Ու իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց։
12. Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ»։
13. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ամմոնի որդիներուն երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին, Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն։
14. Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։ Ասիկա պատերազմի օրը՝ աղաղակով, Փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ ։
15. Եւ անոնց թագաւորը՝ ՝ գերութեան պիտի երթայ, Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ»։
1. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մովաբի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները՝ մինչեւ կիր դառնալը՝ այրեց։
2. Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ։ Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի։
3. Անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմ Ու անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ»։
4. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յուդայի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին Ու անոր պատուիրանները չպահեցին, Հապա իրենց ստութիւններով մոլորեցան, Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։
5. Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։
6. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի անոնք արդարը՝ ստակով Ու տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին։
7. Անոնք աղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան՝ ՝, Չքաւորներուն ճամբան կը ծռեն Եւ իմ սուրբ անունս պղծելու համար Տղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն
8. Ու ամէն սեղանի քով Գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին Եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ Զրկուածներուն գինին կը խմեն։
9. «Ես անոնց առջեւէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի, Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր, Անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր։ Վերէն անոր պտուղը Եւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի։
10. Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի, Ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի, Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք։
13. Ահա ես ձեր եղած տեղը ձեզ պիտի ճզմեմ Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը ճզմէ։
14. Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ, Ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել, Զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել,
15. Աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ, Շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատել Ու ձի հեծնողն ալ պիտի չկրնայ իր անձը ազատել
16. Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը Այն օրը մերկ պիտի փախչի», կ’ըսէ Տէրը։
1. Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Որ Տէրը ձեզի դէմ կը խօսի, Այն բոլոր ազգատոհմին դէմ, Որ Եգիպտոսէն հանեց.
2. «Երկրի բոլոր ազգատոհմերէն միայն քեզ ճանչցայ, Այս պատճառով ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ»։
3. «Կարելի՞ է, որ երկու մարդ մէկտեղ քալեն, Եթէ միաբանութիւն չունենան։
4. Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞, Եթէ որս մը չունենայ։ Կորիւնը իր որջէն ձայն կու տա՞յ, Եթէ բան մը առած չըլլայ։
5. Միթէ թռչունը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ, Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ. Վարմը երկրէն կը վերցուի՞, Երբ բան մը բռնած չըլլայ։
6. Եթէ քաղաքին մէջ փող հնչուի, Ժողովուրդը չի՞ վախնար։ Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կ’ըլլա՞յ, Եթէ Տէրը ըրած չըլլայ։
7. Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չըներ, Մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ։
8. Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։ Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։
9. Ազովտոսի մէջ՝ պալատներու վրայ Ու Եգիպտոսի մէջ պալատներու վրայ կանչեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. «Սամարիայի լեռներուն վրայ հաւաքուեցէ՛ք Եւ անոր խռովութիւնները Ու բռնութիւնները տեսէ՛ք»։
10. «Քանզի ուղղութիւն ընել չեն գիտեր, կ’ըսէ Տէրը, Այլ իրենց պալատներուն մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը դիզեն»։
11. Ուստի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Թշնամին երկրին բոլորտիքը պիտի ըլլայ Ու ամրութիւնդ պիտի խորտակուի Եւ քու պալատներդ պիտի կողոպտուին»։
12. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս հովիւը առիւծին բերնէն Երկու ազդրը կամ մէկ ականջի կտոր կ’ազատէ, Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները, Որոնք Սամարիայի մէջ՝ բազմոցի մը անկիւնը Ու Դամասկոսի մէջ՝ ՝ անկողնի վրայ կը նստին»։
14. «Այն օրը, երբ Իսրայէլի յանցանքներուն պատիժը անոր վրայ բերեմ, Բեթէլի սեղաններն ալ պիտի պատժեմ։ Սեղանին եղջիւրները պիտի կոտրտին ու գետինը իյնան։
15. Ձմեռնային տունն ու ամառնային տունը պիտի կործանեմ, Փղոսկրեայ տուները պիտի կորսուին, Մեծ տուները բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
1. Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի. Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։
2. Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս ։
3. Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։
4. Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի, Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։
25. Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։
1. Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա որ ունի Աստուծոյ եօթը Հոգիները ու եօթը աստղերը. ‘Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես։
2. Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։
3. Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ։
4. Սակայն քանի մը անձեր ունիս Սարդիկէի մէջ, որոնք իրենց հանդերձները չաղտոտեցին եւ ճերմակներով պիտի պտըտին ինծի հետ, քանզի արժանի են։
5. Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ եւ անոր անունը պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ ու անոր հրեշտակներուն առջեւ։
6. ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։
7. Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ.
8. Գիտեմ քու գործերդ։ Ահա քու առջեւդ բացուած դուռ մը դրի, որ մէ՛կը չի կրնար գոցել. վասն զի դուն քիչ մը կարողութիւն ունիս եւ իմ խօսքս պահեցիր ու իմ անունս չուրացար։
9. Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի։
10. Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։
11. Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ։
12. Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու ալ դուրս պիտի չելլէ։ Անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս.
13. ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։
14. Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը.
15. Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։
16. Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։
17. Քանզի կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ։
18. Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. Ինծմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս ու ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես։
19. Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛։
20. Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։
21. Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ։
22. Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981