Աստվածաշունչը մեկ տարում Հուլիս 152 քրոնիկները 25:1-281. Ամասիա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղեմացի էր։2. Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով։3. Երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին.4. Բայց անոնց որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրինաց գրքին մէջ գրուած է։ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի»։5. Ամասիա Յուդան հաւաքեց ու անոնց տոհմերուն վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ՝ բոլոր Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եւ քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեց ու պատերազմի ելլող եւ նիզակ ու վահան կրող երեք հարիւր հազար ընտիր զօրք գտաւ։6. Անիկա հարիւր տաղանդ արծաթով Իսրայէլէն հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ վարձեց։7. Աստուծմէ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ մի՛ տանիր, քանզի Տէրը Իսրայէլի հետ՝ այսինքն բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ չէ.8. Բայց եթէ դուն երթալ կ’ուզես, գնա՛ ու պատերազմի համար ուժովցի՛ր, բայց Աստուած թշնամիին առջեւ պիտի կործանէ քեզ, քանզի օգնելու ու կործանելու զօրութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է»։9. Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Հապա ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այն հարիւր տաղանդը, որ ես Իսրայէլի զօրքին տուի»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»։10. Ամասիա Եփրեմէն իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէս զի իրենց տեղը երթան ու անոնք Յուդայէն խիստ սրդողեցան ու սաստիկ բարկութեամբ իրենց տեղերը դարձան։11. Ամասիա ուժովցաւ ու իր զօրքը հանեց ու Աղի ձորը գնաց եւ Սէիրի որդիներէն տասը հազար հոգի զարկաւ։12. Յուդայի որդիներէն տասը հազար ալ ողջ գերի առին եւ քարաժայռին գլուխը տարին ու զանոնք քարաժայռին գլխէն վար ձգեցին ու ամէնքն ալ կտոր կտոր եղան։13. Այն զօրքերը, որոնք Ամասիա ետ ղրկեց, որպէս զի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէն մինչեւ Բեթորոն ու անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին եւ շատ աւար առին։14. Երբ Ամասիա Եդովմայեցիները ջարդելէն դարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ ու զանոնք կանգնեցուց, որպէս զի իրեն աստուածներ ըլլան։ Անոնց առջեւ երկրպագութիւն կ’ընէր ու անոնց խունկ կը ծխէր։15. Տէրոջը բարկութիւնը Ամասիային վրայ բորբոքեցաւ եւ անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ դիմեցիր այն ժողովուրդին աստուածներուն, որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել»։16. Երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր. «Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն դրին. լո՛ւռ կեցիր, չըլլայ որ՝ ՝ մեռցուիս»։ Մարգարէն կեցաւ ու ըսաւ. « Աղէկ գիտեմ թէ Աստուած որոշեր է քեզ կորսնցնել, որովհետեւ իմ խրատիս մտիկ չընելով՝ այդ բանը ըրիր»։17. Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։18. Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։19. Դուն՝ ‘ահա Եդովմը զարկի’, ըսիր ու քու սիրտդ քեզ բարձրացնելով հպարտացուց. հիմա քու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդան ալ»։20. Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. քանզի ասիկա Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, Եդովմայեցիներուն աստուածները փնտռելուն համար։21. Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ ու ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։22. Եւ Յուդա Իսրայէլէն յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։23. Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Յովաքազի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը՝ Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։24. Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Աստուծոյ տանը մէջ գտնուած՝ Աբդեդօմին քովի բոլոր ամաններն ու թագաւորին տանը գանձերը եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։25. Յուդայի թագաւորը՝ Յովասին որդին Ամասիան՝ Իսրայէլի թագաւորին Յովաքազին որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։26. Ամասիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։27. Ամասիա, երբ Տէրոջը հետեւելէն խոտորեցաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին ու անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։28. Ձիերով բերին ու իր հայրերուն հետ Յուդայի քաղաքին մէջ թաղեցին։2 քրոնիկները 26:1-231. Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ոզիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը՝ Ամասիային տեղը թագաւոր ըրին։2. Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զայն Յուդային վերադարձուց։3. Ոզիան տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, որ Երուսաղեմացի էր։4. Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային ըրածին պէս։5. Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիային օրերը Աստուած կը փնտռէր։ Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար։6. Ան գնաց Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ Գէթին պարիսպը, Յաբնէին պարիսպը ու Ազովտոսի պարիսպը փլցուց եւ Ազովտոսի գաւառին մէջ ու Փղշտացիներու միւս երկիրներուն մէջ քաղաքներ շինեց։7. Աստուած անոր օգնութիւն ըրաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Գուր-Բահաղ բնակող Արաբացիներուն դէմ ու Մաոնացիներուն դէմ։8. Եւ Ամմոնացիները Ոզիային ընծաներ տուին ու անոր անունը մինչեւ Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանզի անիկա խիստ ուժովցաւ։9. Ոզիան Երուսաղէմի մէջ՝ Անկեան դրանը վրայ ու Ձորի դրանը վրայ եւ պարսպին դարձուածքին վրայ աշտանակներ շինեց ու զանոնք ամրացուց։10. Եւ անապատին մէջ ալ աշտարակներ շինեց ու շատ ջրհորներ փորեց. քանզի անիկա դաշտի մէջ ու հովիտի մէջ շատ անասուններ ու լեռնակողմը նաեւ Կարմեղոս լեռը երկրագործներ ու այգեգործներ ունէր. քանզի երկրագործութիւնը կը սիրէր։11. Ոզիան, Յէիէլ դպրապետին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով համրուած թիւին համեմատ, թագաւորին իշխաններէն Անանիային ձեռքին տակ՝ գունդով պատերազմի ելլող զօրքեր ունէր։12. Բոլոր զօրաւոր կտրիճներուն տոհմապետներուն թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։13. Անոնց ձեռքին տակ երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր պատերազմող մարդ կար, որոնք մեծ ուժով կը պատերազմէին ու թշնամիին դէմ թագաւորին օգնութիւն կ’ընէին։14. Ոզիա բոլոր զօրքին համար վահաններ, նիզակներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ ու քարերու համար պարսատիկներ պատրաստեց։15. Անիկա Երուսաղէմի մէջ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնովը մեքենաներ շինեց, որպէս զի նետեր ու մեծ քարեր նետելու համար՝ աշտարակներուն վրայ եւ անկիւններուն վրայ կենան։ Անոր անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալիօրէն օգնութիւններ գտաւ, մինչեւ որ ուժովցաւ։16. Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ անցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ։17. Անոր ետեւէն Ազարիա քահանան մտաւ ու անոր հետ Տէրոջը ութսուն քահանաները՝ որոնք զօրաւոր մարդիկ էին։18. Անոնք Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան ու անոր ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չիյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն՝ որոնք խունկ ծխելու համար սրբուած են. սրբարանէն դո՛ւրս ելիր, քանզի յանցանք գործեցիր ու այս բանին համար Տէր Աստուծմէ պիտի չպատուըուիս»։19. Ոզիա բարկացաւ ու անոր ձեռքը խունկ ծխելու համար բուրվառ կար։ Երբ քահանաներուն բարկացաւ, քահանաներուն առջեւ, Տէրոջը տանը մէջ խունկի սեղանին քով, անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն երեւցաւ։20. Ազարիա քահանայապետն ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան եւ ահա անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար ու զանիկա շուտով անկէ հանեցին ու անիկա ալ ելլելու արտորաց, քանզի Տէրը զանիկա զարկեր էր։21. Ոզիա թագաւորը մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր ու զատ տան մը մէջ բորոտած կը նստէր, վասն զի Տէրոջը տունէն արտաքսուեցաւ։ Անոր որդին Յովաթամ, թագաւորին տանը վրայ ըլլալով, երկրին ժողովուրդը կը դատէր։22. Ոզիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն գրեց։23. Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ թագաւորներու գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին. վասն զի ըսին. «Անիկա բորոտ է»։ Եւ անոր որդին Յովաթամը անոր տեղ թագաւորեց։2 քրոնիկները 27:1-91. Յովաթամ քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր ու Սադովկին աղջիկն էր։2. Իր հօրը Ոզիային բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ. բայց Տէրոջը տաճարը չմտաւ ու ժողովուրդը տակաւին ապականած էր։3. Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց ու Ոփաղի պարսպին վրայ շատ բաներ շինեց։4. Յուդայի լեռնակողմը քաղաքներ ու անտառներու մէջ բերդեր ու աշտարակներ շինեց։5. Անիկա Ամմոնին որդիներուն եւ թագաւորին հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց եւ նոյն տարին Ամմոնին որդիները հարիւր տաղանդ արծաթ ու տասը հազար քոռ ցորեն եւ տասը հազար քոռ գարի տուին անոր։ Նոյնպէս երկրորդ ու երրորդ տարին ալ Ամմոնին որդիները նոյն բաները բերին։6. Յովաթամ զօրացաւ, վասն զի իր ճամբաները իր Տէր Աստուծոյն առջեւ շտկեց։7. Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր պատերազմները ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած են։8. Անիկա թագաւոր եղած ատենը քսանըհինգ տարեկան էր ու տասնըվեց տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։9. Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին եւ անոր որդին Աքազ անոր տեղ թագաւորեց։Սաղմոսներ 84:1-71. Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ, Ո՛վ զօրաց Տէր։2. Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար։ Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ’աղաղակեն Կենդանի Աստուծոյն։3. Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար, Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր, Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։4. Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։ Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։)5. Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։6. Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա։ Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա ՝ ՝։7. Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան, Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.Առակներ 21:4-54. Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը Եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են։5. Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ ։Գործեր 19:1-201. Քանի որ Ապօղոս Կորնթոսի մէջ էր, Պօղոս վերի կողմերը պտըտելով Եփեսոս հասաւ եւ քանի մը աշակերտներ գտնելով՝2. Ըսաւ անոնց. «Երբ հաւատացիք, Սուրբ Հոգին առի՞ք արդեօք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Բայց մենք լսած ալ չենք թէ Սուրբ Հոգին կայ»։3. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Յովհաննէսին մկրտութիւնովը»։4. Պօղոս ալ ըսաւ. «Յովհաննէս ապաշխարութեան մկրտութիւնով մկրտեց ու ժողովուրդին ալ ըսաւ, որ հաւատան անոր, որ իրմէ յետոյ պիտի գայ, այսինքն՝ Քրիստոս Յիսուսին»։5. Երբ ասիկա լսեցին, Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուեցան։6. Պօղոս, երբ անոնց վրայ ձեռք դրաւ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ եկաւ եւ լեզուներ կը խօսէին ու կը մարգարէանային։7. Անոնք բոլորը տասներկու հոգի էին։8. Ապա ժողովարանը մտնելով՝ երեք ամիս համարձակութեամբ Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով կը խօսէր ու կը համոզէր։9. Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։10. Ասիկա երկու տարի տեւեց, մինչեւ որ բոլոր Ասիայի մէջ բնակող Հրեաները ու Յոյները Տէրոջը խօսքը լսեցին։11. Եւ Աստոած նշանաւոր հրաշքներ կ’ընէր Պօղոսին ձեռքով.12. Այնպէս որ անոր մարմնէն թաշկինակներ ու գոգնոցներ կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին ու չար ոգիները կ’ելլէին։13. Բայց աստանդական Հրեաներէն մէկ քանիները, որոնք երդմնեցուցիչ էին, յանդգնեցան Տէր Յիսուսին անունը կանչել անոնց վրայ, որոնք չար ոգիներ ունէին եւ կ’ըսէին. «Ձեզ կ’երդմնցնենք այն Յիսուսով, որ Պօղոս կը քարոզէ»։14. Այս բանը ընողները Սկեւա ըսուած Հրեայ քահանայապետի մը եօթը որդիներն էին։15. Չար ոգի մը պատասխանեց անոնց. «Յիսուսը կը ճանչնամ ու Պօղոսը գիտեմ, բայց դուք ո՞վ էք»։16. Այն մարդը, որուն ներսիդին էր չար ոգին, անոնց վրայ ցատկելով՝ բռնեց զանոնք ու տապալեց, այնպէս որ տունէն մերկ ու վիրաւորուած դուրս փախան։17. Այս բանը Եփեսոսի մէջ բնակող բոլոր Հրեաներուն ու Յոյներուն յայտնի եղաւ եւ ամենուն վրայ վախ մը ինկաւ ու Տէր Յիսուսին անունը կը մեծարուէր։18. Հաւատացեալներէն շատեր կու գային ու կը խոստովանէին ու կը պատմէին իրենց ըրածները։19. Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան։20. Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981