Աստվածաշունչը մեկ տարում Օգոստոս 9Աշխատանք 9:1-351. Յոբ պատասխանեց.2. «Իրաւցընէ այնպէս ըլլալը գիտեմ Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։3. Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ, Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխան տալ։4. Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է. Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու յաջողութիւն գտեր է։5. Անիկա լեռները կը տեղափոխէ ու անոնք չեն գիտնար։ Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ։6. Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ Ու անոր սիւները կը դողան։7. Արեւին հրաման կ’ընէ ու անիկա չի ծագիր Ու աստղերը կը կնքէ։8. Ինք մինակը երկինքը կը տարածէ Ու ծովուն ալիքներուն վրայ կը քալէ։9. Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը Ու հարաւի շտեմարանները։10. Անիկա Անքննելի մեծագործուներ Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ։11. Ահա անիկա քովէս կ’անցնի ու ես չեմ տեսներ։ Յառաջ կ’անցնի ու չեմ իմանար։12. Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։ Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’։13. Աստուած իր բարկութիւնը ետ չի դարձներ Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին։14. Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքեր ընտրեմ։15. Թէեւ արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ. Իմ դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ։16. Եթէ ես զանիկա կանչէի ու ինծի պատասխան ալ տար, Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է։17. Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճնշեց Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց։18. Զիս չի թողուր որ շունչ առնեմ, Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ։19. Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է, Իսկ՝ եթէ արդարութիւն՝ ո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ՝ ՝։20. Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ. Եթէ զիս անմեղադրելի երեւցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ։21. Եթէ զիս կատարեալ երեւցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար, Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ։22. Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ Անիկա արդարն ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ։23. Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ, Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի։24. Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ։ Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ։ Եթէ ոչ՝ ո՞վ է անիկա։25. Արդ՝ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են, Փախան առանց բարութիւն տեսնելու։26. Արագագնաց նաւերու պէս՝ Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին։27. Եթէ ըսեմ՝ ‘Գանգատս մոռնամ, Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ’,28. Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ. Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես29. Ու ամբարիշտ պիտի սեպուիմ։ Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ։30. Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ Ու ձեռքերս մաքրութիւնով սրբեմ,31. Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես Ու հանդերձս պիտի զզուի ինծմէ,32. Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք։33. Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ, Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։34. Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ,35. Այն ատեն պիտի խօսիմ ու անկէ պիտի չվախնամ. Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։Աշխատանք 10:1-221. «Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։ Համարձակ պիտի գանգատիմ, Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ.2. Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. «Մի՛ դատապարտեր զիս, Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս.3. Քեզի աղէ՞կ կ’երեւնայ որ զիս կը հարստահարես Ու քու ձեռքերուդ գործը կ’արհամարհես Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս կու տաս։4. Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս. Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես։5. Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են, Քու տարիներդ մարդուն տարիներուն չա՞փ են,6. Որ դուն իմ յանցանքներս կը փնտռես Ու մեղքս կը քննես։7. Գիտես որ յանցաւոր չեմ, Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս ։8. Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին Ու իմ բոլոր անդամներս՝ ՝ կազմեցին Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես։9. Կ’աղաչե՛մ, յիշէ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր Ու հիմա զիս հո՞ղ պիտի դարձնես։10. Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր։11. Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր.12. Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց։13. Ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր։ Գիտեմ թէ ասոնք միտքդ են։14. Եթէ մեղք գործեմ, դուն զիս կը դիտես Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարեր զիս։15. Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել. Անարգանքով լեցուած եմ։ Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ,16. Որ աւելնալու վրայ է՝ ՝։ Առիւծի պէս զիս կ’որսաս Եւ միշտ իմ վրաս յաղթող կ’ըլլաս.17. Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես։ Փոփոխութիւններ ու պատերազմ կը բերես վրաս։18. Ուրեմն ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր։ Երանի՜ թէ հոն մեռնէի ու աչք չտեսնէր զիս,19. Որ չեղածի պէս ըլլայի Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի։20. Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն։ Ե՛տ կեցիր ինծմէ ու թողուր, որ քիչ մը հանգչիմ21. Այն տեղը երթալէս առաջ՝ ուրկէ ետ պիտի չդառնամ։ Մութ երկիրը ու մահուան շուքը,22. Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը, Ուրտեղ կարգ չկայ ու լոյսը խաւարի պէս է»։Սաղմոսներ 93:1-51. Տէրը կը թագաւորէ։ Մեծածափառութիւն հագած է։ Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորուած է։ Աշխարհն ալ հաստատուած է, որպէս զի չսասանի։2. Քու աթոռդ հինէն հաստատ է. Յաւիտենական ես դուն։3. Ո՛վ Տէր, գետերը բարձրացուցին, Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը. Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։4. Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։5. Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են։ Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ յաւիտեան։Առակներ 22:22-2322. Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։23. Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։հռոմեական 9:16-3316. Ուրեմն մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի։17. Քանզի գիրքը Փարաւոնին կ’ըսէ. «Անոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։18. Ուստի որո՛ւ որ ուզէ՝ կ’ողորմի եւ որը ուզէ՝ կը խստացնէ։19. Ուրեմն ինծի պիտի ըսես թէ՝ «Ա՛լ ինչո՞ւ մեղադիր կ’ըլլայ. վասն զի ո՞վ կրնայ անոր կամքին դէմ դնել»։20. Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ հակառակ պատասխան կու տաս։ Միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ՝ «Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր»։21. Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։22. Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած23. Եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց.24. Այսինքն՝ մեզի՝ որ կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ.25. Ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս չեղողը իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ ու սիրելի չեղողը՝ սիրելի։26. Այն տեղ՝ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ՝ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք Կենդանի Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին.27. Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ. «Եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ալ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։28. Քանզի Տէրը համառօտ եւ կտրուկ կ’ընէ արդարութեամբ. վասն զի Տէրը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ»։29. Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. «Եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք»։30. Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Թէ հեթանոսները որոնք արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարութեան հասան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է.31. Բայց Իսրայէլ, որ արդարութեան օրէնքին կը հետեւէր, արդարութեան օրէնքին չհասաւ։32. Ինչո՞ւ համար. վասն զի ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ օրէնքին գործերով ուզեց արդարանալ ։ Անոնք գայթակղութեան վէմին վրայ գլորեցան.33. Ինչպէս գրուած է. «Ահա Սիօնի մէջ գայթակղութեան քար մը կը դնեմ ու գլորելու վէմ մը. եւ ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ». Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981