Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 10Եսայիա 11:1-161. Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի2. Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։3. Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.4. Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։5. Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։6. Գայլը գառին հետ պիտի բնակի Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։7. Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ8. Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։9. Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։10. Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։11. Եւ այն օրը Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ, Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն, Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ Իր ժողովուրդին մնացորդը։12. Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ Ու երկրին չորս անկիւններէն Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։13. Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին. Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։ Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը.14. Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն վրայ պիտի թռչին Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։ Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։15. Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։16. Իր ժողովուրդին մնացորդին համար Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին, Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։Եսայիա 12:1-61. Այն օրը պիտի ըսես. «Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ, Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝ Սակայն բարկութիւնդ ինծմէ դարձուցիր Եւ զիս մխիթարեցիր։2. Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։ Ես անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ, Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան է Ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։3. Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք Փրկութեան աղբիւրներէն.4. Ու այն օրը պիտի ըսէք. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք, Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։5. Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք, Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։ Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։6. Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։Սաղմոսներ 106:6-186. Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք, Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։7. Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ, Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը, Հապա ապստամբեցան ծովուն քով, Կարմիր ծովուն քով։8. Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց, Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։9. Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն10. Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։11. Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին, Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։12. Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։13. Շուտով մոռցան անոր գործերը Ու անոր խրատին չսպասեցին։14. Անապատին մէջ խիստ ցանկացին Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։15. Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։16. Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին,17. Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։18. Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ, Բոցը այրեց ամբարիշտները։Առակներ 25:3-53. Երկնքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը Եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր։4. Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքը Ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ։5. Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտը Ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի։2 Կորնթացիներ 2:1-171. Սակայն ես ինծմէ որոշեցի, որ նորէն տրտմութիւնով չգամ ձեզի։2. Վասն զի եթէ ես ձեզ տրտմեցնեմ, ալ ո՞վ է որ զիս պիտի ուրախացնէ եթէ ոչ ան՝ որ ինծմէ կը տրտմի։3. Ասիկա գրեցի, որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ տրտմութիւն մը կրեմ անոնցմէ, որոնք պէտք է զիս ուրախացնեն. քանզի ձեր ամենուն վրայ վստահ եմ, որ իմ ուրախութիւնս ձեր ամենունն է։4. Վասն զի շատ նեղութենէ եւ սրտի տագնապէ ես ձեզի գրեցի շատ արցունքով. ոչ թէ՝ որպէս զի դուք տրտմիք, հապա որպէս զի ճանչնաք այն սէ՛րը որ ես ունիմ ձեր վրայ։5. Եթէ մէկը տրտմեցուց, ոչ թէ զիս տրտմեցուց, հապա մասամբ (որպէս զի խօսքս ծանր չընեմ) ձեզ ամէնքդ՝ ՝։6. Հերիք է այնպիսի մարդուն այն պատիժը, որ շատերէ տրուեցաւ։7. Ուստի ընդհակառակն աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։8. Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք.9. (Քանզի ասոր համար ալ գրեցի, որպէս զի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՞նդ էք։10. Որուն որ դուք բան մը ներէք, ես ալ կը ներեմ. վասն զի եթէ ես ալ ներեմ, որու որ ներեմ՝ ձեզի համար է Քրիստոսին կողմանէ).11. Որ չըլլայ թէ զրկանք մը կրենք Սատանայէն. քանզի անոր խորհուրդները գիտենք։12. Երբ Տրովադա հասայ Քրիստոսին աւետարանը քարոզելու, գտայ թէ ինծի դուռ մը բացած էր Տէրը,13. Բայց իմ հոգիիս մէջ հանգստութիւն չունեցայ, վասն զի իմ Տիտոս եղբայրս հոն չգտայ. ուստի անոնցմէ հրաժարելով՝ Մակեդոնիա գացի։14. Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։15. Վասն զի մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։16. Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ եւ ոմանց՝ կենդանութեան հոտ՝ դէպի կեանք։ Ո՞վ կարող է այս գործը կատարել։17. Քանզի մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981