Աստվածաշունչը մեկ տարում Սեպտեմբեր 9Եսայիա 9:1-211. Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը, Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան, Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։2. Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։3. Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։4. Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝ Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։5. Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։6. Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։7. Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։8. Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեց Ու անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։9. Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ, Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները, Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն.10. « Թէեւ աղիւսները ինկան, Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։ Մոլաթզենիները կտրուեցան, Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։11. Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէ Ու անոր թշնամիները պիտի գրգռէ։12. Ասորիները՝ արեւելքէն, Փղշտացիները՝ արեւմուտքէն Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։13. Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար Ու զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։14. Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը, Արմաւենիի ոստն ու կնիւնը Մէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։15. (Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է)16. Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնք Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։17. Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի Եւ անոր որբերուն ու որբեւարիներուն պիտի չողորմի. Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։18. Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ, Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ, Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէ Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։19. Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի այրի Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։ Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։20. Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։ Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։ Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։21. Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։ Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին ։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։Եսայիա 10:1-341. Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութեան կանոններ կը սահմանեն Եւ այն դպիրներուն, որոնք անօրէնութիւն կը գրեն,2. Որպէս զի աղքատներուն դատը խոտորեն Ու իմ ժողովուրդիս տնանկներուն իրաւունքը յափշտակեն. Որպէս զի որբեւարիները իրենց աւար ըլլան Ու իրենք որբերը կողոպտեն։3. Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք այցելութեան օրը Եւ հեռուէն գալու կործանման ատենը։ Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք։4. Առանց ինծի գերիներուն մէջ պիտի ծռին Ու սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։5. Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին, որ իմ բարկութեանս գաւազանը եղաւ Եւ որուն ձեռքի ցուպը իմ սրտմտութիւնս է։6. Զանիկա կեղծաւոր ազգի մը վրայ պիտի ղրկեմ Ու հրաման պիտի տամ անոր այն ժողովուրդին դէմ, որուն սրդողած եմ, Որ հաւաքէ ու յափշտակութիւն ընէ Եւ զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխկռտէ։7. Բայց անիկա այնպէս չի մտածեր Ու սրտովը այնպէս չի խորհիր. Հապա իր միտքը դրեր է որ կորսնցնէ Եւ շատ ազգեր բնաջինջ ընէ։8. Վասն զի կ’ըսէ. «Միթէ իմ իշխաններս ամէնքն ալ թագաւորներ չե՞ն.9. Քաղանէն Քարքամիսին պէս չէ՞. Եմաթը Արփաթին պէս չէ՞. Սամարիան Դամասկոսին պէս չէ՞։10. Իմ ձեռքս տիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն, Որոնց կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն շատ էին։11. Միթէ Սամարիային ու անոր կուռքերուն ըրածիս պէս, Երուսաղէմին ու անոր կուռքերուն ալ պիտի չընե՞մ»։12. Երբ Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ իր գործը կատարէ, Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը Եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը պիտի պատժեմ։13. Քանզի անիկա կ’ըսէ. «Ես իմ ձեռքիս ուժովը Ու իմ իմաստութիւնովս ըրի ասիկա, Որովհետեւ ես խելացի եմ։ Ազգերուն սահմանները վերցուցի Ու անոնց գանձերը յափշտակեցի Եւ զօրաւորի պէս բնակիչները նուաճեցի։14. Ու իմ ձեռքս ժողովուրդներուն ստացուածքը բոյնի պէս գտաւ Եւ բոլոր երկիրը հաւաքեցի, Ինչպէս մէկը կը հաւաքէ թողուած հաւկիթները Եւ շարժող կամ բերան բացող Կամ ճիչ հանող մը չեղաւ»։15. Միթէ տապարը իրմով կտրող մարդուն դէմ կը գոռոզանա՞յ. Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ կը հպարտանա՞յ։ Ասիկա այսպէս է ՝ որպէս թէ գաւազանը զինք վերցնողը շարժէր Եւ ցուպը բարձրացնէր զայն որ փայտ չէ։16. Անոր համար Տէրը զօրքերու Տէրը Գէր մարդոց նիհարութիւն պիտի ղրկէ Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ Բոցավառ հրդեհի պէս։17. Իսրայէլի Լոյսը՝ կրակ Ու անոր Սուրբը բոց պիտի ըլլայ։ Մէկ օրուան մէջ անոր փուշերն ու ցախերը Այրելով պիտի սպառէ18. Եւ անոր անտառին ու բարեբեր ագարակին փառքը, Հոգին ու մարմինը, պիտի հատցնէ Եւ ան մարող հիւանդի՝ ՝ պէս պիտի ըլլայ։19. Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան, Այնպէս որ տղայ մը կարենայ անոնց թիւը համրել։20. Այն օրը, Իսրայէլին մնացորդը Ու Յակոբին տանը ազատուածները, Անգամ մըն ալ պիտի չապաւինին զիրենք զարնողին. Հապա ճշմարտութեամբ՝ Տէրոջը՝ Իսրայէլի Սուրբին պիտի ապաւինին։21. Մնացորդը՝ Յակոբին մնացորդը, Հզօր Աստուծոյն պիտի դառնայ։22. Վասն զի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Իսրայէլ, թէեւ ծովու աւազին չափ ըլլայ, Անոնցմէ մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ։ Նախասահմանեալ աւերումը արդարութեամբ պիտի յարձակի։23. Քանզի զօրքերուն Տէր Եհովան՝ բոլոր երկրին մէջ Նախասահմանեալ աւերումը պիտի գործադրէ։24. Անոր համար զօրքերուն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ո՛վ Սիօնի մէջ բնակող ժողովուրդ, Ասորեստանցիէն մի՛ վախնար։ Անիկա քեզ գաւազանով պիտի զարնէ Եւ իր ցուպը քու վրադ պիտի վերցնէ Եգիպտացիներուն նման՝ ՝։25. Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ բարկութիւնս պիտի դադրի Ու իմ սրտմտութիւնս անոնց կորուստին պիտի դառնայ ։26. Զօրքերուն Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի վերցնէ, Օրէբի վէմին քով Մադիամի հարուածին պէս։ Իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ, Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ։27. Այն օրը անոր բեռը քու կռնակէդ Ու անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի վերնայ Եւ լուծը գիրութեան պատճառով պիտի կոտրի»։28. Անգէն քաղաքը եկաւ, Մագրոն անցաւ Ու իր կահ կարասիները Մաքմասի մէջ տեղաւորեց։29. Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ իջեւան ըրին։ Ռաման վախցաւ, Սաւուղին Գաբաան փախաւ։30. Ո՛վ Գաղղիմի աղջիկ, ձայնդ վերցուր, Լայիսին լսել տուր, ո՛վ խեղճ Անաթովթ՝ ՝։31. Մադմենան հեռացաւ, Գեբեմին բնակիչները փախան։32. Տակաւին այսօր Նոբին մէջ պիտի կենայ, Դէպի Սիօնին աղջկան լեռը, Երուսաղէմին բլուրը, Ձեռքը պիտի շարժէ։33. Ահա զօրքերու Տէր՝ Եհովան Ահաւոր զօրութեամբ գեղեցիկ ոստերը պիտի կտրէ Եւ բարձրահասակները պիտի կտրուին Ու բարձրերը պիտի ցածնան։34. Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ Ու Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ։Սաղմոսներ 106:1-51. Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։2. Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։ Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։3. Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն։4. Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ, Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,5. Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ, Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ, Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։Առակներ 25:1-21. Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին։2. Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է, Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է։2 Կորնթացիներ 1:1-241. Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.2. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։3. Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը.4. Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք.5. Քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։6. Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։7. Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։8. Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։9. Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ.10. Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ11. Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։12. Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։13. Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք.14. Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։15. Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք.16. Ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։17. Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, որպէս զի իմ կողմանէս «այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ» ըլլայ՝ ՝։18. Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ «այո» եւ «ոչ» չէր։19. Վասն զի Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, (ինծմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով,) «այո» ու «ոչ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո»ն։20. Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ «Այո» են ու իր մէջ «Ամէն» են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով։21. Բայց ան որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է.22. Որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։23. Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ. սակայն ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981