Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 1Ծննդոց 1:1-311. Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։2. Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր։3. Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։4. Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։5. Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ առաջին օրը եղաւ։6. Եւ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը հաստատութիւն ըլլայ եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։7. Աստուած հաստատութիւնը ըրաւ ու հաստատութեանը տակ եղած ջուրերը հաստատութեանը վրայ եղած ջուրերէն զատեց ու այնպէս եղաւ։8. Աստուած հաստատութիւնը Երկինք կոչեց եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երկրորդ օրը եղաւ։9. Աստուած ըսաւ. «Երկնքի տակ եղած ջուրերը մէկտեղ թող հաւաքուին ու ցամաքը երեւնայ» եւ այնպէս եղաւ։10. Աստուած ցամաքին անունը Երկիր դրաւ ու հաւաքուած ջուրերը Ծով կոչեց։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։11. Աստուած ըսաւ. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ» ու այնպէս եղաւ։12. Ու երկիրը կանաչ խոտ, իր տեսակին պէս սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս սերմ ունեցող պտղաբեր ծառ հանեց։13. Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երրորդ օրը եղաւ։14. Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։15. Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան» ու այնպէս եղաւ։16. Եւ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար ու պզտիկ լուսաւորը գիշերուան իշխելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ ։17. Եւ Աստուած երկնքի հաստատութեանը մէջ դրաւ զանոնք, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան18. Եւ ցորեկուան ու գիշերուան իշխեն եւ լոյսը խաւարէն զատեն։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։19. Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։20. Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։21. Աստուած ստեղծեց մեծամեծ կէտերը եւ ամէն սողացող շնչաւոր կենդանի, որոնք ջուրերը առատ հանեցին իրենց տեսակին պէս ու ամէն թեւաւոր թռչուն՝ իր տեսակին պէս։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։22. Աստուած օրհնեց զանոնք՝ ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք եւ ծովերուն մէջ եղած ջուրերը լեցուցէք. թռչուններն ալ երկրի վրայ թող շատնան»։23. Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ հինգերորդ օրը եղաւ։24. Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ Եւ այնպէս եղաւ։25. Աստուած երկրի գազանները իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու գետնի բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս ըրաւ։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։26. Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։27. Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։28. Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։29. Աստուած ըսաւ. «Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ։ Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան։30. Ու երկրի բոլոր գազաններուն ու երկնքի բոլոր թռչուններուն եւ երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր սողուններուն՝ կերակուրի համար կանաչ խոտ տուի »։ Ու այնպէս եղաւ։31. Եւ Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ վեցերորդ օրը եղաւ։Ծննդոց 2:1-251. Ամբողջացան երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը։2. Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն։3. Եւ Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա. վասն զի անոր մէջ հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն՝ որոնք ստեղծագործութեան մէջ կատարած էր։4. Ասոնք են երկնքի ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը։5. Երբ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ, դեռ դաշտին բոլոր բոյսերը՝ երկրի վրայ չեղած եւ դաշտին բոլոր խոտը՝ դեռ չբուսած. քանզի Տէր Աստուած երկրի վրայ տակաւին անձրեւ բերած չէր ու գետինը մշակող մարդ չկար,6. Հապա երկրէն շոգի կ’ելլէր ու գետնին բոլոր երեսը կը ջրէր։7. Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։8. Եւ Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ։9. Եւ Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ ու պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառը եւ բարին ու չարը գիտնալու ծառն ալ բուսցուց։10. Եւ պարտէզը ջրելու համար Եդեմէն գետ մը կ’ելլէր ու անկէ չորս ճիւղի կը բաժնուէր։11. Մէկուն անունը Փիսոն է. ասիկա Եւիլայի բոլոր երկիրը կը պտըտի, ուր ոսկի կայ12. Եւ այն երկրին ոսկին ազնիւ է. սուտակ ու եղնգնաքար կայ հոն։13. Ու երկրորդ գետին անունը Գեհոն է. ասիկա Քուշի բոլոր երկիրը կը պտըտի։14. Ու երրորդ գետին անունը Տիգրիս է. ասիկա Ասորեստանի արեւելեան կողմը կ’երթայ։15. Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ։16. Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր.17. Բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։18. Տէր Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար»19. Եւ Տէր Աստուած դաշտին բոլոր գազաններն ու երկնքի բոլոր թռչունները հողէն շինեց եւ Ադամին առջեւ բերաւ, որպէս զի տեսնէ թէ անոնց ի՛նչ անուն պիտի դնէ։ Ադամ ի՛նչ անուն, որ դրաւ շնչաւոր կենդանիի, այն եղաւ անոր անունը։20. Ադամ բոլոր անասուններուն ու երկնքի թռչուններուն եւ դաշտի բոլոր գազաններուն անուններ դրաւ, բայց Ադամին յարմար օգնական մը չգտնուեցաւ։21. Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ ու անիկա քնացաւ։ Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։22. Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։23. Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։24. Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան։25. Եւ Ադամ ու իր կինը՝ երկուքն ալ մերկ էին ու չէին ամչնար։Սաղմոսներ 1:1-61. Երանելի է այն մարդը, Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.2. Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։3. Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. Ու անոր տերեւը պիտի չթափի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։4. Այսպէս չեն ամբարիշտները, Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։5. Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ, Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։6. Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։Առակներ 1:1-71. Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.-2. Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,3. Իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար, Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝4. Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։5. Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։6. Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար, Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները։7. Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է, Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն։Մատթեոս 1:1-251. Գիրք ծնունդին Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին։2. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները.3. Յուդա ծնաւ Փարէսը ու Զարան Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը.4. Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը.5. Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն.6. Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն.7. Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը.8. Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան.9. Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան.10. Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը.11. Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները Բաբելոնեան գերութեան ատենները.12. Բաբելոն գերութեան երթալէն յետոյ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը.13. Սաղաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը.14. Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը.15. Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը.16. Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։17. Արդ բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ տասնըչորս սերունդ եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւնը տասնըչորս սերունդ ու Բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս տասնըչորս սերունդ։18. Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ։19. Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա։20. Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։21. Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։22. Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ.23. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։24. Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ։25. Եւ չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ։ Անոր անունը Յիսուս դրաւ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981