Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 13Ծննդոց 25:1-341. Աբրահամ նորէն կին մը առաւ, որուն անունը Քետուրա էր։2. Անիկա Զեմրանը ու Յեկսանը եւ Մադանը ու Մադիանը եւ Յեսբոկը ու Սովէն ծնաւ անոր։3. Յեկսան ծնաւ Սաբան ու Դեդանը. Դեդանին որդիները Ասուրիմ ու Լատուսիմ եւ Լովովմիմ էին։4. Մադիանին որդիները Գեփա ու Ափէր եւ Ենովք ու Աբիդա եւ Ելդագա էին։ Ասոնք ամէնքը Քետուրային որդիներն էին։5. Եւ Աբրահամ իր բոլոր ունեցածը Իսահակին տուաւ.6. Բայց իր հարճերուն որդիներուն պարգեւներ տուաւ եւ իր կենդանութեան ատենը զանոնք իր որդիին Իսահակին քովէն դէպի արեւելք՝ արեւելեան երկիրը ղրկեց։7. Աբրահամին կեանքին տարիներուն օրերը որ ինք ապրեցաւ, հարիւր եօթանասունըհինգ տարի էին։8. Եւ Աբրահամ աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած՝ աւանդեց իր հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։9. Եւ իր որդիները՝ Իսահակ ու Իսմայէլ, թաղեցին զանիկա Մաքփելայի այրին մէջ, որ Քետացի Սահառի որդիին Եփրոնին արտին մէջ, Մամբրէի դէմ է.10. Այն արտը, որ Աբրահամ Քետի որդիներէն ծախու առած էր։ Հոն թաղուեցան Աբրահամ եւ իր կինը Սառան։11. Աբրահամին մեռնելէն ետքը Աստուած օրհնեց անոր որդին Իսահակը եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորին քով բնակեցաւ։12. Ասոնք են Աբրահամին որդիին Իսմայէլին ծնունդները, որ Սառային Եգիպտացի աղախինը Հագար ծնաւ Աբրահամին։13. Իսմայէլի որդիներուն անուններն են՝ իրենց անուններովը ու իրենց ծնունդներովը. Իսմայէլին անդրանիկը Նաբէօթ, ետքը Կեդար, Ադբեէլ, Մաբսամ,14. Մասմա, Դումա, Մասսէ, Քոդադ,15. Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։16. Ասոնք են Իսմայէլին որդիները։ Իրենց վրաններովն ու իրենց գիւղերովը իրենց անունները ասոնք են. իրենց ազգերուն համեմատ տասներկու իշխաններ էին։17. Իսմայէլի կեանքին օրերը հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան եւ իր հոգին աւանդելով մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։18. Եւ Իսմայէլացիները բնակեցան Եւիլայէ մինչեւ Սուր, որ Եգիպտոսի դիմաց Ասորեստան երթալու ճամբուն վրայ է. բոլոր իր եղբայրներուն առջեւ բնակեցաւ։19. Եւ Աբրահամի որդիին Իսահակին ծնունդները ասոնք են. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։20. Իսահակ քառասուն տարեկան էր, երբ Միջագետքէն Ասորի Բաթուէլին աղջիկը, Ասորի Լաբանին քոյրը Ռեբեկան իրեն կին առաւ։21. Իսահակ աղաչեց Տէրոջը իր կնոջ համար՝ ամուլ ըլլալուն պատճառով եւ Տէրը անոր աղաչանքը ընդունեց ու անոր կինը Ռեբեկան յղացաւ։22. Եւ տղաքները անոր արգանդին մէջ կը կռուէին ու ըսաւ. «Եթէ այսպէս է, ինչո՞ւ եղաւ ինծի ասիկա» եւ Տէրոջը հարցնելու գնաց։23. Ու Տէրը ըսաւ անոր. «Երկու ազգ կան արգանդիդ մէջ եւ քու որովայնէդ երկու ժողովուրդ պիտի զատուի ու ժողովուրդին մէկը միւսէն զօրաւոր պիտի ըլլայ եւ մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։24. Ու երբ անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, ահա երկուորեակ էին անոր արգանդին մէջ։25. Առաջինը ելաւ կարմրագոյն, բոլոր մարմինը մազոտ վերարկուի պէս էր ու անոր անունը Եսաւ դրին։26. Եւ անկէ ետքը անոր եղբայրը ելաւ ու անոր ձեռքը Եսաւի գարշապարէն բռներ էր եւ անոր անունը Յակոբ դրին ու անոնց ծնած ատենը Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։27. Եւ մանուկները մեծցան ու Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր։28. Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասն զի անոր որսէն կ’ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։29. Օր մը երբ Յակոբ ապուր կ’եփէր, Եսաւ դաշտէն եկաւ եւ անօթութենէն կը մարէր։30. Եսաւ Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Անոր համար անոր անունը Եդովմ կոչուեցաւ։31. Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։32. Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։33. Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։34. Այն ատեն Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց։Ծննդոց 26:1-351. Երկրին մէջ սով եղաւ, առաջուան սովէն զատ, որ Աբրահամին օրերը եղեր էր։ Իսահակ Գերարա գնաց Փղշտացիներու Աբիմելէք թագաւորին։2. Եւ Տէրը երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Եգիպտոս մի՛ իջներ, բնակէ այն երկրին մէջ որ քեզի պիտի ըսեմ։3. Պանդուխտ եղիր այս երկրին մէջ ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ եւ քեզ պիտի օրհնեմ, վասն զի բոլոր այս երկիրները քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ ու քու հօրդ Աբրահամին ըրած երդումս պիտի հաստատեմ4. Եւ քու սերունդդ երկնքի աստղերուն չափ պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրները քու սերունդիդ պիտի տամ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին.5. Վասն զի Աբրահամ իմ ձայնիս ականջ դրաւ եւ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս, իմ կանոններս ու օրէնքներս պահեց»։6. Իսահակ բնակեցաւ Գերարայի մէջ։7. Ու այն տեղին մարդիկը հարցուցին անոր իր կնոջ համար եւ անիկա ըսաւ. «Իմ քոյրս է», քանզի «Իմ կինս է» ըսելու վախցաւ։ «Չըլլայ որ, ըսաւ, այս տեղին մարդիկ զիս մեռցնեն Ռեբեկային համար». վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։8. Ու եղաւ որ երբ հոն շատ ատեն կեցաւ, Փղշտացիներու թագաւորը՝ Աբիմելէք՝ պատուհանէն նայեցաւ ու տեսաւ եւ ահա Իսահակ իր կնոջ Ռեբեկայի հետ կը խաղար։9. Աբիմելէք կանչեց Իսահակը ու ըսաւ. «Ահա իրաւցընէ անիկա քու կինդ է եւ ի՞նչպէս ‘Անիկա իմ քոյրս է’, ըսիր»։ Ու Իսահակ ըսաւ անոր. «Քանզի ըսի թէ՝ ‘Չըլլայ որ անոր պատճառաւ մեռնիմ’»։10. Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու մեզի ըրածդ. քիչ մնաց որ ժողովուրդէն մէկը քու կնոջդ հետ պառկէր ու մեր վրայ յանցանք պիտի բերէիր»։11. Աբիմելէք իր բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ով որ այս մարդուն կամ անոր կնոջ դպչելու ըլլայ՝ անշուշտ պիտի սպաննուի»։12. Իսահակ այն երկրին մէջ ցանեց ու այդ տարին հարիւրապատիկ արդիւնք քաղեց, քանզի Տէրը օրհնեց զանիկա։13. Մարդը բարձրացաւ ու երթալով մեծցաւ. այնպէս որ խիստ մեծ եղաւ։14. Ունեցաւ ոչխարներ ու արջառներ եւ շատ ծառաներ ու Փղշտացիները նախանձեցան անոր։15. Իր հօրը Աբրահամին օրերը իր հօրը ծառաներուն փորած բոլոր ջրհորները Փղշտացիները գոցեցին հող լեցնելով։16. Աբիմելէք ըսաւ Իսահակին. «Գնա՛ մեր քովէն, վասն զի մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր եղար»։17. Իսահակ գնաց անկէ ու իր վրանները Գերարայի ձորին մէջ բացաւ ու հոն բնակեցաւ։18. Իսահակ նորէն փորեց այն ջրհորները, որոնք իր հօրը Աբրահամին օրերը փորուեր էին, բայց Աբրահամին մեռնելէն ետքը Փղշտացիները գոցեր էին եւ իր հօրը դրած անուններուն պէս անոնց անուններ դրաւ։19. Իսահակին ծառաները այն ձորին մէջ փորեցին ու հոն վազուն ջուրի հոր գտան։20. Եւ Գերարայի հովիւները Իսահակին հովիւներուն հետ կը կռուէին՝ ըսելով. «Ջուրը մերն է», անոր համար այն հորին անունը Էսէք դրաւ. քանզի անոր համար կռուեցան։21. Ուրիշ հոր մը փորեցին։ Անոր համար ալ կռուեցան եւ անոր անունը Սիդնա դրաւ։22. Ապա անկէ չուեց եւ ուրիշ հոր մը փորեց, որուն համար չկռուեցան։ Անոր անունը Ռոբովդ դրաւ՝ ըսելով. «Քանզի հիմա Տէրը մեզ ընդարձակեց ու երկրի մէջ պտղաբեր պիտի ըլլանք»։23. Անկէ Բերսաբէէ ելաւ։24. Այն գիշերը Տէրը երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Ես քու հօրդ Աբրահամին Աստուածն եմ. մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ իմ ծառայիս Աբրահամին համար քեզ պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ պիտի շատցնեմ»։25. Իսահակ հոն սեղան մը շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց եւ հոն իր վրանը բացաւ։ Իր ծառաները հոն ալ հոր մը փորեցին։26. Աբիմելէք եւ իր բարեկամը Ոքոզաթ ու իր սպարապետը Փիքօղ Գերարայէն անոր գացին։27. Իսահակ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ պատճառաւ ինծի եկաք, մինչդեռ զիս ատեցիք ու զիս ձեզմէ վռնտեցիք»։28. Անոնք ըսին. «Ստուգիւ տեսանք որ Տէրը քեզի հետ է, ուստի ըսինք՝ ‘Հիմա մեր մէջ, այսինքն մեր ու քու մեջտէղ, երդում մը ըլլայ եւ քեզի հետ ուխտ ընենք,29. Որպէս զի մեզի գէշութիւն չընես, ինչպէս մենք քեզի բան մը չըրինք, միայն թէ քեզի աղէկութիւն ըրինք ու քեզ խաղաղութեամբ ճամբեցուցինք’։ Դուն Տէրոջը օրհնեալն ես»։30. Եւ ինք անոնց խնճոյք ըրաւ։ Անոնք կերան ու խմեցին31. Եւ առտուն կանուխ ելան ու իրարու երդում ըրին եւ Իսահակ ճամբեցուց զանոնք։ Անոնք խաղաղութեամբ իրմէ գացին։32. Նոյն օրը Իսահակի ծառաները եկան եւ անոր պատմեցին իրենց փորած հորին համար ու անոր ըսին. «Ջուր գտանք»։33. Ինք անոր անունը Սաբէէ դրաւ. անոր համար մինչեւ այսօր այն քաղաքին անունը Բերսաբէէ է։34. Եսաւ քառասուն տարեկան էր, երբ իրեն կին առաւ Քետացի Բէերիի աղջիկը Յուդիկը ու Քետացի Ելօնի աղջիկը Բասեմաթը։35. Ասոնք Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան։Սաղմոսներ 7:6-86. Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, քու բարկութիւնովդ, Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր, Արթնցի՛ր, ո՛վ Աստուած, դուն սահմանած ես դատաստան մը։7. Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատէ. Անոնց վրայ բարձրացիր։8. Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, Իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով։Առակներ 3:9-109. Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով10. Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։Մատթեոս 9:18-3818. Երբ անիկա անոնց հետ այս բաները կը խօսէր, ահա իշխան մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Աղջիկս թերեւս մինչեւ հիմա մեռած է, բայց եկուր ձեռքդ անոր վրայ դիր ու պիտի ապրի»։19. Յիսուս ելաւ ու իր աշակերտներուն հետ անոր ետեւէն գնաց։20. Ահա տասներկու տարուան տեռատես կին մը մօտեցաւ ետեւէն, անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ.21. Քանզի իր մտքին մէջ կ’ըսէր. «Միայն անոր հանդերձին դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։22. Յիսուս երբ ետին դարձաւ ու տեսաւ զանիկա, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Կինը նոյն ժամուն բժշկուեցաւ։23. Երբ Յիսուս իշխանին տունը հասաւ, տեսաւ փողահարները եւ խռոված բազմութիւնը,24. Ըսաւ անոնց. «Մէկդի գացէք, վասն զի աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։25. Ոմանք կը ծաղրէին զանիկա։ Երբ բազմութիւնը դուրս ղրկուեցաւ, ինք ներս մտաւ, անոր ձեռքէն բռնեց ու աղջիկը ոտքի ելաւ։26. Այս լուրը բոլոր երկիրը տարածուեցաւ։27. Երբ Յիսուս անկէ յառաջ անցաւ, երկու կոյր ինկան անոր ետեւէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի»։28. Երբ տուն հասաւ, կոյրերը իրեն եկան։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէր»։29. Այն ատեն անոնց աչքերուն դպաւ ու ըսաւ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի»։30. Անոնց աչքերը բացուեցան։ Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, մէ՛կը չիմանայ»։31. Բայց անոնք ելան, այն բոլոր երկրին մէջ անոր համբաւը տարածեցին։32. Երբ անոնք դուրս ելան, ահա համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն։33. Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ։ Եւ ժողովուրդը զարմացաւ ու կ’ըսէին թէ՝ Իսրայէլի մէջ բնաւ այսպիսի բան տեսնուած չէր։34. Բայց փարիսեցիները կ’ըսէին. «Ատիկա դեւերուն իշխանութիւնովը դեւեր կը հանէ»։35. Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։36. Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։37. Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ,38. Ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981