Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 14Ծննդոց 27:1-461. Երբ Իսահակ ծերացաւ ու իր աչքերուն տեսողութիւնը տկարացաւ, իր մեծ որդին Եսաւը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ իմ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։2. Եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա ես ծերացեր եմ ու մեռնելուս օրը չեմ գիտեր։3. Հիմա զէնքերդ՝ կապարճդ ու աղեղդ ա՛ռ եւ դաշտը ելիր ու ինծի որս մը որսայ4. Եւ իմ սիրածիս պէս ինծի խորտիկներ պատրաստէ ու ինծի բեր որ ուտեմ, որպէս զի մեռնելէս առաջ իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։5. Ռեբեկա լսեց, երբ Իսահակ իր որդիին՝ Եսաւին հետ կը խօսէր։ Եսաւ դաշտը գնաց որս մը որսալու եւ բերելու։6. Ռեբեկա իր որդիին Յակոբին ըսաւ. «Ահա ես լսեցի, երբ քու հայրդ քու եղբօրդ Եսաւին խօսեցաւ ու ըսաւ.7. ‘Ինծի որս բեր ու ինծի խորտիկներ պատրաստէ, որպէս զի ուտեմ ու մեռնելէս առաջ քեզ Տէրոջը առջեւ օրհնեմ’։8. Հիմա, որդեակ իմ, ինչ որ ես քեզի պատուիրեմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ։9. Հիմա դէպի հօտը գնա ու անկէ ինծի երկու աղէկ ուլ բեր այծերէն եւ անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ իր սիրածին պէս10. Ու հօրդ տար, որ ուտէ եւ իր մեռնելէն առաջ քեզ օրհնէ»։11. Յակոբ ըսաւ իր մօրը Ռեբեկային. «Ահա իմ եղբայրս Եսաւ մազոտ մարդ մըն է ու ես լերկ մարդ մըն եմ,12. Գուցէ հայրս զիս շօշափէ ու ես իր աչքին խաբողի մը պէս երեւնամ եւ իմ վրաս անէծք բերեմ ու ոչ թէ օրհնութիւն»։13. Եւ իր մայրը ըսաւ անոր. «Որդեակ իմ, քեզի գալու անէծքը թող իմ վրաս ըլլայ, միայն թէ դուն իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու գնա ինծի բեր զանոնք »։14. Յակոբ գնաց ու առաւ եւ իր մօրը բերաւ։ Մայրը անոր հօրը սիրածին պէս խորտիկներ պատրաստեց։15. Ռեբեկա իր մեծ որդիին Եսաւին ազնիւ հանդերձները առաւ, որոնք տանը մէջ իր քով էին ու իր պզտիկ որդիին Յակոբին հագցուց։16. Եւ այծի ուլերուն մորթերը անոր ձեռքերուն ու անոր լերկ պարանոցին վրա դրաւ.17. Եւ իր ըրած խորտիկները ու հացը իր որդիին Յակոբին ձեռքը տուաւ։18. Յակոբ իր հօրը գնաց ու ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ. ո՞վ ես դուն, որդեակ իմ»։19. Ու Յակոբ իր հօրը ըսաւ. «Ես քու անդրանիկ որդիդ Եսաւն եմ, ինծի ըսածիդ պէս ըրի։ Շնորհք ըրէ՛, ելի՛ր, նստէ՛ եւ իմ որսէս կեր, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։20. Իսահակ ըսաւ իր որդիին. «Ի՞նչպէս այդչափ շուտով գտար, որդեակ իմ»։ Յակոբ ըսաւ. «Քանզի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իմ առջեւս բերաւ»։21. Իսահակ ըսաւ Յակոբին. «Մօտ եկուր որպէս զի քեզ շօշափեմ, որդեա՜կ իմ, թէ արդեօք դուն իմ որդիս Եսա՞ւն ես, թէ ոչ»։22. Յակոբ իր հօրը Իսահակին մօտեցաւ, որ շօշափեց զանիկա ու ըսաւ. «Ձայնը Յակոբին ձայնն է, բայց ձեռքերը Եսաւին ձեռքերն են»։23. Այսպէս չճանչցաւ զանիկա, քանզի անոր ձեռքերը իր եղբօրը Եսաւի ձեռքերուն պէս մազոտ էին եւ օրհնեց զանիկա24. Ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես իմ որդիս Եսաւը»։25. Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Հայրը ըսաւ. «Մօտ բեր ինծի ու իմ որդիիս որսէն ուտեմ, որպէս զի իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։ Յակոբ մօտեցուց անոր, ան ալ կերաւ։ Յակոբ գինի բերաւ հօրը, որ խմեց։26. Անոր հայրը՝ Իսահակ՝ ըսաւ անոր. «Հիմա մօտեցիր ու զիս համբուրէ, որդեակ իմ»։27. Անիկա մօտեցաւ ու համբուրեց զանիկա եւ Իսահակ հանդերձին հոտը հոտուըտաց ու օրհնեց զանիկա եւ ըսաւ. «Ահա իմ որդիիս հոտը Տէրոջը օրհնած արտին հոտին պէս է։28. Ուստի Աստուած տայ քեզի երկնքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն եւ ցորենի ու գինիի առատութիւն.29. Թող ժողովուրդներ քեզի ծառայեն եւ ազգեր քեզի խոնարհութիւն ընեն. քու եղբայրներուդ տէրը եղիր եւ քու մօրդ որդիները քեզի խոնարհութիւն ընեն. քեզ անիծողը անիծեալ ըլլայ ու քեզ օրհնողը՝ օրհնեալ»։30. Երբ Իսահակ դադարեցաւ Յակոբը օրհնելէ ու հազիւ թէ Յակոբ իր հօրը Իսահակին առջեւէն ելեր էր, անոր եղբայրը Եսաւ որսէն եկաւ։31. Ան ալ խորտիկներ պատրաստեց ու իր հօրը բերաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Թող իմ հայրս ելլէ ու իր որդիին որսէն ուտէ, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։32. Անոր հայրը Իսահակ ըսաւ անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ես քու որդիդ, քու անդրանիկդ, Եսաւն եմ»։33. Իսահակ խիստ շատ սարսափեցաւ ու ըսաւ. «Այն որսը բռնողն ու ինծի բերողը ո՞վ էր, որ ես քու գալէդ առաջ ամենէն կերայ եւ օրհնեցի զանիկա։ Ա՛լ անշուշտ անիկա օրհնեալ պիտի ըլլայ»։34. Երբ Եսաւ իր հօրը խօսքերը լսեց, խիստ մեծ ու դառն աղաղակով լացաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՜վ հայր իմ»։35. Անիկա ըսաւ. «Քու եղբայրդ եկաւ նենգութեամբ ու քու օրհնութիւնդ առաւ»։36. Եսաւ ըսաւ. «Անոր անունը Յակոբ կոչուելո՞ւն համար է, որ երկու անգամ զիս խաբեց. իմ անդրանկութեան իրաւունքս առաւ եւ ահա հիմա օրհնութիւնս ալ առաւ»։ Նաեւ ըսաւ. «Ինծի համար օրհնութիւն մը չթողուցի՞ր»։37. Եւ Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Եսաւին. «Ահա զանիկա քեզի տէր ըրի եւ անոր բոլոր եղբայրները իրեն ծառաներ ըլլալու տուի ու զանիկա ցորենով ու գինիով հաստատեցի. ալ հիմա քեզի ի՞նչ ընեմ, որդեակ իմ»։38. Եւ Եսաւ իր հօրը ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, քու օրհնութիւնդ միայն մէ՞կ է. զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՛վ հայր իմ»։ Ու Եսաւ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։39. Եւ իր հայրը Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու բնակութիւնդ երկրի պարարտութենէն ու վերէն՝ երկնքի ցօղէն ըլլայ։40. Քու սուրովդ ապրիս ու եղբօրդ ծառայութիւն ընես եւ եթէ անոր դէմ ապստամբիս՝ անոր լուծը քու պարանոցէդ կոտրես»։41. Եւ Եսաւ ատեց Յակոբը այն օրհնութեան համար, որով իր հայրը օրհնեց զանիկա ու Եսաւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Իմ հօրս սուգին օրերը մօտ են, յետոյ իմ եղբայրս Յակոբը պիտի մեռցնեմ»։42. Ռեբեկային պատմուեցան իր մեծ որդիին Եսաւին խօսքերը, ուստի իր պզտիկ որդին Յակոբը կանչել տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու եղբայրդ Եսաւ քեզ մեռցնել խորհելով ՝ քու վրայովդ ինքզինք կը մխիթարէ։43. Հիմա, որդեա՛կ իմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու ելի՛ր դէպի Խառան իմ Լաբան եղբօրս քով փախիր44. Եւ անոր քով կեցիր ատեն մը, մինչեւ եղբօրդ բարկութիւնը անցնի45. Ու քու անոր ըրածդ մոռնայ. ետքը քեզ անկէ բերել կու տամ. ինչո՞ւ ձեր երկուքէն ալ մէկ օրուան մէջ զրկուիմ»։46. Եւ Ռեբեկա ըսաւ Իսահակին. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։Ծննդոց 28:1-221. Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։2. Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ3. Ու Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ ու քեզ աճեցնէ եւ քեզ շատցնէ ու շատ ժողովուրդներու հայր ըլլաս։4. Եւ քեզի Աբրահամին օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ քու սերունդիդ, որպէս զի ժառանգես քու պանդխտացած երկիրդ, որ Աստուած Աբրահամին տուաւ»։5. Իսահակ ղրկեց Յակոբը եւ անիկա գնաց դէպի Միջագետք Ասորի Բաթուէլի որդիին Լաբանին, որ Յակոբին ու Եսաւին մօրը Ռեբեկային եղբայրն էր։6. Եսաւ տեսնելով, որ Իսահակ օրհնեց Յակոբը ու ղրկեց զանիկա դէպի Միջագետք, անկէ իրեն կին առնելու համար եւ զանիկա օրհնած ատենը պատուիրեց անոր ըսելով. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ»7. Եւ Յակոբ հնազանդեցաւ իր հօրը ու մօրը ու Միջագետք գնաց։8. Նաեւ Եսաւ տեսնելով, որ Քանանի աղջիկները իր հօրը Իսահակի հաճելի չեն,9. Այն ատեն Եսաւ Իսմայէլին գնաց եւ իր առաջուան կիներէն զատ՝ Աբրահամին որդիին Իսմայէլին աղջիկը Նաբէօթի քոյրը Մայէլէթը իրեն կին առաւ։10. Յակոբ Բերսաբէէէն ելաւ դէպի Խառան գնաց։11. Տեղ մը հասաւ ու գիշերը հոն մնաց, որովհետեւ արեւը մարը մտած էր եւ այն տեղի քարերէն առաւ ու իր գլխուն տակ դրաւ եւ այն տեղը պառկեցաւ։12. Երազ մը տեսաւ։ Սանդուխ մը երկրի վրայ դրուած էր, որուն գլուխը երկինք կը հասնէր եւ ահա Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ’ելլէին ու կ’իջնէին։13. Եւ ահա Տէրը կայնեցաւ անոր վրայ ու ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու հօրդ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը։ Այդ երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ.14. Եւ քու սերունդդ երկրի աւազին չափ շատ պիտի ըլլայ ու դէպի արեւմուտք եւ արեւելք եւ դէպի հիւսիս ու հարաւ պիտի տարածուի ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով ու քու սերունդովդ պիտի օրհնուին։15. Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում»։16. Յակոբ արթնցաւ իր քունէն ու ըսաւ. «Իրաւցընէ Տէրը այս տեղ է եղեր ու ես չգիտցայ»։17. Եւ վախցաւ ու ըսաւ. «Ի՞նչ ահաւոր է այս տեղը. այս ուրիշ բան չէ՝ բայց միայն Աստուծոյ տունը։ Այս է երկնքի դուռը»։18. Յակոբ առտուն կանուխ ելաւ ու իր գլխուն տակ դրած քարը առաւ եւ զանիկա իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գլուխը իւղ թափեց։19. Եւ այն տեղին անունը Բեթէլ դրաւ. բայց առաջ այն քաղաքին անունը Լուզ էր։20. Եւ Յակոբ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հանդերձ տայ21. Եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ22. Եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ»։Սաղմոսներ 7:9-179. Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։ Բայց դուն արդարը հաստատէ. Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները։10. Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է. Որ կ’ապրեցնէ սրտով ուղիղները։11. Աստուած արդար դատաւոր է Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է.12. Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ. Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։13. Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է, Իր նետերը հալածիչներուն համար՝ ՝ շիներ է։14. Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա. Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։15. Հոր փորեց ու խորունկցուց, Բայց իր շինած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ.16. Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։17. Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար Սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։Առակներ 3:11-1211. Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար.12. Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ ։Մատթեոս 10:1-201. Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։2. Տասներկու առքեալներուն անունները ասոնք են. առաջինը Սիմոն, Պետրոս ըսուածը եւ անոր եղբայրը Անդրէաս,3. Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Յակոբոս Ալփեան եւ Ղեբէոս որ Թադէոս մականուանեցաւ,4. Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զանիկա։5. Յիսուս այս տասներկուքը ղրկեց եւ անոնց պատուիրեց՝ ըսելով. «Հեթանոսներու ճամբայ մի երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի մտնէք,6. Հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։7. Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։8. Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։9. Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։10. Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է։11. Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։12. Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր։13. Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։14. Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք։15. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։16. Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։17. Իսկ մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։18. Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։19. Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։20. Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981