Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 15Ծննդոց 29:1-351. Եւ Յակոբ ճամբայ ելաւ՝ ՝ ու արեւելեան ժողովուրդներուն երկիրը հասաւ։2. Եւ նայեցաւ ու ահա դաշտին մէջ հոր մը կար եւ որուն քով ոչխարներու երեք հօտ պառկեր էր. քանզի այն հորէն կը խմցնէին հօտերը ու հորին բերանը մեծ քար մը կար։3. Բոլոր հօտերը հոն կը հաւաքուէին ու հովիւները հորին բերնէն քարը մէկդի կը գլորէին ու հօտերուն կը խմցնէին, ապա քարը նորէն իր տեղը՝ հորին բերանը կը դնէին։4. Եւ Յակոբ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ եղբայրներս, ուրկէ՞ էք դուք»։ Անոնք ըսին. «Մենք Խառանէն ենք»։5. Ըսաւ անոնց. «Նաքովրի որդին Լաբանը կը ճանչնա՞ք»։ Անոնք ըսին. «Կը ճանչնանք»։6. Ըսաւ անոնց. «Ողջ առո՞ղջ է»։ Անոնք ըսին. «Ողջ է եւ ահա անոր Ռաքէլ աղջիկը ոչխարներուն հետ կու գայ»։7. Անիկա ըսաւ. «Տակաւին իրիկուն ըլլալու շատ ատեն կայ եւ հօտերուն հաւաքուելու ատենը չէ. ոչխարներուն խմցուցէք, գացէք արածեցէ՛ք»։8. Անոնք ըսին. «Մենք չենք կրնար, մինչեւ բոլոր հօտերը մէկտեղ հաւաքուին ու երբ հորին բերնի քարը մէկդի գլորեն, այն ատեն ոչխարներուն կը խմցնենք»։9. Երբ տակաւին անոնց հետ կը խօսէր, Ռաքէլ իր հօրը ոչխարներուն հետ եկաւ. վասն զի անիկա էր անոնց հովիւը։10. Երբ Յակոբ իր մօրեղբօրը Լաբանին Ռաքէլ աղջիկը ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարները տեսաւ, այն ատեն Յակոբ մօտեցաւ, քարը հորին բերնէն գլորեց ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարներուն խմցուց։11. Եւ Յակոբ համբուրեց Ռաքէլը ու ձայնը վերցնելով լացաւ։12. Յակոբ յայտնեց Ռաքէլին թէ ինք անոր հօրը ազգականը ու Ռեբեկային որդին է։ Ռաքէլ վազեց ու իր հօրը պատմեց։13. Երբ Լաբան իր քրոջը որդիին Յակոբին վրայով լսեց, զանիկա դիմաւորելու վազեց եւ գրկեց ու համբուրեց զանիկա ու իր տունը տարաւ։ Յակոբ Լաբանին պատմեց բոլոր այս բաները։14. Լաբան ըսաւ անոր. «Իրաւցընէ դուն իմ ոսկորս ու մարմինս ես» եւ անոր հետ լման ամիս մը կեցաւ։15. Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Դուն իմ եղբայրս ըլլալուդ համար ինծի ձրի՞ պիտի ծառայես։ Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձքդ»։16. Լաբան երկու աղջիկ ունէր, մեծին անունը Լիա ու պզտիկին անունը Ռաքէլ էր։17. Լիային աչքերը տկար էին, բայց Ռաքէլ դէմքով ու տեսքով գեղեցիկ էր։18. Յակոբ սիրեց Ռաքէլը ու ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջկանդ Ռաքէլին համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։19. Լաբան ըսաւ. «Անիկա քեզի տալը ուրիշ մարդու մը տալէն աղէկ է. բնակէ ինծի հետ»։20. Եւ Յակոբ Ռաքէլին համար եօթը տարի ծառայեց ու զանիկա սիրելուն պատճառաւ իրեն քանի մը օրուան չափ երեւցաւ։21. Եւ Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Իմ կինս տուր. քանզի օրերս լեցուած են, որպէս զի անոր մտնեմ»։22. Եւ Լաբան այն տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք ըրաւ։23. Սակայն իրիկունը իր Լիա աղջիկը առաւ եւ անոր բերաւ։ Անիկա անոր մտաւ։24. Եւ Լաբան իր աղախինը Զեղփան իր աղջկան Լիային իբր աղախին տուաւ։25. Առտուն՝ ահա անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։26. Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։27. Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ»։28. Յակոբ այնպէս ըրաւ ու Լիային շաբաթը լմնցուց։ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը անոր կին ըլլալու տուաւ։29. Լաբան իր Բաղղա աղախինը իր աղջկան Ռաքէլին իբր աղախին տուաւ։30. Յակոբ Ռաքէլին ալ մտաւ, բայց Ռաքէլը Լիայէն աւելի սիրեց։ Յակոբ եօթը տարի ալ ծառայեց Լաբանին ։31. Տէրը, երբ Լիային ատելի ըլլալը տեսաւ, անոր արգանդը բացաւ. բայց Ռաքէլ ամուլ էր։32. Լիա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Ռուբէն դրաւ. քանզի ըսաւ. «Տէրը իմ տառապանքիս նայելուն համար, ասկէ ետեւ այրս զիս պիտի սիրէ»։33. Նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ Տէրը իմ ատելի ըլլալս լսեց, անոր համար ինծի այս որդին ալ տուաւ»։ Անոր անունը Շմաւոն դրաւ։34. Եւ դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Հիմա այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի միաւորի, քանզի երեք որդի ծնայ իրեն»։ Անոր համար անոր անունը Ղեւի դրաւ։35. Եւ անգամ մըն ալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Այս անգամ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն»։ Անոր համար անոր անունը Յուդա դրաւ ու դադարեցաւ ծնանելէ։Ծննդոց 30:1-431. Երբ Ռաքէլ տեսաւ, որ ինք Յակոբին զաւակներ չծնաւ, իր քրոջ նախանձեցաւ ու Յակոբին ըսաւ. «Ինծի զաւակներ տուր, եթէ ոչ՝ կը մեռնիմ»։2. Յակոբին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ռաքէլին դէմ ու ըսաւ. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ, որ արգանդի պտուղը քեզմէ արգիլեց»։3. Ռաքէլ ըսաւ. «Ահա իմ աղախինս Բաղղա, անոր մտիր ու անիկա իմ ծունկերուս վրայ ծնանի եւ ես ալ անկէ որդիներ ստանամ»։4. Իր Բաղղա աղախինը անոր կին ըլլալու տուաւ։ Յակոբ անոր մտաւ։5. Բաղղա յղացաւ ու Յակոբին որդի մը ծնաւ։6. Ռաքէլ ըսաւ. «Աստուած ինծի դատաստան ըրաւ ու իմ ձայնս ալ լսեց եւ ինծի որդի մը տուաւ»։ Անոր համար անոր անունը Դան դրաւ։7. Ռաքէլի աղախինը Բաղղա դարձեալ յղացաւ ու Յակոբին երկրորդ որդի մը ծնաւ։8. Եւ Ռաքէլ ըսաւ. «Իմ քրոջս հետ մեծ ըմբշամարտութիւնով մարտնչեցայ եւ յաղթեցի»։ Ու անոր անունը Նեփթաղիմ դրաւ։9. Երբ Լիա տեսաւ, որ ինք ծնանելէ դադարեցաւ, իր աղախինը Զեփղան առաւ ու Յակոբին կին ըլլալու տուաւ զանիկա։10. Լիային աղախինը Զեփղա Յակոբին որդի մը ծնաւ։11. Լիա ըսաւ. «Բաղդս յաջողեցաւ»։ Ու անոր անունը Գադ դրաւ։12. Լիային աղախինը Զեփղա երկրորդ որդի մը ծնաւ Յակոբին։13. Լիա ըսաւ. «Երանելի եմ ես. քանզի աղջիկները ինծի երանի՜ պիտի ըսեն»։ Ու անոր անունը Ասեր դրաւ։14. Ռուբէն գնաց ցորենի հունձքի օրերը ու արտին մէջ մանրագորներ գտաւ ու իր մօրը Լիային բերաւ։ Ռաքէլ ըսաւ Լիային. «Կ’աղաչեմ, տո՛ւր ինծի որդիիդ մանրագորներէն»։15. Անիկա ըսաւ անոր. «Իմ այրս առնելդ քի՞չ եկաւ, որ իմ որդիիս մանրագորներն ալ պիտի առնես»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ուստի քու որդիիդ մանրագորներուն համար այս գիշեր քեզի հետ թող պառկի»։16. Իրիկունը երբ Յակոբ դաշտէն կու գար, Լիա զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Ինծի պիտի մտնես, քանզի իրաւցընէ վարձքով առի քեզ իմ որդիիս մանրագորներովը»։ Այն գիշեր անոր հետ պառկեցաւ։17. Եւ Աստուած լսեց Լիային ձայնը ու յղացաւ ու Յակոբին հինգերորդ որդի մը ծնաւ։18. Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի վարձք տուաւ, որովհետեւ աղախինս իմ էրկանս տուի»։ Անոր անունը Իսաքար դրաւ։19. Լիա նորէն յղացաւ ու Յակոբին վեցերորդ որդի մը ծնաւ։20. Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի բարի պարգեւ մը պարգեւեց. այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի բնակի, որովհետեւ իրեն վեց որդի ծնայ»։ Անոր անունը Զաբուղոն դրաւ։21. Անկէ յետոյ աղջիկ մը ծնաւ ու անոր անունը Դինա դրաւ։22. Եւ Աստուած յիշեց Ռաքէլը ու Աստուած լսեց անոր աղօթքը եւ անոր արգանդը բացաւ23. Ու յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Աստուած իմ նախատինքս վերցուց»24. Եւ անոր անունը Յովսէփ դրաւ ու ըսաւ. «Տէրը ինծի ուրիշ որդի մըն ալ պիտի աւելցնէ»։25. Երբ Ռաքէլ Յովսէփը ծնաւ, Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Թող տուր որ իմ տեղս ու իմ երկիրս երթամ.26. Իմ կիներս ու տղաքներս, որոնց համար քեզի ծառայեցի, տո՛ւր ինծի որ երթամ. քանզի քեզի ըրած ծառայութիւնս դուն գիտես»։27. Լաբան ըսաւ անոր. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, կեցի՛ր. քանզի փորձով գիտցայ՝ ՝ որ Տէրը քեզի համար զիս օրհնեց»28. Եւ ըսաւ. «Քու վարձքդ ինծի իմացուր ու պիտի վճարեմ»։29. Յակոբ ըսաւ անոր. «Դուն գիտես թէ ես ի՛նչպէս ծառայեցի քեզի, քու անասուններդ ի՛նչպէս էին իմ քովս.30. Վասն զի իմ գալէս առաջ քիչ էր քու ունեցածդ եւ խիստ շատցաւ ու Տէրը քեզ օրհնեց իմ գալովս եւ հիմա ես ալ իմ տանս համար ե՞րբ պիտի աշխատիմ»։31. Անիկա ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ տամ»։ Յակոբ ըսաւ. «Ինծի բան մը մի՛ տար. եթէ այս բանը ինծի ընես, նորէն քու հօտերդ կ’արածեմ ու կը պահեմ։32. Այսօր քու բոլոր հօտերուդ մէջէն անցնիմ, անկէ ամէն պիսակ ու խայտախարիւ ոչխարը եւ ամէն սեւ ոչխարը ու խայտախարիւ եւ պիսակ այծերը զատեմ ու իմ վարձքս անոնք ըլլան։33. Եւ ասկէ ետեւ՝ իմ արդարութիւնս քու առջեւդ պիտի յայտնուի, երբ իմ վարձքիս հոգ տանիս։ Իմ քովս գտնուած ամէն պիսակ ու խայտախարիւ չեղած այծ ու սեւ չեղած ոչխար գողցուած սեպուի»։34. Եւ Լաբան ըսաւ. «Թող քու ըսածիդ պէս ըլլայ»։35. Այն օրը զատեց բոլորախայտ ու խայտախարիւ նոխազները եւ բոլոր պիսակ ու խայտախարիւ էգ այծերը եւ ամէն ճերմակ ունեցողը ու բոլոր սեւ ոչխարները եւ իր որդիներուն ձեռքը տուաւ։36. Եւ իր ու Յակոբին մէջտեղ երեք օրուան ճամբայի միջոց մը դրաւ։ Յակոբ Լաբանին մնացած հօտերը կ’արածէր։37. Յակոբ իրեն դալար կաղամախի եւ նուշի ու սօսիի գաւազաններ առաւ եւ անոնց կեղեւները տեղ տեղ հանեց, այնպէս որ գաւազաններուն մէջ եղած ճերմակը կ’երեւնար։38. Եւ իր կեղուած գաւազանները ջուր խմցնելու աւազաններուն մէջ դրաւ, որպէս զի երբ հօտերը ջուր խմելու գան, այն գաւազանները ոչխարներուն առջեւ ըլլան եւ անոնք՝ խմելու եկած ատենին տաքնան։39. Ու ոչխարները գաւազաններուն առջեւ տաքնալով՝ բոլորախայտ, պիսակ եւ խայտախարիւ գառներ կը ծնանէին։40. Եւ Յակոբ կը զատէր գառները ու հօտերուն երեսը Լաբանի հօտերուն մէջ եղած բոլորախայտ ու ամէն սեւ ոչխարներուն կը դարձնէր եւ իր հօտերը զատ դրաւ ու զանոնք Լաբանի հօտերուն քով չդրաւ։41. Երբ զօրաւոր ոչխարները կը տաքնային, Յակոբ այն գաւազանները ոչխարներուն աչքին առջեւ՝ աւազաններուն մէջ կը դնէր, որպէս զի գաւազաններուն առջեւ տաքնան։42. Բայց տկար ոչխարներուն չէր դներ. այսպէս տկարները Լաբանին ու զօրաւորները՝ Յակոբին կ’ըլլային։43. Եւ Յակոբ խիստ հարստացաւ եւ շատ հօտեր եւ աղախիններ ու ծառաներ եւ ուղտեր ու էշեր ունեցաւ։Սաղմոսներ 8:1-51. Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։2. Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։3. Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,4. Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կընես։5. Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.Առակներ 3:13-1813. Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ Ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ.14. Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է Ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։15. Անիկա գոհարներէն պատուական է Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։16. Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն Եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։17. Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։18. Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է Ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան։Մատթեոս 10:21-4221. Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։22. Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։23. Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ։24. Աշակերտը իր վարդապետէն աւելի չէ եւ ոչ ծառան՝ իր տիրոջմէն։25. Հերիք է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ ու ծառային՝ իր տիրոջը պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, ո՜րչափ աւելի անոր ընտանիքը։26. Ուստի մի՛ վախնաք անոնցմէ, վասն զի բան մը չկայ ծածուկ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ պիտի չգիտցուի։27. Ինչ որ ձեզի մութի մէջ կ’ըսեմ, զանիկա լոյսի մէջ խօսեցէք եւ ինչ որ ականջն ի վար կը լսէք, տանիքներուն վրայ քարոզեցէք։28. Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։29. Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։30. Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։31. Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք։32. Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։33. Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։34. «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։35. Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։36. Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան։37. Ան որ հայրը կամ մայրը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ։38. Ան որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։39. Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա։40. «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի։41. Ան որ մարգարէ մը կ’ընդունի մարգարէի անունով, մարգարէի վարձք պիտի առնէ եւ ան որ արդար մը կ’ընդունի արդարի անունով, արդարի վարձք պիտի առնէ։42. Ու ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981