Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հունվար 16

1. Յակոբ լսեց Լաբանի որդիներուն խօսածները, որոնք կ’ըսէին. «Յակոբ մեր հօրը բոլոր ունեցածը առաւ ու բոլոր այս հարստութիւնը մեր հօրը ստացուածքէն ստացաւ»։
2. Յակոբ Լաբանին երեսը տեսաւ եւ ահա իրեն երէկուան ու միւս օրուան պէս չէր։
3. Տէրը ըսաւ Յակոբին. «Քու հայրերուդ երկիրը ու քու ազգականներուդ դարձիր ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։
4. Յակոբ մէկը ղրկեց ու Ռաքէլը եւ Լիան դաշտը իր հօտերուն քով կանչել տուաւ
5. Ու ըսաւ անոնց. «Ես ձեր հօրը երեսը կը տեսնեմ, որ ինծի երէկուան ու միւս օրուան պէս չէ. բայց իմ հօրս Աստուածը ինծի հետ եղաւ։
6. Եւ դուք գիտէք, որ ես իմ բոլոր զօրութիւնովս ձեր հօրը ծառայեցի.
7. Իսկ ձեր հայրը զիս խաբեց ու իմ վարձքս տասը անգամ փոխեց. բայց Աստուած չթողուց զանիկա, որ ինծի վնաս մը հասցնէ։
8. Վասն զի եթէ անիկա այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ պիսակները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները պիսակ պիտի ծնանէին եւ եթէ այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ բոլորախայտները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները բոլորախայտ պիտի ծնանէին։
9. Այսպէս Աստուած ձեր հօրը հօտերը առաւ ու ինծի տուաւ։
10. Եւ եղաւ որ հօտերուն ջերմացած ատենը, աչքերս վերցուցի ու երազի մէջ տեսայ եւ ահա հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազները ու խոյերը ամէնքն ալ խայտախարիւ, պիսակ եւ գորշախայտ էին։
11. Եւ Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ ինծի երազի մէջ. ‘Ո՛վ Յակոբ’ ու ես ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։
12. Եւ ըսաւ. ‘Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազներուն նայէ. քանզի Լաբանին բոլոր քեզի ըրածները տեսայ։
13. Ես եմ Բեթէլի Աստուածը, ուր արձան օծեցիր եւ հոն ինծի ուխտ ըրիր։ Հիմա ելի՛ր գնա այս երկրէն ու քու ծննդեանդ երկիրը դարձիր’»։
14. Ռաքէլ ու Լիա պատասխան տուին ու ըսին. «Տակաւին մեր հօրը տունը մեզի համար բաժին ու ժառանգութիւն կա՞յ։
15. Մենք օտարականներ չսեպուեցա՞նք անոր, քանզի մեզ ծախեց ու մեր ստակն ալ բոլորովին կերաւ։
16. Վասն զի բոլոր հարստութիւնը որ Աստուած մեր հօրմէն վերցուց, մերն է ու մեր զաւակներունն է եւ հիմա ինչ որ Աստուած քեզի ըսաւ, ըրէ՛»։
17. Ուստի Յակոբ ելաւ ու իր որդիները ու կիները ուղտերու վրայ հեծցուց
18. Եւ իր բոլոր անասունները ու իր բոլոր ստացուածքը որ ինք ստացաւ, իր ստացած անասունները, որոնք Միջագետքի մէջ ստացաւ, ճամբայ հանեց Քանանի երկիրը՝ դէպի իր Իսահակ հայրը երթալու։
19. Լաբան իր խաշինքը ասրակտուր ընելու գացեր էր ու Ռաքէլ իր հօրը կուռքերը գողցաւ։
20. Յակոբ Ասորի Լաբանէն գաղտուկ փախաւ՝ ՝, քանզի իր փախչիլը չգիտցուց անոր։
21. Այսպէս անիկա իր բոլոր ունեցածովը փախաւ ու ելաւ ու Գետէն անցաւ եւ իր երեսը դէպի Գաղաադ լեռը շտկեց։
22. Երրորդ օրը Յակոբին փախչիլը Լաբանին պատմուեցաւ։
23. Անիկա իր եղբայրները հետը առնելով, անոր ետեւէն եօթը օրուայ ճամբայ գնաց ու անոր հասաւ Գաղաադ լեռը։
24. Աստուած գիշերը երազի մէջ Ասորի Լաբանին եկաւ ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցիր որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս»։
25. Երբ Լաբան հասաւ Յակոբին, ան իր վրանը լեռը կանգնեցուցեր էր։ Լաբան իր եղբայրներուն հետ Գաղաադ լեռը ելաւ։
26. Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ, որ ինծմէ գաղտուկ փախար եւ իմ աղջիկներս սուրով առնուած գերիներու պէս վարեցիր։
27. Ինչո՞ւ փախչիլդ գաղտուկ պահեցիր եւ ինծմէ փախար ու ինծի չիմացուցիր, որ ես քեզ ուրախութեամբ ու երգերով, թմբուկներով ու քնարներով ղրկէի։
28. Եւ չթողուցիր, որ իմ որդիներս ու աղջիկներս համբուրէի. հիմա այս բանը անմտութեամբ ըրիր։
29. Ձեզի չարիք ընելու զօրութիւնը ունիմ, բայց ձեր հօրը Աստուածը երէկ գիշեր ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զգո՛յշ կեցիր, որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս’։
30. Եւ հիմա՝ թէպէտեւ քու հօրդ տունը կարօտցած ըլլալուդ համար գացիր, բայց ինչո՞ւ իմ աստուածներս գողցար»։
31. Եւ Յակոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Լաբանին. « Գաղտուկ երթալուս պատճառը այն էր, որ վախցայ, քանզի ըսի. ‘Չըլլայ որ քու աղջիկներդ բռնութեամբ ինծմէ առնես’.
32. Բայց քու աստուածներդ որու քով որ գտնես, թող անիկա չապրի։ Մեր եղբայրներուն առջեւ քննէ ու նայէ՛, եթէ իմ քովս քու մէկ բանդ գտնես ՝ ա՛ռ». քանզի Յակոբ չէր գիտեր թէ Ռաքէլ գողցեր էր զանոնք։
33. Լաբան Յակոբին վրանը ու Լիային վրանը եւ երկու աղախիններուն վրանը մտաւ, բայց չգտաւ. ետքը Լիային վրանէն ելաւ ու Ռաքէլին վրանը մտաւ։
34. Ռաքէլ առաւ կուռքերը ու զանոնք ուղտի պատատին մէջ դրաւ ու վրան նստաւ. Լաբան բոլոր վրանը փնտռեց, բայց չգտաւ։
35. Եւ անիկա իր հօրը ըսաւ. «Իմ տիրոջս աչքերուն ծանր չերեւնայ, որ քու առջեւդ չեմ կրնար ոտքի ելլել. քանզի կանանց սովորութեանը մէջ եմ»։ Այսպէս փնտռեց, բայց կուռքերը չգտաւ։
36. Յակոբ բարկացաւ ու Լաբանին հետ կը վիճէր։ Յակոբ պատասխան տուաւ ու Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է իմ յանցանքս, ի՞նչ է իմ մեղքս, որ տաքութիւնով ետեւէս ինկար։
37. Քանի որ իմ բոլոր կարասիներս խառնեցիր, քու տանդ ամէն կարասիքէն ինչ որ գտար, իմ եղբայրներուս ու քու եղբայրներուդ առջեւ դիր, որպէս զի երկուքիս մէջտեղ դատաստան կտրեն։
38. Լման քսան տարի է, որ քեզի հետ եմ. ոչխարներդ ու այծերդ չվիժեցան եւ քու հոտիդ խոյերը չկերայ։
39. Գազաններէն գիշատուածը չբերի քեզի, վնասը ես կը քաշէի. ցորեկը գողցուածը ու գիշերը գողցուածը իմ ձեռքէս կը պահանջէիր։
40. Այսպէս էի. ցորեկը տաքը ու գիշերը ցուրտը կը մաշէր զիս եւ աչքերէս քունս կը փախչէր։
41. Այսպէս եղայ քսան տարի քու տանդ մէջ. քու երկու աղջիկներուդ համար տասնըչորս տարի ծառայեցի քեզի եւ հօտերուդ համար վեց տարի ծառայեցի եւ իմ վարձքս տասը անգամ փոխեցիր։
42. Եթէ իմ հօրս Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Երկիւղը ինծի հետ չըլլային, իրաւցընէ զիս հիմա դատարկ կը ղրկէիր։ Աստուած իմ տառապանքս ու իմ ձեռքիս աշխատութիւնը տեսաւ ու երէկ գիշեր քեզ յանդիմանեց»։
43. Լաբան պատասխան տուաւ ու ըսաւ Յակոբին. «Այս աղջիկները իմ աղջիկներս են եւ այս որդիները իմ որդիներս են եւ այս հօտերը իմ հօտերս են եւ ինչ որ կը տեսնես, իմս են։ Ի՞նչ ընեմ այսօր այս իմ աղջիկներուս կամ իրենց ծնած զաւակներուն։
44. Ուստի հիմա եկուր, ես ու դուն ուխտ ընենք, որ իմ ու քու մէջտեղ վկայութեան համար ըլլայ»։
45. Յակոբ քար մը առաւ ու իբր արձան կանգնեցուց։
46. Յակոբ իր ազգականներուն ըսաւ. «Քարեր հաւաքեցէ՛ք»։ Անոնք քարեր առին ու դիզեցին եւ հոն դէզին վրայ հաց կերան։
47. Լաբան անոր անունը Եկար Սահատութա դրաւ, բայց Յակոբ անոր անունը Գաղաադ դրաւ։
48. Լաբան ըսաւ. «Այս դէզը իմ ու քու մէջտեղ վկայ մըն է այսօր». անոր համար անոր անունը Գաղաադ ըսուեցաւ։
49. Եւ Մասփա ալ ըսուեցաւ. քանզի ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ։
50. Եթէ իմ աղջիկներս վշտացնես եւ կամ եթէ իմ աղջիկներուս վրայ ուրիշ կիներ առնես, մեզի հետ մէկը չկայ. ահա իմ ու քու մէջտեղ վկայ Աստուած է»։
51. Եւ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ահա այս դէզը եւ ահա մեր մէջտեղ իմ կանգնեցուցած արձանս։
52. Այս դէզը վկայ ու այս արձանը վկայ ըլլան, որ այս դէզէն չանցնիմ քեզի գալու եւ դուն այս դէզէն ու այս արձանէն չանցնիս ինծի գալու, չարիք ընելու համար։
53. Աբրահամին Աստուածը եւ Նաքովրին Աստուածը, անոնց հայրերուն Աստուածը մեր մէջ դատաւոր ըլլայ». Յակոբ իր հօրը Իսահակին Երկիւղովը երդում ըրաւ։
54. Յակոբ զոհեր մատուցանեց լերանը վրայ ու իր ազգականները հաց ուտելու հրաւիրեց եւ հաց կերան ու գիշերը լեռը մնացին։
55. Եւ Լաբան առտուն կանուխ ելաւ ու իր որդիները ու իր աղջիկները համբուրեց ու օրհնեց զանոնք։ Ապա Լաբան գնաց ու իր տեղը դարձաւ։
1. Յակոբ իր ճամբան գնաց ու Աստուծոյ հրեշտակները անոր պատահեցան։
2. Յակոբ երբ տեսաւ զանոնք, ըսաւ. «Այս Աստուծոյ բանակն է» եւ այն տեղին անունը Մանայիմ դրաւ։
3. Յակոբ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց իր եղբօրը Եսաւին՝ դէպի Սէիր երկիրը, Եդովմի գաւառը.
4. Եւ պատուիրեց անոնց՝ ըսելով. «Իմ տիրոջս Եսաւին այսպէս ըսէք. ‘Քու ծառադ Յակոբ այսպէս կ’ըսէ. Լաբանին քով պանդխտութիւն ըրի ու մինչեւ հիմա ուշացայ.
5. Ես ունիմ արջառներ ու էշեր, հօտեր ու ծառաներ եւ աղախիններ եւ ղրկեցի իմ տիրոջս իմացնելու, որպէս զի քու առջեւդ շնորհք գտնեմ’»։
6. Եւ պատգամաւորները դարձան Յակոբին ու ըսին. «Քու եղբօրդ Եսաւին գացինք ու անիկա ալ չորս հարիւր մարդով քեզ դիմաւորելու կու գայ»։
7. Յակոբ խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ։ Իրեն հետ եղած ժողովուրդը ու հօտերը եւ արջառները եւ ուղտերը երկու խումբի բաժնեց
8. Ու ըսաւ. «Եթէ Եսաւ մէկ խումբին հասնի ու զայն զարնելու ըլլայ, միւս խումբը կ’ազատի»։
9. Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛վ իմ հօրս Աբրահամին Աստուածը ու իմ հօրս Իսահակին Աստուածը, ո՛վ Տէր, որ ըսիր ինծի՝ ‘Քու երկիրդ ու քու հայրենիքդ դարձիր ու քեզի բարիք ընեմ’.
10. Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ։
11. Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։
12. Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չհամրուիր’»։
13. Այն գիշերը հոն կեցաւ ու իր ձեռքը գտնուածէն իր եղբօրը Եսաւին համար ընծաներ պատրաստեց։
14. Երկու հարիւր այծ եւ քսան նոխազ, երկու հարիւր էգ ոչխար եւ քսան խոյ,
15. Երեսուն ծիծ տուող ուղտ իրենց ձագերովը, քառասուն կով ու տասը ցուլ, քսան էգ էշ եւ տասը աւանակ։
16. Ամէն մէկ հօտը զատ զատ իր ծառաներուն ձեռքը յանձնեց ու ըսաւ իր ծառաներուն. «Առջեւս անցէք ու հօտերը իրարմէ քիչ մը հեռու թողուցէք»։
17. Առջեւէն գացողին պատուիրեց՝ ըսելով. «Երբ իմ եղբայրս Եսաւ քեզի պատահի ու հարցնէ, ըսելով՝ ‘Դուն որո՞ւնն ես եւ ո՞ւր կ’երթաս եւ այս առջեւդ եղածները որո՞ւնն են’.
18. Այն ատեն ըսէ թէ քու ծառայիդ Յակոբինն է, իմ տիրոջս Եսաւին ղրկած ընծան է եւ ահա ինք ալ ետեւնիս է»։
19. Եւ այսպէս երկրորդին ու երրորդին եւ հօտերուն ետեւէն բոլոր գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Այս խօսքին պէս ըսէք Եսաւին երբ որ զինք գտնէք,
20. Ահա քու ծառադ Յակոբ ալ ետեւնիս է»։ Քանզի ըսաւ. «Առջեւէս գացող ընծաներով անոր երեսը կը կակուղցնեմ եւ անկէ ետքը անոր երեսը կը տեսնեմ. թերեւս զիս ընդունի»։
21. Այսպէս ընծաները անոր առջեւէն գացին, իսկ ինք այն գիշերը հոն մնաց բանակին մէջ։
22. Նոյն գիշերը ելաւ ու իր երկու կիները եւ իր երկու աղախինները ու իր տասնըմէկ որդիները առաւ եւ Յաբոկի անցքէն անցաւ։
23. Առաւ զանոնք ու վտակէն անցուց եւ իր բոլոր ունեցածը անցուց։
24. Յակոբ մինակ մնաց ու մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս
25. Եւ երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ անոր հետ գօտեմարտած ատենը Յակոբին զստին ամոլաջիլը խախտեցաւ։
26. Եւ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, քանզի արշալոյսը երեւցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ թողուր քեզ, մինչեւ որ զիս չօրհնես»։
27. Անիկա ըսաւ իրեն. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։
28. Անիկա ըսաւ. «Ալ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ. վասն զի Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր»։
29. Եւ Յակոբ հարցուց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, անունդ ըսէ ինծի »։ Անիկա ըսաւ. «Ինչո՞ւ իմ անունս կը հարցնես» եւ հոն օրհնեց զանիկա։
30. Յակոբ այն տեղին անունը Փանուէլ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած դէմ առ դէմ տեսայ ու իմ անձս ողջ մնաց»։
31. Եւ Փանուէլէն անցածին պէս արեւը անոր վրայ ծագեցաւ ու իր զստին վրայ կը կաղար։
32. Անոր համար Իսրայէլի որդիները զստին վրայի թմրած ջիղը՝ ՝ չեն ուտեր մինչեւ այսօր, որովհետեւ Յակոբին զստին թմրած ջիղին՝ ՝ դպաւ։
6. Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա. Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.
7. Բոլոր ոչխարները ու արջառները, Նաեւ վայրենի անասունները,
8. Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։
9. Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։
19. Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։
20. Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռին Ու ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։
1. Երբ Յիսուս լմնցուց իր տասներկու աշակերտներուն պատուէր տալը, գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու։
2. Յովհաննէս բանտին մէջ երբ լսեց Քրիստոսի գործերը, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ հարցուց անոր.
3. «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։
4. Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք.
5. Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։
6. Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։
7. Երբ անոնք գացին, Յիսուս սկսաւ ժողովուրդին ըսել Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։
8. Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա փափուկ հանդերձներ հագնողները թագաւորներուն տուներն են։
9. Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի։
10. Վասն զի ասիկա է՝ որու համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։
11. Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է։
12. Ու Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։
13. Վասն զի բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։
14. Եթէ կ’ուզէք ընդունիլ, անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար։
15. Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։
16. Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն,
17. Ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։
18. Վասն զի Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։
19. Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։
20. Այն ատեն սկսաւ նախատել այն քաղաքները, որոնց մէջ կատարեր էր իր հրաշքներէն շատերը, քանզի չապաշխարեցին.
21. «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք ձեր մէջ եղան, շատոնցմէ քուրձով ու մոխիրով ապաշխարած պիտի ըլլային։
22. Բայց ձեզի կ’ըսեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան թէ ձեզի։
23. Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես, վասն զի եթէ Սոդոմի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք քու մէջդ եղան, իրաւ որ մինչեւ այսօր դեռ պիտի մնար։
24. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»։
25. Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։
26. Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։
27. Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։
28. Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։
29. Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք.
30. Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981