Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 17Ծննդոց 33:1-201. Յակոբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա Եսաւ կու գար ու անոր հետ չորս հարիւր մարդ, ուստի իր զաւակները Լիային, Ռաքէլին ու երկու աղախիններուն բաժնեց։2. Աղախինները իրենց զաւակներովը առջեւը դրաւ եւ Լիան իր զաւակներովը ետեւը եւ Ռաքէլը ու Յովսէփը ամենէն ետեւը։3. Իսկ ինք անոնց առջեւ անցաւ ու մինչեւ իր եղբօրը մօտենալը, գետնին հաւասար եօթը անգամ խոնարհութիւն ըրաւ։4. Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա եւ լացին։5. Եսաւ իր աչքերը վերցուց ու տեսաւ կիները ու զաւակները եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ի՞նչդ են»։ Անիկա ըսաւ. «Աստուծոյ քու ծառայիդ պարգեւած զաւակներն են»։6. Այն ատեն աղախինները ու անոնց զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին7. Եւ Լիա ալ ու իր զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին եւ ետքը Յովսէփ ու Ռաքէլ մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին։8. Ու Եսաւ ըսաւ. «Այս քու միւս խումբդ ի՞նչ պիտի ըլլայ, որուն ես հանդիպեցայ». Յակոբ ըսաւ. «Իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնելու համար է»։9. Եսաւ ըսաւ. «Ես շատ ունիմ, եղբայր իմ, քուկդ քեզի ըլլայ»։10. Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛չ, կ’աղաչեմ քեզի, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, իմ ձեռքէս ընծաս ընդունէ. քանզի քու երեսդ Աստուծոյ երեսը տեսնելու պէս տեսայ եւ ինծի հաճեցար։11. Շնորհք ըրէ՛, քեզի բերուած ընծաս ա՛ռ. քանզի Աստուած ողորմեցաւ ինծի եւ քանզի ես ամէն բան ունիմ»։12. Ստիպեց, մինչեւ որ ան ալ ընդունեց։ Անիկա ըսաւ. «Ելլենք երթանք ու ես քու առջեւէդ կ’երթամ»։13. Յակոբ ըսաւ անոր. «Իմ տէրս գիտէ որ զաւակները մատղաշ են ու ինծի հետ եղած հօտերն ու արջառները ձագերով են, եթէ մէկ օր բռնութեամբ վարեն զանոնք, բոլոր հօտերը պիտի մեռնին։14. Ուստի թող իմ տէրս իր ծառային առջեւ անցնի ու ես կամաց կամաց առջեւս եղած անասուններուն ոտքովը ու տղաքներուն ոտքովը քալեմ, մինչեւ իմ տիրոջս Սէիր հասնիմ»։15. Եսաւ ըսաւ. «Արդ ինծի հետ եղող ժողովուրդէն մաս մը քու քովդ ձգեմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է. թող իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնեմ»։16. Այսպէս Եսաւ այն օրը իր ճամբան դարձաւ դէպի Սէիր։17. Եւ Յակոբ Սոկքովթ չուեց ու իրեն տուն մը շինեց եւ իր հօտերուն փարախներ շինեց. անոր համար այն տեղին անունը Սոկքովթ կոչուեցաւ։18. Յակոբ Միջագետքէն դարձած ատենը Սիւքեմացիներուն Սաղէմ քաղաքը հասաւ, որ Քանանի երկրին մէջ է եւ քաղաքին առջեւ բանակեցաւ։19. Եւ իր վրանը կանգնած արտին մէկ մասը Սիւքէմին հօրը Եմովրի որդիներէն ծախու առաւ հարիւր կտոր ստակի՝ ՝։20. Եւ հոն սեղան մը շինեց ու անունը Էլէլօհէ-Իսրայէլ՝ ՝ դրաւ։Ծննդոց 34:1-311. Լիայի՝ Յակոբին ծնած՝ աղջիկը Դինա այն երկրին աղջիկները տեսնելու ելաւ։2. Ու այն երկրին իշխանը Խեւացի Եմովրի որդին Սիւքէմ տեսաւ զանիկա եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ ու պղծեց զանիկա։3. Անոր հոգին Յակոբին Դինա աղջկանը յարեցաւ ու սիրեց աղջիկը եւ աղջկան քաղցրութեամբ խօսեցաւ։4. Սիւքէմ իր հօրը Եմովրին ըսաւ. «Այս աղջիկը ինծի կին առ»։5. Յակոբ լսեց, որ անիկա իր Դինա աղջիկը պղծեց. բայց իր որդիները իր հօտերուն հետ դաշտն էին ու մինչեւ անոնց գալը Յակոբ լուռ կեցաւ։6. Սիւքէմին հայրը՝ Եմովր՝ գնաց Յակոբին, որպէս զի անոր հետ խօսի։7. Յակոբին որդիները լսածնուն պէս՝ դաշտէն եկան. զայրացան ու խիստ բարկացան. քանզի ան Յակոբին աղջկանը հետ պառկելով՝ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ, որ այսպէս ըլլալու չէր։8. Եմովր խօսեցաւ անոնց հետ՝ ըսելով. «Իմ Սիւքէմ որդիիս հոգին ձեր աղջկան սիրահարեցաւ. կ’աղաչեմ ձեզի, զանիկա անոր կնութեան տուէք9. Եւ մեզի հետ խնամութիւն ըրէք. ձեր աղջիկները մեզի տուէք ու մեր աղջիկները ձեզի առէք10. Եւ մեզի հետ բնակեցէք ու այս երկիրը ձեր առջեւ թող ըլլայ. անոր մէջ բնակեցէք ու առուտուր ըրէք եւ անոր մէջ կալուածներ ստացէք»։11. Սիւքէմ ըսաւ աղջկան հօրը ու անոր եղբայրներուն. «Թող ձեր առջեւ շնորհք գտնեմ եւ ինչ որ ինծի ըսէք, կու տամ։12. Խնդրեցէ՛ք ինծմէ խիստ շատ օժիտ ու ընծայ ու ինծի ըսածնուդ պէս պիտի տամ. միայն թէ աղջիկը ինծի տուէք՝ կին ըլլալու համար»։13. Եւ Յակոբին որդիները խաբէութեամբ պատասխան տուին Սիւքէմին ու անոր հօրը Եմովրին ու ըսին. (քանի որ անիկա իրենց Դինա քոյրը պղծեց.)14. «Մենք այս բանը չենք կրնար ընել, որ մեր քոյրը անթլփատ մարդու մը տանք. վասն զի այդ մեզի ամօթ բան է.15. Բայց միայն այն ատեն կը հաճինք ձեզի, երբ ձեր ամէն արուն թլփատուելով՝ մեզի պէս ըլլաք.16. Այն ատեն մեր աղջիկները ձեզի կու տանք եւ ձեր աղջիկները մեզի կ’առնենք ու ձեզի հետ կը բնակինք ու ձեզի հետ մէկ ժողովուրդ կ’ըլլանք։17. Բայց եթէ մեզի մտիկ չընելով՝ չթլփատուիք, այն ատեն մենք մեր աղջիկը կ’առնենք ու կ’երթանք»։18. Անոնց խօսքը հաճելի եղաւ Եմովրին ու Եմովրի որդիին Սիւքէմին։19. Այն պատանին այս բանը ընելու չուշացաւ, քանզի Յակոբին աղջկանը զմայլած էր եւ իր հօրը տանը մէջ եղողներուն ամենէն պատուականն էր անիկա։20. Եմովր եւ անոր որդին Սիւքէմ իրենց քաղաքին դուռը եկան ու իրենց քաղաքին մարդոցը հետ խօսեցան՝ ըսելով.21. «Այս մարդիկը խաղաղութեամբ կը վարուին մեզի հետ. ուստի թող այս երկրին մէջ բնակին ու անոր մէջ առուտուր ընեն, քանզի ահա երկիրը ընդարձակ է անոնց առջեւ. եկէ՛ք, անոնց աղջիկները մեզի կին առնենք եւ մեր աղջիկներն ալ անոնց տանք։22. Բայց այն մարդիկը մեզի հետ բնակելու, մէկ ժողովուրդ ըլլալու համար միայն այս բանը կը պահանջեն մեզմէ, որ իրենց թլփատուելուն պէս, մեր ամէն արուն թլփատուի.23. Անոնց հօտերը ու անոնց ստացուածքը եւ ամէն անասունները մերը չե՞ն ըլլար. միայն թէ մենք անոնց հաճինք, որ մեզի հետ բնակին»։24. Եմովրին եւ անոր որդիին Սիւքէմին մտիկ ըրին անոնք՝ որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ըլլէին։ Ամէն արու, որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ելլէր, թլփատուեցաւ։25. Երրորդ օրը երբ անոնք ցաւի մէջ էին, Յակոբին երկու որդիները, Շմաւոն ու Ղեւի՝ Դինային եղբայրները՝ ամէն մէկը իր սուրը առաւ եւ համարձակ քաղաքը մտան ու սպաննեցին բոլոր արուները26. Եւ Եմովրը եւ անոր որդին Սիւքէմը սուրի բերնէ անցուցին եւ Սիւքէմին տունէն առին Դինան ու դուրս ելան։27. Եւ Յակոբին որդիները սպաննուածներուն վրայ եկան ու քաղաքը կողոպտեցին իրենց քոյրը պղծելնուն համար։28. Անոնց հօտերը ու անոնց արջառները ու էշերը եւ քաղաքին մէջ եղածը ու դաշտին մէջ եղածը առին29. Եւ անոնց բոլոր տղաքները ու կիները գերի առին եւ տուներուն մէջ բոլոր գտնուածը կողոպտեցին։30. Յակոբ ըսաւ Շմաւոնին ու Ղեւիին. «Զիս այս երկրին բնակիչներուն, Քանանացիներուն ու Փերեզացիներուն մէջ ատելի ընելով՝ զիս փորձանքի մէջ ձգեցիք եւ ինծի հետ քիչ մարդիկ ըլլալով՝ անոնք իմ վրաս պիտի հաւաքուին ու զիս պիտի զարնեն եւ ես ու իմ տունս պիտի կորսուինք»։31. Անոնք ըսին. «Հապա պէ՞տք էր, որ մեր քոյրը բոզի պէս գործածէին»։Սաղմոսներ 9:1-51. Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս. Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։2. Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ. Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Բարձրեալ։3. Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննին Քու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին.4. Վասն զի դատաստանս եւ իրաւունքս դուն տեսար. Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր։5. Հեթանոսները յանդիմանեցիր, Ամբարիշտը կորսնցուցիր, Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։Առակներ 3:21-2621. Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան, Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ22. Եւ քու հոգիիդ՝ կեանք Ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան։23. Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես Եւ քու ոտքդ պիտի չսահի։24. Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։25. Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն, երբ գայ,26. Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։Մատթեոս 12:1-211. Յիսուս շաբաթ օր մը կ’երթար արտերուն մէջէն, երբ իր աշակերտները անօթեցան, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել։2. Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր. «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ շաբաթ օրը գործել»։3. Ան ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին.4. Մտաւ Աստուծոյ տունը եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ, որ ո՛չ իրեն օրինաւոր էր ուտել եւ ո՛չ անոնց որ իրեն հետ էին, բայց միայն քահանաներուն։5. Կամ թէ օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, որ քահանաները շաբաթ օրերը տաճարին մէջ շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են։6. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։7. Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր.8. Քանզի Որդին մարդոյ շաբաթին տէրն է»։9. Անկէ երթալով՝ գնաց անոնց ժողովարանը։10. Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը չորցած էր։ Հարցուցին անոր. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է», որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։11. Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա։12. Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն։ Ուրեմն շաբաթ օրը բարի գործել արժան է»։13. Այն ատեն ըսաւ այն մարդուն. «Երկնցուր ձեռքդ»։ Ան ալ երկնցուց ու ողջնցաւ միւսին պէս։14. Իսկ փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ անոր վրայով խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս զանիկա կորսնցնեն։15. Յիսուս երբ գիտցաւ, դատուեցաւ անկէ եւ շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց,16. Բայց սաստիկ պատուիրեց անոնց, որ զինք մարդո՛ւ չյայտնեն.17. Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը.18. «Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։19. Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։20. Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։21. Եւ հեթանոսները անոր անունը պիտի յուսան»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981