25. Եւ Ռաքէլին Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ։
26. Եւ Լիային Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբին որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնան անոր։
27. Յակոբ եկաւ իր հօրը Իսահակին՝ դէպի Մամբրէ, Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոն, ուր Աբրահամ ու Իսահակ պանդխտութեամբ բնակեցան։
28. Իսահակին օրերը հարիւր ութսուն տարի եղան։
29. Իսահակ ծերացած ու օրերը լեցուած՝ աւանդեց հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ ու անոր որդիները Եսաւ ու Յակոբ թաղեցին զանիկա։
1. Ասոնք են Եսաւին ծնունդները որ է Եդովմ։
2. Եսաւ իրեն կիներ առաւ Քանանի աղջիկներէն, Քետացի Ելօնին աղջիկը՝ Ադդան ու Խեւացի Սեբեգօնին աղջկանը Անային աղջիկը՝ Ողիբաման
3. Եւ Իսմայէլին աղջիկը՝ Նաբէօթին քոյրը՝ Բասեմաթը։
4. Եւ Ադդա ծնաւ Եսաւին՝ Եղիփազը ու Բասեմաթ ծնաւ Ռագուէլը։
5. Եւ Ողիբամա ծնաւ Յեուսը ու Յեղգոմը եւ Կորխը։ Ասոնք են Եսաւին որդիները, որոնք ծնան իրեն Քանանի երկրին մէջ։
6. Եսաւ առաւ իր կիներն ու տղաքները եւ աղջիկները ու իր տանը բոլոր մարդիկը եւ իր հօտերը ու իր բոլոր անասունները եւ իր բոլոր ստացուածքը, որ Քանանի երկրին մէջ ստացաւ եւ իր եղբօրը Յակոբին երեսէն ուրիշ երկիր մը գնաց,
7. Քանզի իրենց ստացուածքին շատ ըլլալուն համար չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ եւ իրենց հօտերուն պատճառաւ իրենց պանդխտութեամբ բնակած երկիրը բաւական չէր իրենց։
8. Եսաւ Սէիր լեռը բնակեցաւ։ Եսաւ Եդովմն է։
9. Սէիր լեռը եղող Եդովմայեցիներու հօր Եսաւին ծնունդները ասոնք են։
10. Եսաւին որդիներուն անունները ասոնք են. Եսաւին կնոջ Ադդային որդին Եղիփազ ու Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդին Ռագուէլ։
11. Եղիփազի որդիները Թեման, Օմար, Սեփով եւ Գոթամ ու Կենէզ էին։
12. Թամնա Եսաւին որդիին Եղիփազի հարճն էր, որ Եղիփազին Ամաղէկը ծնաւ, Եսաւին կնոջ Ադդային որդիները ասոնք էին։
13. Ռագուէլին որդիներն էին՝ Նահաթ, Զարա, Սամմա ու Մէզա։ Ասոնք էին Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդիները։
14. Եսաւին կնոջ Սեբեգօնի աղջկանը Անային աղջկանը Ողիմաբայի որդիները ասոնք են եւ Եսաւին ծնաւ՝ Յեուսը ու Յեգղոմը եւ Կորխը։
30. Դիսօն իշխան, Եսեր իշխան, Դիսան իշխան. ասոնք են Քոռեցիներու իշխանները Սէիրի երկրին մէջ՝ իրենց իշխանութեան գաւառներուն համեմատ։
31. Ասոնք են այն թագաւորները, որ Եդովմի երկրին մէջ թագաւորեցին, Իսրայէլի որդիներուն վրայ թագաւոր մը թագաւորելէն առաջ։
32. Բէովրին որդին Բաղա թագաւորեց Եդովմի մէջ ու անոր քաղաքին անունը Դեննաբա էր։
33. Բաղա մեռաւ ու անոր տեղ Բօսրացի Զարայի որդին Յոբաբ թագաւորեց։
34. Յոբաբ մեռաւ ու անոր տեղ Թեմանացիներու երկրէն Հուսամ թագաւորեց։
35. Հուսամ մեռաւ ու անոր տեղ Բադադին որդին Ադադ թագաւորեց, որ Մովաբի դաշտին մէջ Մադիանացիները կոտորեց։ Անոր քաղաքին անունը Աւիթ էր։
36. Ադադ մեռաւ ու անոր տեղ Մասրեկացի Սամաղան թագաւորեց։
37. Սամաղան մեռաւ ու անոր տեղ Գետին քով Ռոբովաթէն եղող Սաւուղը թագաւորեց։
38. Սաւուղ մեռաւ ու անոր տեղ Աքոբորի որդին Բաղաանան թագաւորեց։
39. Աքոբորի որդին Բաղաանան մեռաւ ու անոր տեղ Ադադ թագաւորեց։ Անոր քաղաքին անունը Փոգով էր ու անոր կնոջ անունը Մետաբեէլ էր, որ Մէզաաբի աղջկանը Մատրեթին աղջիկն էր։
40. Եւ իրենց տոհմերուն ու իրենց տեղերուն համեմատ իրենց անուններովը՝ Եսաւէն եղած իշխաններուն անունները ասոնք են՝ Թամնա իշխան, Գաղուա իշխան, Յեթա իշխան, Ողիմաբա իշխան,
28. Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր Եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։
29. Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր, Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։
30. Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր, Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։
22. Այն ատեն կոյր ու համր դիւահար մը բերին իրեն եւ զանիկա բժշկեց, այնպէս որ համր ու կոյրը խօսեցաւ ու տեսաւ։
23. Բոլոր ժողովուրդը զարմացած կ’ըսէին. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթին որդին»։
24. Բայց փարիսեցիները երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը»։
25. Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։
26. Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը։
27. Ու եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն. ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։
28. Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։
29. Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։
30. Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ։
31. Անոր համար ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց’։
32. Ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհ ին մէջ։
33. Կամ ծառը բարի ըրէք ու անոր պտուղը բարի, կա՛մ ծառը չար ըրէք ու անոր պտուղը չար. վասն զի ծառը պտուղէն կը ճանչցուի։
34. Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։
35. Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չար բաներ կը հանէ։
36. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’։
37. Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։
38. Այն ատեն դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք իրեն ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։
39. Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։
40. Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։
41. Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանի քարոզութիւնովը զղջացին։ Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս։
42. Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասիկա, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։
43. «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղերը պտըտի՝ հանգստութիւն փնտռէ ու չգտնէ.
44. Այն ատեն կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս, ուրկէ ելայ’։ Կու գայ զանիկա կը գտնէ պարապ, մաքրուած ու յարդարուած։
45. Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին։ Այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին ալ»։
46. Մինչ ինք ժողովուրդին կը խօսէր, իր մայրը ու եղբայրները դուրսը կայներ էին եւ կ’ուզէին իրեն հետ խօսիլ։
47. Մէկը իրեն ըսաւ. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ՛ուզեն քեզի հետ խօսիլ»։
48. Ան ալ իրեն ըսողին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։
49. Եւ իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս.
50. Վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981