Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 19Ծննդոց 37:1-361. Յակոբ իր հօրը պանդխտացած երկրին՝ Քանանի մէջ բնակեցաւ։2. Ասոնք են Յակոբին սերունդները։ Յովսէփ տասնըեօթը տարեկան էր, երբ իր եղբայրներուն հետ հօտերը կ’արածէր եւ պատանի ըլլալով՝ իր հօրը կիներուն Բաղղայի որդիներուն հետ ու Զեղբայի որդիներուն հետ էր։ Յովսէփ անոնց չար լուրը անոնց հօրը կը բերէր։3. Իսրայէլ իր բոլոր որդիներէն աւելի կը սիրէր Յովսէփը, քանզի իր ծերութեանը որդին էր անիկա եւ բազմագոյն պատմուճան մը շինեց անոր։4. Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ։5. Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց։ Անոնք աւելի ատեցին զանիկա։6. Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս.7. ‘Ահա մենք դաշտին մէջ որաներ կը կապէինք։ Իմ որաս ելաւ ու շիտակ կանգնեցաւ եւ ձեր որաներ անոր բոլորտիքը կանգնեցան ու իմ որայիս երկրպագութիւն ըրին։8. Անոր եղբայրները ըսին անոր. «Իրաւցընէ մեր վրա՞յ պիտի թագաւորես, կամ իրաւցընէ մեր վրա՞յ պիտի տիրես»։ Անոր երազներուն ու խօսքերուն համար աւելի ատեցին զանիկա։9. Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ ու զանիկա իր եղբայրներուն պատմեց ու ըսաւ. «Ահա երազ մըն ալ տեսայ։ Ահա արեւն ու լուսինը ու տասնըմէկ աստղեր ինծի երկրպագութիւն ըրին»։10. Երբ իր հօրը ու իր եղբայրներուն պատմեց, հայրը յանդիմանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է այս քու տեսած երազդ. միթէ ես ու քու մայրդ եւ քու եղբայրներդ իրաւցընէ՞ պիտի գանք՝ մինչեւ գետին քեզի խոնարհութիւն ընելու»։11. Եղբայրները նախանձեցան անոր, բայց հայրը իր միտքը պահեց այս խօսքերը։12. Անոր եղբայրները գացին, որ իրենց հօրը հօտերը Սիւքէմի մէջ արածեն։13. Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներդ Սիւքէմի մէջ չե՞ն արածեր ոչխարները. եկուր ես քեզ անոնց ղրկեմ». Անիկա ըսաւ. «Ահա ես հոս եմ»։14. Եւ հայրը ըսաւ անոր. «Գնա՛. նայէ՛ թէ քու եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են եւ հօտերը ո՞ղջ են ու ինծի լուր մը բեր»։ Այսպէս ղրկեց զանիկա Քեբրոնի հովիտէն։ Ան ալ Սիւքէմ գնաց։15. Ու մարդ մը գտաւ զանիկա, որ դաշտին մէջ ասդին անդին կը պտըտէր։ Այն մարդը հարցուց անոր ըսելով. «Ի՞նչ կը փնտռես»։16. Անիկա ըսաւ. «Իմ եղբայրներս կը փնտռեմ. կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի, անոնք ո՞ւր կ’արածեն»։17. Այն մարդը ըսաւ. «Ասկէ ելան, քանզի լսեցի որ ‘Դօթայիմ երթանք’, կ’ըսէին»։ Յովսէփ իր եղբայրներուն ետեւէն գնաց ու Դօթայիմի մէջ գտաւ զանոնք։18. Երբ եղբայրները զանիկա հեռուէն տեսան, դեռ ինք անոնց չմօտեցած, զանիկա մեռցնելու դաւադրութիւն ըրին19. Ու իրարու ըսին. «Ահա այն երազ տեսնողը՝ ՝ կու գայ,20. Ուստի հիմա եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ ‘Չար գազան մը կերաւ զանիկա’ եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան»։21. Ռուբէն լսածին պէս՝ անոնց ձեռքէն ազատեց զանիկա, ըսելով. «Չմեռցնենք զանիկա»22. Եւ Ռուբէն ըսաւ անոնց. «Արիւն մի՛ թափէք, բայց զանիկա այս գուբը նետեցէք, որ անապատին մէջ է եւ անոր ձեռք մի՛ զարնէք»։ Այս կ’ըսէր ՝ որպէս զի կարենայ ազատել զանիկա անոնց ձեռքէն, իր հօրը դարձնելու համար։23. Յովսէփ իր եղբայրներուն քով եկածին պէս՝ մերկացուցին Յովսէփը իր պատմուճանէն, այսինքն իր վրայի բազմագոյն պատմուճանէն24. Եւ առին զանիկա ու գուբը նետեցին։ Գուբը դատարկ էր, մէջը ջուր չկար։25. Երբ նստան հաց ուտելու, իրենց աչքերը վերցուցին ու տեսան, որ Իսմայելացիներու մէկ կարաւանը կու գար Գաղաադէն, որ իրենց ուղտերը համեմներով եւ բալասանով ու զմուռսով բեռնաւորած Եգիպտոս տանելու կ’երթային։26. Եւ Յուդա ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ եթէ մեր եղբայրը մեռցնենք ու անոր արիւնը ծածկենք.27. Եկէ՛ք Իսմայելացիներուն ծախենք զանիկա եւ մեր ձեռքը անոր չդպչի. քանզի անիկա մեր եղբայրը ու մեր մարմինն է»։ Անոր եղբայրները հաճեցան։28. Ու երբ Մադիանացի վաճառականները կ’անցնէին, Յովսէփը գուբէն քաշեցին ու դուրս հանեցին իր եղբայրները եւ Իսմայելացիներուն ծախեցին Յովսէփը քսան կտոր արծաթի։ Անոնք ալ Յովսէփը Եգիպտոս տարին։29. Երբ Ռուբէն դէպի գուբը գնաց եւ ահա Յովսէփ գուբին մէջ չէր ու իր հանդերձները պատռեց։30. Դարձաւ իր եղբայրներուն ու ըսաւ. «Տղան չկայ ու ես ո՞ւր երթամ»։31. Եղբայրները առին Յովսէփին պատմուճանը, այծերէն նոխազ մը մորթեցին եւ պատմուճանը անոր արեան մէջ թաթխեցին։32. Բազմագոյն պատմուճանը իրենց հօրը ղրկեցին ու ըսին. «Ասիկա գտանք մենք. տես թէ ասիկա քու որդիիդ պատմուճա՞նն է՝ թէ ոչ»։33. Յակոբ ճանչցաւ զայն ու ըսաւ. «Իմ որդիիս պատմուճանն է, չար գազան մը կերած է զանիկա։ Յովսէփ անշուշտ գիշատուեցաւ»։34. Եւ Յակոբ պատռեց իր հանդերձները ու քուրձ հագաւ իր մէջքին վրայ եւ իր որդիին համար շատ օրեր սուգ ըրաւ։35. Իր բոլոր որդիներն ու իր բոլոր աղջիկները զինք մխիթարելու ելան. բայց ինք մխիթարուիլ չէր ուզեր ու ըսաւ. «Ես սուգով պիտի իջնեմ գերեզման՝ իմ որդիիս քով»։ Այսպէս անոր հայրը լացաւ անոր համար։36. Մադիանացիները ծախեցին զանիկա Եգիպտոսի մէջ՝ Փարաւոնին ներքինիին՝ Պետափրէս դահճապետին։Ծննդոց 38:1-301. Պատահեցաւ որ Յուդա իր եղբայրներուն քովէն իջաւ ու Ոդողոմացի մէկուն քով գնաց, որուն անունը Իրաս էր։2. Յուդա Շաւա անունով Քանանացիի մը աղջիկը տեսաւ ու առաւ զանիկա եւ մտաւ անոր։3. Անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Էր դրաւ։4. Ու նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Օնան դրաւ։5. Եւ դարձեալ որդի մըն ալ ծնաւ ու անոր անունը Սելօմ դրաւ։ Երբ զանիկա ծնաւ՝ Յուդա Քեզիբի մէջ էր։6. Յուդա իր անդրանիկ տղուն՝ Էրի՝ կին մը առաւ, որուն անունն էր Թամար։7. Յուդայի անդրանիկ Էրը չար էր Տէրոջը առջեւ։ Ու Տէրը մեռցուց զանիկա։8. Եւ Յուդա ըսաւ Օնանին. «Մտիր քու եղբօրդ կնոջ ու տագրութեան իրաւունքդ կատարէ անոր եւ քու եղբօրդ սերունդ հանէ»։9. Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ։10. Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց։11. Յուդա իր Թամար հարսին ըսաւ. «Որբեւարի նստէ քու հօրդ տունը մինչեւ իմ Սելօմ որդիս մեծնայ». քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ աս ալ իր եղբայրներուն պէս մեռնի»։ Թամար գնաց ու իր հօրը տունը նստաւ։12. Շատ օրեր յետոյ մեռաւ Շաւայի աղջիկը՝ Յուդային կինը։ Երբ Յուդա մխիթարուեցաւ, Թամնա գնաց իր հօտերը ասրակտուր ընողներուն քով՝ ինք ու իր բարեկամը Ոդողոմացի Իրաս։13. Ըսուեցաւ Թամարին թէ՝ «Ահա քու կեսրայրդ դէպի Թամնա կ’ելլէ՝ իր ոչխարները ասրակտուր ընելու»։14. Ան ալ իր որբեւարութեան հանդերձները հանեց իր վրայէն ու քօղով մը ծածկուեցաւ ու փաթթուեցաւ եւ Թամնայի ճամբուն մէջ եղող Ենայիմի մուտքը նստաւ, քանզի տեսաւ որ Սելօմ մեծցաւ ու ինք անոր կին ըլլալու չտրուեցաւ։15. Երբ Յուդա տեսաւ զանիկա, բոզ կարծեց, քանզի իր երեսը ծածկեր էր։16. Ճամբան անոր դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քեզի մտնեմ», քանզի չէր գիտեր թէ անիկա իր հարսն է։ Անիկա ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար ի՞նչ կու տաս ինծի»։17. Յուդա ըսաւ. «Ես քեզի այծի ուլ մը կը ղրկեմ հօտերէն»։ Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»։18. Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»։ Անիկա ըսաւ. «Քու կնիքդ ու ժապաւէնդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տուր »։ Ան ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր։ Թամար անկէ յղի մնաց։19. Ապա ելաւ ու գնաց ու իր վրայէն քօղը հանեց ու իր որբեւարութեան հանդերձները հագաւ։20. Յուդա իր բարեկամին, Ոդողոմացիին ձեռքով այծին ուլը ղրկեց, որպէս զի կնոջ ձեռքէն գրաւը առնէ. բայց չգտաւ զանիկա։21. Այն տեղի մարդոց հարցուց՝ ըսելով. «Ճամբուն վրայ Ենայիմի մէջ եղած բոզը ո՞ւր է»։ Անոնք ըսին. «Հոս բոզ չկայ»։22. Բարեկամը դարձաւ Յուդային ու ըսաւ. «Չգտայ զանիկա եւ այն տեղի մարդիկն ալ ըսին թէ ‘Հոս բոզ չկայ’»։23. Յուդա ըսաւ. «Իրեն թող ըլլայ, որպէս զի խայտառակ չըլլանք. ահա ես այս ուլը ղրկեցի ու դուն չգտար զանիկա»։24. Երեք ամիս յետոյ Յուդային պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Քու հարսդ Թամար պոռնկացաւ, նաեւ ահա պոռնկութենէն յղի մնաց»։ Յուդա ըսաւ. «Հանեցէք զանիկա, որ այրուի»։25. Երբ զանիկա դուրս կը հանէին, գրաւները իր կեսրայրին ղրկեց՝ ըսելով. «Ես այս բաներուն տիրոջմէն յղի եմ»։ Նաեւ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, գիտցի՛ր թէ այս կնիքն ու ժապաւէնը եւ գաւազանը որո՞ւնն են»։26. Յուդա ճանչցաւ ու ըսաւ. «Անիկա ինծմէ արդար է, վասն զի զանիկա իմ որդիիս Սելօմին չտուի»։ Անգամ մըն ալ չգիտցաւ զանիկա։27. Երբ ծնանելու ատենը հասաւ՝ անոր արգանդին մէջ երկուորեակ էին։28. Երբ կը ծնանէր, մէկը ձեռքը երկնցուց եւ մանկաբարձը առաւ ու անոր ձեռքին վրայ կարմիր դերձան կապեց՝ ըսելով. «Առաջ աս ելաւ»։29. Անիկա իր ձեռքը ետ քաշածին պէս՝ անոր եղբայրը ելաւ։ Մանկաբարձը ըսաւ. «Ինչո՞ւ ցանկը պատռեցիր. այս պատառումը քու վրադ ըլլայ»։ Անոր համար անոր անունը Փարէս դրուեցաւ։30. Ու ետքը ձեռքին վրայ կարմիր դերձան ունեցող եղբայրը ելաւ եւ անոր անունը Զարա դրուեցաւ։Սաղմոսներ 9:11-2011. Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի, Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։12. Վասն զի արեան վրէժխնդիրը յիշեց զանոնք, Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։13. Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս, Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես.14. Որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմ Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ. Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։15. Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան. Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։16. Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ. Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ’իյնայ։ ( Հիկկայօն Սէլա։)17. Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնան Եւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան։18. Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը. Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։19. Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, մարդը թող չզօրանայ. Թող հեթանոսները դատուին քու առջեւդ.20. Ո՛վ Տէր, զանոնք վախցուր՝ ՝. Թող հեթանոսները գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։)Առակներ 3:31-3531. Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր Ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր,32. Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։33. Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ, Բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։34. Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։35. Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։Մատթեոս 13:1-301. Այն օրը Յիսուս տունէն ելլելով ծովուն եզերքը նստաւ։2. Շատ ժողովուրդ քովը ժողովուեցան, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ եւ բոլոր ժողովուրդը ծովեզերքը կայներ էր։3. Շատ բաներ խօսեցաւ անոնց առակներով եւ ըսաւ.4. «Ահա սերմ ցանողը ելաւ որ սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանիները ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։5. Ուրիշներ ապառաժուտ տեղերու վրայ ինկան, ուր շատ հող չկար եւ շուտ մը բուսան՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար.6. Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցան ու արմատ չունենալուն համար չորցան։7. Ուրիշներ ինկան փուշերու մէջ։ Փուշերը ելան ու խեղդեցին զանոնք։8. Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։9. Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։10. Աշակերտները մօտենալով՝ ըսին իրեն. «Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»։11. Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Անոր համար՝ որ ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։12. Վասն զի ով որ ունի, անոր պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ ով որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։13. Անոր համար առակներով կը խօսիմ անոնց, որ կը տեսնեն՝ ու չեն տեսներ եւ կը լսեն՝ ու չեն լսեր ու միտք չեն առներ։14. Անոնց վրայ պիտի կատարուի Եսայի մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ. ‘Լսելով պիտի լսէք ու պիտի չիմանաք։ Տեսնելով պիտի տեսնէք ու պիտի չտեսնէք’։15. Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէս զի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ ես զանոնք բժշկեմ։16. Բայց երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն,17. Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել ու չտեսան եւ ձեր լսածները լսել՝ ու չլսեցին»։18. «Հիմա դուք սերմ ցանողին առակը լսեցիք։19. Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։20. Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։21. Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։22. Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ,23. Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»,24. Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։25. Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։26. Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։27. Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։28. Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։29. Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։30. Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981