Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 2Ծննդոց 3:1-241. Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։2. Կինը օձին ըսաւ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել,3. Բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’»։4. Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք.5. Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։6. Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ7. Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կարեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին։8. Օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ Ադամ ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան։9. Տէր Աստուած Ադամը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Ո՞ւր ես»։10. Եւ անիկա ըսաւ. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասն զի մերկ էի ու պահուեցայ»։11. Եւ Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես»։12. Ադամ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։13. Տէր Աստուած ըսաւ կնոջ «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ»։ Կինը ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ»։14. Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, փորիդ վրայ քալես ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես։15. Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։16. Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։17. Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ18. Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։19. Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։20. Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր։21. Եւ Տէր Աստուած Ադամին ու անոր կնոջ կաշիէ հանդերձներ շինեց ու անոնց հագցուց։22. Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթուլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի»23. Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէս զի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ։24. Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար։Ծննդոց 4:1-261. Եւ Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը ու ան յղացաւ ու Կայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։2. Եւ դարձեալ անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ եւ Աբէլ ոչխարներու հովիւ եղաւ, բայց Կայէն երկիրը կը մշակէր։3. Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տէրոջը ընծայ բերաւ։4. Եւ Աբէլ ինք ալ ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ։ Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ,5. Բայց Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ։ Ուստի Կայէն խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց։6. Եւ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր.7. Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։8. Կայէն իր Աբէլ եղբօրը հետ խօսեցաւ ու երբ անոնք դաշտն էին, Կայէն իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա։9. Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Անիկա ըսաւ. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։10. Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ։11. Դուն անիծեալ ես երկրէն, որ իր բերանը բացաւ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ընդունելու։12. Երբ երկիրը մշակես, այսուհետեւ իր արդիւնքը պիտի չտայ քեզի, երկրի մէջ աստանդական ու թափառական ըլլաս»։13. Կայէն ըսաւ Տէրոջը. « Իմ մեղքս թողութիւն գտնելու չափէն աւելի մեծ է։14. Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ եւ պիտի ըլլայ որ, ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ»։15. Տէրը ըսաւ անոր. «Ուրեմն ով որ Կայէնը սպաննէ, անկէ եօթնապատիկ վրէժ առնուի»։ Տէրը նշան մը դրաւ Կայէնին, որպէս զի զանիկա գտնող մէկը չմեռցնէ զանիկա։16. Կայէն Տէրոջը առջեւէն ելաւ ու Եդեմի արեւելեան կողմը, Նայիդ երկիրը բնակեցաւ։17. Կայէն իր կինը գիտցաւ ու անիկա յղացաւ ու Ենովքը ծնաւ եւ քաղաք մը շինեց այն ատեն ու քաղաքին անունը՝ իր որդիին անուանը պէս՝ Ենովք դրաւ։18. Եւ Ենովք ծնաւ Գայիրադը եւ Գայիրադ ծնաւ Մայիէլը ու Մայիէլ ծնաւ Մաթուսայէլը եւ Մաթուսայէլ ծնաւ Ղամէքը։19. Ղամէք իրեն երկու կին առաւ. մէկուն անունը Ադդա ու միւսին անունը Սելլա էր։20. Ադդա ծնաւ Յոբէլը, որ վրանաբնակներուն ու հովիւներուն հայրն էր։21. Անոր եղբօրը անունը Յոբալ էր, որ բոլոր քնարահարներուն ու սրնգահարներուն հայրն էր։22. Սելլա ալ ծնաւ Թոբէլկայէնը, որ պղնձէ ու երկաթէ ամէն տեսակ գործիք կը շինէր։ Թոբէլկայէնին քոյրը Նաամա էր։23. Ղամէք իր կիներուն՝ Ադդային ու Սելլային ըսաւ. «Ձայնս լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղամէքի կիներ, ակա՛նջ դրէք իմ խօսքիս. վասն զի ես մարդ մը սպաննեցի ինծի վէրք ու երիտասարդ մը՝ ինծի պատուհաս ըլլալով։24. Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։25. Ադամ դարձեալ իր կինը գիտցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի Կայէնին մեռցուցած Աբէլին տեղ ուրիշ սերունդ մը տուաւ»։26. Սէթ ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Ենովս դրաւ։ Այն ատեն սկսան Տէրոջը անունը կանչել։Սաղմոսներ 2:1-61. Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,2. Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,3. Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը, Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը»։4. Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։ Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։5. Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.6. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։Առակներ 1:8-98. Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ Ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր.9. Քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ Եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան։Մատթեոս 2:1-231. Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ,2. Ու ըսին. «Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու»։3. Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմ իրեն հետ։4. Ապա ժողվելով բոլոր քահանայապետները ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի։5. Անոնք ալ իրեն ըսին. «Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ։ Վասն զի այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով.6. ‘Դուն, Բե՛թլէհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի իշխաններուն մէջ բնաւ պզտիկ մը չես. վասն զի քեզմէ իշխան մը պիտի ելլէ որ իմ Իսրայէլ ժողովուրդս պիտի հովուէ’»։7. Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար մոգերը կանչեց ու ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ատենը։8. Զանոնք Բեթլէհէմ ղրկելով՝ ըսաւ. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։9. Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։10. Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։11. Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս։12. Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը։13. Երբ անկէ գացին անոնք, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփին ու ըսաւ. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար»։14. Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը գիշերով առաւ, գնաց Եգիպտոս եւ մինչեւ Հերովդէսի մահը հոն էր։15. Որպէս զի մարգարէին միջոցով Տէրոջմէն ըսուածը կատարուի, որ կ’ըսէ. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։16. Երբ Հերովդէս տեսաւ թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ սրդողեցաւ ու ղրկեց ջարդեց Բեթլէհէմի եւ անոր ամէն սահմաններուն մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց։17. Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուածը, որ կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, ողբ, լաց ու մեծ կոծ.18. Ռաքէլ կու լար իր տղոցը համար ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, վասն զի չկային»։19. Երբ Հերովդէս մեռաւ, Տէրոջը հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփին երեւցաւ ու ըսաւ.20. «Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը ու անոր մայրը եւ գնա Իսրայէլի երկիրը, քանզի մեռան անոնք որ մանուկին կեանքը կը փնտռէին»։21. Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը առաւ եւ դարձաւ Իսրայէլի երկիրը։22. Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս թագաւորեց Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսին տեղ, վախցաւ հոն երթալու ու երազի մէջ պատգամ առնելով՝ Գալիլիայի կողմերը գնաց.23. Եւ Նազարէթ ըսուած քաղաքը բնակեցաւ, որպէս զի մարգարէներուն խօսքը կատարուի՝ թէ ‘Նազովրեցի պիտի կոչուի’։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981