Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 20Ծննդոց 39:1-231. Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին։2. Տէրը Յովսէփին հետ էր ու անիկա յաջողակ մարդ մըն էր ու իր Եգիպտացի տիրոջը տունն էր անիկա։3. Անոր տէրը տեսաւ որ Տէրը անոր հետ է եւ թէ ինչ որ ընէր, Տէրը կը յաջողցնէր անոր ձեռքով։4. Յովսէփ շնորհք գտաւ անոր առջեւ ու կը ծառայէր անոր, որ իր տանը վրայ վերակացու ըրաւ զանիկա եւ իր բոլոր ունեցածը անոր ձեռքը յանձնեց։5. Այն օրէն, երբ Յովսէփը իր տանը ու իր բոլոր ունեցածին վրայ վերակացու եղաւ, Տէրը Եգիպտացիին տունը օրհնեց Յովսէփին համար։ Թէ՛ տանը մէջ եւ թէ՛ դաշտին մէջ անոր բոլոր ունեցածին վրայ Տէրոջը օրհնութիւնը եղաւ։6. Պետափրէս իր բոլոր ունեցածը Յովսէփին ձեռքը թողուց ու ինչ որ կար անոր քով՝ չէր գիտեր՝ իր կերած հացէն զատ։ Յովսէփ գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով։7. Ժամանակ մը յետոյ՝ անոր տիրոջը կինը աչք տնկեց Յովսէփին վրայ ու ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։8. Բայց Յովսէփ չհաճեցաւ։ Իր տիրոջը կնոջը ըսաւ. «Ահա իմ տէրս տանը մէջ իմ քովս ինչ որ կայ՝ չի գիտեր եւ իր բոլոր ունեցածը իմ ձեռքս յանձնեց.9. Այս տանը մէջ ինծմէ մեծը չկայ ու բա՛ն մը ինծմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։10. Թէեւ կինը օրէ օր Յովսէփին կ’ըսէր, բայց անիկա մտիկ չէր ըներ անոր՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ։11. Օր մը Յովսէփ գործի համար տուն եկաւ եւ հոն տանը մէջ տանը մարդոցմէն մէ՛կը չկար։12. Տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր հանդերձը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ։13. Երբ կինը տեսաւ որ Յովսէփ հանդերձը իր ձեռքը թողուց ու դուրս փախաւ,14. Իր տանը մարդիկը կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, տէրս մեզի Եբրայեցի մը բերաւ մեզ խայտառակ ընելու համար։ Անիկա ինծի եկաւ՝ ինծի հետ պառկելու համար, բայց ես բարձր ձայնով պոռացի։15. Ու երբ լսեց իմ բարձր ձայնով պոռալս, իր հանդերձը քովս թողուց եւ փախաւ դուրս ելաւ»։16. Ու մինչեւ որ անոր տէրը տուն եկաւ, անոր հանդերձը իր քով պահեց։17. Ապա խօսեցաւ անոր այս խօսքերը՝ ըսելով. «Այն Եբրայեցի ծառան, որ դուն մեզի բերիր, զիս խայտառակ ընելու համար եկաւ ինծի։18. Ու երբ իմ ձայնս վերցուցի ու պոռացի, իր հանդերձը քովս թողուց ու դուրս փախաւ»։19. Երբ անոր տէրը լսեց իր կնոջ խօսքերը, որոնք խօսեցաւ իրեն՝ ըսելով. «Քու ծառադ ինծի այսպէս ըրաւ», իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։20. Յովսէփին տէրը առաւ զանիկա ու բանտը դրաւ, այն տեղը, ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին։ Հոն բանտին մէջ մնաց։21. Բայց Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր։22. Բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Հոն ամէն գործ տեսնողը ան էր։23. Բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր. վասն զի Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր։Ծննդոց 40:1-231. Այս բաներէն յետոյ՝ Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակը եւ հացագործը իրենց տիրոջը, Եգիպտոսի թագաւորին դէմ յանցանք գործեցին։2. Փարաւոն բարկացաւ իր երկու ներքինիներուն, գլխաւոր մատռուակին ու գլխաւոր հացագործին դէմ3. Եւ զանոնք դահճապետին տանը բանտին մէջ բանտարկեց, ուր Յովսէփ բանտարկուած էր։4. Դահճապետը Յովսէփին ապսպրեց անոնց համար ու անիկա կը ծառայէր անոնց։ Անոնք ատեն մը բանտը մնացին։5. Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակն ու հացագործը, որոնք բանտին մէջ կապուած էին, երկուքն ալ մէկ գիշեր մէկմէկ երազ տեսան, ամէն մէկուն երազին նշանակութեանը պէս։6. Յովսէփ առտուն անոնց եկաւ ու տեսաւ զանոնք, որ խռովեր էին։7. Իր տիրոջը տունը իրեն հետ բանտարկուած Փարաւոնի ներքինիներուն հարցուց՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ձեր երեսները տրտում են այսօր»։8. Անոնք ըսին. «Երազ տեսանք ու զանիկա մեկնող չկայ»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները, աւա՜ղ, պատմեցէ՛ք ինծի»։9. Մատռուակապետը իր երազը պատմեց Յովսէփին ու ըսաւ անոր. «Երազիս մէջ տեսայ որ՝ ՝ առջեւս որթատունկ մը կար,10. Որուն վրայ երեք ուռ կային։ Ան բողբոջելուն պէս ծաղիկ բացաւ ու անոր ողկոյզները խաղող հասցուցին։11. Փարաւոնին գաւաթը ձեռքս էր։ Խաղողները առի եւ Փարաւոնին գաւաթին մէջ ճմլեցի ու գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուի»։12. Յովսէփ անոր ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. երեք ուռը երեք օր է.13. Երեք օրէն ետքը Փարաւոնը գլուխդ բանտէն պիտի արձակէ ու քեզ նորէն քու պաշտօնիդ պիտի դարձնէ եւ Փարաւոնին գաւաթը անոր ձեռքը պիտի տաս՝ անոր մատռուակը եղածիդ սովորութեանը պէս։14. Բայց քեզի բարիք եղած ատեն զիս միտքդ բեր, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի բարութիւն ըրէ եւ զիս Փարաւոնին առջեւ յիշելով՝ զիս այս տունէն դուրս հանէ.15. Քանզի իրաւցընէ գողցուեցայ Եբրայեցիներու երկրէն եւ հոս ալ բան մը չըրի որ զիս այս գուբը նետեն»։16. Երբ հացագործը տեսաւ որ աղէկ մեկնութիւն տուաւ, ըսաւ Յովսէփին. «Ես ալ երազիս մէջ տեսայ, որ գլխուս վրայ երեք ճերմակ սակառ ունէի17. Եւ ամենէն վրայի սակառին մէջ Փարաւոնին համար հացագործի շինած ամէն տեսակ կերակուրներէն կար ու թռչունները կ’ուտէին զանոնք գլխուս վրայի սակառէն»։18. Յովսէփ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է.19. Երեք սակառը երեք օր է. երեք օրէն յետոյ Փարաւոն վրայէդ պիտի վերցնէ քու գլուխդ ու քեզ ծառէ մը պիտի կախէ եւ թռչունները քու մարմինդ պիտի ուտեն»։20. Երրորդ օրը Փարաւոնին ծննդեան օրն էր, ուստի իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք ըրաւ եւ իր ծառաներուն մէջ գլխաւոր մատռուակն ու գլխաւոր հացագործը բանտէն հանեց21. Ու դարձուց մատռուակապետը իր պաշտօնին եւ անիկա գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուաւ.22. Բայց հացագործը կախել տուաւ, ինչպէս Յովսէփ մեկներ էր անոնց։23. Սակայն մատռուակը միտքը չբերաւ Յովսէփը, այլ մոռցաւ զանիկա։Սաղմոսներ 10:1-111. Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։2. Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառով աղքատը կը տոչորի՝ ՝, Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ իրենք թող բռնուին։3. Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, բայց կ’անարգէ Տէրը։4. Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր. Անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ։5. Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են. Քու դատաստաններդ անոր առջեւէն բարձր են. Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։6. Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չսասանիմ. Վասն զի ազգէ մինչեւ ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ»։7. Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարուիթւններով լեցուն է. Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։8. Գիւղերուն դարանի տեղերը կը նստի, Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ. Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։9. Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ’ըլլայ, ինչպէս առիւծը՝ իր որջին մէջ. Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար. Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա։10. Կծկտած կը պառկի Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ’իյնան։11. Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Աստուած մոռցեր է Ու իր երեսը ծածկեր է, որպէս զի բնաւ չտեսնէ»։Առակներ 4:1-61. Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։2. Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, Իմ օրէնքս մի՛ թողուք։3. Քանզի ես իմ հօրս տղան էի, Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ։4. Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. «Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ, Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։5. Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր, Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։6. Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։ Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։Մատթեոս 13:31-5831. Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ, իր արտին մէջ ցանեց։32. Ան՝ բոլոր սերմերէն պզտիկ է, բայց երբ աճի, բոլոր խոտեղէններէն մեծ ծառ կ’ըլլայ, այնպէս որ երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին»։33. Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկնքի թագաւորութիւնը խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց մինչեւ բոլորն ալ խմորուեցաւ»։34. Յիսուս այս ամէն բաները առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց,35. Որպէս զի կատարուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ»։36. Երբ Յիսուս ժողովուրդը թողուց, տունը գնաց։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն ու ըսին. «Արտին որոմներուն առակը մեկնէ մեզի»։37. Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է.38. Արտը աշխարհս է։ Բարի սերմը թագաւորութեանը որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։39. Թշնամին որ զանիկա ցանեց, Սատանան է եւ հունձքը աշխարհիս վերջն է ու հնձողները հրեշտակներն են։40. Արդ ինչպէս որ որոմը կը ժողվուի ու կրակի մէջ կ’այրուի, աշխարհիս վերջն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։41. Որդին մարդոյ իր հրեշտակները պիտի ղրկէ ու պիտի ժողվեն անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն42. Ու կրակի հնոցին մէջ պիտի ձգեն զանոնք։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։43. Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։44. «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։45. «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ.46. Եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։47. «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։48. Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։49. Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն.50. Եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։51. Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։52. Անիկա ըսաւ անոնց. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։53. Երբ Յիսուս այս առակները լրացուց, անկէ մեկնեցաւ.54. Եւ գնաց իր գաւառը ու անոնց կը սորվեցնէր իրենց ժողովարանին մէջ, անոնք ալ կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները։55. Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս եւ Յովսէս ու Սիմոն եւ Յուդա.56. Ու ասոր քոյրերը ամէնքը մեր քով չե՞ն։ Ալ ինք ուրկէ՞ ունի այս ամէն բաները»։57. Անոր վրայով կը գայթակղէին. բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը անպատիւ չէ, բայց միայն իր գաւառին ու իր տանը մէջ»։58. Հոն շատ հրաշքներ չըրաւ անոնց անհաւատութեանը համար։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981