Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 21Ծննդոց 41:1-571. Լման երկու տարի յետոյ, Փարաւոն երազին մէջ տեսաւ որ գետին եզերքը կայներ էր։2. Ահա գետէն գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ մարմնով եօթը երինջներ ելան ու մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։3. Անոնց ետեւէն՝ գետէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով ու միւս երինջներուն քով գետին եզերքը կայնեցան։4. Եւ զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով երինջները կերան եօթը գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ երինջները։5. Ետքը Փարաւոնը արթնցաւ։ Եւ քնացաւ ու երկրորդ անգամ երազին մէջ տեսաւ որ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին։6. Ահա անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։7. Այս նիհար հասկերը կլլեցին եօթը պարարտ ու լեցուն հասկերը։8. Փարաւոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Առտուն անոր հոգին նեղուեցաւ ու կանչել տուաւ Եգիպտոսի բոլոր մոգերը եւ բոլոր իմաստունները ու Փարաւոն պատմեց անոնց իր երազները, բայց մէկը չկար, որ զանոնք Փարաւոնին մեկնէր։9. Այն ատեն մատռուակապետը խօսեցաւ Փարաւոնին՝ ըսելով. «Այսօր ես իմ յանցանքներս կը յիշեմ։10. Երբ Փարաւոն բարկացաւ իր ծառաներուն ու զիս դահճապետին տունը բանտը դրաւ, զիս ու գլխաւոր հացագործը.11. Նոյն գիշերը ես ու անիկա երազ տեսանք. ամէն մէկս իր երազին նշանակութեանը պէս երազ տեսանք։12. Հոն մեզի հետ դահճապետին ծառան, Եբրայեցի պատանի մը կար, որուն պատմեցինք, անիկա մեկնեց մեզի մեր երազները. իւրաքանչիւրիս իր երազին պէս մեկնեց։13. Ու ինչպէս անիկա մեզի մեկնեց, այնպէս եղաւ. ես իմ պաշտօնիս դարձայ ու անիկա կախուեցաւ»։14. Այն ատեն Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Յովսէփը։ Շուտով բանտէն հանեցին զանիկա եւ ածիլուեցաւ ու իր հանդերձները փոխեց ու Փարաւոնին եկաւ։15. Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազ տեսայ ու զանիկա մեկնող մը չկայ եւ քեզի համար լսեցի որ կ’ըսեն, թէ լսած երազդ կը մեկնես»։16. Եւ Յովսէփ պատասխան տուաւ Փարաւոնին ու ըսաւ. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած Փարաւոնին պիտի տայ նպաստաւոր պատասխան մը»։17. Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազիս մէջ տեսայ որ գետին եզերքը կայներ էի18. Եւ ահա գետէն եօթը երինջներ ելան պարարտ մարմնով ու գեղեցիկ տեսքով եւ մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։19. Անոնց ետեւէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան՝ նիհար ու խիստ զազիր տեսքով եւ վտիտ մարմնով, որոնց պէս զազիր բնաւ տեսած չէի Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ։20. Եւ նիհար ու զազիր երինջները կերան այն եօթը պարարտ երինջները։21. Անոնց փորը մտնելէն ետքը՝ չէր գիտցուեր թէ անոնք անոնց փորը մտան. հապա անոնց տեսքը առաջուանին պէս զազիր էր։ Ետքը արթնցայ։22. Եւ դարձեալ երազիս մէջ տեսայ՝ որ ահա մէկ ծղօտի վրայ եօթը լեցուն ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին23. Եւ ահա անոնց ետեւէն եօթը չոր, նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։24. Նիհար հասկերը կլլեցին այն եօթը աղէկ հասկերը։ Ու պատմեցի մոգերուն, բայց մէկը չկայ որ ինծի մեկնէ»։25. Եւ Յովսէփ ըսաւ Փարաւոնին. «Մէկ է Փարաւոնին երազը. Աստուած իր ընելիքը յայտնեց Փարաւոնին։26. Եօթը աղէկ երինջները եօթը տարի են եւ եօթը աղէկ հասկերը եօթը տարի են. երազը մէկ է։27. Եւ անոնց ետեւէն ելած եօթը նիհար ու զազիր երինջները եօթը տարի են եւ եօթը պարապ ու խորշակահար հասկերը եօթը տարուան սով է։28. Փարաւոնին յայտնուածը այս է. Աստուած իր ընելիքը Փարաւոնին ցուցուցեր է։29. Ահա բոլոր Եգիպտոսի երկրին մէջ եօթը տարի մեծ առատութիւն պիտի գայ30. Եւ անոնց ետեւէն եօթը տարի սով պիտի գայ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր առատութիւնը պիտի մոռցուի եւ սովը պիտի սպառէ երկիրը31. Ու երկրին մէջ առատութիւնը պիտի չգիտցուի՝ անկէ ետքը գալու սովին պատճառաւ. վասն զի խիստ սաստիկ պիտի ըլլայ։32. Երազը երկու անգամ Փարաւոնին կրկնուելուն պատճառը այս է, որ այս բանը Աստուծմէ հաստատուեցաւ եւ Աստուած շուտով պիտի ընէ զայն։33. Ուստի հիմա թող Փարաւոն հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մը գտնէ ու զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ կեցնէ։34. Թող Փարաւոն այսպէս ընէ ու երկրի վրայ գործակալներ դնէ ու Եգիպտոսի երկրին արմտիքներէն առատութեան եօթը տարիներուն մէջ հինգէն մէկը առնէ։35. Եւ այն գալու աղէկ տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեն ու Փարաւոնին ձեռքին տակ ցորեն դիզեն եւ քաղաքներուն մէջ պաշար պահեն։36. Եգիպտոսի մէջ գալիք եօթը տարուան սովին դէմ այս պաշարը երկրին համար պահուի, որպէս զի երկիրը սովէն չկորսուի»։37. Այս բանը Փարաւոնին աչքին ու անոր բոլոր ծառաներուն աչքին աղէկ երեւցաւ։38. Եւ Փարաւոն ըսաւ իր ծառաներուն. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որ իր ներսիդին Աստուծոյ Հոգին ունենայ»։39. Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Որովհետեւ Աստուած այս ամէնը քեզի գիտցուց, քեզի պէս հանճարեղ ու իմաստուն չկայ։40. Դուն իմ տանս վրայ կեցիր եւ իմ բոլոր ժողովուրդս քու բերանդ նային։ Ես միայն աթոռով քեզմէ մեծ ըլլամ»։41. Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ահա քեզ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուցի»։42. Եւ Փարաւոն իր ձեռքէն մատանին հանեց ու Յովսէփին մատը դրաւ եւ անոր բեհեզէ հանդերձներ հագցուց ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ անցուց։43. Ապա՝ զանիկա իր երկրորդ կառքը հեծցուց ու կը պոռային անոր առջեւէն. «Ծնրադրեցէ՛ք» եւ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուց զանիկա։44. Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ես Փարաւոն եմ առանց քեզի բնաւ մէկը իր ձեռքը կամ իր ոտքը չվերցնէ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ»։45. Փարաւոն Յովսէփին անունը Փսոմփթոմփանէ դրաւ եւ Արեգ քաղաքին՝ ՝ Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթը անոր կնութեան տուաւ։ Յովսէփ Եգիպտոսի երկիրը պտըտելու ելաւ։46. Եւ Յովսէփ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ ելած ատեն երեսուն տարեկան էր։ Յովսէփ Փարաւոնին առջեւէն ելաւ ու Եգիպտոսի բոլոր երկիրը պտըտեցաւ։47. Եւ առատութեան եօթը տարիներուն մէջ երկիրը խիստ շատ արդիւնք տուաւ։48. Եգիպտոսի եօթը տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեց ու քաղաքներու մէջ դրաւ պաշարը. ամէն քաղաքի բոլորտիքը եղած արտերուն պաշարը նոյն քաղաքին մէջ դրաւ։49. Յովսէփ ծովու աւազին չափ խիստ շատ ցորեն դիզեց. այնպէս որ հաշիւի չգալուն համար չափելը ձգեց։50. Սովին տարիներուն գալէն առաջ՝ Յովսէփին երկու որդի ծնան, որ Արեգ քաղաքին Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։51. Յովսէփ անդրանիկին անունը Մանասէ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի մոռցուց իմ բոլոր վիշտերս ու իմ հօրս բոլոր տունը»։52. Եւ երկրորդին անունը Եփրեմ դրաւ, քանզի ըսաւ. «Աստուած իմ տառապանքիս երկրին մէջ աճեցուց զիս»։53. Ու Եգիպտոսի առատութեան եօթը տարիները անցան։54. Յովսէփին ըսածին պէս՝ սովի եօթը տարիները գալ սկսան։ Բոլոր երկիրներուն մէջ սով եղաւ, բայց բոլոր Եգիպտոսի մէջ հաց կար։55. Երբ Եգիպտոսի բոլոր երկիրը անօթեցաւ, ժողովուրդը հացի համար Փարաւոնին աղաղակեց։ Փարաւոն ըսաւ բոլոր Եգիպտացիներուն. «Յովսէփին գացէք. ինչ որ ձեզի ըսէ, զայն ըրէք»։56. Ու երկրի բոլոր երեսին վրայ սով եղաւ եւ Յովսէփ բացաւ բոլոր շտեմարանները ու Եգիպտացիներուն պաշար ծախեց։ Սովը սաստկացաւ Եգիպտոսի մէջ։57. Ու բոլոր աշխարհէն Եգիպտոս կու գային՝ Յովսէփէն պաշար ծախու առնելու. վասն զի ամէն երկրի մէջ սովը սաստկացաւ։Ծննդոց 42:1-381. Երբ Յակոբ իմացաւ Եգիպտոսի մէջ պաշար ըլլալը, ըսաւ իր որդիներուն. «Ինչո՞ւ իրարու կը նայիք»։2. Եւ ըսաւ. «Ահա լսեցի թէ Եգիպտոսի մէջ պաշար կայ. հոն իջէք ու անկէ մեզի համար ծախու առէք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք»։3. Յովսէփին տասը եղբայրները իջան՝ Եգիպտոսէն ցորեն ծախու առնելու։4. Բայց Յակոբ Յովսէփին եղբայրը՝ Բենիամինը՝ անոր եղբայրներուն հետ չղրկեց, քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ փորձանք մը պատահի անոր»։5. Իսրայէլի որդիները հոն գացողներուն հետ պաշար ծախու առնելու եկան, քանզի Քանանի երկրին մէջ ալ սով կար։6. Յովսէփ երկրին իշխանն էր եւ ինք երկրին բոլոր ժողովուրդին պաշար կը ծախէր։ Յովսէփին եղբայրները եկան ու իրենց երեսները մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրին անոր։7. Յովսէփ իր եղբայրները տեսածին պէս ճանչցաւ զանոնք, բայց ինքզինք անոնց չճանչցուց ու անոնց հետ խստութեամբ խօսեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ուրկէ՞ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Քանանի երկրէն կերակուր ծախու առնելու եկանք »։8. Յովսէփ իր եղբայրները ճանչցաւ, բայց անոնք զինք չճանչցան։9. Յովսէփ անոնց վրայով իր տեսած երազները միտքը բերաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք լրտեսներ էք. երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։10. Անոնք ըսին անոր. «Ո՛չ, տէ՛ր իմ, հապա քու ծառաներդ կերակուր ծախու առնելու եկանք։11. Մենք ամէնքս մէկ մարդու որդիներ ենք, մենք շիտակ մարդիկ ենք. ծառաներդ լրտեսներ չեն»։12. Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, հապա երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։13. Անոնք ըսին. «Մենք քու ծառաներդ Քանանի երկրին մէջ մէկ մարդու որդիներն ըլլալով՝ տասներկու եղբայրներ էինք։ Ահա ամենէն պզտիկը այսօր մեր հօրը քով է, իսկ միւսը չկայ»։14. Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Իմ ձեզի ըսածիս պէս է, դուք լրտեսներ էք։15. Ասով պիտի փորձուիք։ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք ասկէ պիտի չելլէք, եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը հոս չգայ։16. Ձեզմէ մէկը ձեր եղբայրը բերելու ղրկեցէք, իսկ մնացեալներդ բանտը պիտի դրուիք, որպէս զի ձեր խօսքերը փորձուին, թէ արդեօք ձեր մէջ ճշմարտութիւն կա՞յ եւ եթէ ոչ՝ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք լրտեսներ էք»։17. Երեք օր բանտը դրաւ զանոնք։18. Երրորդ օրը Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այսպէս ըրէք որպէս զի ողջ մնաք. վասն զի ես Աստուծմէ կը վախնամ։19. Եթէ դուք շիտակ մարդիկ էք, ձեր եղբայրներէն մէկը ձեր բանտարկուած տանը մէջ թող մնայ եւ դուք գացէք, ձեր տանը անօթութեանը համար պաշար տարէք,20. Բայց ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի ձեր խօսքերը հաստատուին ու չմեռնիք»։ Այդպէս ըրին։21. Ու իրարու ըսին. «Իրաւցընէ մեր եղբօրը հանդէպ յանցաւոր ենք. վասն զի մենք տեսանք անոր հոգիին նեղութիւնը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք՝ ատոր համար այս նեղութիւնը մեր վրայ եկաւ»։22. Ռուբէն պատասխան տուաւ անոնց՝ ըսելով. «Ես ձեզի չխօսեցա՞յ ըսելով. ‘Տղուն դէմ մեղք մի՛ գործէք’, բայց դուք մտիկ չըրիք եւ ահա հիմա անոր արիւնը մեզմէ կը պահանջուի»։23. Անոնք չէին գիտեր թէ Յովսէփ կը հասկնար, վասն զի թարգմանով կը խօսէր իրենց հետ։24. Յովսէփ անոնցմէ զատուեցաւ ու լացաւ։ Ապա նորէն անոնց դարձաւ ու խօսեցաւ անոնց հետ եւ անոնցմէ Շմաւոնը առաւ ու անոնց աչքին առջեւ կապեց զանիկա։25. Ետքը Յովսէփ հրաման ըրաւ, որ անոնց ամանները ցորենով լեցնեն ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին մէջ դնեն եւ անոնց ճամբու պաշար տան։26. Այսպէս ըրաւ անոնց։ Անոնք իրենց էշերուն վրայ բեռցուցին ցորեննին ու անկէ գացին։27. Անոնցմէ մէկը իջեւանին մէջ իր իշուն կեր տալու համար իր քուրձը բացած ատեն՝ իր ստակը տեսաւ, որ ահա իր քուրձին բերանն էր։28. Իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ստակս ետ տրուած է, ահա հոս իմ քուրձիս մէջ է»։ Անոնց սիրտը խռովեցաւ ու վախնալով իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս, որ Աստուած մեզի ըրաւ»։29. Երբ եկան Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ բոլոր իրենց գլուխը եկածները պատմեցին անոր՝ ըսելով.30. «Այն երկրին տէրը եղող մարդը մեզի խստութեամբ խօսեցաւ ու մեզ երկիրը լրտեսողներու տեղ դրաւ։31. Եւ ըսինք անոր. ‘Մենք շիտակ մարդիկ ենք, լրտեսներ չենք,32. Մենք, մեր հօրը որդիքը, տասներկու եղբայրներ ենք, մէկը չկայ եւ ամենէն պզտիկը Քանանի երկրին մէջ մեր հօրը քով է այսօր’։33. Այն երկրին տէրը ըսաւ մեզի. ‘Ձեր շիտակ մարդիկ ըլլալը այս ձեւով պիտի գիտնամ. ձեր եղբայրներէն մէկը իմ քովս ձգեցէք եւ ձեր ընտանիքին անօթութեանը համար պաշար առէք ու գացէք34. Եւ ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի գիտնամ թէ դուք լրտեսներ չէք, հապա շիտակ մարդիկ էք. այսպէս ձեր եղբայրը ձեզի կու տամ ու այս երկրին մէջ առուտուր կ’ընէք’»։35. Բայց իրենց քուրձերը պարպած ատեննին, ահա ամէն մէկուն ստակին ծրարը իր քուրձին մէջ էր եւ իրենք ու իրենց հայրն ալ ստակին ծրարները տեսածնուն պէս վախցան։36. Եւ անոնց հայրը Յակոբ ըսաւ անոնց. «Զիս անորդի թողուցիք։ Յովսէփը չկայ, Շմաւոնը չկայ, Բենիամինն ալ պիտի առնէք։ Այս ամէնը իմ գլխուս եկաւ»։37. Ռուբէն խօսեցաւ իր հօրը ու ըսաւ. «Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցուր։ Բենիամինը իմ ձեռքս յանձնէ ու ես քեզի ետ պիտի բերեմ զանիկա»։38. Բայց Յակոբ ըսաւ. «Իմ որդիս ձեզի հետ պիտի չիջնէ. վասն զի անոր եղբայրը մեռած է ու անիկա մինակ մնացած է։ Եթէ ձեր երթալու ճամբուն մէջ անոր փորձանք մը պատահելու ըլլայ, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնէք»։Սաղմոսներ 10:12-1812. Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր, Մի՛ մոռնար նեղեալները։13. Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ։ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չքննես»։14. Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝ Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։ Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ. Որբին օգնականը դուն ես։15. Ամբարշտին բազուկը կոտրէ, Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես։16. Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է։ Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։17. Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր. Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես18. Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու, Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։Առակներ 4:7-97. Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։8. Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։ Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։9. Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ. Քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։Մատթեոս 14:1-211. Երբ Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսի համբաւը լսեց իր ծառաներուն ըսաւ.2. «Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, մեռելներէն յարութիւն առած եւ անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։3. Քանզի Հերովդէս Յովհաննէսը բռներ, զանիկա կապեր ու բանտը դրեր էր, իր եղբօր Փիլիպպոսին կնոջ՝ Հերովդիային համար։4. Վասն զի Յովհաննէս անոր կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ զանիկա կին առնելը»։5. Ուստի կ’ուզէր զանիկա սպաննել, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, վասն զի իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին զանիկա։6. Երբ Հերովդէսին ծննդեան օրը եկաւ, Հերովդիային աղջիկը խաղաց հանդէսի սրահին մէջ ու Հերովդէսին հաճելի եղաւ։7. Ուստի երդումով խոստացաւ որ տայ անոր ի՛նչ որ ուզելու ըլլայ։8. Անիկա առաջ իր մօրմէն խրատուելով՝ ըսաւ. «Տուր ինծի Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը՝ սկուտեղի մը վրայ»։9. Թագաւորը տրտմեցաւ, բայց երդումներուն ու իրեն հետ նստողներուն համար հրաման ըրաւ որ տրուի։10. Եւ մարդ ղրկելով՝ բանտին մէջ Յովհաննէսը գլխատեց։11. Անոր գլուխը սկուտեղով բերուեցաւ ու տրուեցաւ աղջկան։ Ան ալ իր մօրը տուաւ։12. Անոր աշակերտները եկան ու մարմինը վերցնելով թաղեցին, գացին Յիսուսին պատմեցին։13. Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին։ Երբ ժողովուրդը լսեց, ոտքով անոր ետեւէն գացին իրենց քաղաքներէն։14. Երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց։15. Իրիկունը իր աշակերտները եկան ու ըսին. « Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն»։16. Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։17. Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։18. Ըսաւ անոնց. «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։19. Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։20. Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։21. Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981