Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 22Ծննդոց 43:1-341. Սովը սաստկացաւ երկրին մէջ2. Ու Եգիպտոսէն բերուած պաշարնին կերան ու հատցուցին։ Հայրերնին ըսաւ անոնց. «Գացէք նորէն մեզի քիչ մը ուտելիք ծախու առէք»։3. Յուդա խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Այն մարդը մեզի հաստատ վկայութեամբ խօսելով՝ ըսաւ. ‘Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք’։4. Եթէ մեր եղբայրը մեզի հետ ղրկես, կ’իջնենք ու ուտելիք ծախու կ’առնենք.5. Բայց եթէ չղրկես, չենք իջներ. վասն զի այն մարդը ըսաւ մեզի. ‘Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք’»։6. Իսրայէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար չարութիւն ըրիք ինծի՝ այն մարդուն իմացնելով թէ ուրիշ եղբայր ունիք»։7. Անոնք ըսին. «Այն մարդը մեզի համար ու մեր ազգականներուն համար ճշդիւ հարցուց՝ ըսելով. ‘Ձեր հայրը տակաւին ո՞ղջ է, ուրիշ եղբայր ունի՞ք’. մենք ալ այս խօսքերուն համեմատ պատասխան տուինք անոր. արդեօք մենք կրնայի՞նք գիտնալ թէ անիկա պիտի ըսէ՝ ‘Ձեր եղբայրը իջեցուցէք’»։8. Յուդա իր հօրը Իսրայէլին ըսաւ. «Տղան ինծի հետ ղրկէ ու ելլենք երթանք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք, մենք ալ, դուն ալ, մեր ընտանիքներն ալ։9. Ես երաշխաւոր կ’ըլլամ անոր համար։ Զանիկա իմ ձեռքէս պահանջէ. եթէ զանիկա քեզի չբերեմ ու քու առջեւդ չկայնեցնեմ, յաւիտեան քեզ հանդէպ յանցաւոր ըլլամ։10. Քանզի եթէ չյապաղէինք, մինչեւ հիմա երկրորդ անգամ դարձած կ’ըլլայինք»։11. Անոնց հայրը Իսրայէլ ըսաւ անոնց. «Եթէ այդպէս է, հիմա այս ըրէք։ Ձեր ամաններուն մէջ երկրիս ամենէն աղէկ պտուղներէն առէք ու մարդուն ընծայ տարէք, քիչ մը բալասան եւ քիչ մը մեղր, համեմներ ու զմուռս, պիստակ ու նուշ12. Եւ ձեռքերնիդ կրկնապատիկ ստակ առէք ու ձեր քուրձերուն բերանը դրուած ստակն ալ, որ ետ բերուեցաւ, ձեռքերնիդ առած ետ տարէք. գուցէ սխալմունք եղած էր.13. Եղբայրնիդ ալ առէք ու ելէք նորէն այն մարդուն գացէք։14. Եւ Ամենակարող Աստուած ձեզի շնորհք գտնել տայ այն մարդուն առջեւ, որպէս զի ձեր Շմաւոն եղբայրն ու Բենիամինը թող տայ ձեզի։ Բայց եթէ անզաւակ մնալու եմ, թող անզաւակ մնամ»։15. Ապա մարդիկը առին այս ընծաները ու ձեռքերնին կրկնապատիկ ստակ առին՝ նաեւ Բենիամինը ու ելան Եգիպտոս իջան եւ Յովսէփին առջեւ կայնեցան։16. Երբ Յովսէփ Բենիամինը անոնց հետ տեսաւ, իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Տուն տար այս մարդիկը ու պարարտ կենդանիներ մորթէ եւ պատրաստէ. վասն զի այս մարդիկը կէսօրին ինծի հետ պիտի ճաշեն»։17. Սպասաւորը Յովսէփին ըսածին պէս ըրաւ ու Յովսէփին տունը տարաւ մարդիկը։18. Մարդիկը վախցան Յովսէփին տունը տարուելնուն համար ու ըսին. «Առաջին անգամին մեր քուրձերուն մէջ դարձած ստակին համար կը տարուինք, որ մեր վրայ յարձակի ու մեր վրայ իյնայ մեզ իբր ծառայ առնէ ու մեր էշերը»։19. Յովսէփին տանը վերակացուն եղող մարդուն մօտեցան ու տանը դրանը մէջ խօսեցան անոր20. Ու ըսին. «Ո՜հ, տէ՛ր, ասկէ առաջ կերակուր ծախու առնելու իջանք։21. Երբ իջեւան մը հասանք, մեր քուրձերը բացինք, ահա ամէն մէկուս ստակը իր քուրձին բերանն էր, մեր ստակը լման կշիռքովը եւ զանիկա մեր ձեռքովը ետ բերինք։22. Ու ձեռքերնուս մէջ ուրիշ ստակ բերինք՝ կերակուր ծախու առնելու համար։ Չենք գիտեր թէ ո՞վ դրաւ մեր ստակը մեր քուրձերուն մէջ»։23. Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի, մի՛ վախնաք. ձեր Աստուածը եւ ձեր հօրը Աստուածը ձեզի գանձ տուաւ ձեր քուրձերուն մէջ. ես առի ձեր ստակը»։ Եւ Շմաւոնը դուրս հանեց անոնց։24. Սպասաւորը Յովսէփին տունը տարաւ մարդիկը եւ ջուր տուաւ անոնց ու իրենց ոտքերը լուացին ու անոնց էշերուն կեր տուաւ։25. Անոնք ալ ընծաները պատրաստեցին՝ մինչեւ Յովսէփին տուն գալը. քանզի իմացան թէ իրենք հոն հաց պիտի ուտեն։26. Երբ Յովսէփ տուն եկաւ, իրենց ձեռքը եղած ընծաները անոր մատուցանեցին տանը մէջ ու մինչեւ գետինը ծռելով անոր խոնարհութիւն ըրին։27. Յովսէփ անոնց ողջութիւնը հարցուց՝ ըսելով. «Ձեր ծեր հայրը, որուն վրայով խօսեցաք ինծի, աղէ՞կ է. տակաւին ո՞ղջ է»։28. Ըսին. «Քու ծառադ՝ մեր հայրը՝ աղէկ է, տակաւին ողջ է» եւ ծռեցան ու խոնարհութիւն ըրին։29. Յովսէփ իր աչքերը վերցուց ու իր մօրը որդին, իր եղբայրը Բենիամինը տեսաւ եւ ըսաւ. «Ա՞ս է ձեր պզտիկ եղբայրը, որուն վրայով խօսեցաք ինծի» եւ ըսաւ Բենիամինին. «Աստուած ողորմի քեզի, որդեակ իմ»։30. Յովսէփ շուտով դուրս ելաւ. քանզի իր աղիքը գալարուեցան իր եղբօրը վրայ եւ լալու տեղ կը փնտռէր ու ներքին սենեակը մտաւ ու հոն լացաւ։31. Ապա լուաց իր երեսը ու դուրս ելաւ եւ զսպեց ինքզինք ու ըսաւ. «Հաց բերէք»։32. Իրեն զատ ու անոնց զատ եւ իրեն հետ ուտող Եգիպտացիներուն զատ կերակուր դրին. քանզի Եգիպտացիները Եբրայեցիներուն հետ հաց չէին կրնար ուտել, վասն զի Եգիպտացիներուն զզուելի էր։33. Եգիպտացիները նստան անոր առջեւ, անդրանիկը իր անդրանկութեանը պէս եւ պզտիկը իր պզտկութեանը պէս եւ մարդիկը իրարու նայելով կը զարմանային։34. Յովսէփ իր առջեւէն բաժիններ ղրկեց անոնց. բայց Բենիամինին բաժինը միւսներուն բաժինին հինգ անգամն էր եւ խմեցին ու անոր հետ մէկտեղ զուարթացան։Ծննդոց 44:1-341. Յովսէփ իր տանը վերակացուին հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Այս մարդոց քուրձերը տանել կրցածնուն չափ լեցուր ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին բերանը դիր։2. Եւ ամենէն պզտիկին քուրձին բերանը՝ իմ գաւաթս, արծաթ գաւաթը ու իր պաշարին ստակը դիր»։ Անիկա Յովսէփին ըսած խօսքին պէս ըրաւ։3. Առտուն լուսցածին պէս մարդիկը ղրկուեցան, իրենք ու իրենց էշերը։4. Անոնք քաղաքէն դեռ հեռացած չէին երբ Յովսէփ իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Ելի՛ր, այն մարդոց ետեւէն վազէ ու անոնց հասիր ու ըսէ անոնց. ‘Ինչո՞ւ բարիքին փոխարէն չարիք հատուցանեցիք։ Ինչո՞ւ իմ տիրոջս գաւաթը գողցաք։5. Այս այն չէ՞, որուն մէջէն իմ տէրս կը խմէ ու անով կը հմայէ. այսպէս ընելով գէշութիւն ըրիք’»։6. Վերակացուն հասաւ անոնց եւ ըսաւ անոնց այդ նոյն խօսքերը։7. Անոնք ըսին անոր. «Ինչո՞ւ իմ տէրս այսպիսի խօսքեր կ’ըսէ. քա՛ւ լիցի որ քու ծառաներդ այսպիսի բան մը ընեն։8. Ահա մեր քուրձերուն բերանը գտած ստակնիս Քանանի երկրէն քեզի բերինք. ուրեմն ի՞նչպէս քու տիրոջդ տունէն արծաթ կամ ոսկի պիտի գողնանք։9. Քու ծառաներէդ որո՛ւն քով որ գտնուի, թող անիկա մեռնի ու մենք ալ մեր տիրոջը ծառաներ ըլլանք»։10. Անիկա ըսաւ. «Հիմա ճիշդ ձեր ըսածին պէս թող ըլլայ. որուն քով որ գտնուի, ան ինծի ծառայ ըլլայ ու դուք անպարտ ըլլաք»։11. Ուստի ամէն մէկը արտորալով իր քուրձը գետին իջեցուց ու ամէն մէկը իր քուրձը բացաւ12. Եւ անիկա մեծէն սկսաւ փնտռել ու մինչեւ պզտիկը նայեցաւ։ Եւ գաւաթը Բենիամինին քուրձին մէջ գտնուեցաւ։13. Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին եւ ամէն մէկը իր էշը բեռցուց ու քաղաք դարձան։14. Եւ Յուդան ու անոր եղբայրները Յովսէփին տունը եկան եւ անիկա տակաւին հոն էր ու անոր առջեւ գետինը ինկան։15. Եւ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այս ի՞նչ բան է որ ըրիք. չէ՞ք գիտեր որ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ»։16. Յուդան ըսաւ. «Իմ տիրոջս ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ խօսինք, կամ ի՜նչպէս արդարանենք ինքզինքնիս։ Աստուած քու ծառաներուդ յանցանքը բռնեց։ Ահա մենք մեր տիրոջ ծառաներ ենք, մենք ալ՝ անիկա ալ՝ որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ»։17. Յովսէփ ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի որ ես այդպէս ընեմ. հապա այն մարդը, որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ, միայն անիկա ինծի ծառայ թող ըլլայ ու դուք խաղաղութեամբ ձեր հօրը ելէք»։18. Այն ատեն Յուդան մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, շնորհք ըրէ, թող քու ծառադ խօսք մը խօսի իմ տիրոջս ականջներուն ու ծառայիդ վրայ քու բարկութիւնդ չբորբոքի. վասն զի դուն Փարաւոնին պէս ես։19. Իմ տէրս իր ծառաներուն հարցուց՝ ըսելով. ‘Հայր կամ եղբայր ունի՞ք’։20. Եւ մենք ըսինք մեր տիրոջը թէ՝ ‘Ծեր հայր մը ունինք եւ թէ անիկա իր ծերութեան ատենը ծնած պզտիկ որդի մը ունի, որուն եղբայրը մեռած է եւ միայն անիկա իր մօրմէն մնացած է ու անոր հայրը կը սիրէ զանիկա’։21. Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Ինծի իջեցուցէք զանիկա, որ տեսնեմ’։22. Եւ իմ տիրոջս ըսինք. ‘Տղան իր հայրը չի կրնար ձգել. քանզի եթէ իր հայրը ձգելու ըլլայ, անիկա պիտի մեռնի’։23. Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը ձեզի հետ չիջնէ, իմ երեսս անգամ մըն ալ պիտի չտեսնէք’։24. Ու երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս քով ելանք, իմ տիրոջս խօսքերը պատմեցինք անոր։25. Երբ մեր հայրը կրկին ըսաւ՝ ‘Գացէք նորէն ու մեզի քիչ մը կերակուր ծախու առէք’26. Մենք ըսինք. ‘Չենք կրնար իջնել։ Եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ ըլլայ, այն ատեն կ’իջնենք. վասն զի պիտի չկրնանք տեսնել այն մարդուն երեսը, եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ չըլլայ’։27. Եւ քու ծառադ՝ իմ հայրս՝ ըսաւ մեզի. ‘Դուք գիտէք որ իմ կինս երկու որդի ծնաւ ինծի28. Եւ մէկը քովէս ելաւ’։ Ու ես ըսի՝ ‘Անշուշտ գազանէ մը գիշատուած է ու մինչեւ հիմա զինք չտեսայ’։29. Եւ եթէ ասիկա ալ քովէս առնէք ու անոր փորձանք մը պատահի, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզմանը պիտի իջեցնէք»։30. Ուստի հիմա, երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս՝ երթամ ու տղան մեզի հետ չըլլայ, անոր հոգին տղուն հոգիին հետ կապուած ըլլալով,31. Երբ տեսնէ թէ տղան մեզի հետ չէ, պիտի մեռնի եւ ծառաներդ քու ծառայիդ՝ մեր հօրը՝ ճերմակ մազերը տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնենք։32. Վասն զի ծառադ տղուն համար իմ հօրս երաշխաւոր եղայ՝ ըսելով. ‘Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ հօրս յաւիտեան յանցաւոր ըլլամ’։33. Ուստի հիմա կ’աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տիրոջս ծառայ թող ըլլայ եւ տղան իր եղբայրներուն հետ թող ելլէ.34. Քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ»։Սաղմոսներ 11:1-71. Տէրոջը ապաւինեցայ. Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք թէ՝ «Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ.2. Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին, Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին, Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։3. Եթէ հիմերը կործանին, Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։4. Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Տէրոջը աթոռը երկինքն է. Անոր աչքերը կը տեսնեն, Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։5. Տէրը կը քննէ արդարը. Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։6. Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ, Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ. Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։7. Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ, Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։Առակներ 4:10-1310. Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։11. Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի,12. Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին Ու վազելու ատենդ չսահիս։13. Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է։Մատթեոս 14:22-3622. Աշակերտները արտորցուց, որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ անդիի կողմը անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։23. Ժողովուրդը արձակելէն ետքը, ինք լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, հոն մինակ էր,24. իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղը ալեկոծութեան մէջ էր, վասն զի հովը հակառակ կողմէն կը փչէր։25. Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով։26. Երբ աշակերտները մէկը տեսան, որ ծովուն վրայ կը քալէր, խռովեցան եւ ըսին թէ՝ աչքի երեւոյթ մըն է։ Վախնալով կանչուըռտեցին։27. Յիսուս խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։28. Պետրոս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։29. Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս ալ նաւէն իջաւ, ջուրերուն վրայէն քալեց որպէս զի Յիսուսի քով երթայ։30. Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։31. Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։32. Երբ նաւը ելան, հովը դադարեցաւ։33. Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։34. Անդիի կողմը անցնելով, Գեննեսարէթ հասան։35. Երբ այն տեղի մարդիկ ճանչցան զանիկա, մարդ ղրկեցին բոլոր շրջակայ տեղերը ու բոլոր հիւանդները անոր բերին.36. Եւ կ’աղաչէին անոր, որ միայն իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան, բժշկուեցան։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981