1. Յովսէփ եկաւ ու պատմեց Փարաւոնին ու ըսաւ. «Իմ հայրս ու եղբայրներս եւ անոնց հօտերն ու արջառները եւ անոնց բոլոր ունեցածը եկան Քանանի երկրէն եւ ահա Գեսեմի երկիրն են»։
2. Իր եղբայրներէն հինգ մարդ առաւ ու զանոնք Փարաւոնին ներկայացուց։
3. Փարաւոն ըսաւ անոր եղբայրներուն. «Ի՞նչ է ձեր արհեստը»։ Եւ անոնք Փարաւոնին ըսին. «Քու ծառաներդ հովիւներ ենք, մենք ալ, մեր հայրերն ալ»։
4. Նաեւ ըսին Փարաւոնին. «Այս երկրին մէջ պանդխտանալու եկանք. վասն զի Քանանի երկրին մէջ սովին սաստկանալուն համար, քու ծառաներուդ հօտերուն արածելիք չկայ, ուստի հիմա կ’աղաչենք, թող ծառաներդ Գեսեմի երկրին մէջ բնակին»։
6. Եգիպտոսը առջեւդ է. քու հայրդ ու եղբայրներդ երկրին ամենէն աղէկ տեղը բնակեցուր. Գեսեմի երկրին մէջ թող բնակին եւ եթէ անոնց մէջ ճարպիկ մարդիկ կան, զանոնք իմ հօտերուս վրայ վերակացու ըրէ»։
7. Յովսէփ իր հայրը բերաւ ու Փարաւոնին առջեւ հանեց։ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը։
9. Եւ Յակոբ ըսաւ Փարաւոնին. «Իմ պանդխտութեանս տարիներուն օրերը հարիւր երեսուն տարի են. իմ կեանքիս տարիներուն օրերը քիչ ու ցաւով եղան ու իմ հայրերուս պանդխտութեան օրերուն մէջ եղած իրենց կեանքին տարիներուն օրերուն չհասան»։
10. Եւ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը ու դուրս ելաւ Փարաւոնին առջեւէն։
11. Յովսէփ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ կողմը, Ռամսէսի երկրին մէջ, բնակեցուց իր հայրն ու եղբայրները եւ անոնց կալուածք տուաւ, ինչպէս Փարաւոն հրամայեր էր։
12. Յովսէփ իր հայրն ու եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը անոնց ընտանիքներուն համեմատ հացով կը սնուցանէր։
13. Բոլոր երկրին մէջ հաց չկար, վասն զի սովը խիստ սաստկացաւ ու Եգիպտոսի երկիրը եւ Քանանի երկիրը սովին պատճառաւ նուազեցան։
14. Յովսէփ պաշար ծախու առնողներէն՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Քանանի երկրին մէջ գտնուած բոլոր ստակը հաւաքեց եւ Փարաւոնին տունը տարաւ ստակը։
15. Երբ Եգիպտոսի ու Քանանի ստակը հատաւ, բոլոր Եգիպտացիները եկան Յովսէփին ու ըսին. «Մեզի հաց տուր։ Ստակ չըլլալուն համար ինչո՞ւ մեռնինք քու առջեւդ»։
17. Անոնք իրենց անասունները Յովսէփին բերին եւ Յովսէփ հաց տուաւ անոնց՝ ձիերուն փոխարէն ու ոչխարներուն փոխարէն եւ արջառներուն փոխարէն ու էշերուն փոխարէն եւ այն տարին զանոնք հացով կերակրեց իրենց բոլոր անասուններուն փոխարէն։
18. Եւ երբ լմնցաւ այն տարին, հետեւեալ տարին եկան անոր ու ըսին. «Մեր տիրոջմէն չենք պահեր որ ստակը հատաւ եւ մեր անասուններն ալ մեր տիրոջը եղան. ալ բան մը չմնաց մեր տիրոջը առջեւ, բացի մեր անձերն ու երկիրը։
19. Ինչո՞ւ համար քու աչքիդ առջեւ մեռնինք մենք ու մեր երկիրը։ Մեզ ու մեր երկիրը հացով ծախու առ եւ մենք մեր երկիրովը Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք եւ սերմ տուր մեզի որպէս զի ապրինք ու չմեռնինք եւ երկիրը ամայի չըլլայ»։
20. Յովսէփ բոլոր երկիրը Փարաւոնին համար ծախու առաւ, քանզի Եգիպտացիներու վրայ սովին սաստիկ ըլլալուն համար՝ անոնց ամէն մէկը իր արտը ծախեց ու երկիրը Փարաւոնին եղաւ։
21. Եգիպտոսի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը՝ ժողովուրդը քաղաքէ քաղաք՝ ՝ փոխադրեց։
22. Միայն քուրմերուն երկիրը ծախու չառաւ. վասն զի քուրմերը Փարաւոնէն կապուած բաժին ունէին ու կ’ուտէին իրենց բաժինը, որ Փարաւոն կու տար անոնց։ Ատոր համար իրենց երկիրը չծախեցին։
23. Եւ Յովսէփ ըսաւ ժողովուրդին. «Ահա այսօր ծախու առի ձեզ ու ձեր երկիրը Փարաւոնին համար. արդ ձեզի սերմ կու տամ ու սերմանեցէք երկիրը
24. Եւ երկրի արդիւնքին հինգէն մէկը Փարաւոնին պիտի տաք ու չորս մասը ձերը պիտի ըլլայ, որպէս զի արտին սերմ՝ ու ձեզի եւ ձեր տանը մէջ եղողներուն ու ձեր տղաքներուն ուտելիք ըլլայ»։
25. Անոնք ըսին. «Մեզ ապրեցուցիր. թող մեր տիրոջը առջեւ շնորհք գտնենք ու Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք»։
26. Յովսէփ այս օրէնքը հաստատեց Եգիպտոսի երկրին մէջ մինչեւ այսօր՝ որ հինգէն մէկը Փարաւոնին ըլլայ. բացի քուրմերուն երկրէն, որ Փարաւոնին չեղաւ։
27. Եւ Իսրայէլ կը բնակէր Եգիպտոսի երկրին մէջ, Գեսեմի երկիրը ու հոն կալուածք ստացան եւ աճեցան ու խիստ շատցան։
28. Յակոբ Եգիպտոսի մէջ տասնըեօթը տարի ապրեցաւ ու Յակոբին կեանքին տարիներուն օրերը հարիւր քառասունըեօթը տարի եղան։
29. Երբ Իսրայէլին մեռնելու օրերը մօտեցան, կանչեց իր Յովսէփ որդին ու ըսաւ անոր. «Եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր եւ ինծի մարդասիրութիւն ու ճշմարտութիւն ըրէ. կ’աղաչեմ քեզի՝ զիս Եգիպտոսի մէջ մի՛ թաղեր.
30. Հապա իմ հայրերուս հետ ննջեմ ու դուն զիս Եգիպտոսէն հանէ եւ զիս անոնց գերեզմանը թաղէ»։ Յովսէփ ըսաւ. «Ես քու ըսածիդ պէս պիտի ընեմ»։
1. Այս բաներէն յետոյ Յովսէփին ըսուեցաւ. «Ահա քու հայրդ հիւանդ է»։ Անիկա ալ իր երկու որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ իրեն հետ առաւ։
2. Յակոբին պատմուեցաւ ու ըսուեցաւ. «Ահա քու որդիդ Յովսէփ քեզի կու գայ»։ Իսրայէլ ուժովցաւ ու անկողնին վրայ նստաւ։
3. Եւ Յակոբ ըսաւ Յովսէփին. «Ամենակարող Աստուած Քանանի երկիրը Լուզի մէջ երեւցաւ ինծի ու օրհնեց զիս
4. Եւ ըսաւ ինծի. ‘Ահա քեզ պիտի աճեցնեմ ու շատցնեմ եւ քեզ շատ ժողովուրդներու հայր պիտի ընեմ եւ այս երկիրը քեզմէ ետքը քու սերունդիդ յաւիտենական կալուածք ըլլալու պիտի տամ’։
5. Հիմա քու երկու որդիներդ, որոնք ծնան քեզի Եգիպտոսի մէջ, Եգիպտոս գալէս առաջ, իմս են. Եփրեմն ու Մանասէն Ռուբէնին ու Շմաւոնին պէս իմս պիտի ըլլան։
6. Անոնցմէ ետքը քու ծնած որդիներդ քուկդ ըլլան ու իրենց ժառանգութեանը մէջ իրենց եղբայրներուն անուններովը կանչուին։
7. Երբ Միջագետքէն կու գայի, Քանանի երկրին մէջ այն ճամբուն վրայ, որ տակաւին Եփրաթա երթալու քիչ մը տեղ կայ, Ռաքէլ մեռաւ իմ քովս ու զանիկա հոն Եփրաթայի՝ այսինքն Բեթլեհէմի ճամբուն մէջ թաղեցի»։
8. Եւ Իսրայէլ տեսաւ Յովսէփին որդիները ու ըսաւ. «Ո՞վ են ասոնք»։
9. Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Իմ որդիներս են, որոնք Աստուած հոս ինծի տուաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի բեր զանոնք, որպէս զի օրհնեմ»։
10. Իսրայէլին աչքերը ծերութենէն ծանրացած էին, այնպէս որ չէր կրնար տեսնել։ Յովսէփ զանոնք մօտեցուց հօրը ու անիկա համբուրեց զանոնք ու գրկեց։
11. Ու Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ես չէի յուսար, որ քու երեսդ պիտի կրնամ տեսնել եւ ահա Աստուած ինծի քու սերունդդ ալ ցուցուց»։
12. Յովսէփ հանեց զանոնք անոր ծունկերէն եւ իր երեսը ծռեց մինչեւ գետինը եւ խոնարհութիւն ըրաւ։
13. Յովսէփ առաւ անոնց երկուքն ալ, Եփրեմը իր աջ ձեռքով Իսրայէլին ձախ կողմը եւ Մանասէն իր ձախ ձեռքով Իսրայէլին աջ կողմը ու մօտեցուց անոր։
14. Իսրայէլ իր աջ ձեռքը երկնցուց ու Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, որ պզտիկն էր ու իր ձախ ձեռքը Մանասէին գլխուն վրայ. անիկա խորհրդով իր ձեռքերը փոխեց, վասն զի Մանասէն անդրանիկն էր։
15. Օրհնեց Յովսէփը ու ըսաւ. «Այն Աստուածը, որուն առջեւ իմ հայրերս Աբրահամն ու Իսահակը քալեցին, այն Աստուածը, որ ծնած ատենէս մինչեւ հիմա զիս կերակրեց,
16. Այն հրեշտակը, որ զիս ամէն տեսակ չարիքներէ ազատեց, օրհնէ այս տղաքները եւ իմ անունս ու իմ հայրերուս Աբրահամին եւ Իսահակին անունը ասոնց վրայ կանչուի ու երկրին մէջտեղը խիստ շատնան»։
17. Երբ Յովսէփ տեսաւ, որ իր հայրը աջ ձեռքը Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, իրեն հաճելի չեղաւ, ուստի իր հօրը ձեռքը բռնեց, որպէս զի զանիկա Եփրեմին գլուն վրայէն Մանասէին գլխուն վրայ փոխադրէ։
18. Եւ Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Ո՛չ այդպէս, հայր իմ. վասն զի անդրանիկը այս է։ Քու աջ ձեռքդ անոր գլխուն վրայ դիր»
19. Իսկ հայրը չուզեց ու ըսաւ. «Գիտեմ, որդեա՛կ իմ. գիտեմ, ասիկա ալ ժողովուրդ պիտի ըլլայ եւ ասիկա ալ մեծ պիտի ըլլայ. բայց անոր պզտիկ եղբայրը անկէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ ու անոր սերունդը խիստ մեծ ազգ պիտի ըլլայ»։
20. Եւ այն օրը օրհնեց զանոնք ու ըսաւ. «Իսրայէլ քեզմով պիտի օրհնէ, ‘Աստուած քեզ Եփրեմի պէս եւ Մանասէի պէս ընէ’» ըսելով ու Եփրեմը Մանասէէն առաջ դրաւ։
21. Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ահա ես կը մեռնիմ եւ Աստուած ձեզի հետ ըլլայ։ Ձեզ ձեր հայրերուն երկիրը պիտի դարձնէ։
22. Քու եղբայրներէդ մէկ բաժին աւելի տուի քեզի, որը Ամօրհացիներուն ձեռքէն իմ սրովս ու աղեղովս առի»։
1. Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս, Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։
2. Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով. Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։
3. Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի. Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս, Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։
4. Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր», Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։
5. Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։
6. Պիտի երգեմ Տէրոջը, Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։
18. Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։
19. Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։
21. Յիսուս անկէ ելլելով՝ Տիւրոսի ու Սիդոնի կողմերը գնաց։
22. Քանանացի կին մը այն սահմաններէն ելած՝ կ’աղաղակէր անոր ու կ’ըսէր. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։
23. Ինք բնաւ պատասխան չտուաւ անոր։ Իր աշակերտները մօտենալով՝ կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։
24. Ինքն ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։
25. Բայց կինը եկաւ երկրպագութիւն ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։
26. Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։
27. Կինն ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։
28. Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։
30. Շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք։
31. Այնպէս որ ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին։
32. Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին»։
33. Աշակերտները անոր ըսին. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ այսչափ բազմութիւնը կշտացնեն»։
34. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր»։
35. Հրաման ըրաւ ժողովուրդին որ գետնին վրայ նստին։
36. Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին։