1. Յակոբ կանչեց իր որդիները ու ըսաւ. «Հաւաքուեցէք, որպէս զի ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի։
2. Հաւաքուեցէք ու ականջ տուէք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, Ու ձեր հօրը Իսրայէլին մտիկ ըրէք։
3. Ո՛վ Ռուբէն, իմ անդրանիկս, Իմ ոյժս ու իմ զօրութեանս սկիզբը, Յարգութեան կատարելութիւնը ու զօրութեան կատարելութիւնը դուն ես։
4. Ջուրի պէս եռացիր, առաջին պիտի չըլլաս. Վասն զի քու հօրդ անկողինը մտար. Այն ատեն պղծեցիր զանիկա։ (Իմ անկողի՜նս մտաւ։)
5. Շմաւոնն ու Ղեւին եղբայրներ են. Սուրերնին անիրաւութեան գործիքներ են։
6. Իմ հոգիս անոնց խորհուրդներուն մէջ թող չմտնէ, Իմ պատիւս անոնց ժողովին հետ թող չմիանայ. Վասն զի իրենց բարկութիւնով մարդ սպաննեցին Եւ իրենց կամապաշտութիւնով ցուլի ջիղ կտրեցին։
7. Անիծեա՛լ ըլլայ անոնց բարկութիւնը, վասն զի խիստ էր Ու անոնց սրտմտութիւնը, վասն զի սաստիկ էր. Զանոնք Յակոբին մէջ պիտի բաժնեմ Ու զանոնք Իսրայէլին մէջ պիտի ցրուեմ։
23. Աղեղնաւորները վշտացուցին զանիկա Ու նետաձիգ եղան անոր ու ատեցին զանիկա.
24. Բայց անոր աղեղը զօրաւոր մնաց Եւ իր ձեռքերուն բազուկները ուժովցան, Յակոբին հզօր Աստուծոյն ձեռքերովը։ Իսրայէլին վէմը եղող հովիւը անկէ է։
25. Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է. որ քեզի պիտի օգնէ Եւ Ամենակարողէն, որ քեզ պիտի օրհնէ, Վերէն երկնքի օրհնութիւններովը, Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը։
26. Քու հօրդ օրհնութիւնները իմ նախնիքներուս օրհնութիւններէն Մինչեւ յաւիտենական բլուրներուն գագաթը՝ ՝ զօրացան. Յովսէփին գլխուն վրայ պիտի ըլլան Եւ անոր գագաթին վրայ, որ իր եղբայրներէն գերազանց է։
27. Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ. Առտուն որսը պիտի ուտէ Եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ»։
28. Ասոնք ամէնքը Իսրայէլին տասներկու ցեղերն են եւ այս է՝ որ անոնց հայրը խօսեցաւ անոնց ու օրհնեց զանոնք։ Ամէն մէկուն օրհնութեանը պէս օրհնեց զանոնք
29. Եւ պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս պիտի խառնուիմ. իմ հայրերուս հետ այն այրին մէջ թաղեցէք զիս, որ Քետացի Եփրոնին արտին մէջ է.
30. Այն այրին մէջ, որ Քանանի երկիրը՝ Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին մէջ է, որ Աբրահամ արտին հետ մէկտեղ գերեզմանի կալուածքի համար Քետացի Եփրոնէն ծախու առաւ։
31. Աբրահամն ու անոր կինը Սառան հոն թաղեցին։ Իսահակն ու անոր կինը Ռեբեկան հոն թաղեցին. ես ալ Լիան հոն թաղեցի։
32. Այն արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն ծախու առնուեցան»։
33. Յակոբ, երբ լմնցուց իր որդիներուն պատուէր տալը, իր ոտքերը անկողնին մէջ հաւաքեց ու հոգին աւանդեց եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։
1. Յովսէփ իր հօրը երեսին վրայ ինկաւ ու լացաւ եւ համբուրեց զանիկա։
2. Յովսէփ իր բժիշկ ծառաներուն հրամայեց, որ իր հայրը զմռսեն։ Եւ բժիշկները զմռսեցին Իսրայէլը։
3. Եւ անոր քառասուն օրը լմնցաւ. վասն զի զմռսուածներուն օրերը այսպէս կը լմննային։ Եգիպտացիք անոր համար եօթանասուն օր սուգ ըրին։
5. ‘Իմ հայրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Ահա ես կը մեռնիմ. իմ գերեզմանիս մէջ, որ ես ինծի համար Քանանի երկրին մէջ փորեցի, զիս հոն թաղես»’ եւ հիմա շնորհք ըրէ, իմ հայրս թաղելու ելլեմ ու նորէն գամ»։
7. Յովսէփ իր հայրը թաղելու ելաւ եւ Փարաւոնին բոլոր ծառաները, անոր տանը ծերերը ու Եգիպտոսի բոլոր ծերերը անոր հետ ելան։
8. Նաեւ Յովսէփին բոլոր տունը ու անոր եղբայրները եւ անոր հօրը տունը. միայն իրենց ընտանիքները ու իրենց հօտերը եւ իրենց արջառները Գեսեմի մէջ թողուցին։
9. Անոր հետ կառքեր ու ձիաւորներ ելան ու շատ մեծ բանակ մը եղաւ։
10. Եկան Ատադի կալը, որ Յորդանանի անդիի կողմն է. հոն մեծ ու խիստ սաստիկ լացով մը ողբացին եւ իր հօրը համար եօթը օր սուգ ըրաւ։
11. Այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները, երբ տեսան Ատադի կալին մէջ սուգին հանդէսը, ըսին. «Այս մեծ սուգ մը ըլլալու է Եգիպտացիներուն»։ Անոր համար անոր անունը Աբէլմիսրաիմ դրին, որ Յորդանանի անդիի կողմն է։
12. Յակոբին որդիները ըրին անոր՝ ինչպէս պատուիրեր էր։
13. Եւ անոր որդիները Քանանի երկիրը տարին զանիկա ու թաղեցին զանիկա Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ Աբրահամ գերեզմանի կալուածքի համար ծախու առաւ արտին հետ մէկտեղ Քետացի Եփրոնէն։
14. Յովսէփ իր հայրը թաղելէն յետոյ Եգիպտոս դարձաւ, ինք ու իր եղբայրները եւ այն ամէնքը որ իրեն հետ իր հայրը թաղելու ելան։
15. Յովսէփին եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը մեռաւ, ըսին իրենց մէջ. «Գուցէ Յովսէփ ոխ պահելով՝ պիտի հատուցանէ մեզի այն ամէն չարիքը որ ըրինք իրեն»։
16. Ուստի Յովսէփին պատգամաւոր ղրկեցին՝ ըսելով. «Քու հայրդ մեռնելէն առաջ պատուիրեց մեզի ու ըսաւ. «Յովսէփին այսպէս ըսէք.
17. ‘Հիմա շնորհք ըրէ, քու եղբայրներուդ յանցանքը ու անոնց մեղքը ներէ, վասն զի քեզի չարութիւն ըրին’ եւ հիմա կ’աղաչենք քեզի, քու հօրդ Աստուծոյն ծառաներուն յանցանքը ներէ»։ Եւ Յովսէփ լացաւ, երբ անոնք խօսեցան իրեն։
18. Անոր եղբայրներն ալ գացին եւ անոր առջեւ ինկան ու ըսին. «Ահա մենք քու ծառաներդ ենք»։
19. Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տեղն եմ
20. Եւ թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս՝ շատ ժողովուրդ ապրեցնէ։
21. Հիմա մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Այսպէս մխիթարեց զանոնք քաղցրութեամբ խօսելով։
22. Յովսէփ Եգիպտոս բնակեցաւ, ինք եւ իր հօրը տունը։ Յովսէփ հարիւր տասը տարի ապրեցաւ։
23. Յովսէփ Եփրեմին որդիները մինչեւ երրորդ սերունդը տեսաւ եւ Մանասէին որդիին Մաքիրի որդիներն ալ Յովսէփին ծունկերուն վրայ ծնան։
24. Եւ Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. « Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։
25. Եւ Յովսէփ Իսրայէլի որդիներուն երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք»։
26. Յովսէփ հարիւր տասը տարեկան ըլլալով մեռաւ ու զմռսեցին զանիկա եւ տապանի մը մէջ դրին Եգիպտոսի մէջ։
1. Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2. Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։
3. Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4. Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Տէրոջը չեն կանչեր.
5. Այն ատեն շատ վախցան. Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։
6. Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք, Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։
7. Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը. Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։
20. Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս, Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։
1. Փարիսեցիները ու սադուկեցիները քովը եկան, փորձելով՝ իրմէ կ’ուզէին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ իրենց։
2. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։
3. Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանկներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ ։
4. Չար ու շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը» եւ թողուց զանոնք ու գնաց։
5. Երբ իր աշակերտները անդիի կողմը անցան, հաց առնել մոռցեր էին։
6. Յիսուս անոնց ըսաւ. «Նայեցէք ու զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն»։
7. Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չբերինք մեզի հետ »։
8. Իսկ Յիսուս անոնց խորհուրդը գիտնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր մէջ ինչո՞ւ կը խորհիք, թե՛րահաւատներ, թէ հաց չառիք։
9. Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակը՝ հինգ հազարին, ու քանի՛ կողով վերցուցիք.
10. Ոչ ալ եօթը նկանա՞կը՝ չորս հազարին, ու քանի՛ զամբիւղ վերցուցիք։
11. Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն զգոյշ կենալ»։
12. Այն ատեն հասկցան թէ հացի խմորէն զգուշանալ չըսաւ, հապա փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն։
13. Յիսուս Փիլիպպոսի Կեսարիայի կողմերը երթալով՝ իր աշակերտներուն հարցուց ու ըսաւ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։
14. Անոնք ըսին. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։
15. Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։
16. Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։
17. Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա, հապա իմ Հայրս որ երկինքն է։
18. Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։
19. Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։
20. Ապա աշակերտներուն պատուիրեց, որ մարդո՛ւ չըսեն թէ ինք Քրիստոսն է։
21. Անկէ յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։
22. Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։