Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 27Ելից 3:1-221. Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։2. Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր։ Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։3. Մովսէս ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»։4. Տէրը տեսաւ, որ անիկա տեսնելու եկաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։5. Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։6. Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասն զի Աստուծոյ նայելու վախցաւ։7. Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ8. Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։9. Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ։10. Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։11. Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։12. Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։13. Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։14. Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ Եւ ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’»։15. Դարձեալ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց’. իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է։16. Գնա՛ Իսրայէլի ծերերը մէկտեղ հաւաքէ՛ ու ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը, երեւցաւ ինծի ըսելով. ‘Արդարեւ, այցելութիւն ըրի ձեզի ու Եգիպտոսի մէջ ձեր քաշածը տեսայ.17. Ու ըսի որ ձեզ Եգիպտոսի չարչարանքէն դէպի Քանանացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի հանեմ’։18. Անոնք քու ձայնիդ մտիկ պիտի ընեն եւ դուն ու Իսրայէլի ծերերը Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք ու ըսէք անոր. ‘Եբրայեցիներու Աստուածը Եհովան մեզի հանդիպեցաւ եւ հիմա կ’աղաչենք, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէս զի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։19. Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ, որ երթաք, ո՛չ ալ՝ ՝ զօրաւոր ձեռքով։20. Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս, որոնք անոր մէջ պիտի ընեմ. միայն անկէ ետքը ձեզ պիտի թողու որ երթաք։21. Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ Եգիպտացիներուն առջեւ ու երբ ելլէք, դատարկ պիտի չելլէք.22. Հապա ամէն կին իր դրացիին ու իր տանը մէջ բնակող կնոջմէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ թող խնդրէ եւ անոնք ձեր որդիներուն ու աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք»։Ելից 4:1-311. Մովսէս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բայց անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ոչ ալ իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն. քանզի պիտի ըսեն թէ՝ ‘Տէրը քեզի չերեւցաւ’»։2. Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է»։ Անիկա ըսաւ. «Գաւազան»։3. Աստուած ըսաւ. «Գետինը ձգէ զայն»։ Անիկա գետինը ձգեց ու օձ եղաւ։ Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։4. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ երկնցուր ու պոչէն բռնէ»։ Անիկա իր ձեռքը երկնցուց ու զանիկա բռնեց եւ գաւազան եղաւ իր ձեռքին մէջ։5. «Ասով պիտի հաւատան թէ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը երեւցաւ քեզի»։6. Տէրը դարձեալ ըսաւ անոր. «Հիմա քու ձեռքդ ծոցդ դիր»։ Անիկա իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ դուրս հանեց, ահա իր ձեռքը ձիւնի պէս ճերմակ ՝ բորոտ եղաւ։7. Եւ Տէրը ըսաւ. «Ձեռքդ նորէն ծոցդ դիր»։ Անիկա նորէն իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ ծոցէն հանեց, ահա նորէն իր բնական մարմնին պէս եղաւ։8. «Եթէ քեզի չհաւատան ու առաջին նշանին մտիկ չընեն, երկրորդ նշանին պիտի հաւատան։9. Իսկ եթէ այս երկու նշաններուն ալ չհաւատան ու քու ձայնիդ ալ մտիկ չընեն՝ գետին ջուրէն ա՛ռ ու ցամաք գետինը թափէ՛։ Այն ջուրը որ գետէն առիր, ցամաքին վրայ արիւն պիտի ըլլայ»։10. Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։11. Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս։12. Ուստի գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։13. Անիկա ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ»։14. Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Մովսէսին դէմ ու ըսաւ. «Ղեւտացի Ահարոնը քու եղբայրդ չէ՞. ես գիտեմ որ անիկա ճարտարախօս է. նաեւ ահա անիկա քեզ դիմաւորելու պիտի ելլէ։ Քեզ տեսածին պէս իր սրտին մէջ պիտի ուրախանայ։15. Դուն խօսէ՛ անոր ու անոր բերանը խօսքեր դիր եւ ես քու բերնիդ ու անոր բերնին հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի ըսէք։16. Եւ քու տեղդ անիկա թող խօսի ժողովուրդին եւ անիկա քեզի բերնի տեղ ըլլայ ու դուն անոր աստուծոյ տեղ ըլլաս։17. Եւ այս գաւազանը ձեռքդ առ, որպէս զի անով նշանները ընես»։18. Մովսէս գնաց իր Յոթոր աներոջը ու ըսաւ անոր. «Հիմա երթամ Եգիպտոսի մէջ եղող եղբայրներուս եւ նայիմ թէ տակաւին ո՞ղջ են անոնք»։ Յոթոր ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։19. Տէրը Մադիամի մէջ ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, Եգիպտոս դարձի՛ր. վասն զի քու կեանքդ փնտռող բոլոր մարդիկը մեռան»։20. Մովսէս իր կինը ու իր որդիները առաւ եւ իշու վրայ հեծցուց զանոնք ու Եգիպտոս դարձաւ։ Մովսէս Աստուծոյ գավազանը իր ձեռքը առաւ։21. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երբ դառնաս՝ Եգիպտոս երթաս, նայէ որ Փարաւոնին առջեւ բոլոր հրաշքները ընես, որոնք քու ձեռքդ դրի եւ ես անոր սիրտը պիտի խստացնեմ ու ժողովուրդը պիտի չթողու։22. Եւ ըսէ Փարաւոնին. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլ իմ որդիս, իմ անդրանիկս է։23. Քեզի կ’ըսեմ, Իմ որդիս թող տուր, որպէս զի զիս պաշտէ. բայց եթէ զանիկա թող տալ չուզես, ահա ես քու որդիդ, մանաւանդ քու անդրանիկդ, պիտի սպաննեմ’»։24. Եւ եղաւ որ ճամբան իջած տեղը Տէրը անոր պատահեցաւ եւ ուզեց սպաննել զանիկա։25. Ուստի Սեպփօրա սուր քար մը առաւ ու իր որդիին անթլփատութիւնը թլփատեց եւ անոր ոտքերուն ձգեց ու ըսաւ. «Իրաւցընէ դուն ինծի արիւնոտ ամուսին մըն ես»։26. Այսպէս Տէրը թող տուաւ զանիկա. այն ատեն թլփատութեանը համար Սեպփօրա ըսաւ. «Արիւնոտ ամուսին մըն ես»։27. Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Գնա՛ անապատը Մովսէսը դիմաւորելու»։ Անիկա գնաց ու Աստուծոյ լերանը վրայ պատահեցաւ եղբօրը եւ համբուրեց զանիկա։28. Մովսէս Ահարոնին պատմեց Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որ ղրկեց զինք եւ բոլոր նշանները, որոնք իրեն պատուիրեց։29. Եւ Մովսէս ու Ահարոն գացին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերերը հաւաքեցին։30. Ահարոն Տէրոջը Մովսէսին ըսած բոլոր խօսքերը ըսաւ անոնց ու ժողովուրդին առջեւ նշաններ ըրաւ։31. Ժողովուրդը հաւատաց։ Երբ լսեցին թէ՝ Տէրը այցելութիւն ըրած է Իսրայէլի որդիներուն, թէ՝ անոնց քաշած նեղութիւններուն նայած է, խոնարհեցան ու երկրպագութիւն ըրին։Սաղմոսներ 16:1-61. Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛, Վասն զի քեզի յուսացի։2. Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես, Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։3. Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։4. Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն. Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։5. Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը. Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։6. Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ. Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։Առակներ 5:1-61. Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս Եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր,2. Որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիս Եւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ։3. Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի Ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է.4. Բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն Ու երկսայրի թուրի պէս հատու է։5. Անոր ոտքերը մահուան կը տանին Ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։6. Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չերթար, Իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես։Մատթեոս 18:1-201. Նոյն ժամանակ աշակերտները Յիսուսին քով եկան ու ըսին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։2. Եւ Յիսուս տղայ մը կանչեց իրեն, զանիկա անոնց մէջտեղը կայնեցուց3. Ու ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք’։4. Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ,5. Եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։6. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։7. «Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններուն պատճառաւ, վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ։8. Արդ՝ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ։9. Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ»։10. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։11. Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ կորսուածը փրկելու։12. Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի, ‘Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունըինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու՝ ՝ երթար մոլորածը փնտռեր։13. Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունըիննին՝ որոնք մոլորած չէին։14. Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի’»։15. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։16. Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։17. Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։18. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ’։19. Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’։20. Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981