Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հունվար 3

1. Այս է Ադամին ազգաբանութեան գիրքը։ Այն օրը որ Աստուած մարդը ստեղծեց, Աստուծոյ պատկերովն ըրաւ զանիկա.
2. Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ օրհնեց զանոնք ու անոնց ստեղծման օրը անոնց անունը Ադամ դրաւ։
3. Ադամ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ իր նմանութիւնովը՝ իր պատկերին պէս որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ։
4. Ադամին օրերը Սէթը ծնանելէն ետքը ութ հարիւր տարի եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
5. Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ։
6. Սէթ հարիւր հինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովսը։
7. Սէթ Ենովսը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
8. Սէթին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասներկու տարի եղան ու մեռաւ։
9. Ենովս իննիսուն տարի ապրեցաւ եւ Կայնանը ծնաւ։
10. Ենովս Կայնանը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տասնըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
11. Ենովսին բոլոր օրերը ինը հարիւր հինգ տարի եղան ու մեռաւ։
12. Կայնան եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Մաղաղիէլը։
13. Կայնան Մաղաղիէլը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
14. Կայնանին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասը տարի եղան ու մեռաւ։
15. Մաղաղիէլ վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Յարեդը։
16. Եւ Մաղաղիէլ Յարեդը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
17. Մաղաղիէլին բոլոր օրերը ութը հարիւր իննիսուըհինգ տարի եղան ու մեռաւ։
18. Յարեդ հարիւր վաթսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովքը։
19. Յարեդ Ենովքը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
20. Յարեդին բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըերկու տարի եղան ու մեռաւ։
21. Ենովք վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Մաթուսաղան։
22. Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետքը երեք հարիւր տարի Աստուծոյ հետ քալեց եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
23. Ենովքին բոլոր օրերը երեք հարիւր վաթսունըհինգ եղան։
24. Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա։
25. Մաթուսաղա հարիւր ութսունըեօթը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ղամէքը։
26. Մաթուսաղա Ղամէքը ծնանելէն ետքը եօթը հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
27. Մաթուսաղային բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըինը տարի եղան ու մեռաւ։
28. Ղամէք հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ ու որդի մը ծնաւ
29. Եւ անոր անունը Նոյ դրաւ՝ ըսելով. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք »։
30. Ղամէք Նոյը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր իննիսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
31. Ղամէքին բոլոր օրերը եօթը հարիւր եօթանասունըեօթը տարի եղան ու մեռաւ։
32. Նոյ հինգ հարիւր տարեկան եղաւ եւ Նոյ ծնաւ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։
1. Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան,
2. Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին։
3. Եւ Տէրը ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։
4. Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին։
5. Եւ Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր,
6. Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ
7. Եւ Տէրը ըսաւ. «Երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ ինչ որ ստեղծեցի, մարդէն մինչեւ անասունները եւ սողունները ու երկինքի թռչունները, վասն զի անոնք ստեղծելուս կը զղջամ»։
8. Բայց Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ։
9. Այս է Նոյին պատմութիւնը՝ ՝. Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։
10. Նոյ ծնաւ երեք որդի՝ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։
11. Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ։
12. Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։
13. Եւ Աստուած ըսաւ Նոյին. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ։
14. Արդ դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ, տապանին մէջ խորշեր շինէ, զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ։
15. Այս ձեւով շինես զանիկա։ Տապանին երկայնութիւնը երեք հարիւր կանգուն, լայնութիւնը յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն ըլլայ։
16. Տապանին լուսամուտ շինէ ու զանիկա մէկ կանգունի չափով լմնցուր վերէն եւ տապանին դուռը մէկ կողմէն դիր. ներքնատունով, միջնատունով ու վերնատունով շինէ զանիկա։
17. Ես ահա երկրի վրա ջրհեղեղ պիտի բերեմ, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար։ Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի։
18. Բայց քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ ու տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ։
19. Ամէն տեսակ անասուններէ, ամէն մարմինէ, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ տապանը բեր, որպէս զի քեզի հետ ողջ մնան. արու եւ էգ ըլլան անոնք։
20. Թռչուններէն իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասուններէն իրենց տեսակին պէս, երկրի բոլոր սողուններէն իրենց տեսակին պէս, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ քեզի պիտի գան ողջ մնալու համար։
21. Եւ դուն առ քեզի այն ամէն բաներէն որ կ’ուտուին ու քովդ հաւաքէ, որպէս զի քեզի եւ անոնց ուտելիք ըլլայ»։
22. Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։
7. Հրամանը պիտի պատմեմ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Դո՛ւն իմ որդիս ես, Ես այսօր քեզ ծնայ։
8. Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
9. Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։
10. Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։
11. Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք՝ ՝։
12. Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։
10. Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն, Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։
11. Եթէ ըսեն. «Մեզի հետ եկո՛ւր, Արեան համար դարանամուտ ըլլա՛նք, Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք,
12. Գերեզմանի պէս զանոնք ողջ ողջ Գուբը իջնողներուն նման կլլենք.
13. Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենք Ու մեր տուները աւարով լեցնենք,
14. Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ, Ամէնքս մէկ քսակ ունենանք»։
15. Որդեա՛կ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար, Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ.
16. Քանզի անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազեն Եւ արիւն թափելու կ’արտորան։
17. Արդարեւ ոեւէ թռչունի աչքերուն առջեւ Պարապ տեղ վարմեր կը լարուին.
18. Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը մտնեն Ու իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն։
19. Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են։ Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ։
1. Այն օրերը Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ ու Հրէաստանի անապատին մէջ կը քարոզէր,
2. Ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։
3. Ասիկա ան է՝ որուն համար Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։
4. Յովհաննէսին հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր եւ իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։
5. Այն ատեն Երուսաղէմ եւ բոլոր Հրէաստան ու Յորդանանի բոլոր կողմերէն իրեն կու գային
6. Եւ կը մկրտուէին իրմէ Յորդանանի մէջ ու իրենց մեղքերը կը խոստովանէին։
7. Երբ տեսաւ փարիսեցիներէն ու սադուկեցիներէն շատեր, որ իր մկրտութեանը եկած էին, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։
8. Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք.
9. Եւ մի՛ խորհիք դուք ձեր ներսիդին, թէ ‘Մենք մեզի հայր՝ Աբրահամը ունինք’. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։
10. Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
11. Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ինծմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով.
12. Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու իր ցորենը ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը պիտի այրէ չմարող կրակով»։
13. Այն ատեն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսին, որպէս զի անկէ մկրտուի։
14. Յովհաննէս կ’արգիլէր զանիկա ու կ’ըսէր. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։
15. Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։ Ետքը թող տուաւ անոր։
16. Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։
17. Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981