Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հունվար 30

1. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին գնա՛ ու ըսէ անոր. Եբրայեցիներու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն.
2. Քանզի եթէ զանոնք արձակել չուզես ու տակաւին պինդ բռնես զանոնք,
3. Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ։
4. Տէրը Իսրայէլի հօտերը ու Եգիպտոսի հօտերը պիտի զատէ եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ոեւէ մէկը պիտի չմեռնի’»։
5. Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը այս բանը պիտի ընէ երկրի վրայ»։
6. Եւ հետեւեալ օրը Տէրը այս բանը ըրաւ ու Եգիպտացիներու բոլոր հօտերը մեռան. բայց Իսրայէլի որդիներուն հօտերէն մէկը չմեռաւ։
7. Փարաւոն մարդ ղրկեց ու տեսաւ թէ Իսրայէլի հօտերէն մէկն ալ մեռած չէ։ Փարաւոնին սիրտը աւելի խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց։
8. Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Առէ՛ք ձեռքերնիդ լեցուն հնոցի մոխիր։ Մովսէս դէպի երկինք թող ցանէ զայն՝ Փարաւոնին առջեւ
9. Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ փոշի պիտի ըլլայ, Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ պիտի ըլլան»։
10. Անոնք հնոցի մոխիրը առին ու Փարաւոնին առջեւ կայնեցան եւ Մովսէս դէպի երկինք ցանեց զայն ու մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ եղան։
11. Մոգերը ուռեցքներուն պատճառով չկրցան կայնիլ Մովսէսին առջեւ. վասն զի ուռեցքները մոգերուն վրայ ալ ու բոլոր Եգիպտացիներուն վրայ ալ եղան։
12. Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը, ուստի անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին յայտներ էր։
13. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր, Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Եբրայեցիներուն Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Արձակէ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն.
14. Քանզի այս անգամ իմ բոլոր հարուածներս պիտի ղրկեմ քու վրադ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ վրայ, որպէս զի գիտնաս թէ բոլոր երկրի մէջ ինծի պէս մէկը չկայ։
15. Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։
16. Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։
17. Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք։
18. Ահա վաղը այս ատեն խիստ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղամ, որ անոր պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հաստատուած օրէն մինչեւ հիմա։
19. Հիմա մարդ ղրկէ՛ ու հաւաքէ քու հօտերդ ու ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. քանզի ամէն մարդ ու անասուն որ դաշտին մէջ գտնուի ու տուները հաւաքուած չըլլան, անոնց վրայ կարկուտ պիտի իջնէ ու պիտի մեռնին»’»։
20. Փարաւոնին ծառաներէն ան որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ հաւաքեց։
21. Ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց։
22. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քու ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ եւ Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած արտերուն բոլոր խոտին վրայ կարկուտ պիտի գայ»։
23. Մովսէս իր գաւազանը դէպի երկինք երկնցուց ու Տէրը որոտում եւ կարկուտ ղրկեց ու երկրին վրայ կարկուտ տեղացուց։
24. Եւ կարկուտ ու կարկուտին հետ՝ խառն կրակ եկաւ։ Այնպէս սաստիկ էր, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ազգ ըլլալէն ի վեր անոր պէս եղած չէր։
25. Կարկուտը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ, դաշտը եղածին ամէնը, մարդէ մինչեւ անասուն զարկաւ ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց։
26. Միայն Գեսեմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին, կարկուտ չտեղաց։
27. Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովան արդար է եւ ես ու իմ ժողովուրդս յանցաւոր ենք։
28. Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ Աստուծոյ որոտումներն ու կարկուտը դադրին ու ձեզ պիտի արձակեմ եւ ա՛լ պիտի չկենաք»։
29. Մովսէս ըսաւ անոր. «Քաղաքէն դուրս ելածիս պէս՝ իմ ձեռքերս Տէրոջը պիտի երկնցնեմ ու որոտումները պիտի դադրին եւ ա՛լ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ երկիրը Տէրոջն է։
30. Բայց ես գիտեմ թէ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար»։
31. Քթանը ու գարին զարնուեցան. վասն զի գարին հասած էր ու քթանը հասկ կապած։
32. Բայց ցորենը ու հաճարը չզարնուեցան, վասն զի ուշ կը բուսնին։
33. Եւ Մովսէս Փարաւոնին քովէն քաղաքէն դուրս ելաւ ու ձեռքերը Տէրոջը երկնցուց։ Որոտումներն ու կարկուտը դադարեցան ու երկրին վրայ անձրեւ չտեղաց։
34. Փարաւոն երբ անձրեւին ու կարկուտին եւ որոտումին դադարիլը տեսաւ, նորէն մեղանչեց ու սիրտը խստացուց, նոյնպէս եւ իր ծառաները։
35. Եւ այսպէս՝ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին իմացուցեր էր։
1. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց
2. Եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
3. Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու ըսին. «Եբրայեցիներու Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն։
4. Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ,
5. Որոնք երկրին երեսը պիտի ծածկեն եւ մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը ու կարկուտէն ձեզի մնացածը պիտի ուտեն եւ արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն
6. Եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները պիտի լեցուին, որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր’»։ Եւ դարձան ու Փարաւոնին քովէն դուրս ելան։
7. Փարաւոնին ծառաները ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր որ Եգիպտոս աւրուեցաւ»։
8. Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քով կանչուեցան եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք ձեր Եհովա Աստուածը. բայց որո՞նք են գացողները»։
9. Մովսէս ըսաւ. Մեր մանուկներովն ու մեր ծերերովը պիտի երթանք, մեր տղաքներովն ու մեր աղջիկներովը, մեր հօտերովն ու մեր արջառներովը պիտի երթանք. քանզի տօն պիտի պահենք Տէրոջը»։
10. Փարաւոն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ։ Ես ձեզ ու ձեր տղաքները կ’արձակեմ։ Զգուշացէ՛ք, քանզի չարիք կայ ձեր առջեւ։
11. Ո՛չ, նախ՝ դուք այր մարդիկներդ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք. վասն զի դուք ատիկա կ’ուզէիք»։ Փարաւոնին առջեւէն վռնտուեցան։
12. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երկնցուր քու ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ մարախներու համար, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն եւ երկրին բոլոր խոտը, կարկուտէն բոլոր մնացածը, ուտեն»։
13. Մովսէս երկնցուց իր գաւազանը Եգիպտոսի երկրին վրայ ու Տէրը բոլոր այն օրը ու բոլոր գիշերը երկրի վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ։ Առտուն՝ արեւելեան հովը մարախներ բերաւ։
14. Մարախները Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն վրայ իջան։ Խիստ շատ էին. ասկէ առաջ այնքան մարախ տեսնուած չէր, ասկէ ետքն ալ պիտի չտեսնուի։
15. Բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին ու երկիրը մթնցաւ ու երկրին բոլոր խոտը եւ կարկուտէն մնացած ծառերուն բոլոր պտուղները կերան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ եղած ծառերուն վրայ եւ արտին խոտերուն վրայ բնաւ կանանչեղէն չմնաց։
16. Ուստի Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի։
17. Հիմա շնորհք ըրէք, միայն այս անգամ ներեցէ՛ք յանցանքս ու ձեր Տէր Աստուծոյն աղաչեցէ՛ք, որ իմ վրայէս միայն այս հարուածը վերցնէ»։
18. Անոնք Փարաւոնին քովէն դուրս ելան ու Տէրոջը աղաչեցին։
19. Տէրը խիստ սաստիկ արեւմտեան հով մը ղրկեց, որ մարախները վերցուց ու Կարմիր ծովը քշեց զանոնք։ Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն մէջ մէկ մարախ չմնաց
20. Բայց Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու անիկա Իսրայէլի որդիները չարձակեց։
21. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը»։
22. Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք երկնցուց ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր.
23. Մէկզմէկ չէին տեսներ եւ երեք օր մէ՛կը տեղէն չշարժեցաւ, բայց Իսրայէլի որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին։
24. Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։
25. Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք։
26. Մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան, անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտինք առնել։ Մինչեւ որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՞վ պիտի պաշտենք Տէրը»։
27. Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը եւ ան մերժեց արձակել զանոնք։
28. Եւ Փարաւոն ըսաւ Մովսէսին. «Քովէս գնա՛, զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։
29. Մովսէս ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, անգամ մըն ալ քու երեսդ պիտի չտեսնեմ»։
8. Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛, Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛
9. Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։ Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։
10. Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան, Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։
11. Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝ Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար,
12. Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել, Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ’ըլլայ։
13. Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր, Զանիկա գետի՛նը զարկ։ Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն,
14. Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր, Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես. Անոնց որդիներն ալ ՝ ՝ կը կշտանան Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։
15. Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ. Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։
21. Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են Ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ։
22. Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի Ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։
23. Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի Ու իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի։
1. «Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։
2. Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։
3. Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին,
4. Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի»։
5. Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։
6. Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք»։
7. Ըսին իրեն. «Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ այգին գացէք ու ինչ որ արժան է՝ պիտի առնէք»։
8. Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. «Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։
9. Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյմէկ դահեկան առին։
10. Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյմէկ դահեկան։
11. Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին.
12. «Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք»։
13. Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար.
14. Ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։
15. Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ»։
16. Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին. վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981