Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 31Ելից 11:1-101. Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին վրայ ու Եգիպտոսին վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ, անկէ յետոյ ձեզ ասկէ պիտի արձակէ եւ երբ ձեզ արձակէ, ձեզ ասկէ բոլորովին դուրս պիտի ընէ։2. Հիմա խօսէ ժողովուրդին ականջներուն ու ամէն մարդ իր դրացիէն եւ ամէն կին իր դրացիէն արծաթեղէն ու ոսկեղէն զարդեր թող խնդրէ»։3. Տէրը շնորհք տուաւ ժողովուրդին Եգիպտացիներուն առջեւ։ Մովսէս ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ Փարաւոնին ծառաներուն առջեւ ու ժողովուրդին առջեւ խիստ մեծ մարդ մըն էր։4. Մովսէս ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կէս գիշերին Եգիպտոսի մէջ պիտի ելլեմ5. Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ աղօրիքին ետեւը եղող աղախինին անդրանիկը եւ բոլոր անասուններուն անդրանիկը։6. Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ո՛չ եղած է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ըլլայ։7. Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչեւ անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացիներուն ու Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւն կը դնէ։8. Եւ բոլոր քու ծառաներդ ինծի պիտի գան ու ինծի խոնարհութիւն ընեն՝ ըսելով. ‘Դուն ու բոլոր քեզի հետեւող ժողովուրդը ելէք’։ Անկէ ետքը պիտի ելլեմ’»։ Մովսէս սաստիկ բարկութեամբ Փարաւոնին քովէն դուրս ելաւ։9. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ, որպէս զի իմ հրաշքներս շատցնեմ Եգիպտոսի մէջ»։10. Մովսէս ու Ահարոն այս ամէն հրաշքները Փարաւոնին առջեւ ըրին։ Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու Իսրայէլի որդիները իր երկրէն չարձակեց։Ելից 12:1-511. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Եգիպտոսի մէջ՝ ըսելով.2. «Այս ամիսը ձեզի ամիսներուն սկիզբն ըլլայ։ Ձեզի տարուան ամիսներուն առաջինն ըլլայ։3. Իսրայէլի ժողովուրդին ըսէք. ‘Այս ամսուան տասին ամէն մէկը իրեն գառնուկ մը թող առնէ իրենց հայրերուն տանը համեմատ, այսինքն տուն գլուխ մէկ գառնուկ։4. Եթէ մէկ տունը մէկ գառնուկի համար քիչ գայ, այն մարդը իր տանը դրացիին հետ հոգիներուն համրանքին համեմատ առնէ. գառնուկին վրայով ամէն մէկուն իր կերածին չափ հաշիւ ըրէք։5. Ձեր գառնուկը անարատ, արու, մէկ տարեկան ըլլայ։ Ոչխարներէն կամ այծերէն առնէք զայն ։6. Մինչեւ այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը պահէք զայն, ապա Իսրայէլի ժողովին բոլոր ժողովուրդը մորթեն զանիկա իրիկուան դէմ՝ ՝։7. Անոր արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, ուր զանիկա պիտի ուտեն։8. Միսը նոյն գիշերը ուտեն։ Զանիկա կրակի վրայ խորոված՝ բաղարջով ու լեղի խոտերով թող ուտեն։9. Անկէ՝ հում կամ ջուրի մէջ եփած չուտէք, բայց կրակի վրայ խորոված, անոր գլուխը ոտքերովը ու փորոտիքովը ուտէք ։10. Անկէ բան մը չթողուք մինչեւ առտու։ Ինչ որ առտուն մնայ, կրակով այրեցէք։11. Այսպէս պիտի ուտէք զայն. ձեր գօտիները մէջքերնիդ ու ձեր կօշիկները ոտքերնիդ եւ ձեր ցուպերը ձեռքերնիդ ըլլալով՝ զանիկա արտորնօք ուտէք։12. Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։13. Արիւնը ձեր տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ, որպէս զի երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն անցնիմ եւ հարուածը ձեր վրայ չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։14. Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն։15. Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք. առաջին օրը պէտք է ձեր տուներէն դուրս ձգէք խմորը, վասն զի առաջին օրէն մինչեւ եօթներորդ օրը ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի։16. Առաջին օրը սուրբ ժողով մը ըլլայ, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սուրբ ժողով մը ըլլայ։ Այն օրերը պէտք չէ ոեւէ գործ գործէք, միայն ամէն մէկը իր ուտելիքը կրնայ պատրաստել։17. Բաղարջներու տօնը պահեցէ՛ք, քանզի նոյն օրը ձեր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի հանեմ, ուստի ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը այն օրը պահեցէք։18. Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրուան իրիկունէն մինչեւ ամսուան քսանըմէկերորդ օրուան իրիկունը բաղարջ պիտի ուտէք։19. Եօթը օր տուներնիդ խմոր պիտի չգտնուի. քանզի ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի, օտարական ըլլայ թէ բնիկ։20. Խմորեալ բան մը պիտի չուտէք։ Ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ բաղարջ պիտի ուտէք’»։21. Մովսէս կանչեց Իսրայէլին բոլոր ծերերը ու ըսաւ անոնց. «Ձեր ընտանիքներուն համեմատ ընտրեցէ՛ք, առէ՛ք ձեզի մէկմէկ գառ ու զատկին համար մորթեցէ՛ք։22. Զոպայի փունջ մը առէք ու կոնքին մէջ եղած արիւնը թաթխեցէ՛ք եւ դրանը վրայի սեմին ու երկու քովի դրանդիքներուն վրայ՝ կոնքին մէջ եղած արիւնէն քսեցէք։ Մինչեւ առտու ձեզմէ մէ՛կը իր տանը դռնէն դուրս թող չելլէ.23. Քանզի Տէրը պիտի անցնի Եգիպտացիները զարնելու համար։ Եթէ դրանը վրայի սեմին ու երկու կողմէ դրանդիքներուն վրայ արիւն տեսնէ, Տէրը այն դրանը վրայէն պիտի անցնի եւ պիտի չթողու սատակիչը՝ որ ձեր տուները մտնէ ձեզ զարնելու համար։24. Այս բանը ձեզի ու ձեր որդիներուն կանոն ըլլալու համար պահեցէք յաւիտեան։25. Երբ այն երկիրը երթաք, որ Տէրը ձեզի պիտի տայ իր խոստումին համաձայն, այս տօնը պահեցէք26. Եթէ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ ‘Այս տօնով ի՞նչ կ’ուզէք’,27. Ըսէք թէ ‘Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, քանզի Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, մեր տուները ազատեց’։ Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ»։28. Իսրայէլի որդիները գացին ու Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։29. Կէս գիշերին Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ զարկաւ, իր աթոռը նստող Փարավոնին անդրանիկէն մինչեւ բանտին մէջ եղած գերիին անդրանիկը եւ ամէն անասունի անդրանիկը։30. Գիշերը Փարաւոն ելաւ ու անոր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիները ու Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը բարձրացաւ. քանզի տուն չկար, ուր մեռեալ չըլլար։31. Գիշերով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Ելէ՛ք իմ ժողովուրդիս մէջէն՝ դո՛ւք ալ եւ Իսրայէլի որդիներն ալ ու գացէ՛ք պաշտեցէ՛ք Եհովան՛ ինչպէս ըսիք։32. Նաեւ ձեր հօտերն ու ձեր արջառները առէ՛ք ու գացէ՛ք եւ զիս ալ օրհնեցէ՛ք»։33. Եգիպտացիները բռնադատեցին ժողովուրդը, որ շուտով այն երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք. քանզի ըսին. «Ամէնքս ալ կը մեռնինք»։34. Ժողովուրդը իրենց խմորի տաշտերը իրենց լաթերովը փաթթած ուսերնուն վրայ վերցուցին։35. Իսրայէլի որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին ու Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին։36. Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին։ Անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները։37. Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն դէպի Սոկքովթ չուեցին։ Ընտանիքներէն զատ վեց հարիւր հազարի չափ հետեւակ այր մարդիկ էին։38. Անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ։ Ոչխարները ու արջառները խիստ շատ էին։39. Եգիպտոսէն իրենց հանած զանգուածէն անխմոր շօթեր եփեցին, վասն զի խմորեալ չէր. քանզի Եգիպտոսէն վռնտուեցան ու չէին կրնար տնտնալ։ Իրենց պաշար ալ չէին պատրաստած։40. Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն բնակած ժամանակը չորս հարիւր երեսուն տարի էր։41. Չորս հարիւր երեսուն տարիներուն վերջին օրը Տէրոջը բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն ելան։42. Ասիկա Տէրոջը համար պահելու գիշեր մըն է, վասն զի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեց։ Այդ այն գիշերն է Տէրոջը համար Իսրայէլի բոլոր որդիներէն իրենց ազգերուն մէջ պահուելու։43. Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Այս է զատկին կանոնը։ Բնաւ օտարական մը անկէ պիտի չուտէ,44. Բայց ամէն մարդու ստակով ծախու առած ծառան, թլփատուելէ ետք կրնայ ուտել։45. Օտարականն ու վարձկանը անկէ պիտի չուտեն։46. Մէկ տան մէջ պիտի ուտուի ան։ Տունէն դուրս պիտի չհանուի այդ միսը ու անոր ոեւէ ոսկորը պիտի չկոտրէք։47. Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը այս թող ընէ։48. Եթէ օտարական մը քու քովդ պանդխտանալու ըլլայ ու Տէրոջը զատիկ ընել ուզէ, թող թլփատուի։ Այն ատեն կրնայ մօտենալ ու ինք երկրի բնիկի պէս թող ըլլայ. քանզի անթլփատ մէկը բնաւ անկէ պիտի չուտէ։49. Բնիկին ու ձեր մէջ բնակող օտարականին մէկ օրէնք ըլլալու է»։50. Իսրայէլին բոլոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։51. Նոյն օրը Տէրը Եգիպտոսի երկրէն հանեց Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը։Սաղմոսներ 18:1-121. Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։2. Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը Ու իմ բարձր աշտարակս է։3. Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։4. Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։5. Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։6. Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։7. Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողաց Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ուսասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։8. Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ, Անկէ կայծակներ բռնկեցան։9. Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ, Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։10. Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ Ու հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։11. Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւ Ու իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան, Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ ։12. Անոր պայծառութենէն ամպերը անցան Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։Առակներ 6:1-51. Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, Կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր,2. Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, Բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար։3. Որդեա՛կ իմ, պատուէրս կատարէ, որպէս զի ազատիս։ Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար, Գնա քու բարեկամիդ խոնարհէ Ու թախանձէ անոր։4. Աչքերուդ՝ քուն Ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար.5. Ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, Կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ’ազատի ։Մատթեոս 20:17-3417. Ու երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’ելլէր, ճամբան տասներկու աշակերտները իրեն հետ առաւ առանձին ու ըսաւ անոնց.18. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն,19. Հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։20. Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ անոր, երկրպագութիւն կ’ընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ։21. Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ»։22. Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ, կամ այն մկրտութիւնով մկրտուիլ, որով ես պիտի մկրտուին»։ Ըսին իրեն. «Կրնանք»։23. Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնով որ ես մկրտուելու եմ, պիտի մկրտուիք. բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս»։24. Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ այն երկու եղբայրներուն նեղուեցան։25. Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց.26. Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլայ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ27. Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ.28. Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։29. Երբ անոնք Երիքովէն ելան, մեծ բազմութիւն անոր ետեւէն գնաց։30. Ճամբուն քով երկու կոյր նստած էին. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ’անցնի, աղաղակեցին ու ըսին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։31. Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք, որ լռեն, բայց անոնք՝ ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։32. Յիսուս կանգ առնելով կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ»։33. Ըսին անոր. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց»։34. Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981