Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 4Ծննդոց 7:1-241. Տէրը ըսաւ Նոյին. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր, վասն զի այս դարուն մարդոց մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ։2. Մաքուր անասուններէն քեզի եօթնական հատ առ, արու եւ էգ. իսկ անմաքուր անասուններէն երկերկու հատ՝ արու եւ էգ։3. Երկնքի թռչուններէն ալ եօթնական հատ առ, արու եւ էգ, բոլոր երկրի վրայ անոնց սերունդը ողջ պահելու համար։4. Վասն զի եօթը օրէն ետքը երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի բերեմ եւ ամէն էակ որ ըրի, երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ»։5. Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս։6. Ջրհեղեղին երկրի վրայ եկած ատենը Նոյ վեց հարիւր տարեկան էր։7. Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը ու իր որդիներուն կիները իրեն հետ՝ ջրհեղեղին ջուրերուն պատճառաւ տապանը մտան։8. Մաքուր անասուններէն ու անմաքուր անասուններէն եւ թռչուններէն ու երկրի վրայ ամէն սողացողներէն՝9. Զոյգ զոյգ արու եւ էգ տապանը Նոյին գացին, ինչպէս Աստուած Նոյին պատուիրած էր։10. Եւ եղաւ որ եօթը օրէն ետքը ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ եկան։11. Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան12. Ու երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ եկաւ։13. Ճիշդ նոյն օրը Նոյ եւ իր որդիները՝ Սէմ ու Քամ եւ Յաբեթ եւ Նոյին կինը ու իր որդիներուն երեք կիները իրենց հետ տապանը մտան։14. Անոնք ու բոլոր գազանները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր թռչունները իրենց տեսակին պէս, ամէն տեսակ թեւաւոր թռչուն.15. Կենդանութեան շունչ ունեցող ամէն մարմինէ երկերկու հատ տապանը մտան։16. Եւ տապանը մտնողները արու եւ էգ մտան, ինչպէս Աստուած անոր պատուիրեր էր եւ Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց։17. Ու երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ եւ ջուրերը շատցան ու տապանը վերցուցին եւ անիկա երկրէն բարձրացաւ։18. Եւ ջուրերը զօրացան ու խիստ շատցան երկրին վրայ ու տապանը ջուրերուն երեսին վրայ կը պտըտէր։19. Եւ ջուրերը երկրին վրայ խիստ շատ զօրացան ու բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին։20. Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին։21. Ու երկրի վրայ շարժող ամէն մարմին, թէ՛ թռչուն, թէ՛ անասուն, թէ՛ գազան եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն եւ ամէն մարդ մեռան։22. Ցամաքի վրա եղողներէն անոնք՝ որ ռնգունքներուն մէջ կենդանութեան շունչ ունէին, ամէնքն ալ մեռան։23. Ու երկրի երեսին վրայ եղող ամէն էակ ջնջուեցաւ, մարդէն մինչեւ անասունը, սողունէն մինչեւ երկնքի թռչունը. անոնք երկրէն ջնջուեցան ու միայն Նոյ մնաց եւ իրեն հետ տապանին մէջ եղողները։24. Եւ ջուրերը երկրի վրայ հարիւր յիսուն օր բարձրացած մնացին։Ծննդոց 8:1-221. Եւ Աստուած յիշեց Նոյը ու անոր հետ տապանին մէջ եղած բոլոր գազանները ու բոլոր անասունները։ Աստուած երկրի վրայ հով մը բերաւ ու ջուրերը նուազեցան։2. Նաեւ անդունդին աղբիւրները ու երկնքի պատուհանները գոցուեցան եւ երկնքի անձրեւը կտրեցաւ։3. Ու երթալով ջուրերը երկրի վրայէն քաշուեցան ու հարիւր յիսուն օրէն ետքը ջուրերը քիչցան։4. Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ։5. Ջուրերը երթալով քիչցան մինչեւ տասներորդ ամիսը եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը լեռներուն գլուխները երեւցան։6. Քառասուն օր ետքը Նոյ իր շինած տապանին պատուհանը բացաւ7. Եւ ագռաւ մը արձակեց, որ ելաւ ու ասդին անդին կը պտըտէր՝ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերուն ցամքիլը։8. Աղաւնի մըն ալ քովէն արձակեց, որպէս զի տեսնէ թէ արդեօք երկրին վրայէն ջուրերը քիչցա՞ծ են։9. Բայց աղաւնին իր ոտքը դնելու տեղ չգտաւ ու տապանը դարձաւ. վասն զի բոլոր երկրին երեսը ջուրեր կային։ Այն ատեն Նոյ իր ձեռքը երկնցուց ու առաւ զանիկա եւ իր քով տապանին մէջ բերաւ։10. Եօթը օր ալ սպասեց եւ նորէն աղաւնի մը տապանէն արձակեց։11. Ու իրիկուան դէմ աղաւնին անոր եկաւ եւ ահա իր բերանը ձիթենիի նոր փրցուած տերեւ մը կար, ուստի Նոյ գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են։12. Եւ եօթը օր ալ սպասեց ու նորէն աղաւնի մը արձակեց, որ ա՛լ անոր չդարձաւ։13. Նոյի կեանքին վեց հարիւրմէկերորդ տարուան առաջին ամսուան առաջին օրը, ջուրերը երկրին վրայէն ցամքեցան։ Նոյ տապանին ծածկոցը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա երկրին երեսը ցամքեր էր։14. Ու երկրորդ ամսուն՝ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը երկիրը չորցաւ։15. Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու ըսաւ.16. «Տապանէն դուրս ելիր դուն ու քու կինդ եւ քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ կիները քեզի հետ։17. Քեզի հետ եղող ամէն կենդանի ամէն մարմինէ՝ թէ՛ թռչունները, թէ՛ անասունները եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները քեզի հետ հանէ, որպէս զի երկրի վրայ բազմանան ու երկրի վրայ աճին ու շատնան»։18. Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը եւ իր որդիներուն կիները իրեն հետ ելան.19. Ամէն անասուն, ամէն սողուն ու ամէն թռչուն, երկրին վրայ ամէն շարժողները իրենց տեսակին պէս տապանէն ելան։20. Եւ Նոյ սեղան մը շինեց Տէրոջը ու ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ հատ մը առաւ ու սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց։21. Տէրը անոյշ հոտը հոտուըտաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ մարդուն համար նորէն երկիրը պիտի չանիծեմ, քանզի մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ջարդեմ ամէն կենդանի մարմին, ինչպէս ըրի։22. Որչափ որ երկիրը կը մնայ, սերմ ու հունձք, ցուրտ ու տաքութիւն, ամառ ու ձմեռ եւ ցորեկ ու գիշեր պիտի չդադարին»։Սաղմոսներ 3:1-41. Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։ Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։2. Շատերը իմ անձիս համար կ՛ըսեն թէ՝ «Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)3. Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս, Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։4. Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)Առակներ 1:20-2220. Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ։21. Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխը Եւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէ Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’ըսէ.22. «Ո՛վ անմիտներ, մինչեւ ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք, Մինչեւ ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանան Ու յիմարները գիտութիւնը պիտի ատեն։Մատթեոս 4:1-251. Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի։2. Քառասուն ցորեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէն ետքը անօթեցաւ։3. Փորձողը անոր մօտենալով՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։4. Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։5. Այն ատեն Սատանան առաւ տարաւ զանիկա սուրբ քաղաքը եւ կայնեցուց զանիկա տաճարին աշտարակին վրայ6. Ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ, վասն զի գրուած է թէ Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ ձեռքերնուն վրայ վերցնեն քեզ, որպէս զի չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես»։7. Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։8. Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը.9. Ու ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։10. Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։11. Այն ատեն Սատանան զանիկա թողուց եւ հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին։12. Երբ լսեց Յիսուս թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, ելաւ գնաց Գալիլիա13. Ու ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ,14. Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը.15. «Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբով Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան.16. Խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որոնք մահուան երկրին ու շուքին մէջ կը նստէին»։17. Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։18. Երբ Յիսուս Գալիլիացիներուն ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, Պետրոս կոչուած Սիմոնը եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, որոնք ծովը ուռկան կը ձգէին, վասն զի ձկնորս էին։19. Ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։20. Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։21. Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, նաւին մէջ իրենց հօրը Զեբեդիոսի հետ, իրենց ուռկանները կը կարկտնէին ու կանչեց զանոնք.22. Անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։23. Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր։24. Անոր համբաւը բոլոր Սուրիա տարածուեցաւ եւ բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին եւ դիւահարներ ու լուսնոտներ եւ անդամալոյծներ ու բժշկեց զանոնք։25. Եւ շատ ժողովուրդներ անոր ետեւէն կ’երթային, Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981