1. Եւ Աստուած օրհնեց Նոյը ու անոր որդիները եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէ՛ք
2. Եւ ձեր վախը ու երկիւղը երկրի բոլոր գազաններուն վրայ ու երկնքի բոլոր թռչուններուն վրայ թող ըլլայ։ Անոնք երկրի բոլոր շարժողներուն հետ ու ծովու բոլոր ձուկերուն հետ ձեր ձեռքը տրուած են։
4. Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք։
5. Եւ անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն ու ամէն մարդու ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն։ Մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի պահանջեմ։
6. Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը։
7. Դուք աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք, երկրի վրայ բազմացէ՛ք ու անոր մէջ շատցէ՛ք»։
8. Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու անոր որդիներուն հետ՝ ըսելով.
9. «Ես ահա ձեզի հետ ու ձեզմէ ետքը ձեր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ
10. Եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի հետ, թէ՛ թռչունի, թէ՛ անասունի եւ թէ՛ ձեզի հետ եղող երկրի ամէն գազանի հետ, տապանէն ելածներէն ամենուն հետ ու երկրի բոլոր անասուններուն հետ։
11. Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։
12. Եւ Աստուած ըսաւ. «Իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ յաւիտենական դարերու համար ըրած ուխտիս իբր նշան՝
13. Իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ։ Այն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի մէջտեղ եղած ուխտին նշանը։
14. Երբ երկրի վրայ ամպ բերեմ, աղեղը ամպին մէջ պիտի տեսնուի
15. Եւ իմ ու ձեր մէջտեղ ու ամէն մարմինի, ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ եւ անգամ մըն ալ ամէն մարմին կորսնցնելու համար ջրհեղեղ պիտի չըլլայ։
16. Աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ ու անոր պիտի նայիմ, որպէս զի Աստուծոյ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի եւ բոլոր կենդանի անասունի մէջտեղ եղած յաւիտենական ուխտը յիշեմ»։
17. Աստուած Նոյին ըսաւ. «Այս է այն ուխտին նշանը, որ ես հաստատեցի իմ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի միջեւ»։
18. Նոյին որդիները, որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին։ Եւ Քամ Քանանի հայրն էր։
19. Այս երեքը Նոյի որդիներն էին եւ ասոնցմէ բոլոր երկիրը տարածուեցան։
20. Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։
21. Գինիէն խմեց ու գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։
22. Եւ Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։
23. Սէմ ու Յաբեթ հանդերձ առին եւ իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին ու ետ ետ երթալով իրենց հօրը մերկութիւնը ծածկեցին եւ իրենց երեսը ետեւ դարձած ըլլալով՝ իրենց հօրը մերկութիւնը չտեսան։
24. Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը իմացաւ
25. Ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։
26. Նաեւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սէմին Տէր Աստուածը եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ։
27. Աստուած թող ընդարձակէ Յաբեթը ու Սէմին վրանները բնակի եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ»։
28. Ու Նոյ ջրհեղեղէն ետքը երեք հարիւր յիսուն տարի ապրեցաւ։
1. Եւ Նոյի որդիներուն՝ Սէմին, Քամին ու Յաբեթին ծնունդներն ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը անոնց որդիներ ծնան։
2. Յաբեթին որդիները Գոմերը, Մագոգ, Մադա, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրաս էին։
3. Գոմերին որդիները Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոմա էին։
4. Յաւանին որդիները Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու Դոդացիներն էին։
5. Ազգերուն կղզիները իրենց երկիրներովը, ամէն մէկը իր լեզուին պէս, ազգերուն մէջ իրենց տոհմերովը ասոնցմէ բաժնուեցան։
6. Քամին որդիները Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան էին։
7. Քուշին որդիները Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա էին։ Ռեգմային որդիները Սաբա ու Դեդան էին։
8. Քուշ ծնաւ Նեբրովթը։ Ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրանալ։
9. Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր։ Անոր համար կ’ըսուի. ‘Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ’։
10. Իր թագաւորութեան սկիզբը Բաբելոն եւ Արեք եւ Աքադ եւ Քաղանէ էր Սենաար երկրին մէջ։
11. Այն երկրէն Ասորեստան գնաց ու Նինուէն եւ Ռոբովթ քաղաքը ու Քաղան շինեց։
12. Նինուէի ու Քաղայի մէջտեղ Ռէսէնն ալ շինեց, որ մեծ քաղաք մըն էր։
13. Եւ Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները,
14. Պաթուրեսացիները, Քասղուքացիները (ուրկէ Փղշտացիները ելան) ու Կափթորացիներն ալ ։
15. Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը,
16. Յեբուսացին, Ամօրհացին, Գերգեսացին,
17. Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին,
18. Արուադացին, Սամարացին եւ Ամաթացին ու ետքը Քանանացիներու ցեղերը տարածուեցան։
19. Եւ Քանանացիներու սահմանը Սիդոնէ Գերարա անցնելով մինչեւ Գազա, Սոդոմ ու Գոմոր եւ Ադմա ու Սեբոյիմ, մինչեւ Ղասա է։
20. Քամին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն ու ազգերուն մէջ ասոնք են։
21. Յաբեթին մեծ եղբօրը՝ Սէմին ալ, որ Եբերի բոլոր որդիներուն հայրն էր, որդիներ ծնան։
22. Սէմին որդիները Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ ու Արամ էին։
23. Արամին որդիները Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մաշ էին։
24. Արփաքսադ ծնաւ Սաղան եւ Սաղա ծնաւ Եբերը։
25. Եբերին երկու որդիներ ծնան. մէկուն անունը Փաղէկ էր. քանզի երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ եւ անոր եղբօրը անունը Յեկտան էր։
10. Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։
11. Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։
12. Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։
13. «Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։
14. Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։
15. Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։
16. Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։
17. «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։
18. Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։
19. Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։
20. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։
21. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպաննութիւն մի՛ ըներ’։ Ով որ սպաննութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ»։
22. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ։
23. Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի,
24. Հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես։
25. Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս։
26. Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարես’»։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981