Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 6Ծննդոց 11:1-321. Եւ բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։2. Երբ արեւելքէն կը չուէին, Սենաար երկրին մէջ դաշտ մը գտան ու հոն բնակեցան։3. Եւ իրարու ըսին. «Եկէք աղիւսներ շինենք ու զանոնք կրակով թրծենք»։ Աղիւսները անոնց քարի տեղ ու ձիւթը անոնց ցեխի տեղ եղան։4. Այն ատեն ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։5. Տէրը մարդոց որդիներուն շինած քաղաքն ու աշտարակը տեսնելու իջաւ։6. Տէրը ըսաւ. «Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են ու ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան ու հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։7. Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէս զի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ»։8. Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։9. Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք։10. Սէմին ծնունդները ասոնք են. Սէմ հարիւր տարեկան էր, երբ ծնաւ Արփաքսադը ջրհեղեղէն երկու տարի ետքը։11. Սէմ Արփաքսադը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։12. Արփաքսադ երեսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սաղան։13. Արփաքսադ Սաղան ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ, տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։14. Սաղա երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Եբերը։15. Սաղա Եբերը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։16. Եբեր երեսունըչորս տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Փաղէկը։17. Եբեր Փաղէկը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։18. Փաղէկ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ռագաւը։19. Փաղէկ Ռագաւը ծնանելէն ետքը հարիւր ինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ունեցաւ։20. Ռագաւ երեսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սերուգը։21. Ռագաւ Սերուգը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։22. Սերուգ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Նաքովրը։23. Սերուգ Նաքովրը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։24. Նաքովր քսանըինը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Թարան։25. Նաքովր Թարան ծնանելէն ետքը հարիւր տասնըինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։26. Թարա եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը։27. Թարային ծնունդները ասոնք են։ Թարա ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը ու Առանը. Առան ծնաւ Ղովտը։28. Առան մեռաւ իր հօրը Թարային առջեւ, իր ծննդեան երկրին՝ Քաղդէացիներու Ուր քաղաք ին մէջ։29. Աբրամ ու Նաքովր իրենց կիները առին։ Աբրամին կնոջ անունը Սարա էր, իսկ Նաքովրին կնոջ անունը՝ Մեղքա, աղջիկը Առանի, որ Մեղքայի ու Յեսքայի հայրն էր։30. Սարա ամուլ էր ու չէր ծնաներ։31. Թարան իր որդին Աբրամը ու իր թոռը Առանի որդին Ղովտը եւ իր որդիին Աբրամին կինը, իր հարսը Սարան առաւ ու անոնց հետ Քաղդէացիներու Ուր քաղաք էն ելաւ դէպի Քանանի երկիրը երթալու համար։ Գացին մինչեւ Խառան եւ հոն բնակեցան։32. Թարային օրերը երկու հարիւր հինգ տարի եղան։ Թարա Խառանի մէջ մեռաւ։Ծննդոց 12:1-201. Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։2. Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։3. Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։4. Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Ղովտն ալ անոր հետ գնաց։ Աբրամ եօթանասունըհինգ տարեկան էր երբ Խառանէն ելաւ։5. Եւ Աբրամ իր կինը Սարան ու իր եղբօրորդին Ղովտը եւ իրենց բոլոր ստացուածքը եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները առնելով՝ ելան որ Քանանի երկիրը երթան։ Քանանի երկիրը հասան։6. Աբրամ այն երկրէն մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մօրէի կաղնին անցաւ։ Այն ատեն Քանանացիներ կային այն երկրին մէջ։7. Տէրը երեւցաւ Աբրամին ու ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։ Աբրամ հոն սեղան շինեց Տէրոջը, որ իրեն երեւցաւ։8. Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը չուեց ու իր վրանը բացաւ, Բեթէլը արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով եւ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց։9. Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը չուէր։10. Այն երկրին մէջ սով եղաւ եւ Աբրամ Եգիպտոս իջաւ հոն պանդխտանալու համար. վասն զի այն երկրին մէջ սովը սաստիկ էր։11. Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ Սարային ըսաւ. «Ահա գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես12. Եւ թերեւս, երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն, ըսեն. ‘Ասիկա անոր կինն է’ ու զիս մեռցնեն, բայց քեզ ողջ թողուն։13. Շնորհք ըրէ՛, ըսէ՛ թէ դուն իմ քոյրս ես. որ քու պատճառովդ ինծի աղէկ ըլլայ ու քու պատճառովդ իմ անձս ապրի։14. Եւ երբ Աբրամ Եգիպտոս մտաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը, որ շատ գեղեցիկ էր։15. Փարաւոնին իշխաններն ալ տեսան ու գովեցին զանիկա Փարաւոնին առջեւ եւ կինը Փարաւոնին տունը տարուեցաւ։16. Եւ անոր համար Աբրամին հետ լաւ վարուեցան ու Աբրամ ոչխարներ ու արջառներ եւ էշեր ու ծառաներ եւ աղախիններ ու էգ էշեր եւ ուղտեր ստացաւ։17. Բայց Տէրը մեծ հարուածներով զարկաւ Փարաւոնը ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարային համար։18. Փարաւոն կանչեց Աբրամը ու ըսաւ. «Այս ի՞նչ է, որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չյայտնեցիր թէ ասիկա քու կինդ է.19. Ինչո՞ւ համար ‘Ասիկա քոյրս է’, ըսիր եւ քիչ մնաց որ զանիկա ինծի կին պիտի առնէի. բայց հիմա ահա կինդ. ա՛ռ ու գնա՛»։20. Եւ Փարաւոն իր մարդոցը պատուիրեց, որ զանիկա իր կնոջ ու իր բոլոր ստացուածքով ապահով ղրկեն։Սաղմոսներ 4:1-31. Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր. Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։2. Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)3. Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։Առակներ 1:28-3328. Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ. Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել.29. Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին Ու Տէրոջը վախը չընտրեցին։30. Իմ խրատներս չուզեցին Ու բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին,31. Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն Ու իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան։32. Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ Եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։33. Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։Մատթեոս 5:27-4827. Լսեր էք որ ըսուեցաւ, «Շնութիւն մի ըներ»,28. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’։29. Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։30. Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։31. Իրաւ, ըսուեցաւ թէ ‘Ով որ իր կինը կ’արձակէ, թող անոր արձակման թուղթ տայ’.32. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ’։33. Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, «Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը»։34. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է35. Եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է,36. Ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասն զի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել։37. Հապա ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։38. Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Աչքի տեղ՝ աչք ու ակռայի տեղ՝ ակռայ»։39. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ։40. Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ։41. Եւ ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու։42. Քեզմէ ուզողին տուր ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ’ուզէ քեզմէ փոխ առնել»։43. Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես»։44. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն.45. Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։46. Վասն զի եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։47. Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։48. Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981