Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 7Ծննդոց 13:1-181. Եւ Աբրամ իր կնոջ հետ ու իր բոլոր ունեցածներով Եգիպտոսէն դէպի Քանանի հարաւակողմը գնաց ու Ղովտ ալ իրեն հետ։2. Աբրամ շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով։3. Եւ իր առաջին իջեւանած տեղէն գնաց հարաւային կողմը, մինչեւ Բեթէլ, այն տեղը ուր էր առաջ իր վրանը, Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ,4. Այն սեղանին տեղը, որ առաջ շիներ էր։ Աբրամ Տէրոջը անունը կանչեց։5. Եւ Աբրամին հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ ու արջառներ ու վրաններ ունէր։6. Այն երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակին. քանզի անոնց ստացուածքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ։7. Աբրամին անասուններուն հովիւներուն ու Ղովտի անասուններուն հովիւներուն միջեւ վէճ կ’ըլլար։ Նոյն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ։8. Աբրամ ըսաւ Ղովտին. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։9. Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։10. Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր։11. Եւ Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց ու դէպի արեւելք չուեց եւ իրարմէ զատուեցան։12. Աբրամ Քանանի երկրին մէջ բնակեցաւ, Ղովտն ալ դաշտի քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ ու իր վրանը Սոդոմի քով բացաւ։13. Եւ Սոդոմի մարդիկը խիստ չար ու մեղաւոր էին Տէրոջը առջեւ։14. Եւ Տէրը Աբրամին ըսաւ՝ Ղովտին զատուելէն ետքը. «Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ.15. Վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան։16. Եւ քու սերունդդ երկրի փոշիին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը երկրի փոշին կարենայ համրել, քու սերունդդ ալ համրէ։17. Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։18. Եւ Աբրամ վերցուց իր վրանը ու գնաց բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, որ Քեբրոնի մէջ է եւ հոն սեղան շինեց Տէրոջը։Ծննդոց 14:1-241. Չորս թագաւորներ՝ Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները,2. Սոդոմի Բարա թագաւորին եւ Գոմորի Բարսա թագաւորին ու Ադամայի Սենաբ թագաւորին եւ Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին հետ պատերազմեցան։3. Ասոնք ամէնքը հաւաքուեցան Սիդդէմ ձորին մէջ, որ է Աղի ծովը։4. Տասներկու տարի Քոդողագոմորի ծառայութիւն ըրին ու տասներեքերորդ տարին ապստամբեցան։5. Եւ տասնըչորրորդ տարին Քոդողագոմոր ու իրեն հետ եղող թագաւորները եկան ու Աստարովթ Կառնայիմի մէջ եղող Ռափայինները ու Համի մէջ եղող Զուզեցիները եւ Շաւէ Կարիաթեմի մէջ Էմիմները6. Եւ Քոռեցիները իրենց Սէիր լերանը վրայ՝ մինչեւ անապատին քով եղող Էլփառանը զարկին։7. Ապա դարձան եկան Ենմասեփաթ, այսինքն՝ Կադէս եւ Ամաղեկացիներուն բոլոր նահանգը ու Ասասանթամարի մէջ բնակող Ամօրհացիներն ալ զարկին։8. Եւ Սոդոմի թագաւորը ու Գոմորի թագաւորը եւ Ադմայի թագաւորը ու Սեբոյիմի թագաւորը եւ Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորը ելլելով Սիդդիմ ձորին մէջ անոնց հետ պատերազմելու շարուեցան,9. Այսինքն Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին ու Գայիմի Թադգաղ թագաւորին ու Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին եւ Ելլասարի Արիովք թագաւորին հետ, այս չորս թագաւորը այն հինգին հետ։10. Եւ Սիդդիմ ձորը նաւթի հորերով լեցուն էր։ Սոդոմի ու Գոմորի թագաւորները փախան եւ հոն ինկան ու մնացածները լեռը փախան։11. Եւ անոնք Սոդոմի ու Գոմորի բոլոր ունեցածնին ու անոնց բոլոր պաշարները առին ու գացին։12. Սոդոմի մէջ բնակող Աբրամի եղբօրորդին Ղովտը ու անոր բոլոր ստացուածքն ալ առին ու գացին։13. Փախստական մը եկաւ ու այս բաները Եբրայեցի Աբրամին պատմեց։ Աբրամ Եսքողի ու Աների եղբօրը Ամօրհացի Մամբրէի կաղնիներուն մէջ կը բնակէր. վասն զի ասոնք Աբրամին հետ դաշնակից էին։14. Աբրամ երբ իր եղբօր գերի առնուիլը լսեց, իր տանը մէջ ծնած երեք հարիւր տասնըութը կրթուած ծառաները հանեց ու անոնց ետեւէն ինկաւ մինչեւ Դան։15. Ինքն ու իր ծառաները գիշերով գունդ գունդ անոնց վրայ յարձակեցան ու զարկին զանոնք եւ քշեցին զանոնք մինչեւ Քոբա, որ Դամասկոսի հիւսիսային կողմն է։16. Եւ բոլոր ստացուածքը ետ բերաւ եւ իր եղբայրը Ղովտն ալ ու անոր ունեցածները եւ կիները ու ժողովուրդն ալ ետ բերաւ։17. Աբրամ Քոդողագոմորը ու անոր հետ եղող թագաւորները զարնելէն ու դառնալէն ետքը, Սոդոմի թագաւորը զանիկա դիմաւորելու ելաւ դէպի Շաւէ ձորը (այսինքն՝ Թագաւորի ձորը)։18. Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։19. Եւ օրհնեց Աբրամը ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։20. Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր։21. Սոդոմի թագաւորը ըսաւ Աբրամին. «Մարդիկը ինծի տուր, բայց ստացուածքը դուն քեզի առ»։22. Եւ Աբրամ ըսաւ Սոդոմի թագաւորին. «Երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ Տէր Աստուծոյ վերցուցի իմ ձեռքս,23. Որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը բան մը չառնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըլլայ թէ Աբրամը ես հարստացուցի ըսես,24. Բացի տղաքներուն կերածէն ու ինծի հետ եկող մարդոցը, այսինքն Աների ու Եսքողի ու Մամբրէի բաժիններէն. թող անոնք իրենց բաժինը առնեն»։Սաղմոսներ 4:4-84. Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)5. Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք, Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։6. Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։7. Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։8. Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։Առակներ 2:1-51. Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,2. Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս,3. Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,4. Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,5. Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։Մատթեոս 6:1-181. «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է։2. Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։3. Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը,4. Որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։5. Ու երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։6. Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։7. Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։8. Ուրեմն անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։9. Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ.10. Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ.11. Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր,12. Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն.13. Ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը եւ զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն»։14. «Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ.15. Իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։16. «Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի՛ ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ’աւրեն որպէս զի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։17. Բայց դուն երբ ծոմ կը պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուա,18. Որպէս զի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի ։ Քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի հատուցում պիտի ընէ»։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981