Աստվածաշունչը մեկ տարում Հունվար 9Ծննդոց 17:1-271. Երբ Աբրամ իննիսունըինը տարեկան էր, Տէրը Աբրամին երեւցաւ ու ըսաւ անոր. «Ես եմ ամենակարող Աստուածը. իմ առջեւս քալէ՛ ու կատարեալ եղի՛ր։2. Եւ իմ ու քու մէջտեղ ուխտ պիտի ընեմ ու խիստ պիտի շատցնեմ քեզ»։3. Աբրամ իր երեսին վրայ ինկաւ ու Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով.4. Ահա իմ ուխտս քեզի հետ է։ Ազգերու բազմութեան հայր պիտի ըլլաս5. Ու այսուհետեւ քու անունդ Աբրամ չըսուի, հապա քու անունդ Աբրահամ թող ըլլայ. վասն զի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի։6. Քեզ խիստ պիտի աճեցնեմ ու քեզ ազգեր պիտի ընեմ ու քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն։7. Իմ ու քու մէջտեղ ու քու սերունդիդ մէջտեղ եւ իրենց ազգերուն մէջտեղ ուխտս պիտի հաստատեմ։ Յաւիտենական ուխտ մը, որ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ Աստուած պիտի ըլլամ։8. Եւ պիտի տամ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ իբր յաւիտենական ժառանգութիւն այն երկիրը, ուր պանդուխտ եղար՝ բոլոր Քանանի երկիրը ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ»։9. Եւ Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Ուստի դուն ու քեզմէ ետքը քու սերունդդ իրենց ազգերուն մէջ՝ պահեցէք իմ ուխտս։10. Այս է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ քեզմէ ետքը քու սերունդիդ մէջտեղ եղած իմ ուխտս՝ որ պիտի պահէք.11. Ձեզմէ ամէն արուն պէտք է թլփատուի. Ձեր անթլփատութեան մարմինը թլփատէք ու ասիկա իմ ու ձեր մէջտեղ եղած ուխտին նշանը թող ըլլայ։12. Ձեր ազգերուն մէջ ամէն ութ օրուան արու զաւակ, կամ տունը ծնածը, կամ քու սերունդէդ չեղող բոլոր օտարականներէն ստակով ծախու առնուածը՝ պէտք է թլփատուի։13. Քու տունդ ծնածը եւ ստակովդ ծախու առնուածը անշուշտ պիտի թլփատուի եւ իմ ուխտս ձեր մարմինին մէջ յաւիտենական ուխտ մը ըլլայ։14. Եւ անթլփատ արուն՝ որուն անթլփատութեան մարմինը թլփատուած չէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի. անիկա իմ ուխտս անարգած կ’ըլլայ»։15. Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Քու կնոջդ Սարային անունը՝ Սարա մի՛ կանչեր, հապա անոր անունը Սառա թող ըլլայ։16. Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։17. Աբրահամ երեսի վրայ ինկաւ ու խնդաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հարիւր տարեկան մարդուն զաւակ պիտի ըլլա՞յ արդեօք եւ Սառա, որ իննիսուն տարեկան է, պիտի ծնանի՞»։18. Եւ Աբրահամ ըսաւ Աստուծոյ. «Թող Իսմայէլ ապրի քու առջեւդ»։19. Եւ Աստուած ըսաւ. «Այո՛, քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ծնանի քեզի ու անոր անունը Իսահակ պիտի դնես։ Անոր հետ ու անկէ ետքը անոր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, յաւիտենական ուխտ մը։20. Եւ Իսմայէլի համար ալ լսեցի քեզի։ Ահա օրհնեցի զանիկա ու պիտի աճեցնեմ զանիկա ու խիստ պիտի շատցնեմ։ Անիկա տասներկու իշխան պիտի ծնանի եւ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա։21. Բայց գալ տարի այս ատեն Սառայի քեզի ծնանելու Իսահակին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ»։22. Տէրը անոր հետ խօսիլը լմնցուց ու Աստուած Աբրահամին քովէն վեր ելաւ։23. Աբրահամ առաւ իր որդին Իսմայէլը եւ բոլոր իր տունը ծնածները եւ բոլոր ստակով ծախու առնուածները, իր ընտանիքին մէջ գտնուած ամէն արու ու նոյն օրը անոնց անթլփատութեան մարմինը թլփատեց, ինչպէս Աստուած անոր ըսեր էր։24. Աբրահամ իննիսունըինը տարեկան էր երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։25. Եւ իր որդին Իսմայէլ տասներեք տարեկան էր, երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։26. Նոյն օրը թլփատուեցան Աբրահամ ու իր որդին Իսմայէլ։27. Եւ իր տանը բոլոր մարդիկը, թէ՛ իր տունը ծնած եւ թէ օտարականներէն ստակով առնուած, իրեն հետ թլփատուեցան։Ծննդոց 18:1-331. Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր2. Եւ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա երեք մարդիկ կայներ էին իրեն մօտ ու երբ տեսաւ զանոնք, վրանին դռնէն վազեց զանոնք դիմաւորելու ու մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ3. Եւ ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ’աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր.4. Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք.5. Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս ըսիր, այնպէս ըրէ»։6. Աբրահամ արտորալով դէպի վրանը Սառայի գնաց ու ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։7. Եւ Աբրահամ վազեց արջառներուն ու մատղաշ ու աղէկ հորթ մը առաւ ու պատանիի մը տուաւ. ան ալ շուտով պատրաստեց զանիկա։8. Եւ կոգի ու կաթ ու իր պատրաստած հորթը առաւ եւ անոնց առջեւ դրաւ ու ինք ծառին տակ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան9. Եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու Սառա կինդ» ու ինք ըսաւ. «Ահա վրանին մէջ է»։10. Տէրը ըսաւ. « Գալ տարի՝ ՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին դրանը մէջ՝ որ անոր ետեւն էր.11. Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին ու օրերնին անցուցած եւ Սառայէն պակսած էր կանանց օրէնքին մէջ ըլլալը։12. Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։13. Եւ Տէրը ըսաւ Աբրահամին. «Սառան ինչո՞ւ խնդաց՝ ըսելով. ‘Միթէ ես իրաւցընէ՞ պիտի ծնանիմ, որ պառաւցեր եմ’։14. Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք։ Սահմանուած ժամանակին, գալ տարի, քեզի պիտի դառնամ ու Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։15. Բայց Սառա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չխնդացի». քանզի վախցաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ո՛չ, խնդացիր»։16. Մարդիկը ելան անկէ ու երեսնին դէպի Սոդոմ շտկեցին։ Աբրահամ զանոնք ճամբեցնելու համար անոնց հետ գնաց։17. Եւ Տէրը ըսաւ. «Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ.18. Որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։19. Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէս զի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ»։20. Եւ Տէրը ըսաւ. «Որովհետեւ Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ,21. Հիմա պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն եւ եթէ ոչ՝ գիտնամ»։22. Այն մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տէրոջը առջեւ կայներ էր։23. Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես.24. Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։25. Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։26. Եւ Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ»։27. Աբրահամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ.28. Թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակաս ըլլայ, այն հինգին համար բոլոր քաղաքը պիտի կորսնցնե՞ս»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն քառասունըհինգ տեսնեմ, չեմ կորսնցներ»։29. Դարձեալ խօսեցաւ Աբրահամ ու ըսաւ. «Թերեւս հոն քառասուն գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Քառասունին համար ալ պիտի չընեմ»։30. Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու խօսիմ. Թերեւս հոն երեսուն գտնուի»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ»։31. Եւ ինք ըսաւ. «Ահա իմ Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. Թերեւս հոն քսան գտնուի»։ Անիկա ըսաւ. «Քսանին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։32. Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. Թերեւս հոն տասը գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։33. Եւ Տէրը Աբրահամին հետ խօսիլը լմնցուցածին պէս՝ գնաց։ Աբրահամ ալ իր տեղը դարձաւ։Սաղմոսներ 5:8-128. Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար. Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.9. Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։10. Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք. Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան. Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք. Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։11. Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան. Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։12. Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։Առակներ 2:10-2210. Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,11. Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։12. Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն13. Եւ անոնցմէ ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։14. Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։15. Անոնց ճամբաները ծուռ են Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։16. Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։17. Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,18. Անոր տունը մահուան պիտի տանի Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։19. Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։20. Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։21. Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։22. Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։Մատթեոս 7:1-291. Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։2. Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։3. Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։4. Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։5. Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու։6. «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք, որպէս զի ոտքերնուն տակ չկոխկռտեն զանոնք ու դառնան ձեզ պատառեն»։7. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։8. Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։9. Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր,10. Եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։11. Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։12. «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։13. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։14. Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։15. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։16. Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։17. Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։18. Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։19. Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։20. Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։21. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։22. Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։23. Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։24. «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։25. Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։26. Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։27. Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին եւ զարկին այն տանը ու փլաւ։ Մեծ էր անոր կործանումը»։28. Ու երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։29. Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981