1. Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տէրոջը բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ։
2. Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ։ Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք, Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք։
3. Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ։ Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։
4. Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։
5. Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։
6. Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։
7. Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ Այնպէս իր բերանը չբացաւ։
8. Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ՝ ՝ վերցուեցաւ Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ, Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ, Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։
9. Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ։
10. Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի, Երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ, Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի։
11. Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ։ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ։
12. Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, Յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. Շատերու մեղքը վերցուց Ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ։
1. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. Ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
2. «Վրանիդ տեղը լայնցուր, Քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին. Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր։
3. Քանզի աջ ու ձախ կողմը պիտի տարածուիս Եւ քու սերունդդ ազգեր պիտի ժառանգէ, Աւերուած քաղաքները բնակիչներով պիտի լեցնէ։
4. Մի՛ վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս Ու մի՛ շփոթիր, վասն զի պիտի չնախատուիս, Քանզի քու մանկութեանդ նախատինքը պիտի մոռնաս Եւ քու որբեւարութեանդ մեղադրանքը անգամ մըն ալ պիտի չյիշես,
5. Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է, Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է, Անիկա երկրին Աստուածը պիտի կոչուի։
6. Տէրը քեզ՝ երեսէ ձգուած եւ հոգիով վշտացած կնոջ պէս Ու մերժուած նորահասակ հարսի պէս կանչեց», կ’ըսէ քու Աստուածդ։
7. «Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի, Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։
8. Քիչ մը՝ ՝ սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի, Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ», Կ’ըսէ քու Փրկիչդ Եհովան։
9. «Քանզի ասիկա ինծի Նոյին ջուրերուն պէս է. Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին, Նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ։
10. Քանզի լեռները պիտի վերնան Եւ բլուրները պիտի սասանին, Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի», Կ’ըսէ Տէրը, որ քեզի կ’ողորմի։
11. «Ո՛վ փոթորիկէ զարնուած անմխիթար ողորմելի, Ահա ես քու քարերդ գոյնզգոյն պիտի ընեմ, Քեզ շափիւղաներով պիտի հիմնեմ.
12. Քու մարտկոցներդ կարմիր յակինթներով՝ ՝, Դռներդ՝ կարկեհաններով, Բոլոր պարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ։
13. Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
14. Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս, Բռնութենէն հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս Ու արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ։
15. Ահա անշուշտ քեզի դէմ ժողով պիտի ընեն, բայց ինծմէ չէ. Ով որ քու վրադ ելլէ, քու պատճառովդ պիտի իյնայ։
16. Ե՛ս ստեղծեցի դարբինը, որ կրակը կ’արծարծէ Եւ իրեն համար պիտանի գործիքներ կը շինէ։ Ե՛ս ստեղծեցի կործանողը, որ կ’աւերէ։
17. Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի Եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է», կ’ըսէ Տէրը։
1. Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
2. Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3. Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
4. Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. Անոր փառքը երկնքէն վեր է։
17. Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդը Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։
18. Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ,
19. Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ Ու ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։
1. Ուստի ես՝ Պօղոսս՝ Յիսուս Քրիստոսին բանտարկեալը ձեզի հեթանոսներուդ համար,
2. Անշուշտ լսած էք թէ Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութիւնը, որ ինծի տրուած է ձեզի համար,
3. Թէ այն խորհուրդը յայտնութիւնով ցուցուեցաւ ինծի. (ինչպէս նախապէս ալ ձեզի համառօտաբար գրեցի,
4. Որը կրնաք կարդալ ու հասկնալ թէ ես տեղեակ եմ Քրիստոսին խորհուրդին.)
5. Եւ որ ուրիշ դարերու մէջ մարդոց որդիներուն չերեւցաւ, ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիով յայտնուեցաւ իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն.
6. Որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան աւետարանով.
7. Որուն ես սպասաւոր եղայ՝ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ ինծի տրուեցաւ իր զօրութեան ներգործութիւնովը,
8. (Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ,) հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու
9. Եւ ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին անօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով, որ ամէն բան ստեղծեց.