2. «Տէրոջը տանը դուռը կեցիր Ու հոն այս խօսքը կանչէ՛ ու ըսէ. ‘Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ բոլոր Յուդա Որ այս դռներէն կը մտնէք Տէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար’»։
3. Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէ՛ք, Որպէս զի թողում, որ այստեղ բնակիք։
4. Դուք մի՛ ապաւինիք սուտ խօսքերու, որ կ’ըսեն. ‘Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը այս է’։
5. «Քանզի եթէ ձեր ճամբաներն ու գործերը ճշմարտապէս ուղղէք Եւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղ Իրաւունքը զգուշութեամբ գործադրէք,
6. Պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին զրկանք չընէք Ու անմեղ արիւն չթափէք Եւ օտար աստուածներու ետեւէ չերթաք Որ ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ,
7. Այն ատեն այստեղ՝ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ՝ Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից։
8. «Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք, Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։
9. Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով, Սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով, Ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով
10. Կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ, Որ իմ անունովս կոչուած է Եւ ըսել՝ ‘Ազատուեցանք, որպես զի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք’։
11. «Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է, Միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։ ‘Ահա ես տեսայ’, կ’ըսէ Տէրը։
12. Բայց հիմա Սելովի մէջ գտնուած տեղս գացէք, Հոն՝ ուր առաջին անգամ իմ անունս հաստատեցի Եւ տեսէք թէ ի՞նչ ըրեր եմ անոր, Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։
13. «Ու հիմա՝ որովհետեւ այս բոլոր գործերը ըրիք՝ կ’ըսէ Տէրը, Ու երբ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք, Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք.
14. Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը, Որ իմ անունովս կոչուած է Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս Պիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս Սելովին ըրի։
15. Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները, Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի, Այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ’»։
16. «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ Եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներ Ու բարեխօսութիւն մի՛ ըներ, Քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ։
17. Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն Յուդայի քաղաքներուն եւ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։
18. Տղաքները փայտ կը հաւաքեն, Հայրերը կրակ կը վառեն, Կիները խմոր կը շաղեն՝ Երկնքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար Եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանեն, Որպէս զի զիս բարկացնեն»։
19. «Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը, Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար»։
20. Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. «Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Այս տեղին վրայ պիտի թափին՝ Մարդու վրայ եւ անասունի վրայ Ու դաշտի ծառերուն վրայ Ու երկրի պտուղներուն վրայ՝ Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի»։
22. Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս, Անոնց բան մը չըսի ողջակէզի ու զոհի մասին, Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի.
23. Բայց անոնց հետեւեալը հրամայեցի ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։ Ես ձեզի Աստուած ըլլամ Ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք։ Ձեզի հրամայուած ճամբաներուն մէջէն քալեցէք, Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ’։
24. Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին, Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը Իրենց խորհուրդներուն հետեւեցան Ու ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ։
25. Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի։ Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի
26. Ու ինծի մտիկ չըրին եւ ականջ չկախեցին, Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան»։
27. «Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես, Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն։ Զանոնք պիտի կանչես, Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան։
28. Այն ատեն անոնց ըսէ՛. ‘Իր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չընող Ու խրատ չընդունող ազգը ասիկա է։ Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրուեցաւ’։
29. «Մազերդ կտրէ՛ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ Եւ բլուրներուն վրայ ողբա՛. Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգը Որուն դէմ շատ սրդողեր էր»։
30. «Յուդային որդիները իմ առջեւս չարութիւն գործեցին, կ՛ըսէ Տէրը, Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին, Որպէս զի զանիկա պղծեն։
31. Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթին բարձր տեղեր շինեցին՝ Իրենց տղաքն ու աղջիկները կրակով այրելու համար, Որ անոնց չհրամայեցի ու մտքէս ալ անցած չէր»։
32. «Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ա՛լ Տօփեթ կամ Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, Հապա՝ Սպանութեան ձոր Եւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն մինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ՝ ՝։
33. Ու այս ժողովուրդին դիակները Երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան Եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։
34. Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ, Վասն զի երկիրը պիտի ամայանայ»։
1. «Այն ժամանակ, կ’ըսէ Տէրը, Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները, Անոր իշխաններուն ոսկորները, Քահանաներուն ոսկորները, Մարգարէներուն ոսկորները, Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորները Իրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն
2. Եւ պիտի ցրուեն զանոնք արեւուն առջեւ ու լուսնին առջեւ Եւ երկնքի բոլոր զօրքերուն առջեւ, Որոնք սիրեցին ու անոնց ծառայեցին Եւ անոնց ետեւէն գացին Ու զանոնք փնտռեցին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։
3. «Մահը կեանքէն աւելի ցանկալի պիտի ըլլայ Այս չար ազգին բոլոր մնացորդներուն, Որոնք մնացեր են այն տեղերը, Ուր զանոնք վռնտեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
4. «Ու անոնց ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն. Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չի՞ դառնար’։
5. Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատեւ խոտորումով խոտորեցաւ։ Անոնք նենգութեան յարեցան, դառնալ չուզեցին։
6. Ականջ դրի ու մտիկ ըրի, Անոնք շիտակ չեն խօսիր. Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայ Ու ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’. Ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝ Պատերազմի վազող ձիու պէս։
7. Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ Ու տատրակը եւ կռունկը ու ծիծեռնակը Իրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն, Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։
8. «Ի՞նչպէս կ’ըսէք՝ ‘Մենք իմաստուն ենք Ու Տէրոջը օրէնքը մեր քով է’։ Իրաւցընէ ահա դպիրներուն սուտ գրիչը կը ստէ։
9. Իմաստունները ամչցան, Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան, Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ։
10. Ուստի անոնց կիները՝ օտարներուն, Անոնց ագարակները անոնց տիրողներուն պիտի տամ, Վասն զի պզտիկէն մինչեւ մեծը, ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան. Մարգարէէն մինչեւ քահանան, ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։
11. Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ։
12. Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն։ Բնաւ չեն ամչնար Ու պատկառիլ չեն գիտեր։ Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան»։ «Անոնց այցելութիւն եղած ատենը պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։
13. «Զանոնք բոլորովին բնաջինջ պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Որթատունկին վրայ խաղող պիտի չըլլայ Եւ թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ. Անոնց տերեւներն ալ պիտի թառամին Ու ինչ որ անոնց տուի անոնցմէ պիտի անհետանայ»։
14. «Մենք ինչո՞ւ կը նստինք. Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտնենք Եւ հոն լուռ կենանք, Վասն զի մեր Տէր Աստուածը մեզ լռեցուց, Ու մեզի դառնութեան ջուր խմցուց, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք։
15. Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ, Բժշկութեան սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։
16. «Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէն լսուեցաւ. Անոր երիվարներուն խրխնջիւնէն Բոլոր երկիրը շարժեցաւ։ Վասն զի պիտի գան ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը, Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի ուտեն»։
17. «Քանզի ահա ձեր մէջ օձեր, Քարբեր պիտի ղրկեմ, որոնք թովչութենէ չեն ազդուիր Եւ ձեզ պիտի խայթեն», կ’ըսէ Տէրը։
18. Իմ զուարթութիւնս տրտմութեան փոխուեցաւ, Իմ սիրտս ներսիդիս կը մարի։
19. Ահա հեռաւոր երկրէ եկողներուն պատճառով՝ Իմ ժողովուրդիս աղջկան ողբերուն ձայնը. «Միթէ Տէրը Սիօնի մէջ չէ՞, Անոր Թագաւորը հոն չէ՞»։ Ինչո՞ւ իրենց քանդակած կուռքերովը Ու օտարներուն ունայնութիւններովը զիս բարկացուցին։
20. Հունձքին ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ, Բայց մենք չփրկուեցանք։
21. Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքին համար վշտացայ, Ողբացի ու սոսկումը զիս պատեց։
22. Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ, Հոն բժիշկ չկա՞յ. Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ։
1. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
6. Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։
1. Քանզի կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի ու Լաւոդիկեցիներուն համար ու ամէն անոնց՝ որոնք իմ երեսս մարմնով չեն տեսներ.
2. Որպէս զի անոնց սրտերը մխիթարուին՝ սիրով միացած ու կատարեալ իմաստութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին գիտութեանը.
3. Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են։
4. Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։
5. Որ թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ։
6. Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք,
7. Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։
8. Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։
9. Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։
10. Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան։
12. Թաղուելով անոր հետ մկրտութիւնով, որով նաեւ անոր հետ յարութիւն առիք Աստուծոյ զօրութեանը հաւատալով, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց։
13. Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի։
14. Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ գամեց.
15. Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց անով։
16. Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով,
17. Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է։
18. Չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ եւ ուզէ խոնարհութիւնով ու հրեշտակներու պաշտամունքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ, իր մարմնաւոր մտքովը փուճ տեղ հպարտանալով
19. Եւ չբռնէ Գլուխը՝ ուրկէ բոլոր մարմինը յօդուածներով ու խաղերով հաղորդուած ու մէկտեղ կցուած՝ Աստուծոյ աճումովը կ’աճի։
20. Եթէ դուք Քրիստոսին հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք, ըսելով.
21. «Մի՛ մօտենար, համը մի՛ առներ, մի՛ դպչիր»,
22. (Որոնք ապականուած են գործածութեամբ,) մարդոց պատուիրանքներուն ու սորվեցուցածներուն համեմատ,
23. Որոնք իմաստութեան կերպարանք ունին ինքնակամ կրօնքով ու խոնարհութիւնով եւ մարմնին չխնայելով, բայց ոչ թէ պատիւի արժանի են, հապա մարմինը յագեցնելու կը ծառայեն ։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981