Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 12Երեմիա 9:1-261. Երանի՜ թէ գլուխս՝ ջուրի Ու աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային, Որպէս զի ցորեկ ու գիշեր լայի Իմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար։2. Երանի՜ թէ անապատի մէջ ճամբորդներու իջեւան մը ունենայի, Որպէս զի իմ ժողովուրդս ձգէի ու անոնցմէ հեռանայի. Վասն զի ամէնքը շնացողներ են Ու նենգաւորներու ընկերութիւն են։3. Իրենց լեզուները իրենց աղեղներուն պէս կը լարեն ստութեան համար, Բայց ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին. Վասն զի չարութենէ չարութիւն կ’երթան Ու զիս չեն ճանչնար, կ’ըսէ Տէրը։4. Ամէն մարդ թող իր ընկերէն զգուշանայ։ Բնաւ եղբօր մը մի՛ ապաւինիք. Վասն զի ամէն եղբայր խաբէութիւն կը հնարէ Եւ ամէն ընկեր բանսարկութիւն կ’ընէ5. Ու ամէն մարդ իր ընկերը կը խաբէ Եւ ճշմարտութիւն չի խօսիր։ Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու վարժեցուցած են, Անօրէնութիւն ընելով կը յոգնին։6. Քու բնակարանդ նենգութեան մէջ է։ Նենգութեան պատճառով զիս ճանչնալ չեն ուզեր, կ’ըսէ Տէրը։7. Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա զանոնք պիտի հալեցնեմ ու պիտի փորձեմ, Վասն զի իմ ժողովուրդիս համար ի՞նչ կրնամ ընել։8. Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է։ Նենգութիւն կը խօսի, Բերնովը իր ընկերին հետ խաղաղութեամբ կը խօսի, Բայց սրտով անոր դարան կը պատրաստէ։9. «Միթէ այս բաներուն համար անոնք պիտի չպատժե՞մ, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։10. «Լեռներուն համար լաց ու ողբ Եւ անապատի արօտներուն համար կոծ պիտի ընեմ. Վասն զի այրեցան, անկէ մարդ չ՛անցնիր Ու խաշինքներու ձայն չի լսուիր. Օդին թռչուններէն մինչեւ անասունները փախան, գացին։11. Երուսաղէմը՝ աւերակներու դէզեր Եւ չագալներու բնակարան պիտի ընեմ Ու Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ»12. Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը, որ ասիկա հասկնայ Եւ անոր՝ Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ, որ ասիկա յայտնէ, Թէ երկիրը ինչո՛ւ համար աւերուեցաւ Ու այրած անապատի պէս եղաւ, Ուրկէ մարդ չանցնիր։13. Եւ Տէրը ըսաւ. «Քանի որ անոնք իմ օրէնքս ձգեցին, Որ իրենց առջեւ դրեր էի Ու իմ ձայնիս մտիկ չընելով՝ անոր համեմատ չքալեցին,14. Հապա իրենց սրտին կամակորութեանը Եւ հայրերուն իրենց սորվեցուցած Բահաղամին ետեւէն գացին,15. Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմ Ու անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ։16. Զանոնք պիտի ցրուեմ այն ազգերուն մէջ, Որոնք ո՛չ իրենք ճանչցան, ո՛չ ալ իրենց հայրերը։ Անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ, Մինչեւ որ զանոնք հատցնեմ»։17. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մտածեցէ՛ք ու լալկան կիներ կանչեցէ՛ք որ գան Եւ հանճարեղ կիներուն լուր ղրկեցէ՛ք, որ գան18. Ու մեզի համար շուտով ողբի ձայն բարձրացնեն, Որպէս զի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնեն Եւ մեր արտեւանունքները ջուրեր վազցնեն.19. Քանզի Սիօնէն ողբի ձայն լսուեցաւ. ‘Ի՜նչպէս կործանեցանք, խիստ ամչցանք, Վասն զի երկիրը թողուցինք, Վասն զի թշնամիները հիմնայատակ ըրին մեր բնակարանները’»։20. Ուրեմն, ո՛վ կիներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք Եւ ձեր ականջները անոր բերնին խօսքը թող ընդունին Ու ձեր աղջիկներուն ո՛ղբ սորվեցուցէք Եւ ամէն կին իր դրացիին եղերերգութիւն թող սորվեցնէ ։21. Վասն զի մահը մինչեւ մեր պատուհանները ելաւ, Մեր պալատները մտաւ, Որպէս զի փողոցներէն՝ տղաքները Ու հրապարակներէն երիտասարդները բնաջինջ ընէ։22. Ըսէ թէ «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մարդոց դիակները պիտի իյնան Արտերու երեսին վրայ եղող աղբին պէս, Կամ հնձողներուն ետեւը մնացած խուրձի պէս Եւ պիտի չըլլայ մէկը, որ զանոնք հաւաքէ ’»։23. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծի Ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի, Հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի.24. Բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ Եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։25. «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ բոլոր թլփատուածներուն ու անթլփատներուն,26. Եգիպտոսի եւ Յուդայի ու Եդովմի Եւ Ամմոնի որդիներուն ու Մովաբի Եւ իրենց մօրուքին ծայրերը կտրող՝ ՝ անապատի բոլոր բնակիչներուն Պիտի այցելեմ. Վասն զի բոլոր ազգերը անթլփատ են Ու բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է»։Երեմիա 10:1-251. Ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը լսեցէք։2. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիք Ու երկնքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք, Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին։3. Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են, Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն, Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է՝ տապարով գործուած ։4. Զանիկա արծաթով եւ ոսկիով կը զարդարեն Ու գամերով եւ ուռերով կը գամեն զանիկա ու չի շարժիր։5. Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր. Անոնք անշուշտ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել, Ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են։6. Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ. Դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է։7. Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր, Քանզի քեզի կը վայլէ. Վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ Եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Քեզի նման մէ՛կը չկայ։8. Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են. Անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է։9. Թարսիսէն՝ ծեծուած արծաթ Եւ Ոփազէն ոսկի կը բերուի։ Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերու գործ են։ Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է. Բոլորը վարպետներու գործեր են։10. Սակայն Եհովան ճշմարիտ Աստուած է, Անիկա կենդանի Աստուած է եւ յաւիտենական Թագաւոր։ Անոր բարկութենէն երկիրը կը դողայ Ու ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար։11. Անոնց այսպէս ըսէք. «Այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չշինեցին, Երկրէն ու երկինքներուն տակէն պիտի կործանին»։12. Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։13. Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։ Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ. Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ, Հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։14. Ամէն մարդ գիտութենէն զրկուած ՝ անասուն դարձաւ. Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ, Վասն զի ձուլուած կուռքը ստութիւն է։ Անոնք հոգի չունին,15. Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են, Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին։16. Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է։ Իսրայէլ անոր ժառանգութեանը վիճակն է։ Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։17. Ո՛վ բերդի մէջ բնակող, Քու ապրանքներդ երկրէն հաւաքէ՛,18. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմ Ու զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի զգան»։19. Վա՜յ ինծի իմ հարուածիս համար, Իմ վէրքս անդարմանելի է Եւ ես ըսի. «Իրաւցընէ ասիկա ցաւ է Ու զանիկա պիտի կրեմ»։20. Իմ վրանս կործանուեցաւ եւ բոլոր չուաններս փրթան. Տղաքներս ինծմէ հեռացան ու չկան. Ասկէ յետոյ վրանս կանգնեցնող Ու վարագոյրներս կախող չկայ։21. Վասն զի հովիւները յիմարացան Եւ Տէրը չխնդրեցին. Անոր համար յաջողութիւն չգտան Ու անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ։22. Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայն Եւ մեծ խռովութիւն կու գայ, Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակ Ու չագալներու բնակարան ընէ։23. Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։24. Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ, Ո՛չ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես։25. Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայ Եւ քու անունդ չկանչող ազգատոհմերուն վրայ թափէ. Վասն զի Յակոբը կերան։ Զանիկա կերան ու հատցուցին Եւ անոր բնակավայրը աւերակ դարձուցին։Սաղմոսներ 118:5-95. Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի Եւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով ։6. Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։7. Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է Ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։8. Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։9. Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։Առակներ 27:7-77. Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ, Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։Կողոսացիներ 3:1-251. Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։2. Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։3. Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։4. Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ անոր հետ փառքով պիտի յայտնուիք։5. Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է.6. Որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ.7. Որոնց մէջ ատեն մը դո՛ւք ալ կը քալէիք, երբ անոնց մէջ կ’ապրէիք։8. Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։9. Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք10. Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս11. Ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ։12. Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը,13. Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։14. Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։15. Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։16. Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։17. Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։18. Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։19. Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։20. Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։21. Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին։22. Ծա՛ռաներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով.23. Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց,24. Գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք. վասն զի Տէր Քրիստոսին կը ծառայէք.25. Բայց անօրէնը իր անօրէնութեան պատիժը պիտի ընդունի եւ աչառութիւն չկայ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981