Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 14Երեմիա 13:1-271. Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, քեզի քթանէ գօտի մը ծախու ա՛ռ եւ զանիկա մէջքդ կապէ՛ ու զանիկա ջուրը մի՛ խոթեր»։2. Ուստի Տէրոջը խօսքին համաձայն գօտին ծախու առի ու մէջքս կապեցի։3. Երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.4. «Այն ծախու առած գօտիդ, որ քու մէջքդ է, ա՛ռ ու ելի՛ր Եփրատ գնա եւ հոն վէմին ծակին մէջ պահէ՛ զանիկա»։5. Ես գացի եւ զանիկա Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց։6. Եւ շատ օրեր ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, Եփրատ գնա՛, անկէ ա՛ռ այն գօտին, որ քեզի հրամայեցի հոն պահել»։7. Ես ալ Եփրատ գացի ու փորելով՝ գօտին այն պահած տեղէս առի. բայց գօտին փտտեր էր ու բնաւ բանի մը չէր գար։8. Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով.9. «Յուդային հպարտութիւնը Ու Երուսաղէմին մեծ հպարտութիւնը այդպէս պիտի աւրեմ։10. Այս չար ժողովուրդը, Որ իմ խօսքերս լսել չեն ուզեր Ու իրենց սրտին կամակորութիւնովը կը քալեն, Օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթան Անոնց ծառայութիւն ընելու եւ անոնց երկրպագութիւն ընելու համար՝ Այդ անպիտան գօտիին պէս պիտի ըլլան։11. Վասն զի ինչպէս մարդը գօտին իր մէջքը կը կապէ, Իսրայէլին բոլոր տունն ու Յուդային բոլոր տունը Ինծի այնպէս կապեր էի, կ’ըսէ Տէրը, Որպէս զի ինծի ժողովուրդ ըլլան, Նաեւ՝ անուն եւ փառք ու պարծանք։ Բայց անոնք մտիկ չըրին։12. Նաեւ այս խօսքը ըսէ անոնց. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի»’. Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ մենք չե՞նք գիտեր թէ ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի’։13. Դուն ալ անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս երկրին բոլոր բնակիչները Ու Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները Եւ քահանաներն ու մարգարէները Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները արբեցութեամբ պիտի լեցնեմ14. Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի կոտրտեմ, Հայրերը տղոցը հետ մէկտեղ կ’ըսէ Տէրը Եւ անոնց պիտի չգթամ ու պիտի չխնայեմ Եւ առանց ողորմելու զանոնք բնաջինջ պիտի ընեմ’։15. Մտի՛կ ըրէք, ակա՛նջ տուէք, մի՛ հպարտանաք, Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։16. Ձեր Տէր Աստուծոյն փառք տուէ՛ք՝ Դեռ խաւարը ձեր վրայ չհասած Ու ձեր ոտքերը մութ լեռներու վրայ չհասած Եւ ձեր լոյսի սպասած ատենը Աստուած զանիկա մահուան ստուերի չփոխած Ու զանիկա թանձր մէգի չդարձուցած։17. Բայց եթէ մտիկ չընէք, Ձեր հպարտութեանը համար իմ հոգիս ծածուկ տեղեր պիտի լայ Եւ իմ աչքս դառնօրէն պիտի լայ ու արցունք պիտի թափէ, Վասն զի Տէրոջը հօտը գերի առնուեցաւ։18. Թագաւորին ու թագուհիին ըսէ. «Ձեր անձը խոնարհեցուցէ՛ք ու գետնի վրայ նստեցէ՛ք, Վասն զի ձեր գլխէն ձեր փառաւոր թագը ինկաւ»։19. Հարաւային քաղաքները գոցուեցան Ու բացող մը չկայ. Բոլոր Յուդա գերութեան գնաց. Ամէնքը գերութեան գացին։20. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք եւ հիւսիսի կողմէն եկողներուն նայեցէ՛ք. Քեզի տրուած հօտը, քու փառքերուդ խաշինքը ո՞ւր են։21. Ի՞նչ պիտի ըսես, երբ քեզի այցելութիւն ընեն, Վասն զի դուն անոնց սորվեցուցիր, որ քու վրադ իշխան եւ գլուխ ըլլան. Միթէ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւեր պիտի չբռնե՞ն։22. Ու եթէ սրտիդ մէջ ըսես. ‘Այս բաները ինչո՞ւ հանդիպեցան ինծի’, Քու անօրէնութեանդ շատութենէն քու քղանցքներդ բացուեցան Եւ գարշապարներդ բռնութեամբ մերկացան։23. Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպիացին իր մորթը՝ Կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ, Որ դուք ալ, չարութիւն ընելու սորված ըլլալով, Կարենաք աղէկութիւն ընել։24. Ուստի անապատի հովէն վերցուած մղեղի պէս Պիտի ցրուեմ զանոնք։25. Այս է քու վիճակդ եւ քու բաժինդ, Որ ես քեզի որոշեցի, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի զիս մոռցար ու ստութեան ապաւինեցար։26. Ուստի ես ալ քու քղանցքներդ քու երեսիդ վրայ վերցուցի Ու քու անարգանքդ երեւցաւ։27. Ես քու շնութիւններդ ու վրնջիւններդ Եւ քու լիրբ պոռնկութիւնդ Ու բլուրներու վրայ եւ դաշտի վրայ քու ըրած պղծութիւններդ տեսայ։ Վա՜յ քեզի, ո՛վ Երուսաղէմ. Պիտի չմաքրուի՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ»։Երեմիա 14:1-221. Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիային եղաւ երաշտութեան վրայով։2. «Յուդան սուգ կը բռնէ Եւ անոր դռները կը նուաղին։ Անոնք գետնի վրայ տրտում կը նստին, Երուսաղէմին աղաղակը բարձրացաւ։3. Անոնց ազնուականները իրենց մանուկները ջուրի կը ղրկեն։ Անոնք աւազանները գացին, բայց ջուր չգտան Եւ դարձան՝ իրենց պարապ ամաններով։ Ամչցան ու պատկառեցան եւ գլուխնին ծածկեցին։4. Երկրի վրայ անձրեւ չըլլալուն պատճառով ու Գետինը ճաթելուն համար, Երկրագործները ամչցան եւ գլուխնին ծածկեցին։5. Քանզի եղնիկը դաշտի մէջ ծնաւ, Բայց խոտ չըլլալուն համար իր ձագը թողուց։6. Վայրենի էշերը բլուրներու վրայ կայնեցան Եւ չագալներու պէս օդը ծծեցին։ Աչքերնին տկարացաւ, վասն զի խոտ չկար։7. Թէեւ մեր անօրէնութիւնները մեզի դէմ կը վկայեն, Մեր յանցանքները շատ են, Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, Սակայն, ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար ըրէ։8. Ո՛վ Իսրայէլի Յոյսը՝ Նեղութեան ատեն անոր Փրկիչը՝ Ինչո՞ւ համար երկրի վրայ հիւրի պէս Ու գիշերները իջեւանող ճամբորդի պէս ըլլաս։9. Ինչո՞ւ համար ապշած մարդու պէս Կամ ազատուելու կարողութիւն չունեցողի պէս ըլլաս։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր մէջ ես, Մենք քու անունովդ կոչուած ենք, ուստի Մեզ մի՛ թողուր»։10. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այս ժողովուրդին համար. «Անոնք աստանդական շրջիլը սիրեցին Եւ իրենց ոտքերը չզսպեցին։ Տէրը անոնց չհաւնեցաւ. Ուստի անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ Ու անոնց մեղքերը պիտի պատժէ»։11. Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս ժողովուրդին բարօրութեան համար աղօթք մի՛ ըներ։12. Եթէ անոնք ծոմ պահեն, Անոնց աղաղակին մտիկ պիտի չընեմ Ու եթէ ողջակէզ կամ զոհ մատուցանեն, Զանոնք պիտի չընդունիմ. Հապա սուրով, սովով եւ ժանտախտով Պիտի սպառեմ զանոնք»։13. Ու ես ըսի. «Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա, Ահա մարգարէները անոնց կ’ըսեն. ‘Սուր պիտի չտեսնէք Ու ձեր մէջ սով պիտի չըլլայ, Հապա ձեզի այս տեղ խաղաղութիւն պիտի տամ’»։14. Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։ Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի Ու անոնց չխօսեցայ։ Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ, սնոտի գուշակութիւններ Եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան»։15. Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այն մարգարէներուն համար, որոնք իմ անունովս մարգարէութիւն կ’ընեն (Թէպէտեւ զանոնք ես չղրկեցի) Ու կ’ըսեն թէ ‘Այս երկրին մէջ սուր ու սով պիտի չըլլայ’, Այն մարգարէները սուրով ու սովով պիտի կորսուին16. Եւ այն ժողովուրդը, որոնց անոնք մարգարէութիւն կ’ընեն, Սուրին ու սովին միջոցով Երուսաղէմի փողոցները պիտի ձգուին Եւ զանոնք եւ անոնց կիները, տղաքներն ու աղջիկները Թաղող պիտի չգտնուի Ու անոնց վրայ իրենց չարութիւնը պիտի թափեմ»։17. «Ուստի անոնց՝ այս խօսքը ըսէ. ‘Գիշեր ու ցորեկ աչքերս արցունք պիտի թափեն Ու բնաւ պիտի չդադարին, Վասն զի իմ ժողովուրդիս կոյս աղջիկը մեծ կոտորածով, Խիստ սաստիկ հարուածով կոտորուեցաւ։18. Եթէ դաշտը ելլեմ Ահա սուրով մեռցուածներ Եւ եթէ քաղաքը մտնեմ, Ահա սովով տկարացածներ կան։ Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան Իրենց չգիտցած երկիրը կը պտըտին’»։19. Միթէ Յուդան բոլորովին մերժեցի՞ր. Քու հոգիդ Սիօնէն զզուեցա՞ւ. Մեզի ինչո՞ւ այնպէս զարկիր, որ մեզի բժշկութիւն չըլլայ։ Մենք խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ, Բժշկութեան ժամանակին սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։20. Մե՛նք, ով Տէր, մեր ամբարշտութիւնը Ու մեր հայրերուն անօրէնութիւնը կը ճանչնանք Եւ մենք քեզի դէմ մեղք գործեցինք, սակայն21. Քու անուանդ համար մեզմէ մի՛ զզուիր, Քու փառքիդ աթոռը մի՛ անարգեր. Մեզի հետ ըրած ուխտդ յիշէ եւ զանիկա մի՛ աւրեր։22. Միթէ հեթանոսներուն չաստուածներուն մէջ անձրեւ տուող մը կա՞յ, Կամ թէ երկինքնե՞րը կու տան անձրեւը։ Չէ՞ որ ասիկա ընողը դո՛ւն ես, ո՛վ մեր Տէր Աստուածը. Ուստի քեզի կը յուսանք, Վասն զի ասոնց ամէնքը դուն ըրիր։Սաղմոսներ 118:15-2015. Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։ Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։16. Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։ Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։17. Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ, Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։18. Տէրը զիս շատ խրատեց, Բայց մահուան չմատնեց զիս։19. Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները, Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։20. Ա՛յս է Տէրոջը դուռը, Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։Առակներ 27:9-99. Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։1 Թեսաղոնիկեցիներ 1:1-101. Պօղոս եւ Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.2. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ.3. Անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ։4. Գիտցէ՛ք, սիրելի եղբայրներ, թէ Աստուած ձեզ ընտրեց5. Եւ մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։6. Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանելով ընդունեցիք խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը։7. Այնպէս որ դուք օրինակ եղաք բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ են։8. Վանս զի ձեզմէ հռչակուեցաւ Տէրոջը խօսքը, ո՛չ միայն Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ, հապա նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ ձեր հաւատքը, որ ունիք Աստուծոյ վրայ, այնպէս որ ա՛լ պէտք չունինք բան մը խօսելու։9. Քանզի իրենք կը պատմեն մեզի համար, թէ ի՛նչպէս մեզ ընդունեցիք եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու10. Եւ սպասելու անոր Որդիին՝ երկնքէն գալուն, որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսը, որ կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981