Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հոկտեմբեր 15

1. Տէրը ինծի ըսաւ. «Եթէ Մովսէսն ու Սամուէլն ալ իմ առջեւս կայնէին, Նորէն ժողովուրդին վրայ հաճութիւն պիտի չունենայի։ Զանոնք առջեւէս վռնտէ ու թող դուրս ելլեն։
2. Եւ եթէ քեզի՝ ‘Ո՞ւր ելլենք’ ըսեն, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մահուան համար որոշուածները ՝ մահուան, Սուրի համար որոշուածները ՝ սուրի, Սովի համար որոշուածները ՝ սովի Ու գերութեան համար որոշուածները գերութեան թող ելլեն ’։
3. «Անոնց վրայ չորս տեսակ պատիժ պիտի ղրկեմ, կ’ըսէ Տէրը. Մեռցնելու համար՝ սուրը, Պատառելու համար՝ շուները, Ուտելու ու ապականելու համար՝ Երկնքի թռչուններն ու երկրի գազանները։
4. Զանոնք, նեղութիւն կրելու համար, Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն ձեռքը պիտի մատնեմ, Յուդայի թագաւորին Եզեկիային որդիին Մանասէին պատճառով եւ Երուսաղէմի մէջ անոր ըրած բաներուն համար։
5. «Ո՞վ քեզի պիտի խնայէ, ո՛վ Երուսաղէմ Ու ո՞վ քեզի ցաւակից պիտի ըլլայ, Քու որպիսութիւնդ հարցնելու համար ո՞վ պիտի գայ»։
6. «Դուն զիս թողուցիր, կ’ըսէ Տէրը ու ետ գացիր. Ես ալ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ պիտի կորսնցնեմ. Քեզի գթալէն ձանձրացայ։
7. Զանոնք երկրին դռներուն մէջ պիտի հոսեմ իբր թէ հեծանոցով. Իմ ժողովուրդս անզաւակ պիտի թողում եւ պիտի կորսնցնեմ, Վասն զի անոնք իրենց ճամբաներէն չդարձան։
8. Անոնց որբեւարիները ծովուն աւազէն աւելի շատցուցի իմ առջեւս. Անոնց վրայ ու երիտասարդին՝ ՝ մօրը վրայ Կէսօրուան ատեն աւարառու բերի. Անոր վրայ յանկարծ արհաւիրք ու սոսկում ձգեցի։
9. Եօթը զաւակ ծնանողը նուաղեցաւ, Իր հոգին աւանդեց, Ցորեկը անոր արեւը մարը մտաւ. Անիկա ամչցաւ ու նախատուեցաւ Եւ անոնց մնացորդը իրենց թշնամիներուն առջեւ Սուրի պիտի մատնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
10. Վա՜յ ինծի, ո՛վ մայրս, Որ զիս բոլոր երկրի համար Կռիւի մարդ ու վէճի մարդ ծնար. Ո՛չ ես շահով ստակ տուի, Ո՛չ ալ ինծի շահով ստակ տուին, Սակայն ամէնքը զիս կ’անիծեն։
11. Տէրը կ’ըսէ. «Անշո՛ւշտ քեզ պիտի ազատեմ Ու երջանիկ պիտի ըլլաս։ Անշո՛ւշտ նեղութեան ու տառապանքի ժամանակ Թշնամիիդ քեզի աղաչել պիտի տամ։
12. Մէկը կրնա՞յ կոտրել երկաթը, ան ալ հիւսիսային երկաթը եւ պղինձը։
13. Քու բոլոր մեղքերուդ համար՝ բոլոր սահմաններուդ մէջ Քու ստացուածքդ ու գանձերդ ձրիապէս յափշտակութեան պիտի մատնեմ։
14. Անծանօթ երկրին մէջ թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ, Վասն զի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ, Որը ձեր վրայ պիտի բորբոքի»։
15. Ո՛վ Տէր, դուն իմ վիճակս գիտես. Զիս յիշէ՛ եւ ինծի այցելութիւն ըրէ՛ Ու իմ հալածիչներէս իմ վրէժս ա՛ռ. Քու երկայնամտութեամբդ զիս մի՛ վերցներ. Յիշէ՛ թէ քեզի համար նախատինք կրեցի։
16. Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. Վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, Ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած։
17. Ծաղր ընողներուն ժողովին մէջ չնստեցայ ու չզուարճացայ. Քու ձեռքդ իմ վրաս ըլլալուն համար առանձին նստեցայ, Վասն զի քու բարկութիւնովդ զիս լեցուցած էիր։
18. Ինչո՞ւ իմ ցաւս՝ մշտնջենաւոր Եւ իմ վէրքս անդարմանելի է Եւ բժշկուիլ չուզեր։ Դուն ինծի բոլորովին նենգ Ու անհաւատարիմ ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս։
19. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ դառնաս՝ ես քեզ պիտի վերականգնեմ Ու իմ առջեւս պիտի կայնիս։ Եթէ պատուականը անարգէն զատես, Իմ բերնիս պէս պիտի ըլլաս։ Անոնք քեզ պիտի դառնան, Բայց դուն անոնց մի՛ դառնար։
20. Քեզ այս ժողովուրդին՝ պղնձէ ամուր պարիսպի պէս պիտի ընեմ։ Քեզի հետ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ՝ Քեզ փրկելու ու ազատելու համար
21. Եւ քեզ չարերուն ձեռքէն պիտի ազատեմ Ու բռնաւորներուն ձեռքէն պիտի փրկեմ», կ’ըսէ Տէրը։
1. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Քեզի կին մի՛ առներ։ Այս տեղ տղաքներ ու աղջիկներ մի՛ ունենար,
3. Քանզի այս տեղ ծնած տղաքներուն ու աղջիկներուն համար Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող մայրերուն ու հայրերուն համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
4. ‘Անոնք մահառիթ հիւանդութիւններով պիտի մեռնին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի ու անոնք պիտի չթաղուին։ Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան։ Սուրով ու սովով պիտի հատնին։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան’»։
5. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սուգի տուն մի՛ մտներ ու լալու մի՛ երթար, Անոնց համար մի՛ ողբար, Վասն զի այս ժողովուրդէն վերցուցի իմ խաղաղութիւնս, Ողորմութիւնս ու գթութիւնս։
6. Այս երկրին մեծերն ու պզտիկները Պիտի մեռնին եւ պիտի չթաղուին, Անոնց համար սուգ պիտի չընեն, Իրենց մարմիններուն վրայ կտրածներ պիտի չընեն, Անոնց համար իրենց մազերը պիտի չփետտեն,
7. Մեռելի մը վրայով մխիթարութեան համար Սուգի հաց պիտի չբաժնեն, Անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար Մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն։
8. Կոչունքի տուն ալ մի՛ մտներ, Որ անոնց հետ նստիս ուտելու եւ խմելու համար»։
9. Վասն զի զօրքերուն Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս տեղէն, ձեր աչքին առջեւէն ու ձեր օրերուն մէջ Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ։
10. Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին ըսես եւ անոնք քեզի հարցնեն՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը բոլոր այս մեծ չարիքին վրայ խօսեցաւ Ու ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքը, Որ մեր Տէր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք’,
11. Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Վասն զի ձեր հայրերը զիս թողուցին, կ’ըսէ Տէրը Եւ ուրիշ աստուածներու ետեւէ գացին, Անոնց ծառայութիւն ըրին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին. Զիս թողուցին ու իմ օրէնքս չպահեցին։
12. Եւ դուք ձեր հայրերէն աւելի չարութիւն ըրիք, Ինծի մտիկ չընելով՝ Ձեզմէ ամէն մէկը իր չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն գնաց։
13. Ես ալ այս երկրին երեսէն ձեզ պիտի փոխադրեմ Այնպիսի երկիր մը, որ չէք ճանչնար Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը Ու հոն ցորեկ ու գիշեր օտար աստուածներու ծառայութիւն պիտի ընէք, Վասն զի ձեզի ողորմութիւն պիտի չընեմ’»։
14. «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։
15. Բայց ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները հանեց հիւսիսային երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էր’. Քանզի զանոնք պիտի դարձնեմ իրենց երկիրը, Որ իրենց հայրերուն տուած էի»։
16. «Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք որսան։ Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ, Որ զանոնք ամէն լերան վրայէն Եւ ամէն բլուրի վրայէն Ու վէմերուն ծակերէն որսան։
17. Վասն զի իմ աչքերս անոնց բոլոր ճամբաներուն վրայ են. Իմ երեսէս ծածկուած չեն, Անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջեւէն պահուած չէ։
18. Նախ անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին Կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ, Քանի որ իմ երկիրս պղծեցին Եւ իրենց գարշութիւններուն ու պղծութիւններուն դիակներովը Իմ ժառանգութիւնս լեցուցին»։
19. Ո՛վ Տէր, իմ զօրութիւնս, իմ բերդս Ու իմ ապաստանարանս նեղութեան օրը, Երկրի ծայրերէն ազգերը քեզի պիտի գան Ու պիտի ըսեն. «Իրաւցընէ մեր հայրերը ստութիւն, Ունայնութիւն ու անօգուտ բաներ ժառանգեցին։
20. Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել»։ Ու անոնք աստուածներ չեն։
21. «Անոր համար ահա ես անոնց այս անգամ պիտի գիտցնեմ, Իմ ձեռքս ու իմ զօրութիւնս պիտի գիտցնեմ անոնց Եւ պիտի գիտնան թէ իմ անունս Եհովա է»։
21. Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիր Ու ինծի փրկութիւն եղար։
22. Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, Անկիւնին գլուխը եղաւ։
23. Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։
24. Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց. Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։
10. Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։ Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։
1. Եղբա՛յրներ, դուք ձեզմէ գիտէք թէ ձեր մէջ մտնելնիս՝ պարապ տեղը չեղաւ.
2. Հապա առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ։
3. Վասն զի մեր յորդորանքը ո՛չ մոլորութենէ է ու ո՛չ պղծութենէ եւ ո՛չ խաբէութեամբ.
4. Հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպէս վստահուեցաւ այնպէս կը խօսինք, ո՛չ թէ մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծոյ՝ որ մեր սրտերը կը քննէ։
5. Մենք բնաւ շողոքորթութեան խօսքեր չգործածեցինք, ինչպէս գիտէք, ո՛չ ալ ագահութենէ թելադրուած, Աստուած վկայ է։
6. Մարդոցմէ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն,
7. Թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ, բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։
8. Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք։
9. Կը յիշէք, ե՛ղբայրներ, մեր աշխատութիւնը ու ջանքը, որ ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք։
10. Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք.
11. Ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները,
12. Այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէս զի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք, որ ձեզ իր թագաւորութեանը ու փառքին կանչեց։
13. Ասոր համար մենք ալ անդադար կը գոհանանք Աստուծմէ, որ մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք, որ նաեւ կը ներգործէ ձեր մէջ, որուն կը հաւատաք։
14. Քանզի դուք, եղբա՛յրներ, նմանեցաք Աստուծոյ այն եկեղեցիներուն, որոնք Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով. վասն զի դուք ալ նոյն չարչարանքները կրեցիք ձեր համազգիներէն, ինչպէս անոնք ալ՝ Հրեաներէն.
15. Որոնք Տէր Յիսուսն ալ մեռցուցին՝ մարգարէներն ալ եւ մեզ հալածեցին ու Աստուծոյ՝ անհաճոյ եւ բոլոր մարդոց հակառակ են։
16. Մեզի կ’արգիլեն հեթանոսներուն խօսիլ՝ անոնց փրկութեանը համար, որպէս զի իրենց մեղքերուն չափը լեցնեն ամէն ատեն եւ բարկութիւնը անոնց վրայ հասեր է մինչեւ վերջանալը։
17. Իսկ մենք, եղբա՛յրներ, իրաւ քիչ մը ատեն ձեզմէ որբ մնացինք երեսով ու ո՛չ թէ սրտով, բայց աւելի ջանացինք ձեր երեսը տեսնել մեծ փափաքով։
18. Անոր համար ես՝ Պօղոսս՝ մէկ երկու անգամ ուզեցի ձեզի գալ, բայց Սատանան արգիլեց։
19. Քանզի ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։
20. Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981