Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 16Երեմիա 17:1-271. Յուդային մեղքը երկաթէ գրիչով Ու ադամանդի ծայրով գրուած է։ Անոնց սրտին տախտակին վրայ Եւ անոնց սեղաններուն եղջիւրներուն վրայ փորուած է,2. Որպէս զի անոնց տղաքը մտքերնին բերեն Անոնց սեղաններն ու անոնց Աստարովթի կուռքերը, Որոնք կանանչ ծառերուն քով բարձր բլուրներու վրայ շինուած էին ։3. Ո՛վ իմ լեռս՝ ՝, որ դաշտի մէջ ես, Քու ստացուածքդ, քու բոլոր գանձերդ, Բոլոր սահմաններուդ մէջ մեղքի համար շինուած բարձր տեղերդ Յափշտակութեան պիտի մատնեմ։4. Դուն պիտի զրկուիս քու ժառանգութենէդ, որ քեզի տուի։ Անծանօթ երկրի մէջ Քու թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ, Վասն զի իմ բարկութեանս մէջ կրակ մը վառուեցաւ, Որ յաւիտեան պիտի բորբոքի»։5. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մարդու կ’ապաւինի Ու մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ։ Որուն սիրտը Տէրոջմէն կը խոտորի։6. Անիկա անապատի մէջ մոշենիի պէս պիտի ըլլայ Ու երբ աղէկութիւն գայ պիտի չտեսնէ Եւ անապատին այրուած տեղերը, Աղի ու անբնակ երկրի մէջ պիտի բնակի։7. «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի Ու որուն յոյսը Տէրն է։8. Անիկա ջուրերուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ Տաքութեան գալը չի տեսներ. Հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր Ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։9. Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, Զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։10. «Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, Սրտերը կը փորձեմ, Որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ Ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։11. Անիրաւութեամբ հարստութիւն դիզողը՝ Իր չածած հաւկիթներով թուխսի նստող կաքաւի պէս է ։ Զանիկա իր օրերուն կիսուն պիտի թողու Ու վերջը անմիտ պիտի ըլլայ։12. Մեր սրբարանին տեղը Սկիզբէն փառաւոր ու բարձր աթոռ է։13. Ով Տէր՝ Իսրայէլի յոյսը՝ Անոնք, որ քեզ կը թողուն, պիտի ամչնան, Քեզմէ հեռացողները երկրի հողին վրայ պիտի գրուին, Վասն զի Տէրը՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին։14. Ո՛վ Տէր, զիս բժշկէ՛ ու պիտի բժշկուիմ, Զիս փրկէ՛ ու պիտի փրկուիմ. Վասն զի իմ պարծանքս դո՛ւն ես։15. Ահա անոնք ինծի կ’ըսեն. «Տէրոջը խօսքը ո՞ւր է. հիմա թող գայ»։16. Բայց ես քու ետեւէդ՝ հովիւ ըլլալէն չփախայ Ու չարիքի օրուան չցանկացի, ինչպէս դուն գիտես. Իմ շրթունքներէս ելածը քու առջեւդ էր։17. Ինծի արհաւիրք մի՛ ըլլար. Նեղութեանս օրը իմ ապաւէնս դուն ես։18. Զիս հալածողները թող ամչնան, բայց ես պիտի չամչնամ. Թող անոնք զարհուրին, բայց ես պիտի չզարհուրիմ. Անոնց վրայ թշուառութեան օրը բեր Եւ զանոնք կրկին կոտորածով կոտորէ։19. Տէրը այսպէս ըսաւ ինծի. «Գնա՛ ժողովուրդին որդիներուն դուռը, ուրկէ Յուդայի թագաւորները կը մտնեն ու կ’ելլեն ու Երուսաղէմի դռները կայնէ՛20. Եւ անոնց ըսէ՛. ‘Յուդայի թագաւորներ ու բոլոր Յուդա եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներ, որ այս դռներէն կը մտնէք, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ.21. Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէ՛ք եւ շաբաթ օրը բեռ մի՛ վերցնէք ու Երուսաղէմի դռներէն ներս մի՛ բերէք։22. Շաբաթ օրը ձեր տուներէն դուրս բեռ մը մի՛ հանէք ու գործ մը մի՛ ընէք. հապա շաբաթ օրը սուրբ պահեցէ՛ք, ինչպէս ձեր հայրերուն պատուիրեցի.23. Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի մտիկ չընեն ու խրատ չընդունին։24. Իսկ եթէ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ընէք, կ’ըսէ Տէրը ու շաբաթ օրը այս քաղաքին դռներէն ներս բեռ չբերէք ու շաբաթ օրը սուրբ պահէք՝ անոր մէջ բնաւ գործ չընէք,25. Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորներն ու իշխանները, կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած, այս քաղաքին դռներէն պիտի մտնեն, իրենք եւ իրենց իշխանները, Յուդայի մարդիկը եւ Երուսաղէմի բնակիչները ու այս քաղաքը յաւիտեան պիտի մնայ։26. Եւ Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Բենիամինի երկրէն եւ դաշտերէն ու լեռներէն ու հարաւէն պիտի գան եւ ողջակէզ ու զոհ եւ հացի ընծայ ու կնդրուկ պիտի բերեն եւ Տէրոջը տունը շնորհակալութեան ընծաներ պիտի բերեն։27. Բայց եթէ շաբաթ օրը սուրբ պահելու, շաբաթ օրը բեռ չվերցնելու եւ Երուսաղէմի դռներէն ներս չմտնելու պատուէրին մտիկ չընէք, ես ալ անոր դռներուն մէջ կրակ պիտի վառեմ եւ ան պիտի ուտէ Երուսաղէմի պալատները եւ պիտի չմարի»։Երեմիա 18:1-231. Տէրը Երեմիային ըսաւ.2. «Ելի՛ր ու բրուտին տունը իջի՛ր։ Հոն իմ խօսքերս պիտի լսես»։3. Ես բրուտին տունը իջայ, որը ճախարակով կը գործէր։4. Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։5. Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.6. «Միթէ ձեզի՝ այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ, Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը, Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, Դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։7. Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ,8. Բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, Ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։9. Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց10. Եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, Ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել։11. Հիմա Յուդայի մարդիկներուն Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ Ու ձեզի համար ծրագիր մը կը պատրաստեմ։ Հիմա բոլորդ ալ ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք Ու ձեր ճամբաներն ու ձեր գործերը ուղղեցէ՛ք’։12. Բայց անոնք կ’ըսեն. ‘Յոյս չկայ, Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետեւէն պիտի երթանք Ու բոլորս ալ մեր չար սրտին կամակորութեանը պէս պիտի ընենք’։13. Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք, Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է։ Իսրայէլին կոյսը խիստ սոսկալի բան մը ըրաւ։14. Միթէ Լիբանանին ձիւնը արտին վէմէն՝ ՝ կը պակսի՞, Կամ հեռուէն վազող պաղ ջուրերը կը ցամքի՞ն։15. Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ։ Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին։ Անոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ մոլորեցան Եւ ուրիշ շաւիղներէ, զարտուղի ճամբաներէ քալեցին։16. Ասանկով իրենց երկիրը աւերակ Ու յաւիտենապէս սուլելու ենթակայ ըրին։ Անկէ ամէն անցնողը պիտի զարմանայ Ու գլուխը պիտի շարժէ։17. Որպէս թէ արեւելեան հովով՝ Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ, Անոնց թշուառութեան օրը Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ եւ ո՛չ թէ՝ երես»։18. Այն ատեն ըսին. «Եկէ՛ք, Երեմիային դէմ դաւ լարենք, Վասն զի քահանայէն՝ օրէնք Ու իմաստունէն՝ խորհուրդ Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի։ Եկէ՛ք, զանիկա լեզուով ջախջախենք Ու անոր ոեւէ խօսքին ականջ չտանք»։19. «Ո՛վ Տէր, ինծի ականջ տուր Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ՛։20. Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։ Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։ Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ, Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։21. Անոր համար անոնց տղաքները սովի՛ մատնէ Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։ Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւարի թող ըլլան Եւ այրերը թող մեռնին Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զարնուին։22. Եւ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բեր։ Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի։ Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին։23. Ու դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց դաւը Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար։ Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր Եւ անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր, Հապա անոնք քու առջեւդ թող կործանին. Քու բարկութեանդ ատենը անոնց դէմ գործէ»։Սաղմոսներ 118:25-2925. Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։26. Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։27. Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։ Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք ։28. Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։29. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։Առակներ 27:11-1211. Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, Որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։12. Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։1 Թեսաղոնիկեցիներ 3:1-131. Վերջապէս՝ ա՛լ չկրնալով աւելի համբերել, աղէկ երեւցաւ որ ես առանձինն Աթէնք մնամ,2. Բայց Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը ու Աստուծոյ պաշտօնեան եւ մեր գործակիցը Քրիստոսին աւետարանին մէջ՝ ղրկենք ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար.3. Որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի. վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ մենք ատոնց համար կեցեր ենք։4. Քանզի երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ ու գիտէք։5. Ասոր համար ես ալ չկրնալով աւելի համբերել, մարդ ղրկեցի ձեր հաւատքը գիտնալու, որ չըլլայ թէ փորձողը ձեզ փորձած ըլլայ եւ մեր աշխատութիւնը պարապ ըլլայ։6. Բայց հիմա երբ Տիմոթէոս ձեզմէ մեզի եկաւ ու ձեր հաւատքին եւ սիրոյն աւետիսը մեզի տուաւ, որ ամէն ժամանակ մեր բարի յիշատակը մտքերնիդ պահեր էք եւ կը փափաքիք մեզ տեսնել, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ,7. Ասոր համար, եղբա՛յրներ, մխիթարուեցանք մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքովը։8. Վասն զի կենդանի կ’ըլլանք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով.9. Քանզի ի՞նչ գոհութիւն կրնանք մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար եւ այն ամէն ուրախութեանը համար, որ կ’ուրախանանք ձեզի համար մեր Աստուծոյն առջեւ10. Եւ գիշեր ու ցորեկ խիստ շատ աղաչանք կ’ընենք ձեր երեսը տեսնելու ու ձեր հաւատքին պակասութիւնները լեցնելու համար։11. Թող Աստուած ինք՝ մեր Հայրը ու մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ուղղէ ձեզի գալու մեր ճամբան։12. Տէրը աճեցնէ ու աւելցնէ ձեր սէրը իրարու վրայ եւ ամենուն վրայ, ինչպէս մենք ալ ձեր վրայ ունինք,13. Հաստատելով ձեր սրտերը անարատ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօրը առջեւ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ՝ գալու ատենը։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981