Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 18Երեմիա 21:1-141. Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիային որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով.2. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերեւս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ եւ անիկա մեզմէ դառնայ՝ ՝»։3. Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիային այսպէս ըսէք. Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.4. ‘Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք եւ զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։5. Ես ալ երկնցած ձեռքով եւ զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ։6. Այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն պիտի զարնեմ։ Անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին’։7. Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան եւ անոր ծառաները ու ժողովուրդը եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ազատուածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը եւ անոնց թշնամիներուն ձեռքը ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնք ալ սուրի բերնէ պիտի անցընեն, անոնց պիտի չխնայեն, պիտի չգթան ու ողորմութիւն պիտի չընեն’»։8. «Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։9. Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։10. Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար եւ ո՛չ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու ան ալ զանիկա կրակով պիտի այրէ’»։11. «Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք.12. Ո՛վ Դաւիթի տուն, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Առտուն իրաւունքով դատաստան տեսէ՛ք ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի ու մարող մը չըլլայ»։13. «Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին, դաշտի վէմին բնակիչներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Մեզի դէմ ո՞վ պիտի ելլէ, կամ մեր բնակարններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ’.14. Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ’»։Երեմիա 22:1-301. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յուդայի թագաւորին տունը իջի՛ր2. Ու հոն այս խօսքը ըսէ՛. ‘Ո՛վ Դաւիթին աթոռին վրայ նստող Յուդայի թագաւոր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք՝ Թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ, Որ այս դռներէն կը մտնէք’։3. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իրաւունք ու արդարուիթւն ըրէ՛ք։ Զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք։ Օտարականին, որբին ու որբեւարիին Անիրաւութիւն ու բռնութիւն մի՛ ընէք Եւ այս տեղ անմեղ արիւն մի՛ թափէք։4. Վասն զի եթէ ամէն կերպով այս խօսքը գործադրէք, Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները՝ Կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած՝ Այս տանը դռներէն պիտի մտնեն, Իրենք եւ իրենց ծառաները ու ժողովուրդը»։5. ‘Բայց եթէ այս խօսքերուն մտիկ չընէք, Իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ’։6. Յուդայի թագաւորին տանը վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն թէեւ ինծի Գաղաադի պէս Ու Լիբանանի գագաթին պէս ես, Սակայն անշուշտ քեզ անապատի պէս Ու անբնակ քաղաքներու պէս պիտի ընեմ7. Եւ քու վրադ կործանողներ պիտի հանեմ. Իւրաքանչիւրը իր զէնքովը պիտի գայ Ու քու ընտիր եղեւիններդ պիտի կտրեն Եւ կրակը ձգեն’։8. Այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնին Եւ իրարու պիտի ըսեն. «Ինչո՞ւ համար Տէրը այս մեծ քաղաքին այսպէս ըրաւ»։9. Անոնք պիտի պատասխանեն. «Վասն զի իրենց Տէր Աստուծոյն ուխտը թողուցին Եւ ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ըրին ու անոնց ծառայեցին»։10. Մեռնողին համար մի՛ լաք Ու անոր համար մի՛ ողբաք. Հապա գացողին համար դառնապէս լացէ՛ք, Որովհետեւ անգամ մըն ալ պիտի չդառնայ Ու իր հայրենիքը պիտի չտեսնէ»։11. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեղղումին համար, Որ իր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր նստաւ Ու այս տեղէն ելաւ. ‘Անիկա անգամ մըն ալ հոս պիտի չդառնայ.12. Հապա անիկա իր գերի քշուած տեղը պիտի մեռնի Ու ա՛լ այս երկիրը պիտի չտեսնէ՛»։13. «Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքով Ու իր վերնատուները անիրաւութեամբ կը շինէ. Իր դրացին ձրի կը բանեցնէ Եւ անոր աշխատութեանը վարձքը չի վճարեր։14. Ան որ կ’ըսէ՝ ‘Ինծի ընդարձակ տուն Ու հովասուն վերնատուններ շինեմ’, Իրեն պատուհաններ կը բանայ Ու զանիկա եղեւնափայտով կը պատէ Ու կարմիր կը ներկէ։15. Միթէ դուն շատ եղեւնափայտեր հաւաքելովդ՝ ՝ Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս։ Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց, Նաեւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։16. Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ, Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։ «Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞», կ’ըսէ Տէրը։17. Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ ուրիշ բանի վրայ չեն, Բայց միայն ագահութեան Եւ անմեղ արիւն թափելու Եւ անիրաւութեան ու բռնութեան վրայ, որ զանոնք ընես։18. Անոր համար Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով ՝ ‘Վա՜յ, եղբայրս’, կամ ‘Վա՜յ քոյրս’. Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով ՝ ‘Վա՜յ, տէր իմ’, կամ ‘Վա՜յ անոր փառքին’։19. Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուի Ու քաշելով պիտի տարուի Ու Երուսաղէմի դռներէն դուրս պիտի նետուի»։20. «Լիբանան ելի՛ր ու աղաղակէ՛ Եւ Բասանի վրայ ձայնդ ձգէ՛ Ու Աբիրամէ աղաղակէ՛. Վասն զի քու բոլոր հոմանիներդ կոտորուեցան։21. Երբ դուն յաջողութեան մէջ էիր, քեզ խրատեցի Ու դուն ըսիր՝ ‘Մտիկ չեմ ըներ’։ Քու մանկութենէդ ի վեր ճամբադ այս է, Որ իմ խօսքիս մտիկ չընես։22. Քու բոլոր հովիւներդ հովը պիտի քշէ Ու հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան։ Յիրաւի այն ատեն բոլոր չարութեանդ համար Պիտի ամչնաս ու պիտի նախատուիս։23. Ո՛վ Լիբանանի մէջ բնակող Ու եղեւիններու մէջ բոյն ունեցող, Երբ քեզի ծննդական կնոջ երկունքին պէս ցաւեր գան, Որչա՜փ ողորմելի պիտի ըըլաս»։24. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, Ո՜վ Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի Յեքոնիա, Թէեւ իմ աջ ձեռքիս կնիքն ալ ըլլաս, Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ։25. Քեզ՝ քու հոգիդ փնտռողներուն ձեռքը Ու այն մարդոց ձեռքը, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս Եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Ու Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։26. Քեզ ու քու մայրդ, որ քեզ ծնաւ, Օտար երկիր պիտի նետեմ Ուր ծնած չէք Եւ հոն պիտի մեռնիք։27. Ու պիտի չդառնաք այն երկիրը, Ուր դառնալ կը յուսայիք»։28. Միթէ այս Յեքոնիա ըսուած մարդը անարգուած ու կոտրուած սափո՞ր մըն է, Կամ թէ այնպիսի ամա՞ն մըն է, որուն համար մէ՛կը հոգ չըներ։ Ինչո՞ւ համար ինք ու իր սերունդը նետուեցան Ու իրենց անծանօթ երկիրը քշուեցան։29. Ո՛վ երկիր, երկիր, երկիր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛։30. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս մարդը իբր անզաւակ գրեցէք, Մարդ մը, որ իր օրերուն մէջ յաջողութիւն պիտի չգտնէ, Քանզի անոր սերունդէն ոեւէ մէկը յաջողութիւն պիտի չգտնէ, Որ Դաւիթին աթոռին վրայ նստի Եւ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ընէ»։Սաղմոսներ 119:9-169. Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։10. Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։ Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։11. Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։12. Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր, Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։13. Իմ շրթունքներովս պատմեցի Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։14. Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ, Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։15. Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։16. Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։Առակներ 27:14-1414. Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։1 Թեսաղոնիկեցիներ 5:1-281. Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի.2. Քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։3. Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։4. Բայց դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։5. Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ։6. Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք։ Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։7. Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշերը կ’արբենան։8. Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք ։9. Վասն զի Աստուած մեզ բարկութեան համար չորոշեց, հապա փրկութիւն ստանալու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով,10. Որ մեզի համար մեռաւ, որպէս զի թէ՛ արթուն ըլլանք եւ թէ՛ քնանանք, իրեն հետ մէկտեղ ապրինք։11. Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք։12. Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։13. Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք։14. Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։15. Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն։16. Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։17. Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։18. Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։19. Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք։20. Մարգարէութիւնները մի՛ արհամարհէք։21. Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք։22. Ամէն տեսակ գէշ բաներէ ե՛տ կեցէք։23. Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Աստուածը՝ ձեզ բոլորովին սուրբ ընէ ու ձեր բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի մինչեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալու ատենը։24. Հաւատարիմ է ան որ ձեզ կանչեց, որ պիտի կատարէ ալ։25. Եղբա՛յրներ, աղօթք ըրէք մեզի համար։26. Բարեւ տուէ՛ք բոլոր եղբայրներուն սուրբ համբոյրով։27. Կ’երդմնցնեմ ձեզ Տէրոջմով, որ այս թուղթը բոլոր սուրբ եղբայրներուն կարդաք։28. Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981