Աստվածաշունչը մեկ տարում Հոկտեմբեր 19Երեմիա 23:1-401. «Վա՜յ այն հովիւներուն, Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն ու կը ցրուեն», կ’ըսէ Տէրը։2. Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Այն հովիւներուն՝ որ իր ժողովուրդը կը հովուեն. «Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք վռնտեցիք Եւ անոնց հոգ չտարիք։ Ահա ես ձեր գործերուն չարութեանը համար Ձեզ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը։3. Ես իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի հաւաքեմ Այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էի։ Զանոնք իրենց փարախները պիտի դարձնեմ, Ուր պիտի աճին ու շատնան։4. Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն. Անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին Ու պիտի չպակսին», կ’ըսէ Տէրը։5. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Դաւիթէն արդարութեան Շառաւիղ մը պիտի հանեմ, Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ, Իմաստութեամբ պիտի վարուի Ու երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։6. Անոր օրերը Յուդան պիտի ազատի Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ պիտի բնակի։ Այս է անոր անունը, որով պիտի կոչուի. ‘ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ’։7. «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։8. Հապա՝ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի սերունդը հանեց ու բերաւ հիւսիսի երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք քշեր էր’ Ու անոնք իրենց երկրին մէջ պիտի բնակին»։9. Մարգարէներուն համար սիրտս ներսիդիս կը կոտրի. Բոլոր ոսկորներս կը դողան. Տէրոջը երեսէն ու անոր սուրբ խօսքերուն երեսէն Գինով մարդու պէս Եւ գինին գլուխը զարկած մարդու պէս եղայ։10. Քանզի երկիրը շնացողներով լեցուած է, Եւ անէծքի պատճառով երկիրը սուգ կը բռնէ։ Անմշակ արօտները չորցան, Որովհետեւ անոնք չար ճամբէ կ’ընթանան Եւ անոնց ոյժը ուղղութեան համար չէ։11. «Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան պղծուեցան, Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ», կ’ըսէ Տէրը։12. «Անոր համար անոնց ճամբաները Խաւարի մէջ սահեցնող տեղերու պէս պիտի ըլլան անոնց, Անոնք պիտի սահին ու պիտի իյնան. Վասն զի ես պատուհասի տարին Անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ», կ’ըսէ Տէրը։13. «Սամարիայի մարգարէներուն մէջ Անզգամութիւն տեսայ. Բահաղի անունով կը մարգարէանան Եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ կը մոլորեցնեն։14. Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ. Անոնք շնութիւն կընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն, Չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, Որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն. Անոնք ինծի Սոդոմի պէս Ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։15. Ասոր համար զօրքերու Տէրը մարգարէներուն համար այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ Եւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ, Վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ Ու բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ »։16. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեզի մարգարէութիւն ընողներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք. Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ, Իրենց սրտին տեսիլքը կը խոսին, Ո՛չ թէ Տէրոջը բերնէն»։17. «Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն, Տէրը ըսաւ. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ Եւ իրենց սրտին կամակորութեանը մէջ քալողներուն կ’ըսեն՝ ‘Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ’»։18. Անոնցմէ ո՞վ կայնեցաւ Տէրոջը խորհուրդին մէջ, Ո՞վ իմացաւ ու անոր խօսքը լսեց։ Անոր խօսքին ո՞վ ականջ տուաւ ու մտիկ ըրաւ։19. Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ. Անիկա սաստիկ մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի։20. Տէրոջը բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չհաստատէ։ Վերջին օրերը ասիկա աղէկ պիտի հասկնաք։21. «Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն։ Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան։22. Իսկ եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային, Այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս պիտի յայտնէին Եւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէն Ու իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին»։23. «Միթէ ես մօտէ՞ն Աստուած եմ Ու հեռուէն Աստուած չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։24. «Կամ թէ մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուիլ, Որ ես զանիկա չտեսնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։25. «Իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն ըսածները լսեցի, Որոնք կ’ըսեն. ‘Երազ տեսայ, երազ տեսայ’։26. Մինչեւ ե՞րբ ասիկա սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն սրտին մէջ պիտի ըլլայ, Որոնք իրենց սրտին նենգութիւններով կը մարգարէանան։27. Անոնք իրենց երազներովը, որոնք իրարու կը պատմեն, Իմ անունս իմ ժողովուրդիս մոռցնել կը խորհին, Ինչպէս իրենց հայրերը Բահաղի պատճառով իմ անունս մոռցան։28. Երազ տեսնող մարգարէն թող երազ պատմէ, Իսկ իմ խօսքս ունեցողը ճշմարտութեամբ թող իմ խօսքս յայտնէ. «Յարդը ցորենին քով ի՞նչ է», կ’ըսէ Տէրը։29. «Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ’ըսէ Տէրը, Կամ ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞ »։30. «Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք՝ բոլորն ալ իրենց ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան»։31. «Ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք իրենց լեզուները կը գործածեն ու կ’ըսեն՝ ‘Անիկա ըսաւ’»։32. «Ահա ես այն սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք պատմելով իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Իրենց ստութիւններովն ու սնապարծութիւնովը։ Ես զանոնք չղրկեցի եւ անոնց չպատուիրեցի։ Անոնք այս ժողովուրդին ամենեւին օգուտ մը պիտի չընեն», կ’ըսէ Տէրը։33. Երբ այս ժողովուրդէն մէկը՝ Կամ մարգարէ մը կամ քահանայ մը Քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը բեռը ի՞նչ է’, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Դուք էք Տէրոջը բեռը’։ «Ես ձեզ անշուշտ պիտի լքեմ», կ’ըսէ Տէրը։34. «Այն մարգարէն կամ քահանան, կամ ժողովուրդը, Որ Տէրոջը բեռը կ’ըսէ, Այն մարդը ու անոր տունը պիտի պատժեմ», կ’ըսէ Տէրը։35. Ամէն մարդ իր ընկերին Ու ամէն մարդ իր եղբօրը այսպէս պէտք է ըսէ. «Տէրը ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։36. Ու ա՛լ Տէրոջը բեռը մի՛ յիշէք. Վասն զի ամէն մարդու բեռ իր խօսքը պիտի ըլլայ. Բայց դուք կենդանի Աստուծոյն, Զօրքերու Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, խօսքը փոխեցիք։37. Մարգարէին այսպէս պէտք է ըսէք. «Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։38. Բայց եթէ ‘Տէրոջը բեռը’ կ’ըսէք, Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ այս խօսքը, այսինքն ‘Տէրոջը բեռը’, կ’ըսէք, Թէեւ ես ձեզի լուր ղրկեցի ու ըսի՝ ‘Տէրոջը բեռը’ մի՛ ըսէք,39. Անոր համար ահա ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամ Ու երեսէ պիտի ձգեմ ձեզ եւ Այն քաղաքը, որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի։40. Ձեր վրայ յաւիտենական նախատինք Ու յաւիտենական անարգանք պիտի դնեմ, Որ պիտի չմոռցուի»։Երեմիա 24:1-101. Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի իշխանները եւ հիւսները ու դարբինները Երուսաղէմէն գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա Տէրոջը տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար։2. Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնց ուտելը։3. Տէրը ինծի ըսաւ. «Ո՞վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Թուզեր։ Աղէկ թուզերը խիստ աղէկ են ու գէշերը շատ գէշ են, այնպէս որ գէշութենէն զանոնք ուտել անկարելի է»։4. Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.5. ‘Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէն գերի քշուածները, որոնք այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար։6. Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ եւ զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ։ Զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ։7. Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, վասն զի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան’։8. Բայց այս գէշ թուզերուն համար, որոնք գէշութենէ չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները9. Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէս զի անոնք նախատինքի, ծաղրանքի առարկայ, անարգանք ու անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը, ուր զանոնք պիտի քշեմ։10. Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ հատնին այն երկրին վրայէն, որը իրենց ու իրենց հայրերուն տուի»։Սաղմոսներ 119:17-2417. Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ, Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։18. Բաց իմ աչքերս, Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։19. Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։ Մի՛ ծածկեր ինծմէ քու պատուիրանքներդ։20. Իմ անձս կը նեղուի Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։21. Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները, Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները,22. Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինծմէ, Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։23. Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին, Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։24. Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս Ու իմ խորհրդատուներս են։Առակներ 27:15-1615. Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։16. Զանիկա պահողը հովը կը պահէ Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։2 Թեսաղոնիկեցիներ 1:1-121. Պօղոս ու Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով։2. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։3. Պարտինք ամէն ատեն Աստուծմէ գոհանալ ձեզի համար, եղբայրներ, ինչպէս կը վայլէ. քանզի ձեր հաւատքը շատ աճելու վրայ է եւ ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ.4. Այնպէս որ մենք ալ ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք.5. Որ Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք։6. Քանզի Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը7. Եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը,8. Բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր.9. Որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն,10. Երբ ինք գայ փառաւորուիլ իր սուրբերուն մէջ եւ հիանալի ըլլալ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (վասն զի մեր վկայութեան հաւատացիք) այն օրը։11. Այս պատճառով ալ ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք կ’ընենք, որ մեր Աստուածը ձեզ արժանի ընէ ձեր կոչումին եւ մինչեւ լրացնէ ձեր բոլոր փափաքները եւ հաւատքին գործը՝ զօրութիւնով,12. Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը փառաւորուի ձեր մէջ եւ դուք ալ անոր մէջ՝ մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքին համեմատ։ Armenian Western Bible 1853 Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981