Աստվածաշունչը մեկ տարում
Հոկտեմբեր 2

1. «Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք Եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք. Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի Գինի ու կաթ ծախու առէք։
2. Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար Եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ. Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։
3. Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք. Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։ Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ, Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով ։
4. Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի։
5. Ահա անծանօթ ազգը պիտի կանչես Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմեն Քու Տէր Աստուծոյդ համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց։
6. Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։
7. Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն Ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի Եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր Ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ։
8. Քանզի ‘Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն Ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն’, կ’ըսէ Տէրը։
9. Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է, Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են Եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն։
10. Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան,
11. Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։
12. Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։ Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։
13. Թուփին տեղ մայրի Ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի։ Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համար Անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։
1. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք, Քանզի իմ փրկութիւնս պիտի գայ Եւ արդարութիւնս պիտի յայտնուի։
2. Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ’ընէ Ու մարդու որդիին, որ ասիկա ամուր կը բռնէ, Այսինքն շաբաթը կը պահէ ու զանիկա չի պղծեր Եւ իր ձեռքը անիրաւութիւն ընելէ ետ կը պահէ»։
3. Տէրոջը յարող օտարականին որդին թող չխօսի՝ ըսելով. «Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատեց»։ Ու ներքինին ալ թող չըսէ՝ «Ահա ես չոր ծառ մըն եմ»։
4. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այն ներքինիներուն, Որոնք իմ շաբաթներս կը պահեն Եւ ինծի հաճոյ եղածը կ’ընտրեն Ու իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան
5. Անոնց՝ իմ տանս մէջ եւ պարիսպներուս մէջ եղող Տղաքներէն ու աղջիկներէն աւելի՝ աղէկ տեղ ու անուն պիտի տամ։ Անոնց յաւիտենական անուն պիտի տամ, Որ պիտի չջնջուի։
6. Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝ Անոր ծառայութիւն ընելու, Տէրոջը անունը սիրելու Ու անոր ծառաներ ըլլալու համար, Այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր Եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան,
7. Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ Եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։ Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան, Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի։
8. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան, Որ Իսրայէլի աքսորուածները կը հաւաքէ. «Արդէն հաւաքուածներուն վրայ ուրիշներ ալ պիտի հաւաքեմ անոր»։
9. Ո՛վ դաշտի գազաններ, Ո՛վ անտառի գազաններ, ուտելու եկէ՛ք։
10. Անոր բոլոր պահապանները կոյր են, բան մը չեն տեսներ, Ամէնքն ալ համր շուներ են, հաջելու կարող չեն. Անոնք կը ցնորին, կը պառկին, քունը կը սիրեն։
11. Այո՛, շատակեր ու անյագ շունե՛ր են, Անոնք հասկացողութենէ զուրկ հովիւներ են։ ԱմԷնքը իրենց ճամբաներուն դարձան, Ամէն մէկը իր անիրաւ վաստակը փնտռելով՝ ըսին.
12. «Եկէ՛ք, գինի բերենք Ու ցքիով արբենանք. Վաղն ալ այսօրուան պէս Ու ա՛լ աւելի առատ պիտի ըլլայ»։
5. Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.
6. Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները Տեսնելու համար կը խոնարհի,
7. Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,
8. Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝ Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,
9. Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ ։ Ալէլուիա՜։
20. Առանց փայտի կրակը կը մարի Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։
21. Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը կրակին, Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։
1. Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի՝ ես որ Տէրոջը համար կապուած եմ, որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք,
2. Լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով.
3. Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել.
4. Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը.
5. Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ.
6. Մէկ է Աստուած եւ ամենուն Հայրը, որ ամենուն վրայ ու ամենուն հետ եւ ձեր ամենուն մէջն է։
7. Բայց մեր ամէն մէկուն ալ շնորհք տրուած է Քրիստոսին պարգեւին չափովը։
8. Անոր համար կ’ըսէ. «Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց պարգեւներ տուաւ»։
9. Այս «Ելաւ» ըսելը ի՞նչ է, ըսել է թէ՝ ինք առաջ երկրի վարի կողմերը իջաւ։
10. Ան որ իջաւ՝ նոյն ինքն է, որ բոլոր երկինքներէն վեր ելաւ, որպէս զի ամէն բան լեցնէ։
11. Եւ ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ.
12. Սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար.
13. Մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու.
14. Որպէս զի ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու.
15. Հապա սիրով ճշմարտութեան հետեւելով՝ ամէն բան Անով աճեցնենք որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս.
16. Որմէ բոլոր մարմինը մէկտեղ կազմուած եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած՝ ամէն մէկ մասին չափով ներգործելով՝ սիրով մարմնին աճում կու տայ իրեն շինութեանը համար։
17. Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ.
18. Որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար.
19. Որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու։
20. Բայց դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը,
21. Թէեւ անոր վրայով լսեցիք եւ անկէ սորվեցաք, թէ ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է,
22. Որպէս զի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր
23. Եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք
24. Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։
25. Ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք։
26. Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։
27. Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք։
28. Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին։
29. Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ։
30. Եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։
31. Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։
32. Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։
Armenian Western Bible 1853
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ Bible Society in Lebanon, 1981